ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԱՄԵՆԱՅԱՆԴՈՒԳՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԱՅԻՆ ԿՈՂՈՊՈՒՏԸ. ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ - ՖՐԱՆՍԱՆ ԿՐԿԻՆ ԿԸ ՏԵՍՆԷ՞ ԻՐ ԳԱՆՁԵՐԸ
Ինչպէ՞ս կարելի է, որ պատմութեան եւ արուեստի սրբարանը դառնայ ժամանակակից բարբարոսութեան բեմը։ Այս հարցումը հոկտեմբերի 19-էն ի վեր չ՚իջներ ֆրանսական եւ առհասարակ միջազգային մամուլի էջերէն։
Այն ինչ պատահեցաւ Փարիզի սիրտին մէջ, միայն թանգարանի պատմութիւնը չխախտեց, այլ մեր ժամանակներու վստահութիւնը՝ աշխարհի ամենաապահով, ամենահսկուած վայրերուն հանդէպ։ Լուվրը՝ սքանչելի թանգարանը, արուեստի սրբատեղին ու համաշխարհային գանձերու պահապանը, բոլորովին վերջերս արթնցաւ աներեւակայելի լուրով՝ իր սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած էր խոշոր եւ յանդուգն կողոպուտ մը։
Հոկտեմբերի 19-ի առաւօտեան, այն րոպէներուն, երբ Փարիզը տակաւին կը հեւար առաջին սուրճին բոյրին հետ եւ թանգարանի բացումէն քիչ ժամանակ անցած էր, երկու մարդ՝ իբրեւ շինարարներ հանդերձաւորուած եւ դիմակ դրած մխրճուեցան աշխարհի հռչակաւոր թանգարանին մէջ։ Անոնց յանցակից ընկերներէն երկուքն ալ կը սպասէին դուրսը։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու՝ անոնք ճերմակ ինքնաշարժ մը կայանած են Սեն գետի ափին, Լուվրի պատուհանին տակ բեռնատար ինքնաշարժի վրայ տեղադրած են վերելակով բարձրացող հարթակ մը, որ զիրենք շինարարի դեղին- նարնջագոյն տարազով մօտեցուցած է պատուհանին, նորագոյն սղոցով բացած են պատուհանը՝ ուղղակիօրէն հասնելու թիրախային վայր՝ Լուվրի «Ափոլլոն» ոսկեզօծ պատկերասրահը, ուր կը պահուին Ֆրանսայի ամենաթանկագին զարդերը՝ պատկանած բազմաթիւ արքաներու եւ կայսրուհիներու, տասնիններորդ դարու ժառանգութիւն։
Յետոյ մուրճով ջարդած են երկու ցուցասեղանները՝ յափշտակելով ինն թանկարժէք արքունական զարդեր։ Միեւնոյն ժամանակ անոնք խաղացած են ահազանգի կոճակին հետ, որ հնչած է շատ աւելի ուշ, երբ անոնք արդէն հոն չէին։ Գողերը իջած են հարթակի սանդուխէն դէպի փողոց, ուր իրենց կը սպասէին խումբի երկու այլ անդամներ՝ շարժակաւոր հեծելանիւով։ Փախուստի ընթացքին ձգած են կայսրուհի Եւկենիայի պսակը, ինչ որ կը պակսեցնէ յափշտակուած իրերուն թիւը՝ այժմ ութն են։ Պսակը վնասուած գտնուած է։
Ատիկա պատմական թագ մըն է, որ երբեք չէ պատկանած միայն կնոջ մը, այլ ամբողջ դարաշրջանի փառքը կը կրէ իր մէջ։ Թագը մաս մըն է այն պատմութեան, զոր Ֆրանսա միշտ ներկայացուցած է իբրեւ իր փառքի եւ հպարտութեան խորհրդանիշ։
Անհնար է պատկերացնել, որ նման իրը այսօր դարձած է չարագործութեան եւ անխղճութեան խորհրդանիշ։
Յանցագործները անհետացած են իրերը յափշտակելէ անմիջապէս ետք։ Թանգարանի բակին մէջ մնացած են միայն ձեռնոցներ, սղոցներ, օդաճնշիչ մխոց, հաղորդալարով սարք մը, ուրիշ իրեր, իսկ օդին մէջ՝ աղաղակ, անորոշութիւն եւ ապշանք։ Չորսէն եօթը կամ տասը րոպէ տեւած է կողոպուտը։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է…
Այս հարցումը ամբողջ աշխարհի բերաններուն վրայ է։ Ինչպէ՞ս կարելի է, որ 21-րդ դարուն, երբ համացանցը, թուային սարքերը կը հսկեն ամենայն մանրուք, երբ արհեստագիտութիւնը կը չափէ նոյնիսկ մեր շունչը, Լուվրի պէս վեհ հսկայ մը ունենայ այսպիսի խոցելի անկիւն։ Ինչպէ՞ս կարելի է, որ մշակոյթի մեծ սրբատեղին այդքան դիւրութեամբ խախտուի։
Փարիզի ոստիկանութիւնը խոստովանած է, որ «տկարացած հսկողութեան» մը հետեւանք է։ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարը եղելութիւնը «մեծ թուլութիւն» կոչած է։
Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ կողոպուտի պահուն «Ափոլլոն» սրահին մէջ կամ մօտակայքը եղած են թանգարանի անվտանգութեան առնուազն հինգ անզէն աշխատակից։ Գողերը անոնց սպառնացած են իրենց ձեռքի անկիւնայղկիչներով։
Լուվրի պատասխանատուն գնահատած է վնասը 88 միլիոն եւրօ, սակայն աւելի մեծ կորուստը Ֆրանսայի պատմական ժառանգութեան կը պատկանի։
Մարդիկ կը գնահատեն գողցուած իրերուն արժէքը, սակայն կը սխալին՝ կարծելով, թէ ասիկա պատմութիւն մըն է ադամանդներու կամ մարգարիտներու մասին։ Այո՛, կողոպտուածը թանկարժէք եւ անգին է, սակայն անոնց կորստեան մէջ ամենասարսափելին դրամականը չէ։ Մեր աչքին առջեւ գողցուած է պատմութենէն կենդանի կտոր մը, պատմական դարու մը մէկ մասը, որուն շունչը կ՚ապրէր այդ ոսկիին եւ քարերուն մէջ։
Արուեստի յափշտակուած, կորսուած կամ թալանուած գործերու վերականգնման ամերիկացի նշանաւոր փորձագէտ, Անգլիոյ մէջ գործող Քրիստոֆըր Մարինելլօ այս կողոպուտին առթիւ գլխաւոր խօսնակը եղաւ։ Ան ըսած է․ «Աւերիչ կողոպուտ մըն էր։ Այդ զարդերը այլեւս չեն վերադառնար։ Անոնք պիտի քանդուին թանկարժէք քարերու շուկաներուն մէջ՝ Անվերս, Թել Աւիւ կամ Մումփայ։ Դիւրին է մեկնիլ այդ վայրերը եւ զանոնք վերատաշել։ Երբ այդ կ՚ըլլայ, անոնք այլեւս անճանչելի կը դառնան։ Ոչ ոք պիտի գիտնայ, թէ ուրկէ՛ եկած են, ո՛չ ալ կը գիտցուի, որ անոնք թագաւորական զարդեր էին»։ Մասնագէտը կողոպուտը որակած է որպէս «լաւ ծրագրաւորուած», մռայլ կերպով կանխատեսելով, որ ոչ ոք կը գնէ գողցուած զարդերը այնպէս, ինչպէս ատոնք կան: «Կայ շատ փոքր հաւանականութիւն մը, որ որոշ գնորդներ որոշ երկիրներու մէջ կը գնեն զարդերը եղածին պէս, բայց ատիկա գրեթէ անհաւատալի է։ Ատիկա Փիքասոյի գողցուած մէկ նկարը չէ, որ պէտք է պահպանուի անվնաս, որպէսզի արժէք ունենայ»։
Մարինելլոն բացատրած է, որ աւանդական արուեստը՝ նկարներ, քանդակներ եւ այլն, պէտք է պահպանուին հնարաւորինս կատարեալ որակով եւ տեսքով՝ իրենց արժէքը պահելու համար, իսկ այս պարագային զարդերու քարերը կը հանուին եւ զատ-զատ կը վաճառուին կամ ալ կը փոխանակուին զէնքի կամ այլ ապօրինի նիւթերու հետ։ Հոս կը բացուի ողբերգութեան երկրորդ վարագոյրը՝ ըսել է, թէ գողցուած գեղեցկութիւնը կը փոշիանայ․․․ Խելքի մօտ չէ, որ մարդկութիւնը այլեւս տեսնէ նոյն զարդերը իբրեւ արուեստի եւ պատմութեան նմոյշներ:
Մարինելլօ յիշեցուցած է անգլիական Պլենիմեան պալատէն կատարուած ոսկեայ զուգարանին կողոպուտը, որու ժամանակ գողերը քանդեցին 4.8 միլիոն եւրոյի արժէքով զանգուածեղ ոսկեայ զուգարանի կոնք մը եւ զայն մասնատեցին։ Ոստիկանութիւնը գողերը բռնեց, բայց ոսկին արդէն հալեցուած եւ վաճառուած էր մաս առ մաս։
Նման դէպք տեղի ունեցաւ նաեւ 2017 թուականին՝ Գերմանիոյ Պոտէ թանգարանին մէջ, երբ «Մեծ Մէյփըլ» կոչուած 100 քիլօկրամ ոսկեայ մետաղադրամ մը գողցուեցաւ չորս անձերու կողմէ։ Գողերը բռնուեցան, բայց անգին նմոյշը վաղուց անհետացած էր։
Քանի մը բացառիկ պարագաներու՝ ինչպէս Տրեստենի «Կանաչ գանձարան»ի կողոպուտէն ետք, որոշ զարդեր ի վերջոյ վերականգնուած են։ Սակայն աւելի հաւանական է, որ Լուվրի գողցուած գանձերը նոյն ճակատագիրին արժանանան՝ ինչպէս «Մեծ Մէյփըլ»ը եւ «ոսկէ զուգարան»ը։
Թէեւ Ֆրանսայի թագաւորական զարդերը հալեցնելը աւելի դժուար է, Մարինելլօ կը կարծէ, որ անոնք այլեւս երբեք չեն երեւիր իրենց նախնական ձեւով։ Երբ զարդերը մասնատուին, անոնք կը կորսնցնեն արժէքին մէկ մասը՝ բայց նկատի ունենալով, որ ամէն մէկը ունի հազարաւոր ադամանդներ, թանկարժէք քարեր, ոսկի, գողերը պիտի նախընտրեն մասնատել եւ շահիլ բաւական գումար։
Այնուամենայնիւ, Մարինելլօ հաւատք ունի, որ յանցագործները պիտի ձերբակալուին։
«Ես լիովին վստահ եմ, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը պիտի գտնէ գողերը», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ձեռագիրը հաւանաբար արդէն ծանօթ է ոստիկաններուն, քանի որ այդ տեսակ գողերը կը գործեն կազմակերպուած խումբերով։
«Այդ մակարդակի գողերը իրենց գործը կը կատարեն որպէս արհեստ։ Ասիկա իրենց աշխատանքն է։ Անոնք կը վաստկին մեծ գումար, կը բանտարկուին քանի մը տարի, կը մարզուին, դուրս կու գան եւ կը պատրաստուին յաջորդ թանգարանին», ըսած է Մարինելլօ՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ արուեստի գողութեան պատիժները բաւարար խստութիւն չունին։
«Առաջին յանցանքը գողութիւնն է։ Երկրորդը՝ արուեստի եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը՝ ո՛չ մէկ անձի, այլ ամբողջ մարդկութեան եւ գալիք սերունդներու դէմ, որոնք զրկուեցան այդ գործերը ուսումնասիրելու եւ գնահատելու հնարաւորութենէն»։
Մարինելլօ առաջարկած է աւելցնել պատժամիջոցները եւ բանտային ժամկէտները, որպէսզի կանխուին նման մեծութեամբ կողոպուտներ։ Երկիրները պէտք է տարբերեն պարզ գողութիւնը եւ այն գողութիւնը, որ ունի մշակութային, պատմական հետեւանքներ։
Փարիզը նաեւ աշխարհի շքեղութեան մայրաքաղաքներէն մէկն է։ Շատեր կը տարակուսին, որ եթէ գողերուն միայն նիւթական արժէքը կը հետաքրքրէր, ապա ինչո՞ւ նոյն դիւրութեամբ չթալանեցին բարձրակարգ զարդարանքի սրահ մը։
Մարինելլօ ժպտալով կը մեկնաբանէ. «Ցաւով պիտի ըսեմ, բայց «Քարթիէ» ն աւելի լաւ կը պաշտպանուի, քան Լուվրը»։
Փորձագէտը, որ միշտ գործ ունեցած է արուեստի գողցուած իրերու հետ եւ ատոր մասնագէտն է, ըսած է․ «Կը հաւատամ, որ ասիկա արթննալու զանգ մըն է աշխարհի բոլոր թանգարաններուն համար՝ պաշտպանելու համար այն ինչ որ ունին։ Բայց աւաղ՝ այս պիտի չպատահէր, որպէսզի մարդիկ զգան այդ կարիքը»։
ԼՈՅՍԻ ՔԱՂԱՔԸ՝ ՍԳՈՅ ՄԷՋ
Լուվրը միայն թանգարան մը չէ։ Ան քաղաք մըն է՝ քաղաքի մէջ․ Փարիզի շունչն է, հազարաւոր զբօսաշրջիկներու յիշողութեան ամենէն լուսաւոր պատկերներէն մէկը։ Ան կը նկատուի աշխարհի ամենէն շատ այցելուող թանգարաններէն մին, եթէ ոչ՝ ամենաշատ այցելուողը։ Յաջորդող օրերուն գոցուեցաւ՝ տեսակ մը սուգ էր լոյսի քաղաքին մէջ։ Այսօր կը գործէ մասամբ։ Լուվրի շուրջը տեսախցիկներ աւելցուած են, բերուած են զինուորներ, շուներ, որոնք պիտի կանխէին եղածը, հիմա անօգուտ կը շրջին։
Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ռաշիտա Թաթին առաջինն էր, որ լուրը հրապարակեց ընկերային ցանցերու մէջ․ «Այս առաւօտ, Լուվրի բացումի ժամանակ, կողոպուտ մը տեղի ունեցաւ», գրած է ան՝ աւելցնելով, որ տուժածներ չկան։ Նախարարը նաեւ համեմատած է այս դէպքէն յառաջացած զգացումները Փարիզի Աստուածամօր տաճարի հրդեհի ժամանակ տիրած յուզումին հետ։
Քաղաքական ընդդիմութիւնը խօսելու սկսած է «անհանդուրժելի անարգանք»ի մասին։ Թերթերը կը գրեն․ «Ֆրանսան նուաստացած է»։ «Խայտառակ եղանք»։
Լուվրի այս կողոպուտը իր պատմութեան մէջ ամենախոշորն է՝ 1911 թուականին «Մոնա Լիզա»ի անհետացումէն ի վեր (որ երկու տարի ետք վերադարձուած է Իտալիայէն)։ 1998 թուականին գողցուած էր դիմանկարի եւ բնանկարի ֆրանսացի մեծ վարպետ Քամիլ Քորոյի մէկ իւղանկարը, որ մինչեւ հիմա չէ գտնուած։ Այդ ժամանակ Լուվրի տնօրէն Փիէռ Ռոզենպերկ նախազգուշացուցած էր, որ թանգարանի անվտանգութիւնը խոցելի է։
Աւելի ուշ տնօրէնը՝ Լորանս տը Քար, խնդրած էր Փարիզի ոստիկանութենէն՝ անվտանգութեան ստուգում։ Թէեւ զեկուցումի հիման վրայ առաջարկներ ներկայացուած էին, անոնց իրականացումը դեռ նոր սկիզբ առած էր 2025 թուականի կողոպուտի օրերուն։
Աշխատաւորական միութիւններու համաձայն՝ Լուվրի անվտանգութիւնը թուլցած էր աշխատակիցներու կրճատումներու հետեւանքով, մինչ այցելուներու թիւը աճած էր աննախադէպ կերպով։
2025 թուականի յունուարին, նախագահ Էմաննիւէլ Մաքրոն յայտարարած էր թանգարանին ընդարձակման եւ վերանորոգման ծրագիր մը՝ պատճառաբանելով տարուէ տարի աճող այցելուներուն թիւը։
Բայց յունիսի 16-ին թանգարանի աշխատակիցները գործադուլ յայտարարեցին՝ բողոքելով մշտական գերբեռնուածութենէ, անձնակազմի պակասէն եւ անհանդուրժելի աշխատանքային պայմաններէն։
Նոյն շրջանին, ուրիշ ֆրանսական թանգարաններ եւս թիրախ դարձած էին՝ ներառեալ խեցեգործութեան եւ ապակեղէնի արուեստի Ատրիէն Տիւպուշէ ազգային թանգարանը (սեպտեմբեր 2025), 18-րդ դարու արուեստի Քոնեաք-Ժէյ ու քրիստոնէութեան երկու հազարամեակի պատմութեան Հիերոն թանգարանները՝ 2024 թուականի նոյեմբերին։
Ընդհանուր առմամբ, Լուվրը տարեկան 200-250 միլիոն եւրոյի եկամուտ կը բերէ, իր բոլոր շահոյթները միասին առած։ Թանգարանի հաւաքածոն վերջերս գնահատուած է 35 միլիառ, թէեւ արուեստաբաններ կը նշեն, որ անոր իրական արժէքը չափել գրեթէ անկարելի է։ Գողցուած զարդերը կը ներկայացնեն այդ ամբողջ արժէքին կարեւոր մէկ մասը։ Ըստ թանգարանի աղբիւրներուն՝ յանցագործները չեն հասցուցած յափշտակել հանրայայտ «Ռեկենտ» ադամանդը, որ կը նկատուի թանգարանի ամենաթանկարժէք քարերէն մէկը՝ 140 քարատ կշռաչափով: Զայն նաեւ աշխարհի ամենախոշոր ադամանդներէն մէկն է։
Ի՛ՆՉ ԳՈՂՑՈՒԱԾ Է
Չարագործները յափշտակած են զմրուխտեայ վզնոց եւ օղերու զոյգ։ Այդ երկու իրերը մաս կը կազմէին զմրուխտէ եւ ադամանդէ զարդերէն կազմուած ամբողջական հաւաքածոյին, զոր Նափոլէոն նուէր տուած էր իր երկրորդ կնոջը՝ Մարիա-Լուիզային, իրենց ամուսնութեան առիթով՝ 1810 թուականին։ Բնօրինակ հաւաքածոն կը ներառէր ադամանդակուռ թագ մը, վզնոց մը, օղերու զոյգ մը եւ սանտր մը։ Սակայն միայն վզնոցն ու օղերը պահպանուած էին իրենց սկզբնական վիճակով մինչեւ 21-րդ դար։ Լուվրը գնած էր զանոնք 2004 թուականին։
Յափշտակուած է շափիւղայ զարդերէն կազմուած հաւաքածոյի մասեր։ Գողերը այդ հաւաքածոյէն, տարած են երեք իրեր, որոնք կրած են Մարիա Ամալիա Նափոլիթանցին՝ Լուի-Ֆիլիփ թագաւորին կինը (1830-1848) եւ Օրթանս թագուհին՝ Նափոլէոն Ա.-ի խորթ դուստրը եւ Նափոլէոն Գ.-ի մայրը։ 1985 թուականին Լուվրը ձեռք բերած էր հաւաքածոյի հինգ իրերը, գողերը տարած էին ադամանդակուռ թագը, վզնոցն ու օղերը։ Միայն թագին վրայ կային 24 շափիղայ եւ 1083 ադամանդէ քարեր։
Առեւանգուած է մարգարտեայ թագը՝ պատկանած կայսրուհի Եւկենիային՝ Նափոլէոն Գ.-ի կնոջը․ այս գողտրիկ գլխազարդը կը կազմուէր 212 մարգարիտներէ եւ 1998 ադամանդներէ։ Լուվրը գնած էր զայն 1992 թուականին։
Ադամանդեայ կրծքազարդը Եւկենիայի զարդախումբէն երկրորդ գողացուած իրերէն մէկն էր․ այս մեծ տաղանդով ստեղծուած ադամանդեայ զարդը ի սկզբանէ պատրաստուած էր գօտիի մաս կազմելու համար՝ Փարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսին (1855) ցուցադրուելու նպատակով։ Կայսրուհին զայն վերածած է կրծքազարդի։ Լուվրը ձեռք բերած էր այդ շքեղ իրը 2008 թուականին։
«Ռելիքեր» կրծքազարդը նոյնպէս առեւանգուած է։ Այս շղթայաձեւ ադամանդեայ զարդը, որուն ետեւին փորագրուած է «reliquaire» (մասունքատուփ) բառը, մաս կը կազմէր Լուվրի հաւաքածուին 1887 թուականէն ի վեր։ Անիկա եւս պատկանած էր Եւկենիային, որ խորապէս հաւատացեալ կին մըն էր։ Պատմաբանները սակայն չեն կարողացած ճշգրտութեամբ հաստատել, թէ զարդին մէջ իսկապէս եղա՞ծ է մասունքի պահարանիկ մը, թէ ոչ։
Եւկենիայի պսակը Լուվրէն յափշտակուած գլխաւոր իրերէն եղաւ․ ոսկիէ, ադամանդներէ եւ զմրուխտներէ կազմուած շքեղ պսակը՝ պատրաստուած է 1855 թուականի համաշխարհային ցուցահանդէսի առիթով՝ կայսրուհի Եւկենիայի համար։ Թանգարանը ձեռք բերած էր զայն 1988 թուականին։ Պսակը կը զարդարեն ոսկիէ արծիւներու եւ ադամանդապատ բուսաձեւ զարդանախշերու ձեւաւորումներ։ Այդ թագն է, որ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն՝ յետոյ գտնուած է թանգարանէն դուրս՝ վնասուած վիճակով, հաւանաբար փախուստի ժամանակ ինկած է․․․
Լուվրի կողոպուտը կը նմանի շարժանկարի մը՝ ճարպիկ, վարպետօրէն կազմակերպուած, արագ եւ տպաւորիչ։ Բայց նոյնինքն այդ գեղարուեստական երանգն է, որ կը մերկացնէ ողբերգութիւնը․ կողոպուտը կը դառնայ տեսարան, դաժանութիւնը կը դառնայ լուր, բարոյականութիւնը կրկին անկում կ՚ապրի։
Կը հասկնաս, որ գողցուած է ո՛չ թէ զարդը, այլեւ՝ մեր վստահութիւնը, մեր յիշողութիւնը, մեր մարդկային պարտքը՝ պահպանելու այն, ինչ աչքի լոյսի պէս պիտի պահուէր։
Այսօր, երբ աշխարհը կը շլանայ արագութենէ, բազմագոյն լոյսերէն ու շուկաներու փայլէն՝ կը մոռնանք, որ իսկական գանձը ո՛չ ոսկիին, ո՛չ ալ ադամանդին մէջ է։ Ան կը գտնուի ստեղծագործութեան մէջ, մարդկային միտքին մէջ, որ դարեր շարունակ կառուցեց եւ ստեղծագործեց՝ ո՛չ թէ հարստանալու, այլ յիշուելո՛ւ համար։
Լուվրի կողոպուտը այս իմաստով միայն յանցագործութիւն մը չէ, այլ նախազգուշացում՝ թէ որքա՜ն տկար է մեր կապը մեր իսկ մշակոյթին հետ։ Սրբութիւնն ու մշակոյթը այսօր ամէնուր դարձած են առեւտրական ապրանք, արուեստը կը չափուի արժեթուղթերով։
Երբ թանգարան մը, որուն ամէն պատը պատմութիւն կը շնչէ, լոյս աչքով կը դառնայ կողոպուտի թիրախ, այլեւս ո՞ւր կարելի է վստահիլ մարդկային յիշողութիւնը եւ անոր ստեղծագործութիւնը։
Մարդկութիւնը կարծես անզօր կը դառնայ պահպանելու սեփական պատմութեան վկայութիւնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան