ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅԸ՝ ՄԱԼԱԹԻԱՅԻ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՎ, ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԵՐԳՈՎ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՀՈԳԻՈՎ - ՄԱՀՈՒԱՆ 40-ԱՄԵԱԿ ՄԱՐՔ ԱՐԵԱՆԻ - ՆՈՐ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ
Ֆրանսահայ ու պելժիացի երգիչ մը իր սիրոյ դանդաղ մեղեդիները վերածեց սերունդներու յիշողութեան եւ դարձաւ նուրբ կապ մը՝ Եւրոպայի դահլիճներէն մինչեւ հայկական աշխարհ, ուր երգը ո՛չ միայն գործիք էր, այլեւ՝ անցեալին կապող օղակ, ներկայի շունչ եւ ապագայի շաւիղ։ Մարք Արեանն է ան, որու մահուան 40-ամեակը կը լրանայ նոյեմբերի 30-ին։
ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆ ՁԱՅՆԻՆ ՄԷՋ
Կը պատահի, որ ժողովուրդի մը պատմութիւնը երբեմն կը գրէ ոչ թէ պատմագիր մը, այլ երգիչ մը, որ իր ձայնին խորքին մէջ կը կրէ ու կը փոխանցէ արմատներու լեզուն: Այդպիսի երգիչ մըն էր Մարք Արեանը՝ ծնած՝ Անրի (Յարութիւն) Մարգարեան անունով, ապրած՝ ձայնով մը, որուն մէջ միահիւսուած էին Միջերկրականի մեղեդիներ, ֆրանսական շանսոնի նրբագեղութիւն, հայկական քաղցրութիւն եւ սփիւռքի անտեսանելի կշռոյթներ։
ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ՎԱՂ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
Մարք Արեան ծնած է 1926 թուականի նոյեմբերի 14-ին, Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը։ Արմատները Մալաթիա են։ Ծնողքը՝ Գէորգ եւ Վարդանոյշ Մարգարեանները 1915 թուականէն ետք գաղթած են Սուրիա, այնուհետեւ՝ Լիբանան, ուրկէ Ֆրանսա գացած եւ իրենց երրորդ որդին՝ Մարքը, հոն ունեցած են։
Ծնողքը որոշած են անպայման հայկական անունով կնքել իրենց զաւակը եւ կոչած են Յարութիւն (Անրի): Յետագային ան իր մականունը բաժնած է երկու մասի եւ իրեն համար արուեստի անուն մը դարձուցած է:
Մարք, իր կենսագիրներուն համաձայն, մանկութենէն ունեցած էր այն խորհրդաւոր ներքին լարումը, որ միայն գաղթական ընտանիքի զաւկին ծանօթ է՝ ապրիլ նոր աշխարհի մէջ, բայց ականջալուր ըլլալ կորսուած հայրենիքի խուլ երգին։
Կենսագիրները կը գրեն նաեւ, որ մանկութենէն լեզուները անոր համար դժուարութիւն չէին, դիւրին կը սորվէր։ Կը խօսէր ինն լեզուով, որոնց մէջ երաժշտութիւնը կը հնչէր իբրեւ տասներորդը։
Տասնութ տարեկանին մահուան շուքը անցաւ իր կողքով․ ծանր հիւանդութիւն մը, վիրաբուժութիւն․․․ կեանքը նուրբ թելերէ կախուած էր, բայց տղան ապրեցաւ՝ այդ պահէն որոշելով, որ պիտի ապրի երգով։
1936 թուականին Մարք Արեանի հայրը, հաւաքելով իր բոլոր միջոցները, գնած է փոքրիկ ջրաղաց մը՝ Վալանսի արուարձանին մէջ եւ սկսած է արտադրել արեւելեան սնունդ՝ հացահատիկային մթերքի տեսակներէ: Ան հիմնած է նաեւ «ՄԱՐՔԱԼ» ձեռնարկութիւնը, որ տակաւին մինչ օրս գոյութիւն ունի Վալանսի մէջ՝ «Markal» անունով։ Մեծ երաժիշտի հարազատներու ժառանգներուն պատկանող ձեռնարկութիւնը այսօր արդէն մեծ ընկերութիւն մըն է՝ մասնագիտացած բնապահպանական մաքուր սնունդի արտադրութեամբ:
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ՓՈՐՁԵՐ
Մանուկ տարքին, առանց երաժշտական դպրոց յաճախելու, ինքնուրոյն կը սկսի սորվիլ սոլֆէժ, դաշնամուր եւ այն ամէնը, ինչ անհրաժեշտ էր երաժիշտի մը համար: Երեք տարի շարունակ կ՚աշխատէր օրական տասներկու ժամ, երբեմն՝ տասնվեց: Երեք տարի վերջ ան զարմանք պատճառած է բոլորին՝ նուագելով Պեթհովենի բարդ գործերէն մին:
ԳՈՐԾԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՓԱՐԻԶԻ ՍԿՍՆԱԿ ՏԱՐԻՆԵՐԸ
Քսանհինգ տարեկանին հայրը զինք կը նշանակէ ընտանեկան զարգացող ձեռնարկութեան կառավարիչ: Հակառակելով իր սրտին, սակայն ոչ՝ հօրը, ան կը ստանձնէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ շատ արագ կը դրսեւորէ նաեւ գործարարութեան մէջ եղած իր տաղանդը, ընկերութիւնը յառաջ կ՚ընթանայ:
Այնուհետեւ, Վալանսի մէջ կը բանայ երաժշտական խանութ մը, որ նոյնպէս հանրածանօթ անուն կը դառնայ, կ՚ընդարձակուի քաղաքէն ներս։
Մարք Արեան օր մը անսպասելի որոշում մը կ՚առնէ եւ կը վաճառէ յաջող ընթացող գործը եւ կը տեղափոխուի Փարիզ, ուր կը գնէ բնակարան եւ վերջնական կ՚որոշէ զբաղիլ միայն երաժշտութեամբ:
ՁԱՅՆԱԳՐՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ
Իբրեւ սկսնակ երաժիշտ, կը բախէ բոլոր դռները, սակայն կը մերժուի: Փարիզը միշտ ալ խտրած է արուեստ մուտք գործող մարդիկը, մա՛նաւանդ անոնց, որոնք անուն չունին։ Մարքին առջեւ բազմաթիւ դռներ կը փակուէին, բայց ներքին հաւատքին դուռը երբեք չգոցուեցաւ։
Ան չի վհատիր, եւ քանի որ ո՛չ ոք կը համաձայնէր երգել անծանօթ երգիչի մը երգերը, ան կ՚որոշէ ի՛նք երգել: Փարիզի մէջ Մարք Արեան կը հիմնէ սեփական ձայնագրման սթուտիոն եւ զայն կ՚անուանէ «Մալաթիա»: Այդ աշխատանոցին մէջ ալ կը թողարկէ սեփական «Մարքալ» ապրանքանիշով ձայներիզներ։
1963 թուականին Մարք Արեանի քոյրերէն մին կ՚ամուսնանայ պելժիացիի մը հետ: Անոնք համատեղ ձեռք կը ձգեն գիշերային ակումբ մը՝ պելժիական ծովափին: Մարք նոյնպէս կը տեղափոխուի։ Այդ տարիներուն Պելժիոյ բոլոր ակումբներու մէջ Մարք Արեանի ձայներիզը կ՚ունկնդրուէր: Մի քանի ամսուան ընթացքին անոր երգերը կը դառնան երիտասարդութեան սիրելին: Մարք այդպէս հանրածանօթ անուն դարձած է Պելժիոյ մէջ, ուր սկսած է իր աստղային կեանքը:
1963 թուականի վերջերուն Մարք Արեան իր ապրանքանիշով պայմանագիր կնքած է խոշոր երաժշտական «Կրամոֆոն» ընկերութեան հետ: Յաջորդ տարին թողարկած է երկու ձայնապնակ: 1964-1965 թուականները սրընթաց վերելքի տարիներն էին։ Մէկը միւսի ետեւէն յայտնի կը դառնան իր երգերը։
«Եթէ ես ըլլայի արքայի որդին» երգը Հոլանտայի մէջ դարձած է յառաջատար եւ մէկ շաբթուան ընթացքին այնտեղ վաճառուած է աւելի քան տասներկու հազար ձայներիզ․ ֆրանսական երգը դուրս եկած էր երկրի սահմաններէն։
Բայց Մարք Արեան երբեք ամբողջովին ֆրանսացի չէր, ոչ ալ միայն պելժիացի։ Ան կը դառնար այն եզակի երգիչը, որ կը հաստատէր երաժշտական կամուրջ մը ֆրանսական գեղեցիկ լեզուին եւ միջին-արեւելեան մեղեդային նրբերանգներուն միջեւ։
Այս բազմալեզուութիւնը մփիւռքի երաժշտական յուշատետրն է․ Մարք Արեանի երգերը այդ իրողութիւնը կը փոխանցէին առանց բացատրելու։
ՄԱՐՔ ԱՐԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
1960-70-ականներուն Մարք Արեան հռչակաւոր էր ո՛չ միայն Եւրոպայի մէջ՝ յաճախակի համերգներով, այլ նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր իր երգերը կը հնչէին երիտասարդներու շուրթերէն, անոր ձայնագրութիւնները ձեռքէ ձեռք կ՚անցնէին, մինչ այն օրը, երբ հայ երիտասարդութիւնը նոյնպէս առիթ ունեցաւ մօտէն լսելու Մարք Արեանը:
1968 թուականին երգիչը համերգ մը սարքած է Երեւանի մէջ եւ Հանրապետական մարզադաշտը (որ այժմ կը կրէ «Վազգէն Սարգսեան» անունը) լեցուած է հազարաւոր երաժշտասէրներով: Ան առաջին երգիչը եղած է, որ երգած է Հանրապետական մարզադաշտին մէջ՝ երեսունհազար հանդիսականի առջեւ:
Հայ հանրութիւնը մօտէն ունկնդրած է Շարլ Ազնաւուրէն ետք այդ տարիներու ամենէն յայտնի հայ երգչին: Մարք Արեան, ինչպէս յետագային գրած է, հայաստանեան համերգներուն պատրաստուած էր շատ երկար, ան իր հետ տարած էր Եւրոպայի լաւագոյն ձայնային մասնագէտները, սարքաւորումները:
ՓԱՌՔԻ ՎԵՐԵԼՔ ԵՒ ՀԵՌԱՑՈՒՄ ԱՍՊԱՐԷԶԷՆ
Մարք Արեանի փառքի շրջանը շուրջ տասը տարի տեւած է, այնուհետեւ երգիչը լուռ հեռացած է ասպարէզէն: Այդ հեռացումի մասին կան զանազան վարկածներ, որոնցմէ ամենաշատ շրջանառուող տարբերակը այն է, թէ երգիչին որոշ հայկական շրջանակներէ ճնշած են անոր նշանաւոր «Իսթանպուլ» երգին համար: Մինչդեռ «Իսթանպուլ» երգը, որ մինչեւ հիմա ալ սիրուած երգ մըն է, քաղաքական ո՛չ մէկ ենթաթեքստ ունի. զայն երգ մըն է սիրոյ մասին:
Մէկ այլ վարկածով՝ աստղի մարումը կ՚առընչուի այն հանգամանքին հետ, որ Մարք Արեան, իր ունեցած երկրպագուներու թիւով, հեռանկարով, տեղ մը նաեւ՝ տաղանդով, գերազանցած էր ֆրանսական շանսոնի մեծ հսկաներու, ինչպէս՝ Շարլ Ազնաւուր, Ճոնի Հոլիտէյ, Ժաք Պրել, Սալվատորէ Ատամօ, Միրէյ Մաթիէօ, Ճօ Տասէն, եւ կրկին ենթարկուելով ճնշումներու, լուռ հեռացած է ասպարէզէն:
Բայց մինչեւ ասպարէզը լքելը՝ ան 1968 թուականին Խորհրդային Միութեան տարածքին երեսունօրեայ համերգային շրջագայութիւն ունեցած է։ Բազմաթիւ համերգներ տուած էր Խորհրդային Միութեան բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ, սակայն այն համերգները, որոնք ան պէտք է ունենար Հայաստանի մէջ, իրեն համար ամենակարեւորն ու յուզականն էին: Այդ համերգին երգած է հայերէն եւ ֆրանսերէն երգեր:
Երեւանեան համերգներէն յետոյ՝ 1969 թուականին, Մարք Արեան թողարկած է հայերէն երգերով ձայներիզ՝ «Իմ ճերմակ սարեր» անուանուամբ: Ձայներիզի կողքին վրայ գրուած է «Ես գիտեմ» եւ «Երեւան» երգերու անունները, բառերը եւ երաժշտութիւնը՝ Մարք Արեանի մակագրութեամբ: Երգիչը ամուսնացած է 1984 թուականին, բայց մէկ տարի յետոյ՝ 59 տարեկանին մահացած է սիրտի կաթուածէն՝ Պելժիա։ Յատկանշական է, որ երգիչը այդպէս ալ մրցանակներու, պաշտօնական բարձր գնահատանքներու եւ պետական պարգեւներու տէր չեղաւ։ Սակայն ան իր ժամանակին վաճառուած ձայներիզներու քանակով եւ համերգային արդիւնաւէտութեամբ կը դասուի 1960-ականներու եւ 1970-ականներու լաւագոյն ֆրանսացի երաժիշտներու շարքին։ Եւ այսօր, երբ անոր երգերը նորէն կը շրջանառին, յստակ է մէկ բան՝ Մարք Արեան ապրեցաւ առանց աղմուկի, առանց ցուցադրական փառքի, բայց հեռացաւ՝ ձգելով անմահ ժառանգութիւն մը՝ իր երգերը, որոնք երբեք չեն հիննար։
ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՐԳԱՐՈՒԵՍՏԻՆ
Մարք Արեան հիմնած էր նաեւ սեփական երաժշտական արտադրական ընկերութիւնը եւ սկսած էր զբաղիլ նաեւ այլ երաժիշտներու համար ասպարէզ բանալով: 1964 թուականի ամրան ան պայմանագիր կը կնքէ լիբանանեան «ԼՍԴ» ընկերութեան հետ՝ Լիբանանի մէջ թողարկելու համար ձայներիզները։ Կարճ ժամանակահատուածին մինչ այդ թողարկուած բոլոր երեք ձայներիզները մեծ պահանջարկ կ՚ունենան Լիբանանի տարածքին: Անոր «Քեթի» եւ «Դուն ես իմ սիրտի…» երգերը արեւելքի մէջ վաթսունականներուն լսուած են միլիոն անգամներ: Լիբանանեան համերգներուն ան յատուկ հանդիպումներ ունեցած է հայ համայնքին հետ։ Շահի հրաւէրով այցելած է նաեւ Իրան, սակայն վատառողջ ըլլալու պատճառով համերգը յետաձգուած է: Շահը ուղարկած է իր անձնական բժիշկը եւ շուտով, ապաքինելէ յետոյ, ան համերգ տուած է Շահի ներկայութեամբ:
ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
Ուշագրաւ են Թուրքիոյ մէջ իր համերգները։ Կը գրուի, որ այդ համերգներուն վաճառուած է աւելի քան ութսուն հազար տոմսակ:
Իսթանպուլի փողոցներու մէջ զբօսնելէ ետք ալ երգիչը ներշնչուած եւ գրած է «Իսթանպուլ» նշանաւոր երգը։
Ֆրանսերէնով գրուած այս սքանչելի բանաստեղծութիւնը իր հիասքանչ երաժշտութեամբ 2009 թուականին ընդգրկուած է «Երգեր Իսթանպուլի համար» խորագրեալ ձայնասկաւառակին մէջ, որ թողարկուած է Թուրքիոյ մէջ եւ ամփոփած բոլոր այն նշանաւոր երգերը, որոնք գրուած են Իսթանպուլի մասին:
Մարք Արեանի բազմալեզու կարողութիւնները իր ժողովրդականութեան անկիւնաքարն էին։ Տիրապետած լեզուներուն մէջ էր նաեւ՝ թրքերէնը, որ ծնողքէն սորված եւ Թուրքիա այցերու ժամանակ ալ վերյիշած ու բարելաւած է եւ նոյնիսկ երգած է թրքերէնով։
Վերջերս թրքական որոշ կայքերու մէջ նիւթեր յայտնուեցան այն մասին, որ Մարք Արեանի թրքերէն երգերը ժամանակին մշակած է երաժշտահան Ֆեճրի Էպճիօղլու՝ բանաստեղծական թրքերէնով, եւ որ այդ իւրայատուկ թրքերէն կատարումները ո՛չ միայն գնահատուած էին, այլեւ սիրուած՝ օտար, հմայիչ առոգանութեամբ, որ կը հնչէին ֆրանսախօս երգչի շուրթերէն։ Երբ ան թրքերէն երգերու սկսաւ, նոյն տարուան մէջ շարք մը եւրոպացի երգիչներ անոր օրինակին հետեւելով սկսան կատարել եւ ձայնագրել թրքերէնով երգեր։ Ոչ-սահուն թրքերէնով այդ երգերը եւ երաժշտութեան մէջ օտար առոգանութիւններու այդ միտումը բարեյաջող ընդունեցաւ նաեւ թուրք երգիչներու կողմէ, եւ կը նշուի, որ թուրք երգիչներ, օրինակ՝ Աժտա Պեքքանը, այդ երգերը սկսան այն ժամանակ ներառել իրենց կատարումներուն մէջ։ Թրքական փոփ երաժշտութեան դասական «Dünya Dönüyor» երգը նոյնպէս Մարք Արեանի ստեղծագործութիւնն է։ Վերջին տարիներուն, մասնաւորաբար Եւրոպայի, Թուրքիոյ եւ հայկական համայնքներու մամուլին մէջ կը նկատուի նոր հետաքրքրութիւն մը Մարք Արեանի գործին նկատմամբ, նաեւ այն պատճառով, որ ան երգիչ մըն էր, որ իր երգով բացաւ դռներ՝ լեզուներու, մշակոյթներու, աշխարհներու միջեւ։ Արդի ուսումնասիրողները զինք կը դիտարկեն ոչ միայն որպէս երգիչ, այլ իբրեւ մշակույթներու փոխազդեցութիւն կատարած արուեստագէտ մը։ Մարք Արեան եղաւ այն սակաւաթիւ երգիչներէն, որոնք ընդարձակեցին փոփ երաժշտութեան աշխարհաքաղաքական սահմանները՝ նախքան ընկերային ցանցերը եւ միջազգային ժամանակակից շուկաները ի յայտ կու գային։
Ինն լեզուներով երգած երգիչը ունէր նաեւ գաղտնի լեզու մը՝ սիրտի լեզուն։
Անոր սփիւռքահայ ճակատագիրը վէրք չմնաց, այլ վերածուեցաւ կամուրջի։ Մահուընէ քառասուն տարի յետոյ, Մարք Արեանը կրկին կը վերադառնայ՝ վերաթողարկուած սկաւառակներով, նոր ուսումնասիրութիւններով եւ արխիւային նիւթերու հրապարակումներով։ Սակայն, չորս տասնամեակ ետք, այսօր տակաւին կը մնայ անպատասխան հարց մը՝ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ժամանակէն շուտ լռեց այս աստղային ձայնը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան