ՀԱՅՐ ԱՐՍԷՆ ԱՅՏԸՆԵԱՆ (1825 - 1902)

Ծնած է 7 յունուար 1825-ին, Պոլսոյ Բերա թաղամասին մէջ:
1828-1830-ին ապրած է Ղալաթիոյ մէջ:
Այտընեան կրթութիւն ստացած է Վենետիկի մխիթարեաններու եւ ապա Ղալաթիոյ Վիեննայի մխիթարեաններու վարժարաններէն ներս:
Ութ տարեկանին աշակերտած է Հայր Վրթանէս Չալըխեանին:
1935-ին, գացած է Վիեննա, ուր լեզուներ սորվելու կողքին, ձեռնարկած է հոգեւոր ճառախօսութիւններու եւ այլ աշխատասիրութիւններու:
Փոքր տարիքէն մեծ սէր ունեցած է լեզուներու նկատմամբ: Տասնվեց տարեկանին արդէն իմացած է լատիներէն, իտալերէն, թրքերէն, արաբերէն, անգլերէն ու գերմաներէն, որոնց վրայ յետագային աւելցած են նաեւ պարսկերէնը, յունարէնը եւ սանսկրիտը:
Հմուտ եղած է հայերէնի մէջ, թէ՛ գրաբար եւ թէ աշխարհաբար: Քսան տարեկանին արդէն շարք մը գործեր թարգմանած է գրաբարի:
Տասնեօթ տարեկանին ուխտած է պատրաստուիլ եկեղեցական ծառայութեան:
1845-1849-ին, հայերէն մեծ աշխարհագունդ մը պատրաստած է, որ չորս գոյներով տպած է:
1851-ին, պատրաստած է արաբերէն մեծ երկրագունդ մը, որ սակայն, ձեռագիր մնացած է:
Հայր Արսէն Այտընեան նշանաւոր է իր «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի» աշխատասիրութեամբ: Իր այս աշխատասիրութիւնը գլուխ հանելու համար ան այցելած է տարբեր տեղեր. ինչպէս՝ Պոլիս, Զմիւռնիա, Այտըն, Փարիզ եւ 1862-ին հասած է Ս. Ղազար: Այս ճամբորդութիւններէն ետք չորս տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք յաջողած է այս աշխատասիրութիւնը լոյս աշխարհ բերելու, որով 1866-ին այս գործը լոյս տեսած է Վիեննայի տպարանէն, 836 էջերէ բաղկացած:
Հիմնած է եւ երկար տարիներ աշխատակցած է Վիեննայի Մխիթարաեաններու «Հանդէս ամսօրեայ»ին, ուր գլխաւորաբար հրատարակած է լեզուաբանական յօդուածներ, ինչպէս նաեւ աշխատակցած է «Եւրոպա» պարբերականին:
Գիտական եւ հետազօտական կեանքին զուգընթաց վարած է նաեւ վարչական պաշտօններ:
1885-ին, երկար տարիներ աշխատելէ ետք Է. Վ. Չալըխեանի «Քերականութիւն հայկազեան լեզուի» մեծարժէք գործին վրայ, հրատարակած է զայն:
1886-ին, եղած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայր:
1867-ին, հրատարակած է «Արդի հայերէնի համառօտ քերականութիւն»ը, որ «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի» համառօտ շարադրութիւնն է:
1884-ին, հրատարակած է «Ոսկեդարեան գրաբարի ընդարձակ քերականութիւն»ը:
Հայր Արսէն Վարդապետ Այտընեան շուրջ քսան տարիներ զբաղած է մանկավարժութեամբ, որպէս ուսուցիչ եւ որպէս վարժարանի վարիչ աշխատած է Վիեննայի, Պոլսոյ եւ Զմիւռնայի դպրոցներէն ներս:
Հայր Այտընեան թէ՛ հայազգի եւ թէ օտար լեզուագէտներու ու քերականագէտներու վկայութեամբ՝ «նոր դարագլուխ» մը բացած է հայոց լեզուի գիտական ուսումնասիրութեան համար:
Հայր Արսէն Այտընեան նաեւ եղած է երաժշտագէտ-երգահան մը: Դաշնաւորած է Ս. Պատարագ մը: Այտընեանի դաշնաւորած պատարագը տարբեր առիթներով կը կատարուի: Թերթի աւագ գրիչներէն՝ Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանի հաղորդմամբ՝ «Իսթանպուլի մէջ «Մխիթար» երգչախումբի կողմէ իրագործուած է Այտընեանի Սուրբ Պատարագը, երկու անգամ, խմբավարութեամբ հանգուցեալ տքթ. Տիգրան Մամիկոնեանի։ Այնուհետեւ իրագործուած է նաեւ Յովհաննէս Չէքիճեանի խմբավարութեամբ։ Իսկ հոգելոյս Հայր Համբարեանի յոբելեանի հանդէսի Սուրբ Պատարագին՝ «Մխիթար» երգչախումբը, առանց նուագախումբի ընկերակցութեամբ՝ բազմաձայն երգած է Հայր Այտընեանի Սուրբ Պատարագը՝ խմբավարութեամբ հանգուցեալ Պերճ Շիկահերի եւ երգեհոնահարութեամբ հանգուցեալ տքթ. Հերման Միսքճեանի՝ որ նուագախումբի բաժինը կիրարկած է» («ԺԱՄԱՆԱԿ», 9 հոկտեմբեր 2018)։
Ի Տէր ննջած է 8 յուլիս 1902-ին:
***
Արշակ Չօպանեան Հայր Արսէն Այտընեանի մասին ի միջի այլոց կը գրէ.
* … Եւ քաջութիւնը զոր ցոյց տուած է Այտընեան՝ աւելի մեծ է անով որ ոչ միայն ուրիշներուն այլ ինքն իրեն դէմ իսկ ստիպուած էր ի գործ դնել զայն, որովհետեւ ինքն իսկ, ոչ միայն գիտուն, այլ եւ արուեստագէտ միտք, գեղեցկութեան զգացումն ունեցող, գրաբարին սիրահար էր ջերմօրէն: Բայց գերմանական լուրջ կրթութեամբ մը կազմուած իր միտքը գիտցած էր բանաստեղծական նախասիրութիւնները զոհել գիտական սկզբունքներուն անողոք նուիրական բագինին վրայ: Այն քննող, անաչառ, աննախապաշար ոգին որով Քաթըրճեան ու Գարագաշեան Հայոց պատմութիւնը վերլուծած էին, Այտընեան անոր ենթարկեց Հայոց լեզուն, եւ տրուած ըլլալով մեթոտը որուն կը հետեւէր, եզրակացութիւնը որուն հասաւ՝ անխուսափելիօրէն միակ եզրակացութիւնն էր, որուն կրնար հասնիլ. իրեն պէս յստակ միտք մը չէր կրնար չնշմարել որ Հայերը չէին կրնար բացառութիւն կազմել լեզուներու պատմութեան մէջ յաճախ կրկնուած եւ օրէնք դարձած երեւոյթի մը դէմ. գրաբարը, որքան ալ գեղեցիկ ըլլար, մեռած էր այլ եւս, ու մեռելները հանգիստ պէտք է թողուլ. աշխարհաբարը գրաբարին կենդանի յաջորդն էր, եւ իր կենդանութիւնը բաւական էր՝ իր գերադասութիւնն արդարացնելու համար. անհրաժեշտ էր աշխարհաբարն ընդունիլ իբր գրական լեզու, եւ աշխարհաբարը՝ իր ինքնուրոյն կազմուածքով, իր որոշ քերականութեամբ ու ոճով՝ այնպէս ինչպէս ժողովուրդը զայն շինած էր: Եւ Այտընեան ոչ միայն աշխարհաբարին իրաւունքը պաշտպանած է, այլ եւ անոր կազմութեան մանրամասն պատմութիւնը գծած է եւ այդ պատմական հիմունքներուն վրայ յենլով ճշդած է աշխարհաբարի քերականութիւնը։
Այտընեան մեծ եղած է նաեւ իբրեւ աբբահայր: Իր ուշիմ, եռանդուն ու ազատամիտ վարչութեանը շնորհիւ է, որ Վիեննայի վանքը հասած է այս բարձր դիրքին, զոր կը վայելէ այսօր հայ ու եւրոպացի բանասէրներու յարգանքին մէջ. միաբանութեան նորագոյն գործիչները, Տաշեան, Քալէմքեարեան, Մենեվիշեան, եւ այլն. իրեն՝ շատ բան կը պարտին իրենց մտքին կազմութեանը, իրենց գործունէութեան դիւրացմանը տեսակէտով: Այտընեան ամէն ազատութիւն տուած է անոնց իրենց սիրած ճիւղերուն մէջ ուզած ձեւովնին հետազօտութիւններ, քննական ուղեւորութիւններ ընելու. ամէն զոհողութիւն յանձն առած է՝ լոյսի մէջ դնելու համար Տաշեանի մը տաղանդը, հրատարակելով՝ հակառակ հարկ եղած մեծ ծախքերուն՝ անոր ստուար աշխատութիւնները, որ քիչ ծախուելու սահմանուած էին եւ գիտութեան միայն ծառայութիւն մատուցանելու բնոյթն ունէին: Երբ այդ երիտասարդներու խումբը «Հանդէս ամսօրեայ»ն հրատարակելու գաղափարը յղացաւ, վանքին «հին»երը հակառակեցան՝ անօգուտ եւ իրենց պիւտճէին համար վնասակար նկատելով այդպիսի ձեռնարկ մը. Այտընեան երիտասարդներուն կողմը բռնեց, ըմբռնելով անոնց գաղափարին օգտակարութիւնը, եւ «Հանդէս ամսօրեայ»ն, որ Հայոց առաջին բանասիրական լուրջ թերթը եղաւ, կրցաւ հիմնուիլ՝ իր շնորհիւ: Այտընեան, իբր աբբահայր, վնասակար եղած է մէկ անձի մը միայն՝ իրե՛ն. իր բոլոր ուժերը, իր բոլոր ժամանակը նուիրելով վարչական պաշտօնին, կասեցուցած է իր գիտնականի գործունէութիւնը, որ, եթէ շարունակուած ըլլար խցիկի մը անդորրութեանը մէջ, անշուշտ «Քննական քերականութեան» պէս քանի մը ուրիշ գործեր կ՚ունենայինք այսօր՝ իրմէ ստորագրուած: Այտընեան խորհած է որ Վիեննայի վանքին պէս հաստատութեան մը վարչութիւնն ալ «գործ» մըն է, այնքան շահեկան ու գեղեցիկ որքան գրքի մը յօրինումը, եւ սիրով զոհած է այդ գործին իր հեղինակի փառասիրութիւնները։ Եւ արդէն եթէ դադրած է գրելէ՝ աբբահայր կարգուելէն ի վեր, անշուշտ չէ դադրած երբեք մտածելէ, քննելէ, խուզարկելէ, եւ «նոր»երը անոր մէջ յաճախ գտած են անշուշտ թանկագին թելադրիչ մը եւ խորհրդատու մը, եւ անոնց գործերուն մէջ ան՝ այսպէս՝ իր աշխատակցութեան բաժինն ունեցած է: Կար միայն նիւթ մը, որուն համար իր վարչական զբաղմանց յատկացուցած ժամանակէն քիչ մը կը գողնար երբեմն՝ անոր վրայ անձնական ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար, այն է հայկական եկեղեցական երաժշտութիւնը: Ճշդիւ չեմ գիտեր թէ ի՞նչ ուղղութեան, ի՞նչ յատակագծի վրայ էին այդ ուսումնասիրութիւնները. եթէ նօթեր կամ արդէն խմբագրուած էջեր թողած է՝ նոյն իսկ կիսաւարտ, միաբանութիւնը անշուշտ զանոնք պիտի հրատարակէ: Գիտեմ միայն որ իր այդ աշխատութեանց մէկ մասը նուիրած էր Հայկական պատարագը, գերման երաժշտի մը աջակցութեամբ, եւրոպական երաժշտութեան վերածելու. անկեղծօրէն պիտի խոստովանիմ սակայն, որ Վիեննա գտնուած միջոցիս առիթ ունենալով ունկնդրել այդ պատարագը՝ նուագախումբի ընկերակցութեամբ՝ եւրոպացի երգիչներէ երգուած, անախորժ տպաւորութիւն մը կրեցի. մեր պարզ, սրտաբուխ ու մելանուշ երաժշտութիւնը՝ մերօրեայ օփերաներու շռնդալից թատերականութիւնն ստացած էր այդ նոր տարազին մէջ:
***
Այտընեան իր մտաւոր յատկութիւններուն կը միացնէր շատ ազնիւ սիրտ մը. անոր մէկ գեղեցիկ ապացոյցը տուաւ դէպքի մը մէջ, զոր գաղտնի պահելու պարտքէն այլ եւս զերծ ենք, զոր նոյն իսկ պարտաւոր ենք այժմ ճանչցնել հասարակութեան, որովհետեւ այդ դէպքին մէջ Այտընեանի ցոյց տուած ընթացքը մին է իր կեանքին գեղեցիկ գծերէն:
Երեք տարիի չափ առաջ, Կիլիկիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, եւ մանաւանդ Մերսին, բազմաթիւ հայեր ձերբակալուեցան՝ կարգ մը թղթեր բռնուած ըլլալու պատրուակով. միեւնոյն պատրուակով թուրք կառավարութիւնը Մերսին հաստատուած աւստրիական հպատակ մը ստիպեց իսկոյն երկրէն հեռանալ. աւստրիական կառավարութիւնը, իր հպատակին դէմ եղած նախատական վարմունքին եւ անոր հասցուած վնասին փոխարինութիւն պահանջեց, եւ նոյն իսկ զրահաւոր մը ղրկեց Մերսին. թուրք կառավարութիւնը իսկոյն համակերպեցաւ Աւստրիոյ պահանջքին, բայց հայ բանտարկեալները մնացին բանտերուն մէջ ու հալածանքը աւելի սաստկացաւ Կիլիկիոյ մէջ. իրերու այդ վիճակը հաղորդեցի Այտընեանին եւ խնդրեցի որ Ֆրանց-Եոզէֆ կայսեր հաճի դիմել՝ որպէս զի թուրք կառավարութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնէ՝ «Աւստրիացիի մը պատճառով» նեղուող հայերուն չարչարանքին վերջ դնելու համար. ազնիւ ծերունին չվարանեցաւ կատարելու իրեն եղած այդ խնդրանքը. դիմեց կայսեր՝ որ իր անձին համար մեծ յարգանք կը տածէր, եւ ամիս մը չանցած՝ բոլոր բանտարկեալներն արձակուած էին (Արշակ Չօպանեան, «Դէմքեր», Փարիզ, 1924, էջ 108-110):
***
«Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի» աշխատասիրութեան մասին Ա. Գ. Վարդանեան «Պատմաբանասիրական հանդէս»ին (1965, թիւ 4) մէջ կը գրէ.
«“Քննական քերականութիւն”ը աշխարհաբարի առաջին ամբողջական, գիտական քերականութիւնն է, որտեղ Ա. Այտընեան իրեն դրսեւորել է որպէս գիտնական։ Երբ գրուեց այս աշխատութիւնը, աշխարհաբարը դեռեւս լրիւ չէր ձեւաւորուած։ Կանոնաչափուած չէր աշխարհաբարի քերականութիւնը, այն իր յստակ կերպարանքը չունէր, դեռեւս յղկուած, մշակուած մի կայուն համակարգ չէր ներկայացնում իրենից, չկար միասնականութիւն՝ յատկապէս գրական լեզուի մէջ, առկայ էին բազմաթիւ զուգահեռ ձեւեր, անկանոնութիւններ: Ա. Այտընեան լեզուական երեւոյթների քննութեան, օրինաչափութիւնների սահմանման մէջ հանդէս է բերել գիտնական հետազօտողին յատուկ հմտութիւն, նա կարողացել է բազմաթիւ զուգաձեւութիւնների, անկանոնութիւնների մէջ ճիշդ կողմնորոշուել, ընտրել կանոնաւորը, օրինաչափը, «հեռանկարային»ը։ Դրա ապացոյցն է այն, որ այդ քերականութիւնը այնպէս յաջողութեամբ բռնեց իր քննութիւնը պատմութեան մէջ, նրանից օգտուեցին հետագայ շատ քերականագէտներ, նրա հիման վրայ գրուեցին բազմաթիւ աշխատութիւններ՝ կանոնաչափելով աշխարհաբարի քերականութիւնը, Այտընեանի աշխատութիւնը նպաստել է աշխարհաբարի հետագայ կանոնաւորմանը, մշակմանն ու կատարելագործմանը։ Պատահական չէ, որ այնքան բարձր է եղել ժամանակակիցների, ժամանակի մամուլի տուած գնահատականը Այտընեանին եւ նրա աշխատութեանը. «Քննական քերականութիւն»ը մինչեւ այժմ էլ չունի իր նմանը»,գրել է «Մշակ»ը 1902 թ., «Քննական քերականութեան» հրատարակութիւնից աւելի քան երեսունհինգ տարի յետոյ։
Այտընեանն աշխարհաբարի հարցերում մի հեղինակութիւն է, որին դիմում են ամէնքը»։ «Արեւելք»ն իր հերթին «Քննական քերականութիւն»ը գնահատել է իբրեւ մի գիրք, որն «անվիճելիօրէն բարձր է, եւ որուն քով նոյնիսկ իրմէ շատ աւելի վերջերը եկող բազմաթիւ քերականներ մինչեւ անգամ շուք մը չեն կրցած երկարել։ Եւ արդէն աշխարհաբարի այդ հսկայ ու տարածուն ուսումնասիրութիւնը չէ՞, որ այսչափ ատեն ամենէն գլխաւոր աղբիւրը եղած է բոլոր քերականութեամբ զբաղողներուն, անսպառ դրամագլուխ մը, որ ի՛նչ կերպով ալ, ի՛նչ համեմատութեամբ ալ շահագործուի, միշտ պիտի մնայ այդպէս, պարարտ ու նիւթայից»։ «Առանց Այտընեանի ա՛յդ գործին, շատ մը աշխարհաբարի քերականութիւններ թերեւս բնաւ գոյութիւն չպիտի ունենային այսօր»։ Այժմ էլ աշխարհաբարի պատմութեան հարցերով զբաղուող լեզուաբանը չի կարող շրջանցել «Ա. Այտընեանի «Քննական քերականութիւն»ը։»
Իսկ Մինաս Թէօլէօլեան նոյն աշխատասիրութեան մասին իր «Դար մը գրականութիւն» գործին առաջին հատորին մէջ կը գրէ.
«Հայր Արսէն Այտընեանի «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի» կոթողական աշխատանքը (1866) անգերազանցելի կը մնայ մինչեւ այսօր, զոյգ միաբանութիւններու քերականական վաստակին մէջ: Աշխարհաբար լեզուի ծագման, զարգացումին եւ կարելիութեանց շուրջ իր լայն խորացումներով այս աշխատանքը նաեւ մե՛ր օրերու քերականներուն համար աղբիւր է եւ մեկնակէտ՝ գիտական հաստատումներու, ծանօթութեանց լայն աշխարհի մը: Լեզուական առողջ տեսակէտներ իր համոզումները կը ձգտին արդի հայերէնը ճոխացնել, զարգացնել ու պատուաստել գաւառական առութիւններով, ընդունելով հանդերձ կեանքին եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան պատշաճելու ստիպողութիւն մը: Այտընեան նաեւ ձայնն էր ողջմտութեան՝ լեզուական այն պայքարին մէջ, որ կը մղուէր գրաբարեաններու եւ աշխարհաբարեաններու միջեւ. «Արձակունակ եւ անպատասխանատու ձեւով մը աշխարհաբար լեզու «կերտելու» անիշխանութեան դէմ՝ ի՛նքն էր, որ լսելի դարձուց քերականական կարգապահութեան մը ենթարկուելու, չծանծաղելու կարգախօսը»:
***
1893, 30/11 փետրուար, Կ. Պոլիսէն, Գրիգոր Զօհրապ հետեւեալ նամակը յղած է Հայր Արսէն Այտընենանին.
* Մեծանուն եւ համայն հայ գրականութեան պարծանք Հայր,
Ներողամիտ եղէք եթէ Ձեր անգին վայրկեաններէն մաս մը ուզեմ երկտող պատասխան մը խնդրելու համար «Մասիս»ի երկրորդ թիւին մէջ գրաբար լեզուի վրայ առաջարկուած հարցումին։
Ձեր հոյակապ քերականութեան հրատարակումէն ի վեր ոչ ոք կրցած է նորութիւն մը ըսել այն բոլոր հարցերուն վրայ, զորս քննած ու լուսաբանած էք եւ Ձեր կարծիքը՝ մեր հարցումին ի պատասխան, այս անգամ յայտնուելով նորէն վերջնական վճիռի մը պէս գերակշիռ է։
Համբուրելով Ձեր ձեռքը մնամ խոնարհ որդի՝
Խմբագրապետ Մասիսի
***
«Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի» աշխատասիրութեան յառաջաբանին մէջ Հայր Արսէն Այտընեան կը գրէ.
* «Յառաջաբաններն հասարակօրէն չեն կարդացուիր. բայց եւ այնպէս իւրաքանչիւր նոր գրքի հեղինակ պարտաւորեալ է յառաջաբան մը գրելու՝ իւր աշխատութեանը պատճառն ու առաւելութիւնը ցուցնելու համար»: Այսպէս կը սկսի նոր մատենագիրներէն մէկն իւր յառաջաբանը: Քերականութեան մը հրատարակութեան վախճանը յայտնի է, քիչ շատ ընթացքն ալ. բայց առաջակայ գործոյս նորութիւնն ու յատուկ նկարագիրն իրաւամբ քանի մը խօսք սպասել կու տայ առաջին էջերուն մէջ:
Եթէ ճշմարիտ է թէ չկայ ազգ եւ ոչ ժողովուրդ՝ որ առանց առանձինն ուսում ու պարապմունք ընելու իւր սեպհական մայրենի լեզուն անսխալ խօսելու եւ գրելու պարծանքն ունենայ, բնական է որ ամէն մտացի հասարակութիւն այն ուսման կարեւորութիւնը ճանչնայ եւ զգայ կարօտութիւնը: Լեզու մ՚որ աւանդական միայն է առանց գիտնական հիման, այսինքն թէ պարզապէս ժառանգութիւն մը եւ ոչ ուսման ստացուածք, կրնայ թերեւս ճշգրտութեամբ նաեւ վայելչութեամբ ալ գործածուիլ, բայց մինչեւ որոշ սահման մը: Կարգէ դուրս հանճարներ՝ որոնց բնական կարողութիւնն ինք իրեն կարենայ առաջնորդել յաջողութեամբ, անպակաս եղած են ամէն ատեն. բայց այնպիսի հանճարն անհատական միայն՝ իսկ կարօտութիւնն ընդհանուր ըլլալով, հասարակութիւնն իրաւունք կ՚ունենայ տրտնջելու՝ թէ ստիպուած է օրինօք խօսիլ, օրինօք գրել, օրինօք գործել՝ առանց օրէնքը ճանչնալու, քանի որ նոյն գիտութեան փականքը փականքի տակ պահուած կը մնայ: Եթէ ամէն մտացի ժողովրդոց զգալի է այդ կարօտութիւնը, քիչ անիրաւութիւն ըրած չէինք ըլլար մեր ժողովրդեան ալ, եթէ համարէինք թէ չզգաց, թէ չիմացաւ ունեցած հարկաւորութիւնը, թէ չխնդրեց որ այն օրինաց մատեանը ձեռքը տրուի, թէ չբողոքեց այնպիսի անհոգութեան մը դէմ: Այո՛, խնդրեց, եւ խնդրեց ստիպով. մանաւանդ թէ կը յաւելունք՝ որ պիտոյքն այնչափ ակներեւ էր՝ որ աւելորդ էր հասարակութեան խնդիրքին ու բողոքմանն սպասել:
Այս կարգի անփութութիւն կամ լռութիւն մը հասարակաց պարզ ակնկալութեանն առջեւ կրնար արդարանալ ատեն մը, որ գրչութեան սահմանն անձուկ էր, եւ Արդի լեզուին պաշտօնն ու գործունէութիւնը երկբայական. բայց ոչ այս օրս, այնպիսի ժամանակ մը՝ ուր մատենագրութեան սահմանները միշտ ընդարձակուելու վրայ են, եւ ուր՝ առանց լեզուի դրական ուսման իւրաքանչիւր գրող եթէ ոչ արդէն աղաւաղիչ՝ գոնէ ի վիճակի կ՚ըլլայ աղաւաղելու՝ այն վայրկենէն որ գրող հաստատութիւն ու մշտնջենականութիւն կու տայ իւր սխալին: Այսպէս՝ առաջին տարիներէն որ արդի լեզուին վրայ ուշադրութիւններն ուղղուեցան եւ նոր մատենագրութիւնն աւելի ասդին սկսած էր միտելու, կը տեսնուէր որ ալ լռութիւնն ընդհատելու ատենն է, եւ ժամանակին պիտոյիցն համեմատ չափաւոր ընդարձակութեամբ քերականութիւն մը յօրինելու: Այս վախճանաւ հարկ եղաւ ձեռք զարնել դիտողութեանց, եւ մտնել ճամբայ մ՚որ դեռ անկոխ էր, ջանալով այլեւայլ տեսութեանց բաւղին մէջ միջին եւ ապահով ճանապարհաւ հասնիլ մեր եւ հասարակութեան նպատակին. այսինքն հաւաքել արդէն արժող օրէնքներն որ դրականապէս իրենց գոյութիւնն առած էին, եւ ոչ թէ նոր օրէնքներ հաստատել՝ իւրաքանչիւր անհատէ դատաստան կրելու վտանգաւ. թող որ վստահ էինք թէ ժամանակը շատ բան պիտի ուղղէ, որոշէ ու կարգաւորէ: Այսպէս՝ ասկէ իբր 15-20 տարի յառաջ:
Վերջին տարիներս որ քանի գնաց ծանրագոյն կերպարանք մ՚առաւ այս լեզուի խնդիրը, եւ ցայնժամ իբրեւ լոկ հետաքրքրական բան կամ զուտ բանասիրական զբաղմունք նայուածն սկսաւ վերջապէս ազգային գործոց կարեւոր եւ հաստատուն մասն համարուիլ, եւ միւս կողմանէ դարձեալ պէսպէս տեսական եւ գործնական խնդիրներ յաճախելով՝ գործոյն հրատարակութիւնն ալ սկսաւ ստիպողական ըլլալ: Բայց նոյնպիսի պարզ քերականութիւն մը միակողմանի կամ կիսով միայն ծառայութիւն մ՚ըրած կ՚ըլլար արդի հանգամանաց մէջ՝ առանց լեզուին ծագումն ու բնաւորութիւնը քննելու, առանց հիմակուան գործածութիւնները՝ որ խնդրոց նիւթ թէին, հին ժամանակուաններուն հետ բաղդատելու, եւ առանց գրաբար հայերէնն ալ աշխարհաբարին հետ քովէ քով դնելու: Միով բանիւ ամէն պարագաները մէկտեղ՝ կ՚երեւայ թէ կը պահանջէին առաջին անգամ՝ ոչ Քերականութիւն մ՚ի պէտս դպրոցաց, այլ իրօք Քննական քերականութիւն մ՚ի պէտս բանասիրաց, որ զանազան խնդրոց լուծումն ու պէսպէս հարցմանց պատասխանը, եւ մանաւանդ շատ երեւոյթներու պատճառն ու մեկնութիւնը կարենար տալ: Ասոնք դիտելով մեր փոյթն եղաւ իրօք նոյն քննական ձեւի բերել յիշեալ քերականութիւնը (որուն վրայ տեղ Նախաշաւիղ, երես 324, 326): Ի վերայ այսր ամենայնի այն նիւթի կարգաւ կամ քերականական ընթացքին համեմատ զետեղուած տեսութիւնները՝ յայտնի է որ դեռ շատ հեռու կը մնային քննասէր մտքերու ամբողջական գաղափար մը տալէն. եւ չէ թէ բոլոր լեզուին հանրական տեսութիւնը այլ միայն՝ անոր այս կամ այն մասին ընթացքն ու հնոց եւ օտարաց հետ մասնական յարաբերութիւնները կը ցուցնէին: Ուստի պատշաճ էր մեր նպատակին հասնելու համար յատուկ Ներածութենէ մը անցնելէն ետքը քերականական մասնաւորութեանց մէջ մտնել. այսպէս նաեւ աշխարհաբարի բոլորական տեսութիւնն ստանալէն ետեւ՝ անոր գրաբարի հետ ունեցած յարաբերութիւնները չէին ներեր՝ առանց ասոր ալ ընդհանուր տեսութիւն մը տալու անցնիլ. ուստի հարկ էր առանձին գրաբարի Յաւելուածով մը բովանդակ Հայերէն լեզուի գաղափարը լրացնել:
Այսպէս երեք բաժանմամբ Նախաշաւիղ, Քերականութիւն եւ Յաւելուած՝ մէկ զմէկ ամբողջացնող մասերով այս գրաւոր աշխատութիւնը կ՚աւանդենք հմտացելոց դատաստանին, միանգամայն նորանոր հետազօտութեանց նիւթ ընծայելով:
ՆԱԽԱՇԱՒԻՂԸ կամ Ներածութիւնն ընդհանրապէս մարդկային լեզուի ընթացքին վրայ ճառելէն ետքը՝ պատմաբանական կարգաւ կը սկսի՝ մեզի ծանօթ հին ժամանակներու հայերէնին դիրքն ու վիճակը քննեալ, եւ հետզհետէ դարէ դար անցնելով առած միշտ նորագոյն կերպարանքը, եւ վերջապէս մեր օրերուն մատենագրական եւ ընտանեկան կենդանի լեզուին վրայ կը կնքէ լեզուին պատմութիւնը. ուր նոր գաւառականներն ալ՝ որ քերականութեան մէջ շատ թեթեւ անցուած են, մէյ մէկ մասնաւոր տեղ կը գրաւեն: Վերջին գլուխները լեզուին ներկայ եւ ապագայ վիճակին, եւ գրաբարի դիմաց առած կամ առնելու դրիցը վրայ խորհրդածութիւնք են: Յայտնի է որ ալ բաւական չէր այս տեսութեամբ դիտուած հայերէնը պարզապէս գրաբար եւ աշխարհաբար զանազանել. քննութիւնները չէին կրնար ճիշդ ըսուիլ եւ ոչ հետեւութիւններն ուղիղ կրնային ելլել, եթէ ոչ՝ լեզուին այլեւայլ աստիճաններն իրարմէ զատելով. բուն հին կամ նախնական հայերէն. մատենագրական եւ ընտանեկան հին լեզու. ստորին գրաբար. հին եւ նոր գաւառականք. հին կամ նախնեաց ռամկօրէն. նոր ռամկօրէն, նոր ընտանեկան եւ արդի գրաւոր հայերէն:
ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ նոր հայերէնին (մանաւանդ արդի գրաւոր լեզուին) յատուկ օրէնքներն երեք գլխաւոր Մաս բաժնած կ՚աւանդէ. 1. Մասանց-բանի կազմութիւն, 2. Մասանց-բանի համաձայնութիւն, եւ 3. Քերականական յատկութիւնք: Իսկ Ուղղագրութեան, Առոգանութեան եւ Տաղաչափութեան վրայ, որ քերականական ուսման լրացուցիչ մասունքն են՝ այդ երեք մասերէն դուրս կը ճառէ (տես քեր. եր. 327): Մանսաւորապէս նոր լեզուին տաղաչափութեան շատ տեսակներու ընդունակութիւնը մտածելով՝ այս մասն ընդարձակ բռնուած է, եւ կրնայ նոր կարգաւն ու դիւրացուցիչ բաժանմունքներովը հետամուտներուն փափաքը լեցընել: Բայց գլխաւորաբար քերականութեան քննական ու հնագիտական մասին առանձին գործն եղած է՝ նախ եւ ողղակի նախնեաց ռամկօրէն լեզուին եւ երկրորդաբար ու թեթեւակի գրաբարի հետ նոր լեզուին իւրաքանչիւր մասը բաղդատել, անոնց ծագումն ու հնագոյն ձեւերը փնտռել, շատ տեղ երկնկեկ հատուածներով լեզուին այլեւայլ մասանցը դարէ ի դար առած կերպարանափոխութիւնը ցուցընել. եւ դարձեալ օտարոտին նշանակել, կամ օտար կարծուածը մենկնել, եւայլն: Լեզուին հնագիտական կամ համեմատական ծանօթութիւններն այս նշանով որոշուած են:
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾն ուղղակի գրաբար հայերէնի ընդհանուր տեսութիւն մըն է, որ լեզուն ըստ կարի մէկ նայուածքի տակ ամփոփած եւ գլխաւոր կնճիռները պարզելով, այլեւայլ մասանցը նոր ըմբռնում տալով, միանգամայն աշխարհաբարի հետ համեմատութիւնը դիւրացնելու նպատակաւ կ՚ուղղենք բանասիրաց, որոնց հետ ըստ ինքեան աւելորդ էր գրաբարի մասն առջեւնին դնել (տես քեր. երես 430):
Այս կերպով աշխարհաբարը գրաբարէն անանջատ բռնելով՝ այդ երեք գլխաւոր մասանց մէջն ալ հինն ու նորը իրարու կցելով՝ կրնանք թերեւս յուսալ որ արդի աղքատութեան առջեւ վաղեմի մեծութեան գանձուն այլեւայլ դռները բանալու ատեն՝ գրաբարի գանձանակին մէջն ալ մեր դոյզն նաքարակիտն հանգանակած ըլլանք. միշտ կատարելագործութիւնը ժամանակին յանձնելով:
Այս կարգի ձեռնարկութիւն մը՝ որուն իւրաքանչիւր մասն երկայն ժամանակեայ քննութեանց կարօտ է, թէեւ ըստ էական մասանցը շատ տարիներու մտադրութեամբ հաստատուած եւ նաեւ կրկին կրկին դասատութիւններով փորձուած, այսու ամենայնիւ հասարակաց մտադրութեանն ու երկարագոյն փորձառութեան առջեւ անշուշտ այլազգ պիտի դատուի քանի մը բանի մէջ: Եւ ընդհանրապէս այս չափաւորութեամբ կը դիտենք մեր վճիռները տուած ըլլալ, հաստատ գիտնալով՝ որ նոյնպիսի ընտրութեանց մէջ, որոնք դասական հեղինակութեան մը վրայ չէին կրնար հիմնուած ըլլալ, կրնայ շատ անգամ անձնական տեսութիւն մը, մասնական ըմբռնում ու ճաշակ, եւ միով բանիւ անհատականութիւն սպրդած ըլլալ: Եթէ հասարակօրէն քերականութիւն գրողնեն իրենց նախորդացը վրայ կատարելութիւն մ՚աւելցնել կը դիտեն, մենք գոհ կ՚ըլլանք մեր յաջորդաց առջեւը ճամբան հարթած ըլլալով. եւ կը կնքենք յառաջաբանը նոր քերականի մը խօսքովը՝ թէ «Չեմ միտքս դրած ամենեւին՝ որ այս առաջին հրատարակութեամբս ըստ ամենայն մասաին կատարեալ գործ մ՚ի լոյս կ՚ընծայեմ. բայց կը յուսամ որ մէջը մոլար վարդապետութիւն չգտնուի. եւ եթէ ընթերցողներուս հանդիպելու դժուարութեանցն ամէն մէկուն լուծումը չեմ տուած, գէթ վստահ կրնամ ըլլալ որ զիրենք սխալ ճամբու մը առաջնորդած չըլլամ՝ որմէ հարկադրին ետ դառնալ»:
Առաջիկայ աշխատութիւնս բաւական վարձատրուած կը համարինք՝ եթէ բազմութեան խնդիրքը կատարած ատեննիս գոնէ սակաւաւորաց օգտութեան նպաստած ըլլանք (Հ. Արսէն Վ. Այտընեան, «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի», Վիեննա, 1866, էջ 5-10):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
1Թէպէտ Նախաշաւղին մէջ քննութեանց մէկ մասը լրացած ըլլայ կամ քանի մը բան նորագոյն տեսութեանց համեմատ ճշդուած եւ աւելցուած. բայց գլխաւորաբար հնագիտական մասն՝ որ դեռ մեծաւ մասամբ հին գրոց եւ մանաւանդ ձեռագրաց ու յիշատակարանաց մէջ թաղուած նիւթ է, առ այժմ միայն մերձաւորապէս կրնար հասնուիլ: