ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՈՐՍԻ ՆԻՒԹ. ԹԱԼԱՆՈՒԱԾ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Աշխարհը կ՚ապրի ժամանակաշրջան մը, ուր արուեստը այլեւս միայն գեղագիտական հմայքի դաշտ չէ․ զայն վերածուած է իշխանութեան, դրամի, խարդախութեան եւ շահախնդրութեան գործիքի։ Թանգարաններուն պատերը, ապակեպատ ցուցափեղկերը, պահեստներուն խորքերը, որոնք դարեր շարունակ մարդուն ստեղծագործ միտքին ու հոգեւոր յիշողութեան ապաստարանները եղած են, այսօր կը դիմագրաւեն նոր ձեւի յարձակումներու՝ անտեսանելի, բայց աւերիչ։

Գողութիւններ, ապօրինի վաճառք, թաքուն փոխադրումներ, կեղծ ինքնութիւններ եւ աննկարագրելի ագահութիւն․ այս բոլորը ստեղծած են արուեստի ստուերային շուկան, որ կը սպառնայ ո՛չ միայն մշակոյթի գոյութեան, այլեւ՝ մեր համընդհանուր քաղաքակրթութեան։

Արուեստի գործերու գողութիւնը երբեք չէ սահմանափակուած միայն անհատական մոլեռանդութեամբ։ Ժամանակին զայն եղած է տենչանք հաւաքորդներու կամ անզուսպ հարուստներու, որոնք կը փափաքէին իրենց կալուածներուն մէջ ունենալ այն, ինչ կը պատկանի ամբողջ մարդկութեան։ Սակայն այսօր վիճակը աւելի խորքային է․ գողութիւնը կը ծրագրուի, կը կազմակերպուի եւ կը կապուի միջազգային ցանցերուն հետ, որոնք կը գործեն ճշգրիտ ու գաղտնի։

Գողերը կը թիրախաւորեն թանգարաններու ու եկեղեցիներու պատերուն կախուած կտաւներ, մասնաւոր կամ կառավարական հաւաքածոներու մէջ պահուած հին պատկերներ, զարդեր, քանդակներ, պատմական աւանդութիւններու խորհրդանիշներ, ընտանեկան ժառանգութիւններ, մէկ խօսքով այն, ինչ որ գանձ կը նկատուի։

Աշխարհաքաղաքական անկայունութեան, պատերազմներու եւ տնտեսական տագնապներու այս դարաշրջանին արուեստը դարձած է ներդրումային առարկայ, հաւաքական ինքնութեան նոր դրամանիշ։ Երբ ոսկին կը կորսնցնէ իր կայունութիւնը եւ արժեթուղթերը կը դառնան անկայուն, արուեստի կտաւ մը կամ հազուագիւտ արձան մը կրնայ դառնալ գաղտնի փոխանակման միջոց, նոր արժոյթ մը, որ կը տեղաշարժուի ստուերներու մէջ։

Գողցուած գործերը կը վաճառուին ապօրինի աճուրդներով, կը շրջանառուին մութ շուկաներու մէջ, երբեմն ալ կը «ճերմկցուին» օրինական վաճառքներու ձեւով, բազմաթիւ ձեռքերէ անցնելով մինչեւ անոնց ծագումը ջնջուի․․․

Այս ձեւով արուեստի շուկան կը դառնայ ամբողջ աշխարհ մը, ուր օրինականութիւնն ու անօրինականութիւնը իրարու կը խառնուին, ուր կեղծ ձեռքբերումներ կը ներկայացուին իբր հին արժէքներ, եւ ուր գեղարուեստական արժէքը այլեւս չի չափուիր ոգիով, այլ՝ գաղտնիութեան աստիճանով։ 

Այս իրականութեան մէջ արուեստը կը վերածուի ապրանքի՝ իր փիլիսոփայական բովանդակութենէն զուրկ եւ ամէն գողցուած կտաւ, քանդակ կամ զարդ կը դառնայ մշակոյթի մարմնին վրայ բաց վէրք մը։

Բայց ի՞նչ է արուեստի գողութեան իրական գինը։ Իւրաքանչիւր նման դէպք մշակութային աւեր է։ Գողցուած կտաւը կամ արձանը միայն նիւթական կորուստ չէ, այլ՝ ջախջախուած յիշողութիւն։ Փիքասոյի խելայեղ վրձիններու անկանոն գիծերը, Վան Կոկի խենթացնող կապոյտը, Էտուարտ Մանէի տպաւորապաշտ գծագրութիւնը կը դառնան անտեսանելի, երբ կտաւը կորսուի։ Արուեստի գործի մը գողութիւնը ժողովուրդի մը անցեալէն մաս մըն է, որ կը պոկուի պատմութեան էջերէն։ Նոյն ատեն, ան կը ջնջէ մարդոց այն վայրկեանը, երբ անոնք նայած էին այդ գործին ու ապրած ներքին շարժում մը, անբացատրելի յուզում մը։ 

Եւ երբ նոյնիսկ գտնուի այդ գործը, անիկա այլեւս նոյնը չէ․ զայն անցած է ստուերային միջանցքներով, տրուած է տոլարներու եւ ոսկիներու գայթակղութեան, դուրս եկած է իր բնական կեանքէն, կարծես գազանի երախ ինկած եւ վախով ու սարսափով փրկուած է․․․ Անարժան այս տեղաշարժը արուեստի դէմ պատերազմ մըն է։ Պատերազմ մը, որ կը մղուի ո՛չ թէ զէնքով, այլ լպիրշ գործարքներով, թղթածրարներով եւ լուռ փոխանակութիւններով։

Այսօր արուեստի գողերուն գործելակերպը գիտական ճշգրտութիւն ունի։ Թանգարանային գողութիւններ կը կազմակերպուին վայրկենական հաշուարկներով՝ նորագոյն գործիքներով եւ լուսային համակարգեր գործի դնելով, տեսախցիկներ խափանելով․․․ Գողերուն երբեմն ներսէն օգնութիւն կու տան, թանգարանի անձնակազմը միշտ չէ, որ անմեղ է․․․ Գողերը յաճախ ալ կը տիրապետեն թանգարանին կամ պահեստին քարտէսներուն եւ ներքին շատ տեղեկութիւններու։ Գողցուած գործերը կը տեղափոխուին գաղտնի վայրեր, կը պահուին հսկողութենէ դուրս կղզիներու մէջ կամ կը վաճառուին միջնորդական շուկաներու միջոցով։ Անոնք նաեւ կը ծախուին ընդյատակեայ հաւաքորդներու, որոնք գիտեն անոնց ծագումը։

Այս ամբողջ ցանցը կը կազմէ միջազգային ենթաշխարհ մը՝ տնտեսական ու քաղաքական կապերով լեցուն։ 

Արուեստի գործերու գողութիւնը վաղուց աշխարհի մէջ ձեւակերպուած է որպէս գողութեան տեսակ՝ art theft։ Կը նկատուի մշակութային ժառանգութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւն, կը դասուի միջազգային յանցագործութիւններու շարքին եւ ունի տնտեսական, մշակութային ու պատմական հետեւանքներ։ Յանցագործութեան այս տեսակը կը ներառէ գողութիւն, ապօրինի առեւտուր, կեղծումներ եւ դրամական լուացումներ։

Միջազգային հաստատութիւնները՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն, Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը՝ Ինթերփոլը, Եւրոպական թանգարանային միութիւնները եւ բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններ բազմիցս ջանք գործադրած են՝ դադարեցնելու այս ընթացքը։ Անոնք ստեղծած են համատեղ տեղեկատուական շտեմարաններ, վերականգնման համակարգեր եւ գողցուած գործերու ցուցակներ։ Սակայն մթին շահախնդրութիւնը միշտ ալ կը գտնէ ճեղք մը։ Նոր միջոցները՝ արհեստական բանականութեան համակարգերը, համացանցային հետախուզական ծրագիրները կ՚օգնեն ձեւով մը, բայց երբեք չեն կասեցներ արուեստի որսը, քանի դեռ մարդկային ագահութիւնն ու խարդախութիւնը կը մնան անյագ։

Բազմաթիւ թանգարաններ այսօր փորձած են պաշտպանութեան նոր միջոցներ գտնել․ գործերու բարձրորակ լուսանկարներ պատրաստած են, թուայնացուցած են գանձերը, համացանցին մէջ շտեմարանային պահեստներ ստեղծած են։ Բայց արուեստը իր բնոյթով նուրբ է․ ան չի կրնար ապրիլ ապակեայ պատերու ետին կամ համացանցային բջիջներու մէջ։ Արուեստը կ՚ապրի շփման, նայուածքի, յուզումի, ցուցահանդէսներու եւ մասնագիտական բախման միջավայրին մէջ։ 

Այդ իսկ պատճառով, գողութիւնը միշտ ալ աւելի քան նիւթական վնաս է. զայն հոգեւոր խզում մըն է արուեստի ու հանրութեան միջեւ, ինչ որ կը բերէ հոգեւոր սնանկութեան՝ իր բոլոր հետեւանքներով։

ՀԻՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ԿՈՂՈՊՈՒՏԸ

Արուեստի թալանի հետեւանքները յատկապէս աղէտալի եղան Միջին Արեւելքի մէջ՝ վերջին պատերազմներու ընթացքին։ Հին, դարաւոր քաղաքներու մէջ կողոպտուեցան տաճարներու արձաններ, սրբապատկերներ, նկարներ, հազարաւոր հնագիտական նմոյշներ, կրօնական առարկաներ, հարստութիւններ, որոնք դարերէն հասած էին մեր օրեր։ Այս գողութիւնները կատարուեցան ո՛չ միայն տեղական խումբերու, այլեւ՝ միջազգային առեւտրական ցանցերու միջոցով։

Այդ արժէքները, որոնք հազարամեակներու շունչն էին, այսօր անէացած են՝ վերածուած գողօններու, մասնատուած, պահուած, մութ գործարքներու ենթարկուած կամ պարզապէս ջարդուած, փոշիացուած, մոռցուած․․․

Աշխարհը կորսնցուցած է նախ հին արուեստի գանձերը, ապա՝ այն կապը, որ մարդուն եւ ժամանակին միջեւ կը ստեղծէ պատմութիւնը։ Ամէն մէկ նկար կամ քանդակ երբ կը կորսուի, կը կտրուի նաեւ ժողովուրդի մը յիշողութեան թելը։

Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր արուեստի պաշտպանութիւնը այլեւս միայն թանգարաններու պարտականութիւնը չէ։ Անիկա մարդկութեան ամբողջական պարտականութիւնն է։ Գողը երբ կը յաջողի դուրս բերել կտաւ մը կամ արձան մը իր օրինական վայրէն, կը յաղթէ ո՛չ թէ հսկողութեան համակարգին, այլ՝ մեր այն հաւատքին, թէ գեղեցկութիւնն ու արուեստը անմատչելի են եւ պաշտպանուած։ Գեղեցկութիւնը առանց խնամքի, առանց օրինական պաշտպանութեան՝ կը դառնայ խոցելի։ 

Թանգարանները կրնան վերածուիլ ամրոցներու, բայց ամրոցներուն մէջ գեղեցկութիւնը կը մեռնի։ Մարդկութիւնը պէտք է սորվի հսկել ո՛չ թէ միայն գործը, այլ նեւ իր գիտակցութիւնը։ Պէտք է կրթել հանրութիւնը՝ հասկցնելով, թէ արուեստը ապրանք չէ, այլ՝ կեանքի արժէք։ Քանի դեռ այս գիտակցութիւնը տարածուած չէ, գողերը պիտի շարունակեն, իսկ մենք պիտի շարունակենք ապշիլ, երբ կորսնցնենք մեր պատմութենէն կտոր մը։ 

Կայ մխիթարիչ կէտ մը․ որքան ալ շատնան թալանները, արուեստը ունի հսկայական վերապրումի ուժ։ Գողը կրնայ խլել կտաւը, բայց ոչ այն լոյսը, որ ծնած է անկէ եւ ապրեցուցած է սերունդներ։ Գեղեցկութիւնը կրնայ պահուիլ ստուերին մէջ, բայց միշտ կը գտնէ ճամբայ մը վերադառնալու։ 

Արուեստը միշտ ալ ծնած է լոյսի եւ ստուերներու միջեւ։ Այդ հակադրութիւնն է, որ անոր կեանք կու տայ, ինչպէս մարդը կ՚ապրեցնէ իր հոգին։ Տարիներու ընթացքին արուեստի գործեր գողցուած են, բայց վերածնուած ալ են՝ նոյնիսկ երբ կտաւները մոխիր դարձած են։ Որովհետեւ արուեստը ունի յիշողութիւն, որ երբեք չի մեռներ։

Արուեստը կը պահէ մարդուն յիշողութիւնը. այդ յիշողութիւնն է, որ ի վերջոյ կը յաղթէ։

ԴԱՐԵՐԷ ԵԿԱԾ ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ

Արուեստի գողութիւնները գոյութիւն ունեցած են տակաւին հին ժամանակներուն։ Պատերազմներու ընթացքին թալանուած մշակութային գանձերը կը նկատուին այս երեւոյթի ամենահին օրինակները։ Հռոմէացիները, Հելլէն թագաւորութիւնները եւ յետագային՝ Նափոլէոնի բանակներն ու շատ այլ զօրքեր, լայնածաւալ կերպով կը վերցնէին նուաճուած ժողովուրդներու արուեստի գործերը եւ կը փոխադրէին իրենց մայրաքաղաքները։ Նմանօրինակ թալաններ արձանագրուած են նաեւ Երկրորդ աշխարհամարտին՝ յատկապէս ֆաշական Գերմանիոյ կողմէ, որ համակարգուած ձեւով հաւաքեց եւ տեղափոխեց հազարաւոր գործեր՝ հիմնականին մէջ հրեաներու հաւաքածոներէ։

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄ

Վերջին շրջանին աշխարհը վերջապէս սկսած է անդրադառնալ հինէն եկած այս անարդութեան։ «Restitution Movement» անունով ծաւալած համաշխարհային շարժումը նպատակ ունի վերադարձնել այն մշակութային գանձերը, որոնք գաղութատիրական կամ պատերազմական շրջանին բռնագրաւուած էին եւ տարուած՝ իրենց ծննդավայրերէն հազարաւոր մղոններ հեռու։

Այս շարժումը նախ քաղաքական, ապա բարոյական դիմադրութիւն մըն է՝ դէմ այն գաղափարին, թէ մշակոյթը կրնայ ըլլալ գերիշխանութեան աւար։ Ափրիկէի, Ասիոյ, Լատինական Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներ այս շարժումին միանալով իրենց ձայնը բարձրացուցած են՝ պահանջելով իրենց անցեալը, իրենց պատմութեան նմոյշները, որոնք տարիներ շարունակ ցուցադրուած են Լոնտոնի, Փարիզի, Պերլինի, Նիւ Եորքի եւ այլ խոշոր թանգարաններու պատերուն վրայ՝ որպէս «համաշխարհային ժառանգութիւն»։

Բայց ինչպէ՛ս կրնայ համաշխարհային ըլլալ ժառանգութիւն մը, որ խլուած է իբրեւ պատերազմական աւար։ Այդ հարցումն իսկ այս նոր շարժման խիղճն է։

Վերջին տարիներուն տեղի ունեցած են նշանակալի վերադարձներ։ Որոշ երկիրներ Նիկերիոյ յանձնած են Պենինի պրոնզները՝ արքունական պալատէն 1897 թուականին թալանուած արուեստի գանձեր, որոնք աւելի քան մէկ դար պահուած էին Եւրոպայի թանգարաններուն մէջ։ Նոյնպէս՝ Բրիտանիան վերադարձուցած է Եթովպիայի սրբապատկերներու եւ թագաւորական խաչերու շարք մը, որոնք բռնագրաւուած էին 19-րդ դարուն։ Գերմանիան իր կարգին սկսած է Ափրիկէի հնութիւններու համակարգուած վերադարձի ծրագիրներ։

Այս շարժման ուժը միայն անցեալի փոխհատուցումը չէ, այլ՝ արդարութեան նոր ըմբռնում մը։ Արուեստը կը դադրի ըլլալու «պատմութեան զոհ», կը դառնայ կենդանի կապ մը ժողովուրդներու միջեւ։ Երբ աւարը կը վերադառնայ հայրենիք, անիկա նաեւ ժողովուրդի մը արժանապատուութեան վերականգնումն է։

Ի տարբերութիւն նախորդ դարերուն, երբ թանգարանները կը դիտուէին իբրեւ համաշխարհային հաւաքոյթներու վայրեր, այսօր կը տարածուի համոզումը, որ իսկական համամարդկային ժառանգութիւնը չի կրնար գոյանալ բռնագրաւումով։ Արդարութիւնը, ինչպէս արուեստը, չունի աշխարհագրական սահման։

Այս շարժումը, իր բոլոր բարդութիւններով հանդերձ, կը բանայ նոր էջ մը մշակութային գիտակցութեան պատմութեան մէջ։ Թանգարանները սկսած են վերանայիլ իրենց հաւաքածոներու ծագումը, հրապարակել փաստաթուղթերը, բանալ գաղտնի պահոցները։ Եւ եթէ դար մը առաջ արուեստը կը փոխադրուէր նուաճման ուժով, այսօր ան կը վերադառնայ բանաւոր համաձայնութեամբ, փոխադարձ յարգանքով ու պատմական յիշողութեան վերականգնումով։

ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՆՈՐ ԱՌՑԱՆՑ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Ինչ կը վերաբերի թանգարաններէն գողութեան, ապա 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ արուեստի գործերու գողութիւնը ստացած է աւելի կազմակերպուած բնոյթ։ Արուեստի միջազգային շուկան տարեկան միլիառաւոր տոլարներու շրջանառութիւն ունի, եւ որոշ գնահատականներով, գողցուած գործերու շրջանառութիւնը կը կազմէ տարեկան շուրջ 6-8 միլիառ ամերիկեան տոլար։

Ժամանակակից դէպքերու մեծ մասը կը կատարեն մասնագիտացած խումբեր, որոնք ունին միջազգային կապեր եւ կը գործեն գանձատրական շահով։ 

Գողութիւններուն դէմ պայքարելու նպատակով զանազան միջազգային կազմակերպութիւններ ստեղծած են համատեղ նախաձեռնութիւններ։

ԻՒՆԷՍՔՕ 1970 թուականին ընդունեց «Մշակութային առարկաներու ապօրինի ներմուծման, արտածման եւ սեփականութեան փոխանցման միջոցներու մասին» հռչակագիրը։

Ինթերփոլ կը պահէ գողցուած արուեստի գործերու միջազգային շտեմարան մը եւ կը կազմակերպէ հետեւողական հետաքննութիւններ։

Եւրոպական Միութիւն, ԱՄՆ եւ այլ երկիրներ ընդունած են ազգային օրէնքներ, որոնք կը պահանջեն ապացոյցներ՝ մշակութային առարկաներու օրինական ծագման մասին։

Այս քայլերու կողքին նաեւ թանգարանները եւ պատկերասրահները կը կիրառեն նորարարական միջոցներ՝ գործերու իսկութիւնը ստուգելու համար։

Վերականգնման գործընթացը յաճախ տեւական է եւ բարդ։ Գողցուած գործերուն մէկ մասը կը գտնուի տասնեակ տարիներ ետք՝ երբ անոնք կը յայտնուին մասնաւոր վաճառքներու կամ ժառանգական հաւաքածոներու մէջ։ Տեղեկատուական շտեմարաններուն համադրումը եւ միջազգային համագործակցութիւնը կը նպաստեն գտնելուն, սակայն ընդհանուր վերականգնման տոկոսը, դժբախտաբար, կը մնայ ցած (մօտաւորապէս 10-15 առ հարիւր)։

Վերջերս ԻՒՆԷՍՔՕ գործարկած է գողցուած մշակութային արժէքներուն նուիրուած առցանց թանգարան (Museum of Stolen Cultural Objects), որ նախատեսուած է միջազգային հանրութեան իրազեկման եւ կրթութեան համար։ Թանգարանի մշակումը սկսած է 2022 թուականին, օգտագործուած է եռաչափ գծագրում եւ լրացուած իրականութեան գործիքներու կիրառում՝ գողցուած կամ վնասուած առարկաները վերստեղծելու նպատակով։

Հարթակը կ՚առաջարկէ նաեւ կրթական նիւթեր, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է տուժած համայնքներու ներկայացուցիչներու վկայութիւններ՝ հին, պատմական նմոյշներու անօրինական շրջանառութեան, թալանի եւ մշակութային կորուստներու շուրջ իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով։

Թանգարանին մէջ առկայ է մասնագիտական սրահ, ուր կը ցուցադրուին յաջողուած փոխհատուցման օրինակներ, որոնց միջոցով կը տրուի ակնարկ միջազգային համագործակցութեան եւ դատավարական, դիւանագիտական միջոցառումներու արդիւնաւորման մասին, որոնք նպաստած են գողցուած մշակութային ժառանգութիւնը վերադարձնելուն։

Այս ծրագիրը նախագծուած է Փրիցքէրի ճարտարապետական մրցանակի դափնեկիր ճարտարապետ Ֆրենսիս Քերէի կողմէ եւ իրականացուած՝

Ինթերփոլի համագործակցութեամբ, ընդգծելով միջազգային մակարդակով մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։

ԵՐԿՈՒ ԱՆՁԵՐ՝ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ

Արդէն նախընթաց օր յայտնի դարձաւ, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները ձերբակալած են երկու անձեր, որոնք, ըստ նախնական տեղեկութիւններու, առընչութիւն ունին Լուվրէն կատարուած թագաւորական զարդերու գողութեան հետ։ Ենթադրեալ յանցագործներէն մէկը բռնուած է Փարիզի Շարլ տը Կոլ օդակայանին մէջ՝ փորձելով երկիրը լքել։ Հետաքննութեան մօտ կանգնած աղբիւրներու համաձայն՝ տղամարդոցմէ մէկը պատրաստուած էր մեկնիլ Ալճերիա, իսկ երկրորդը ձերբակալուած է քիչ մը վերջ՝ Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ։ Երկու կասկածեալներն ալ ներկայիս կը գտնուին կալանքի տակ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025