ՀԱՅ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՄՈՌՑՈՒՈՂ ԱՆՈՒՆՆԵՐ՝ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵՆԷՆ

Օսմանեան կայսրութեան մէջ եղած են հայ եւ ծագումով հայ գեղանկարիչներու բազում անուններ, որոնք իրենց մշակութային ժառանգութիւնը ձգած են համայնքի, կայսրութեան եւ նաեւ՝ համաշխարհային արուեստի պատմութեան մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին անոնց շատերուն անունները աստիճանաբար մոռացութեան ուղին բռնած են։ Հակառակ այն բանին, որ այդ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները հիմնականը պահպանուած եւ ցուցադրուած են աշխարհի զանազան թանգարաններու մէջ, հայ մշակութային հանրութեան եւ աշխարհասփիւռ հայերու աչքերէն շատերը կարծես անհետացած են։ 

Օսմանեան կայսրութեան հայ գեղանկարիչները միայն զբաղած չէին գեղեցիկ պատկերներ գծելով, անոնց մէկ մասը նաեւ իրենց դարաշրջանի մշակութային շարժումներու մաս կազմած է եւ մեծ ազդեցութիւն ձգած՝ նոր գաղափարներ եւ տեսլականներ բերելով աւանդական միջավայրերու եւ արքունիքին մէջ։

ՀՐԱՆԴ ԱԼԵԱՆԱՔ

Հրանդ Ալեանաքը (Ալեանաքեան) Պոլսէն գաղթած եւ Փարիզ հանգրուանած 19-րդ դարու հայ նկարիչ մըն է։ 

Ծնած է 1880 թուականին, Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է հայկական դպրոցէ ներս, ուր սկսած է նուիրուիլ նկարչութեան։ Նախակրթական ուսումը աւարտելէ ետք կ՚ընդունուի Պոլսոյ նկարչական վարժարան։ Կ՚ենթադրուի, որ ան այդ վարժարանին մէջ ուսանած է 1893-1895 թուականներուն, այնուհետեւ հեռացած է Պոլիսէն։ Քանի մը տարի Հրանդ Ալեանաք ապրած է Կովկաս, ապա՝ Պուլկարիա։ 1896 թուականին կը հեռանայ կայսրութենէն, կ՚անցնի Պուլկարիա, ապա՝ Անդրկովկաս։ Ստեղծագործական առաջին քայլերը կ՚առնէ Թիֆլիզի եւ Պաքուի մէջ։

1905 թուականին կը մեկնի Փարիզ՝ ուսումը շարունակելու։ Սակայն իր բարձրագոյն կրթութեան մասին որեւէ տեղեկութիւն յայտնի չէ։ Ալեանաք աւելի շատ զբաղած է ինքնակրթութեամբ։ 

Քսանհինգ տարի ապրած է Փարիզ։ Այդ ժամանակ եղած է Անկախ նկարիչներու ընկերութեան անդամ եւ մասնակցած է ցուցահանդէսներու։ Մահացած է 1938 թուականին, Փարիզ։

Ալեանաքի ստեղծագործութիւնները բազմաժանր են՝ բնանկար, դիմանկար, կենցաղային նիւթեր։ Ան իրապաշտական դպրոցի հետեւորդ է եւ կապուած էր 19-րդ դարու եւրոպական, ռուսական ու հայկական ընդհանուր հոսանքին։

Անոր բնանկարները կը ներկայացնեն Պոլսոյ եւ Փարիզի շրջակայքի բնութեան տեսարանները։ Յայտնի կտաւներէն են՝ «Կէսգիշեր», «Լճակի վրայ», «Ցոլքեր», «Գարնանային ժպիտ»։ Գաղթականներուն նուիրուած ամբողջ շարք մը ունի՝ «Գաղթականներ» խորագրով, ինչպէս նաեւ ստեղծած է «Փախստականները Հայաստանէն» կտաւը։

Հրանդ Ալեանաք նաեւ գրող եղած է եւ արուեստի քննադատ: Իր այս ձիրքերը դրսեւորած է օտար լրագիրներու մէջ՝ ծառայելով հիմնականը ֆրանսական արուեստին, գրական-գեղարուեստական յօդուածներով աշխատակցած է հանդէսներու եւ օրաթերթերու:

Մամուլի իր հրապարակումներուն համար որդեգրած է Հրանդ, Հրանդ-Վահէ, Հրասպետ եւ այլ գրչանուններ։ 

1925 թուականին ֆրանսական կառավարութիւնը Հրանդ Ալեանաքը պարգեւատրած է «Ordre des Palmes académiques» արծաթեայ շքանշանով, 1927 թուականին՝ «Ordre des Palmes académiques» ոսկեայ շքանշանով, «Հանրային կրթութեան սպայ» տիտղոսով։

ՇԱՐԼ ԱԴԱՄԵԱՆ

Շարլ (Կարապետ) Ադամեան նոյնպէս Պոլիս ծնած եւ Ֆրանսա հաստատուած նկարիչ մըն է։ Ան 1872 թուականին ծնած է Պոլիս։ Իր կրթութիւնը ստացած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, հետեւած է նկարչութեան։

Յաճախած է Վենետիկի Գեղարուեստական ակադեմիան, սակայն, առանց աւարտելու վերադարձած է Պոլիս։ 1895 թուականի դէպքերու նախօրեակին կազմակերպած է իր նկարներու առաջին ցուցահանդէսը, որ անցած է աննկատ, քաղաքական ծանր մթնոլորտի պատճառով։

1897 թուականին մեկնած է Փարիզ, զբաղած է գիրքերու նկարազարդումով՝ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիները։

Նկարազարդած է աւելի քան հարիւր յիսուն ֆրանսերէն գիրքեր, այդ կարգին՝ Անաթոլ Ֆրանսի, Կի տը Մոփասանի վէպերը։ Հրապարակած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին նուիրուած գծանկարչական գործեր։ Նոյնպէս նկարազարդած է «Պոմպէի վերջին օրերը» գիրքի ֆրանսերէն մէկ թարգմանութիւնը։ Աշխատակցած է ֆրանսական «Իլիւստրասիոն», «Լը մոնտ իլիւստրէ» եւ այլ պարբերականներու։ 1903 թուականէն սկսեալ, պարբերաբար մասնակցած է Փարիզի «Նասիոնալ» գեղարուեստական ընկերութեան տարեկան ցուցահանդէսներուն՝ բնանկարներով, դիմանկարներով եւ այլն։

1927 թուականին եղած է այդ ընկերութեան անդամ։ Անոր նկարները ցուցադրուած են Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա, Ճաբոն եւ այլուր։ Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Պոլիս, Փարիզ, Պրիւքսէլ, Սթրազպուրկ։

Գործերէն մաս մը կը պահուին Փարիզի Լիւքսեմպուրկի եւ այլ թանգարաններու, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ։

Ստեղծած է ծովային տեսարաններ («Ծովափին» (1910), «Ալիքներ», «Աղջնակը ծովափին», «Կինը ծովափին», «Ծովափնեայ տեսարան», «Լողափին (հեղինակին թոռնիկը)» բոլորը՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ են), ազդագրեր ալ նկարած է։ Շարլ Ադամեան կը դասուի բնանկարի հայ վարպետներու շարքին։ Ան 1947 թուականին մահացած է Փարիզ մէջ։ 

ՊԵՏՐՈՍ ՍՐԱՊԵԱՆ

Պետրոս Սրապեան հայ նկարիչ, մանկավարժ է. 1833 թուականին ծնած է Պոլիս։ Ան ծանօթ էր նաեւ «Պարոն Փիէռ» (Monsieur Pierre) անունով։ 

Իր նախնական գեղարուեստական կրթութիւնը ստացած է Սկիւտար, ուր դպրոցին մէջ արդէն նկարազարդած է դպրոցական երկամսեայ ամսագիրը։

Յետագայ ուսումը կատարելագործած է Հռոմ։ Վերադառնալէ ետք աշխատած է Պալեաններուն քով, նկարազարդումներ կատարած է Պէյօղլուի «Ենի» թատրոնի, Ներսէսեան առանձնատան (որ յետոյ Յունաստանի հիւպատոսութիւնն էր), Գնալըի Թաշճեան տան համար, Տոլմապահչէ պալատի ոսկեզօծ ներքին հատուածի եւ Եըլտըզի այն հատուածի համար, որ յատկացուած էր Վիլհելմ կայսրին՝ Իսթանպուլ կատարած պետական ​​այցելութեան ժամանակ։ Սրապեան արուեստ դասաւանդած է Ռոպերթ քոլէճի, Պէրպէրեան վարժարանի եւ այլ հայկական դպրոցներու մէջ, իր կենսագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ արուեստի դասեր տուած է ճարտարապետ Ներսէս պէյին։ Ստեղծելով սուլթան Ապտիւլազիզի մեծ դիմանկարը, սուլթանը զայն կոչած է «Փոքրիկ Յովհաննէս Այվազովսքի»։ Սրապեանի նշանակալի աշխատանքներէն են «Գերեզմանոցը», «Թրքական սրճարանը», «Երիտասարդ քոյր-եղբայրները», «Բնանկար․ Պտուղներ», «Որսորդական բնանկար» (1894), 1889 թուականի անյայտ անձի դիմանկար, խոր հոգեբանական ու ազգային կնիք ունեցող «Հայուհի» (նկարիչի դուստրը՝ տիկին Ա. Ֆնտըգլեան), «Ղարիբ մշեցի» (1882) եւ այլ նկարներ, որոնց մեծ մասը պահուած է Հայաստանի Պետական պատկերասրահին մէջ։

1893 թուականի վերջին Խրիմեան Հայրիկը զինք հրաւիրած է Էջմիածին՝ եկեղեցիի որոշակի հատուածներ զարդարելու համար եւ մինչեւ 1896 թուականը կատարած է այդ աշխատանքները, ապա իր ստեղծագործական ու ուսուցողական գործունէութիւնը շարունակած է Սոֆիա, ուր ալ մահացած է 1898 թուականին։

ՍԻՄՈՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Այս նկարիչը 1857 թուականին Պոլիս ծնած է։ Ուսանած է Խորէնեան դպրոցը, ապա՝ Սամաթիայի Սահակեան դպրոցը։ Նկարչութեան անհատական դասեր առած է Թելեմակ Էքսերճեանէն, աւարտած է Պոլսոյ գեղարուեստի վարժարանը։ Իր կենսագրութեան մէջ նշում մը կայ այն մասին, որ վարժարանին մէջ իր դասընկերը եղած է յետոյ յայտնի նկարիչ դարձած Արշակ Ֆեթվաճեան։ Աւարտելէ ետք Յակոբեան արժանացած է առաջին մրցանակի՝ «Էմինէօնիւի կայսերական պատկերասրահը» խորագրով մեծ նկարի համար, զոր ան ստեղծած է իր աւարտական ​​քննութիւններու համար։ Այս նկարը յետոյ գնած է օսմանեան ուշ շրջանի ճարտարապետ Ալեքսանտր Վալորի։ Սիմոն Յակոբեան շարունակած է իր աշխատանքը Սամաթիայի իր արուեստանոցին մէջ մինչեւ 1895 թուականը, իսկ այդ թուականէն վերջ աշխատած է Պէյօղլու։ 1895 թուականին դասաւանդած է Պէրպէրեան եւ Մեզպուրեան վարժարաններու մէջ, միաժամանակ մասնաւոր դասեր տուած է։ 

Նկարիչ Սիմոն Յակոբեանի աշխատանքներէն են «Թուրք բեռնակիրները Քարաքէօյի կամուրջին վրայ», «Վանեցի մուրացիկը», «Թուրք աղքատը», «Ռ. Յ․ Պէրպէրեանի դիմանկարը» եւ այլն։ Յակոբեան նաեւ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու պատուէրներով ստեղծած է կրօնական նիւթերով պատկերներ։ Պարբերաբար մասնակցած է Պոլսոյ եւ արտասահմանեան ցուցահանդէսներու։ 

Իր հեղինակած «Հօր դիմանկարը», «Սուլթանի դիմանկար», «Թրքական հին փողոցի տեսարան», «Պոլսոյ Սոֆու Սէյիտ Մեհմէտ փաշայի մզկիթի մետրեսէ»ն կտաւները արժանացած են Մարսէյլի ցուցահանդէսի մրցանակին։ Ան 1921 թուականին մահացած է Պոլիս։

ՄԿՐՏԻՉ ՃԻՎԱՆԵԱՆ

Ծովնանկարիչ Մկրտիչ Ճիվանեան ծնած է 1848 թուականին՝ Պոլսոյ շրջաններէն Պէշիկթաշի մէջ՝ արքունական երաժիշտի ընտանիքի երդիքին տակ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի դպրոցը, միաժամանակ ծնողքի ցանկութեամբ այցելած է զանազան արհեստաւորական եւ առեւտրական ընկերութիւններ։ Պզտիկ տարիքին ան հանդիպած է Յովհաննէս Այվազովսքիին, որմէ ներշնչուած է, ինչն ալ պատճառ եղած է, որ Ճիվանեան դառնայ ծովանկարիչ։ 

Մասնագիտացած է Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ ազգային վարժարանին մէջ, ապա՝ ֆրանսացի նկարիչ Մասոնին քով (1871-1873), կատարելագործուած է Իտալիա (1876-1879)։ 1894-1905 թուականներուն ապրած է Օտեսա, Սեն Փեթերսպուրկ։ 

Ստեղծած է Ոսկեղջիւրի եւ Վոսփորի ափերը պատկերող երազային նկարներ («Գարուն», «Ալեյոյզ ծովը փոթորիկէն առաջ» (1894), «Լորտ Պայրընի երազը», «Առաւօտը ծովուն վրայ»)։ Ճիվանեան 1860-ական թուականներուն Պոլսոյ մէջ ձեւաւորած է թատերական ներկայացումներ, ինք նոյնպէս, ուրիշ նկարիչներու նման մասնակցած է ճարտարապետներ Պալեաններու կառուցած շէնքերէն մէկ քանիին ներքին յարդարման։

ԴԱՒԻԹ ՉՐԱՃԵԱՆ

Դաւիթ Չրաճեան ծնած է 1839 թուականին, Պոլիս։ Ուսանած է տեղի հայկական կաթոլիկ դպրոցը։ Նկարել սորված է՝ այցելելով զանազան նկարչական արհեստանոցներ եւ նաեւ՝ Եգիպտոս եւ Եւրոպա կատարած այցելութիւններու ժամանակ, սակայն, արուեստի ակադեմական կրթութիւն չէ ստացած։ Անոր նկարչական գործունէութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Մկրտիչ Ճիվանեանը։ Չրաճեան դասաւանդած է Իսթանպուլի Գերագոյն քաղաքացիական ծառայութեան դպրոցին մէջ, պարգեւատրուած է շքանշանով։ 

Նկարիչի վերջին ստեղծագործութիւնները կը պատկանին 19-րդ դարու վերջաւորութեան։ 1890-ական թուականներու ստեղծագործութիւններուն մէջ պատկերուած են պոլսական տեսարաններ եւ օգտուած է նաեւ նկարիչներ Կարապետ Եազմաճեանի եւ Մկրտիչ Ճիվանեանի ստեղծագործութիւններու նիւթերէն։ 

Ի տարբերութիւն իր ժամանակակիցներուն, մասնագէտները Չրաճեանին կտաւները գնահատած են իբրեւ գունեղ եւ լուսաւոր՝ բաց կապոյտի գերիշխանութեամբ։ Որպէս ստեղծագործութիւններու հիմք՝ Չրաճեանը օգտուած է նաեւ լուսանկարներէ։

ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Օսմանեան կայսրութեան հայ գեղանկարիչներն ու գծագրիչները իրենց անուններով ու գործերով, կանգնած են այն կամուրջին վրայ, որ կը միացնէ արուեստի արեւելեան եւ արեւմտեան աշխարհները։ Անոնք գեղանկարչական լեզուին մէջ բերին նոր շունչ ու արտայայտչականութիւն, իրենց ապրած ժամանակաշրջանի բազմաշերտ կեանքը յաւերժացուցին կտաւներու վրայ։ Շատերու ճակատագիրը ծանր ու տխուր էր՝ հրդեհներ, գաղթ, կորուստներ ու մոռացութիւն, բայց, կը խօսի անոնց արուեստը՝ մերթ փոթորկուն ծովանկարներով, մերթ՝ հոգեբանական խոր դիմանկարներով կամ խորհրդանշական տեսարաններով։ 

Այդ նկարիչներու մասին անգամ մը եւս կարդալով՝ կը նշանակէ մոռցուած ճամբորդութիւն մը կատարել դէպի անցեալ, վերագտնել հայ մշակոյթի ընդհատուած շարունակականութիւնը։ Այս վարպետները իրենց գործերով կը վկայեն, թէ հայ նկարչական մտածողութիւնը երբեք չէ սահմանափակուած տեղական պատնէշներով։ Ան սփռուած է Պոլսոյ նեղլիկ փողոցներէն մինչեւ Փարիզի սրահները, Թիֆլիզի մշակութային հարթակներէն մինչեւ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի ցուցասրահներ։

Եւ ամէն անգամ, երբ նորովի կը փորձենք վերարժեւորել մեր մշակոյթը՝ մա՛նաւանդ նկարիչներուն անդրադառնալը կենդանի թրթիռ կը բերէ այդ արժեւորումին մէջ։ Անոնց գործերը մեզի կը յիշեցնեն, թէ արուեստը կեանքէ առնուած վկայութիւն մըն է, որ չի մաշիր եւ չի կորսուիր, եթէ մենք պատրաստ ենք զայն վերապրելու ու փոխանցելու։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025