ՎԱԽԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱԿԱՅԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Մարդկային կեանքին մէջ վախերը անբաժան մաս կը կազմեն։ Ամէն մարդ իր ներսիդին որոշ վախեր կը կրէ՝ երբեմն անգիտակցաբար, երբեմն ալ բացայայտ կերպով։ Այս վախերը կրնան ծագիլ մանուկ տարիքէն, անցեալ յիշողութիւններէն, անձնական վնասուածքներէն կամ անյայտ ապագայէն։ Բայց ճշմարտութիւնը այն է, որ վախերը մեզ չեն սահմաներ․ մենք ենք, որ պէտք է սորվինք զանոնք ճանչնալ եւ անոնց դիմանալ։
Վախին դիմակայելը թուլութեան նշան չէ, այլ՝ խիզախութեան նշան է։ Երբ մարդ կը դիմակայէ իր վախերուն, կը սկսի աւելի խոր հասկնալ իր ներաշխարհը։ Սա ինքնաճանաչման ճամբայ մըն է։ Վախերէն փախչիլը ժամանակաւոր հանգստութիւն կու տայ, բայց խորքին մէջ, անոնք կը մնան եւ կը խորանան։ Ահա թէ ինչո՛ւ դիմակայելը առաջին քայլն է՝ արեւին տակ կանգնելու եւ մթնոլորտի լոյսը ներս ընդունելու։
Կարեւոր է հասկնալ, որ վախերը միշտ լիովին չեն կրնար անհետանալ։ Բայց երբ մարդ մը գիտէ, թէ ինչո՛ւ կը վախնայ եւ ինչպէ՛ս կրնայ անոր դէմ յանդիման կանգնիլ, այդ վախը այլեւս իշխանութիւն չունի իր կեանքին վրայ։ Ան կը դադրի զինք գերի պահելէ։ Այսպիսի դէպքերէն ետք մարդ կը զգայ ազատութիւն, աւելի խոր ինքնավստահութիւն եւ ներքին զօրութիւն։
Աշխարհը այսօր լեցուն է անհանգստութեամբ եւ անորոշութեամբ։ Այսպիսի ժամանակներու մէջ, վախերը աւելի սուր կերպով կ՚երեւին։ Բայց ա՛յդ իսկ պահերն են, երբ կարիքն ունինք դիմանալ եւ յառաջ երթալ։ Վախերը կրնան մեզ սորվեցնել համբերութիւն, զգօնութիւն եւ ինքնապահպանման զգացում։ Սակայն այդ ուսումը կու գայ միայն այն ատեն, երբ մենք պատրաստ ենք տեսնելու ու ընդունելու վախը, ոչ թէ վանելու զայն։
Վախ մը դիմակայելէ ետք, երկրորդը արդէն աւելի դիւրին կ՚երեւի։ Ու այսպէս, մենք կ՚ըլլանք իսկապէս ազատ։ Ազատութիւն՝ զգալու, ապրելու եւ որոշումներ առնելու՝ առանց մեր ենթագիտակցական վախերու շղթաներուն տակ ըլլալու։
Մարդ արարածը, իր ողջ գոյութեամբ, միշտ զգացումներով կապուած է աշխարհի հետ։ Անոր սիրտը եւ միտքը կը պայքարին, կը վերանորոգուին եւ կը զարգանան անընդհատ՝ փորձելով տեղաւորուիլ հաւասարակշռութեան մէջ։ Այս հոգեբանական ճամբորդութեան ամենազգալի հանգրուաններներէն մէկը վախին հետ առերեսումն է։ Վախը միայն զգացում մը չէ՝ ան փորձառութիւն մըն է, կենսափիլիսոփայութիւն մը, որ կ՚արտացոլէ մեր աշխարհընկալումը եւ ինքնաճանաչման խորքը։
Վախը կրնայ փճացնել կեանք մը, եթէ թողունք, որ ան տիրէ մեր վրայ։ Բայց նոյն վախը կրնայ նաեւ ըլլալ մեր վերելքին աղբիւրը, եթէ ըլլանք բաց անոր հետ խօսելու եւ զինք հասկնալու։ Վախը միշտ կը թակէ մեր ներքին դռները՝ երբեմն շշուկով, երբեմն աղաղակով։ Ան կը ներկայանայ զանազան կերպարանքներով՝ մերժման, ձախողումի, սիրուած չըլլալու, մահուան, անյայտի, առանձնութեան, հասարակական դատապարտումի… Ան կը խեղդէ, կը ճնշէ, կը խանգարէ, բայց նաեւ՝ կը սորվեցնէ, եթէ զայն վերածենք հայելիի մը։
Մենք կ՚ապրինք մշակոյթի մը մէջ, ուր քաջութիւնը կը գնահատուի, բայց, շատ յաճախ սխալ կը հասկցուի։ Քաջ ըլլալը չի նշանակեր վախ չունենալ։ Ընդհակառակը՝ քաջութիւն է վախ ունենալ, բայց նաեւ՝ զայն ընդունիլ եւ անոր դէմ կանգնիլ։ Սա ներքին աշխատանք մըն է, որ կը պահանջէ լռութիւն, ուշադրութիւն, անկեղծութիւն եւ համբերութիւն։
Արդեօք երբեք փորձա՞ծ էք նստիլ եւ սրտանց հարցնել՝ «ի՞նչ է այն բանը, որ կը վախցնէ զիս։ Ուրկէ՞ եկած է այս զգացումը։ Ի՞նչ կը փորձէ ինծի սորվեցնել»։ Երբ այս բոլորը կը հարցնենք, վախը կը սկսի կորսնցնել իր մշուշոտ ու անյայտ դիմագիծը։
Անշուշտ, երբեմն վախը մեզ կը գրաւէ, որովհետեւ սովոր ենք անոր գոյութեան։ Ան կը դառնայ հին ծանօթ մը, որուն ներկայութիւնը խաղաղութիւն չի բերեր, բայց կը ծառայէ իբր պատրուակ՝ չանցնիլ որոշ սահմաններէ։ Մարդկային ուղեղը կը նախընտրէ ծանօթ ցաւը, քան անծանօթ անհանգստութիւնը։ Այդ պատճառով ալ շատերս կ՚ապրինք վախի կողքին, բայց, երբեք չենք փորձեր ընդլայնել մեր ներքին հորիզոնները։
Վախին դիմակայման ընթացքը ուղիղ ճամբայ մը չէ։ Սա խորտակումի, արցունքի եւ լռութեան ճամբայ մըն է։ Բայց միեւնոյն ժամանակ՝ այդ ճամբով անցնող մարդը դուրս կու գայ աւելի խորացած ինքն իր մէջ, աւելի գիտակից, զօրաւոր եւ ազատ։ Ազատ՝ որովհետեւ այլեւս վախը չէ իր ուղեցոյցը։ Զօրաւոր՝ որովհետեւ սորված է ապրիլ ներսիդիի իրերահակ ուժերուն մէջ։
Վախը պիտի գայ դարձեալ։ Կեանքը լի է անակնկալներով։ Բայց երբ գիտես, որ կրնաս դիմակայել, մութը այլեւս քեզ չի սարսափեցներ, կեանքդ կը փոխուի։ Սա հոգեւոր հասունութեան նշան մըն է։ Երբ կը դիմանաս վախերուդ, կը կանգնիս քու ամբողջ հոգիիդ կողքին։ Էապէս այստեղ է իսկական ուժը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ