ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱ (1903 - 1973)
Սիրան Սեզայի մասին մեր նախորդող երեք շաբաթներու վրայ տարածուած սիւնակները այսօր իր աւարտին կը հասցնենք, այս անգամ մեր ընթերցողներուն ներկայացնելով Սեզայի նամակներէն նմոյշներ:
Նամակները՝ զոր պիտի ներկայացնենք, վերցուցած ենք 2023-ին Երեւանի մէջ Գէորգ Եազըճեանի կազմած, ծանօթագրած ու հրատարակութեան պատրաստած «Նամականի Ա» հատորէն:
Գիրքը կազմողը այսպէս կը գրէ Սեզայի մասին, ինչպէս նաեւ կը թուարկէ անոր նամակներուն առանձնայատկութիւնները: Կարդա՛նք. «Սիրան Զարիֆեանը կամ պարզապէս Սեզան 20-րդ դարու հայ կեանքին մէջ պատմական դեր խաղացած շատ քիչ հայուհիներէն է: Ան իր յախուռն, երբեմն՝ նոյնիսկ պոռթկուն բնաւորութեամբ գտնուած է շատ եւ շատ իրադարձութեանց կիզակէտին մէջ՝ միշտ ունենալով իր ուրոյն տեսակէտը, զոր մինչեւ վերջ պաշտպանած է ծայրայեղ կրքոտութեամբ: Ան թռչուն մըն էր, որ ճախրելով հանդերձ երամին հետ, չէր միանար անոր, այլ կ՚ընթանար անոր զուգահեռ, մէկ-մէկ ալ խոտորելով ընդհանուր ուղղութենէն, սակայն միշտ յառաջ ընթանալով՝ բացառելով նահանջի գաղափարն իսկ:
Քանի մը խօսք Սեզայի նամակներու առանձնայատկութիւններուն մասին.
- Սեզա գրած է երեք լեզուներով՝ հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Հայերէններու պարագային, երբեմն գործածած է օտար բառեր եւ օտարաբանութիւններ, յատկապէս թրքաբանութիւններ. օրինակ՝ փոխանակ գրելու՝ խօսիլ ասոր մասին, կը գրէ՝ խօսիլ անոր վրայ, փոխան լուսանկարուելու կամ լուսանկար առնելու, կը գրէ՝ լուսանկար քաշուիլ:
- Սեզա գրեթէ միշտ օգտագործած է նամակներուն լուսանցքները՝ նամակները աւարտելու համար, կամ, զանոնք աւարտելէ ետք յիշած միտքերը կամ տեղեկութիւնները նամակն ստացողին հաղորդելու համար:
- Երբեմն նամակներու վերջին էջին մէջ, մանաւանդ երբ անոնք ամբողջութեամբ պարապ են, Սեզա կատարած է զանազան նշումներ՝ թուանշաններու գումարումներ, գրած է անգլերէն ասացուածքներ եւ այլ արտայայտութիւններ, թերթերու առնչուած մանր նշումներ. օրինակ՝ «5 զոյգ Ազդարար, 2 զոյգ Յառաջ, 1 Գարուն» (Շաւարշ Միսաքեանի՝ Սեզային ուղղած 17 յունուար 1935-ի նամակին դարձերեսը):
Սեզայի գրութեանց մէջ կը հանդիպին բայերու խնդիրներու հոլովներու սխալներ: Հոն ուր կարելի էր ուղղել՝ ուղղահայեաց փակագիծերով համապատասխան գիրը աւելցուցած ենք, իսկ երբ անհնար եղած է ուղղել՝ պահպանած ենք ինչպէս որ կայ:
Ասոր ընդհակառակը՝ Սեզա անջատած է այսօր, կէսօր բառերը՝ այս օր, կէս օր: Զանոնք միացուցած ենք՝ միշտ մեկնելով նամականիի բոլոր նիւթերուն միօրինականացման մտահոգութենէն:
- Նամակներու էջերուն մէջ կը հանդիպին սրճագոյն հետքեր՝ անոնց մէջ դրուած բոյսերու կամ ծաղիկներու վկայութիւնները: Սեզա սովորութիւն ունեցած է Վահէ-Վահեանին ուղղուած իր նամակներու էջերուն կամ նամակներու ծրարներուն մէջ դնելու յասմիկներու կամ ուրիշ ծաղիկներու թերթեր՝ յաճախ իրենց ցօղուններով հանդերձ» (Սիրան Սեզա, «Նամականի Ա», Երեւան 2023, էջ 4, 7-10):
Այժմ Սիրան Սեզայի՝ Վահէ-Վահեանին եւ Անդրանիկ Ծառուկեանին ղրկած նամակներէն օրինակներ կը ներկայացնենք մեր սիրելի ընթերցողներուն:
*
[Պէյրութ], 3 նոյեմբեր 1933
Սիրելի՛ Վահէ-Վահեան,
Գիտե՛մ, շա՛տ վշտացած ես, բայց ոչ մէկ չքմեղանք կ՚ուզեմ ընել, ամէն բան պիտի ըսեմ երբ քեզ տեսնեմ: Այս նամակն ալ աճապարանքով կը գրեմ, քանի որ միշտ մտքիս մէջ է թէ «վշտացած է»:
Սոսկալի շաբաթ մը: Թերթս պիտի ուշանայ, անջիղ մարդոց ձեռքն եմ: Տունէն ելլելու հարցը միշտ կայ: Եւ այդպէս… ամբողջ տափակութիւն: Երբ պատահմամբ բլուրդ տեսնեմ՝ երանի՜ կու տամ քեզի քու խաղաղութեանդ համար:
Ըսեմ իսկոյն որ Մուշեղը [Մուշեղ Իշխան] հաւանաբար operation ըլլայ. kidney-ի [երիկամ] մէջ քար ունի եղեր: Կ՚ուզէր քեզ տեսնել, յոռետես է: Գուցէ ուզես գալ վաղը երեկոյ եւ մնալ: Այս անգամ գինարբուք չկայ: Սիկարէթս իսկ ձգած եմ: Բոլորս ալ քիչ մը հիւանդ ենք կարծեմ եւ այս զինադադարը լա՛ւ է: Կրնանք Մուշեղին երթալ եթէ հիւանդանոց մտնէ կամ նստիլ ո[ր]եւէ անկիւն եւ շա՜տ բարի խօսակցիլ: Այլապէս նո՜յն սրտաբեկումը: Յետոյ ալ պէտք չէ Պ…ն առնենք: Ան չկրնար հասկնալ մեզ. ան զուարճանա՜լ կ՚ուզէ, իսկ մենք մաղձոտ մարդիկ ենք:
Այսպէս, եթէ կարենաս, եկո՜ւր: Եթէ մէջտեղ չելլես, յառաջիկայ շաբթու մէջ կը գրեմ քեզի երկար եւ մտերիմ:
Լա՛ւ բաներ,
Սիրան
(էջ 48-49):
*
[Պէյրութ], 21 սեպտեմբեր 1934
Սիրելի՛ Վահէ-Վահեան
Պէտք է ընդունիս որ քաղաքաբնակներու եւ լեռնաբնակներու տրամադրութիւնները նոյնը չեն:
Արդէն սկսած եմ աշխատանքի հոս եւ հոգիս աւելի մո՛ւթ է քան երբեք: Շատ ջանացի մեկնի՛լ եւ 50 կտոր աղտոտ թուղթերու [նկատի ունի լիբանանեան թղթոսկին] համար մնացի: Հիմա գրած եմ որ այն ծայրէն կարգադրեն. եթէ յաջողին, պիտի մեկնիմ: Որոշումս աւելի մե՛ծ է քան տիեզերքը: Կրնայ ըլլալ նաեւ որ մէկ ամիսէն Պաղտատ մեկնիմ. հոնկէ ալ լաւ առաջարկ մը ստացած եմ:
Առ այժմ սակայն կը կատարեմ այս վարժարանի [Պէյրութի «ալ-Զահրա՚ա»] նախապատրաստական աշխատանքները: 600 աշակերտ եւ 16 վարժուհի պիտի յանձնուին ինծի, c՚est trop [այդ շատ է]: Ես որ մերժեցի մէկ հատիկ զաւկի մը խնամել եւ ամուսնական յարկը, ահա՛ այսպէս կը պատժուիմ:
Խոնարհաբար կ՚ընդունիմ այս բոլո՜ր պատիժները: Չէ՞ որ օր մը վանքի մը փակ դրան ետեւ, ծաղիկներու ածուի մը մօտ պառկած՝ ձանձրոյթով պիտի մտածեմ այն բոլոր բաներուն [մասին], որ աշխարհը տուաւ ինծի: Այդ ժամանակուայ խաղաղութեան համար այս բոլորը քի՛չ է դեռ:
Ոտանաւո՞րդ… Կը տեսնեմ, որ միջավայրդ ազդած է: Առ այժմ բան մի՛ գրեր, պաղտատցիներդ հիւրասիրէ [Վահէ-Վահեանի քոյրերէն Վերժինը ամուսինին եւ զաւակներուն հետ Պաղտատ հաստատուած էր եւ նամակի հեղինակման օրերուն Պէյրութ կ՚այցելէր ընտանեօք]: Երբ Անթիլիաս քաշուիս, խունկի քուլաներէն աւելի՛ պիտի ներշնչուիս:
Տողերս մե՛րկ են, տողերս բո՛ւռն են, տողերս հոսո՛ւն են: Կը յուսամ՝ անոնց սառոյցին տակէն արդէն իսկ ծլարձակող արհամարհանքը կ՚ընդնշմարեմ:
Չկրցա՜ր եւ երբե՛ք պիտի չկրնա՜ս հասկնալ, որ իմ հոգիս սովորական բաներու չի կարող հանդուրժել:
Սեզա
(էջ 78-79):
*
[Պէյրութ], 30 նոյեմբեր 1955
Սիրելի՛ Վահէ-Վահեան
Կ՚ուզեմ անձամբ շնորհակալ ըլլալ եղբայրական նամակիդ եւ Հայաստանէն բերած յիշատակիդ համար: Այս երկտողը՝ ըսելու համար միայն որ Լիւսիին եւ ձեր ներկայութեան գտած «կազդուրում»ս կարճ տեւեց: Ձեր մեկնելէն վերջ կրկին հիւանդ էի եւ այսօր:
Բայց վտանգը անցած կը թուի ըլլալ:
Կը խնդրեմ, որ Մատթէոսին նորավէպերու[ն] փորձերը սա ձեւով ընես: Տանիս կենսագրականին մէջ եւ ըսես, թէ քանի մը էջեր կան միայն, իր «Առաջին սէրս՝ Գոհար», «Մեղքը» եւ այլն, իսկ «Հոգիներ» անուն վէպը, որ կ՚ենթադրուի, թէ իր կեանքն է եւ ըստ ոմանց՝ բաւական յառաջացած վիճակի մէջ, հետքն իսկ չկա՛յ: Նկատելով որ թուղթերը յետմահու ձեռքէ ձեռք անցած են մինչեւ վերջնական քրոջը՝ տիկ. Սեզայի գալերնին, նաեւ, Սկիւտարի հրդեհը եւ Պէրպէրեան վրժ.ի կիսովին պարպումը կրնան կորուստին պատճառը ըլլալ թերեւս, քանի որ բանաստեղծը հոն պաշտօնավարելով, իր գրութիւններն ալ հոն կը գտնուէին…: Այս ձեւով զանց կ՚ընես դնել «Գոհար»ը, եւ այլն:
Տեղեկագին ալ իր բանալիով եւ չակերտուած կու տաս (բնագիրը ֆրանսերէն է ըսելով): Բժիշկը թուրք էր. յաջորդ օրը սաստիկ եւ վերջին արիւնահոսութիւն կ՚ունենայ առաւօտուն եւ մինչեւ տքթ. Խնդիրեանին հասնիլը (Բերայէն Մեծ կղզի - երկու ժամ) արդէն ինք մահացած կ՚ըլլայ:
Անշուշտ, արդի բժշկութեամբ, «շքեղ» Զարիֆեանը որ մահուանէն մէկ քանի օր առաջ կղզիին մինչեւ ծայրը (Lang) քալած էր եւ տան զառիվերը մագլցած, «հիւծուած» եւ «դալկահար» չէր, ինչպէս ոմանք կը սիրեն զայն ներկայացնել այդ ձեւով: Անոր աթլեթի մարմինը մինչեւ վերջն ալ պահեց իր արու գեղեցկութիւնը:
Բարեւներով՝
Սիրան
(էջ 146):
*
[Պիթիաս], 15 սեպտեմբեր 1933
Անդրանի՛կ,
Հիւա՛նդ եմ, բայց կ՚ուզեմ խոստումս պահել եւ երկտող մը ուղարկել քեզի: Պիտի գա՞ս:
Եկայ եւ տեսաւ Պիթիասը: Լա՛ւ է: Սիմոնեանը [Սիմոն Սիմոնեան], ես եւ Տարօնը [Եդուարդ Տարօնեան], նաեւ պր. Նշանը [հաւանաբար Նշան Սաաթճեան] նստած էինք քիչ առաջ անկիւնի սեղանը «Ահարոն» պանդոկին եւ կը դիտէինք միւսները:
Կը պարեն, կ՚երգեն: Խումբ մըն են… հաճելի եւ անհաճոյ:
Երեկոյեան գացինք աւազանի սրճարանը:
Դեռ տէրտէրին աղջիկները չեմ տեսած: Վաղը՝ հարկաւ:
Տիկ. Տասնապետեանը [Սաթենիկ Տասնապետեան], Սուրէնը [Սուրէն Բաբախեան] եւ այլն գացած են Սոյուքօլուք: Վաղը ձի պիտի նստիմ եւ գիշերն ալ պիտի երթանք լեռ:
Այո՛, իրաւունք ունիս, այդ ճամբաները, հովիտներու վրայ կախուած այս պանդոկը պէտք է գային այն խենթ աղջիկը եւ այն չարուբարի տղան:
Ճակատագիրը միշտ այս անհամ խնջոյքն է, բուն հրաւիրեալները կը պակսին, անոնց տեղ կու գան ուրիշներ:
[…] չեմ կարող գրել: Վաղը կը յուսամ լա՛ւ ըլլալ, վաղը կը լուսամ քե՛զ տեսնել, կրնանք այնպէս մը ընել որ լերան մեծ ծառին շուրջ պարած ժամանակ [Պիթիասի սօսի մեծ ծառը] ե՛ս եւ դո՛ւն քով-քովի ըլլանք - պատահմամբ: Կ՚ուզե՞ս:
Լաւ չեմ գիտեր, թէ ինչ կը գրեմ: Գլուխս կը ցաւի, անհո՜ւն կարօտ մը կայ հոգիիս մէջ, իսկ մարմինս ջերմ ունի: Եթէ շա՛տ շա՛տ հիւանդ ըլլամ՝ կը հեռագրեմ:
Մինչեւ երկուշաբթի հոս ենք: Կարծեմ երեքշաբթի պիտի իջնենք: Alexandrette պիտի չերթամ:
Ի՛նչ կ՚ուզէի գրել եւ ի՛նչ գրեցի: Մէկ նայուածք այս բոլոր տողերուն պիտի փոխարինէր… Ա՜հ, իրապէս խեղճուկ են երբեմն բառերը:
Պիտի գա՞ս:
Սիրանդ
(էջ 319-320):
*
[Պէյրութ, 27 ապրիլ 1934]
Իմ խենթ տղաս,
Վշտացեր էի քեզմէ, այսպէս ամէն ինչ ձգել մեկնելուդ համար, բայց գիտեմ թէ ո՛չ վշտանալս եւ ո՛չ ալ բարկանալս թումբ չէ աստղարշաւին դէմ։ Տեսած ես չէ՞, թէ ինչպէս գիշերին մէջ՝ հանդարտ, փայլուն աչքերով աստղ մը յանկարծ կը սուրայ, կը պատռէ կապոյտ տարածութիւնը, երթալ գտնելու համար ան, որ րոպէ մը միայն իրեն նայեցաւ, բայց որուն նայուածքը մագնիսի կախարդանք ունէր։
Երէկ կարօտս անհո՜ւն էր եւ ես ալ չեմ գիտեր, թէ ինչ ըրի մեղմացնելու համար այդ չարչարանքը։ Ժամեր ամբողջ գոց պատուհաններուս առջեւ պառկած մնացի եւ հոգիս տրտում էր իմ հեթանոս մարմինէս բարձրացող բոլո՛ր յոյզերուն համար:
Ի զուր չես հաւնիր իմ կապոյտ, պզտիկ պահարանիս: Եթէ գիտնաս թէ ան ինչ կարօտի պահու մը գրուած է, այդպէս պիտի չբողոքես:
Կ՚ուզէի հետապնդել Թրիփոլիի այդ գործը, բայց ոչ ոք չունիմ հոդ: Ի՞նչ եղաւ։ Ոչի՞նչ ըրիր։ Չկրցա՞ր հասկնալ, թէ արդեօք մէկը առնուա՞ծ է: Հասկցիր, հէ՞: Ո՞վ է այդ Mr. Radio-ն, ինչո՞ւ անունը չէիր տուած։ Ըսածներս միտքդ են, չէ՞։ Ոչ մէկ[ը]... Նոյնիսկ էգ կատու մը պէտք չէ ըլլայ աչքերուդ տակ, կը հասկնա՞ս, հէ՞։ Հրամանս անողոք է…:
Մատթէոսին համար դեռ ոչինչ չենք ըրած. կը սպասեմ Վահէ-Վահեանին։ «Գեղարուեստասէր»ն ալ վշտացուցինք… իսկ միւսները… zat! Չգացի տեսնելու Սասունին, փոխարէն[ը] նամակ գրեցի Հայաստան, թէ կ՚ուզեմ գալ։ Եթէ դրական ըլլայ պատասխանը, պիտի երթամ նոյնիսկ եթէ վստահ ըլլամ, թէ ինձ Սիպերիա պիտի աքսորեն: Կը նախընտրեմ որ մեռցնեն քան այսպէս շողոքորթեն ինձ այս նամարդները:
Շուտ մեծցիր, Սասունցի Դաւիթին նման ամէն ժամ, ամէն րոպէ մեծցիր, եթէ կ՚ուզես, որ դադրի այս տառապանքը: «Խենթ» նամակներ չեմ գրեր քեզի, դեռ մութ կէտեր կան, դեռ պահանջներ կան մէջդ պատմելու, պոռալու…։ Իսկ երբ ընկեր սիրտը կը դաւէ… դուն աքսոր կ՚երթաս, ես ալ մինակ կը մնամ այսպէս:
Վաղը պէպէներուն օրն է: Եթէ հոս ըլլայիր, քեզի ալ տուփ մը շոքոլայ կու տայի: Ասով մտահոգ չեմ, բայց Մատթէոսին խնդրով՝ ե՛մ: Մէջտեղը մինակ ե՛ս մնացեր եմ… Գէորգեանին ըսածը շիտակ է… սկսաք, յետոյ ամէնքդ մէյմէկ կողմ փախաք:
Հալէպի «քիթ»ին հետ քաշած պատկերդ կտրեր եմ եւ Մեծարենցի մօր հետ սեղանին վրայ է: Աչքերդ միշտ ինծի կը նային, բայց բերանդ բաց մնացած է: Նկարներ ուղարկէ՛ եւ ըսէ՛ թէ այդ Radio-ն ինչո՞ւ ետեւէդ պտ[ը]տեր է եւ ո՞վ է: Պիտի ուզէի որ գիրքերուդ հետ ըլլայիր միայն: Իմ սիրած պարտէզը կ՚երթա՞ս:
Գրէ՛, գրէ՛ գրէ՛… Այդ թափառումներուդ մէջ ոչինչ կը գտնեմ: Ինչո՞ւ կ՚իջնես Համա: Ի՞նչ ունիս հոն: Գրէ՛ ինծի:
Համբոյրներով՝
Սիրան
(էջ 331-332):
*
[Պէյրութ, 7 մայիս 1934]
Չա՛ր տղայ,
Շատ վշտացած եմ քեզմէ: Հիւանդ էի, հիմա իջայ: Ժամը 7-ը անցած է եւ ես բոլոր գործերս սխալ ըրի:
Մայրիկդ եկած է: Երէկ հանդէսին [Մատթէոս Զարիֆեանի մահուան 10-րդ տարելից] եկած է եղեր,բայց ես չտեսայ: Ան տեսա՞ւ. չեմ գիտեր:
Չա՛ր ես եւ չա՛ր պիտի մնաս: Մինչեւ ուրբաթ կ՚երթամ Տամաս, անկէ վերջը ո՞ւր… չեմ գիտեր:
Ս.
(էջ 340):
*
[Լիբանան, հաւանաբար՝ Զահլէ,] 15 նոյեմբեր 1946
Սիրելի՛ Ծառուկեան,
Երկտող մը գրած էի երկու օր առաջ, որով կը խնդրէի անմիջապէս դադրեցնել տէր Սուրէնին [Սուրէն Քհնյ. Բաբախեան] գիրքը Մատթէոսին մասին։ Անցեալ շաբաթ՝ Պէյրութ էի եւ տէր Սուրէնը տեսայ։ Խօսեցանք։ Ուրախ էի անշուշտ, որ Մատթէոսին վրայ կը գրէր, բայց կարգ մը բաներ ըսաւ, որ ճիշդ չեն. աւելին, մեծ անարդարութիւն է հօրս դէմ։ Սուրէնը մեր ընտանեկան պարագաներուն ծանօթ չէ եւ Մատթէոսին կարգ մը խօսքերը սխա՛լ մեկնած է։ Առանց օրագրութիւնները կարդալու արդէն անկարելի էր այդ ըսուած խօսքերը ճիշդ ձեւով մը մեկնաբանել:
Շատ պիտի խնդրէի, որ տպագրութիւնը յետաձգէիր, եթէ արդէն շատ ուշ չէ, մինչեւ ես կարենայի տեսնել ձեռագիրը: Եթէ կրնաս դուն բերել կամ վստահելի մէկուն հետ ղրկել՝ երախտապարտ կ՚ըլլամ։ Հակառակ պարագային՝ ես պիտի ջանամ գալ։ Միայն իմացուր ինծի իսկոյն, որ ուշ չէ։
Հայրիկս պատերազմի Ա. տարին չէ կրցած Անգլիա երթալ, ուր[կէ] եկած էր։ 1915-ին վախցած է դիմում ընելու, իսկ 1914-էն մինչեւ 1919-ը ես եւ Լիւսին college գացած ենք։ Մատթէոսը ոչ միայն օգտակար չէ եղած, այլ մշտական ծախսերու դուռ բացած է։ Պերճուհին իր երկու պզտիկներով մեր տունը բնակած է, որով բնական էր որ ճոխ չապրէինք, բայց երբեք ո[ր]եւէ բանի կարօտ չենք եղած։ Հայրս չէր կրնար պատերազմի հարուստ ըլլալ: Ուրիշ բան որ եթէ Անգլիա մնացած ըլլար՝ միլիոնատէր պիտի ըլլար, ինչպէս եղաւ իր քովը աշխատող գրագիրը, որ Անգլիա մնաց պատերազմի միջոցին, ինչպէս եղան անոնք, որ պատերազմի յայտարարութենէն մէկ օր առաջ իրենց ապրանքները քաշած էին մաքսատունէն: Տէր Սուրէնին խելքը այս բոլորին չի հասնիր հարկաւ եւ սխալ բաներ ըսած է:
Յետոյ, Մատթէոսը սպորտ տղայ էր եւ իր հօրը դրամը ամենէն անհրաժեշտ օրերուն իսկ մի միայն մօրը միջոցաւ ստացած է։ Հօրը դրամին վրայ ո[ր]եւէ յոյս չդնելուն համար յաճախ ծակ կօշիկով պտ[ը]տած է իր սիրած աղջիկն ալ լքած, քանի որ ան (աղջիկը) կ՚ուզէր, որ Մատթէոսը գէթ վաճառականի մը կամ հօրս քով գրագիր (?) մտնէ:
Չեմ հասկնա, որ Սուրէնը ինչո՞ւ իր չգիտցած բաներուն մասին կը խօսի:
Յետոյ, այն պարագան որ չէր ուզեր տուն գալ սա է… Ինք հիւանդ հոգի մը ունէր… բայց բնականօրէն հայրս կը սպասէր իր միակ մանչ զաւակին, այնքան ուսում ստացած, որ նեցուկ ըլլայ իրեն…: Երբ տուն գար, բնականօրէն այս հարցերը կը բացուէին... «Անոնք իմ հոգիս չեն հասկնար»ը այս գաղտնիքն ունի…:
1922-ին վերջն էր, որ Մատթէոսը որպէս երիտասարդ ուզեց լաւ հագուիլ, լաւ ծախսել եւայլն։ Անկէ առաջ, լամարթինեան հոգի ունեցած է եւ արտաքին բաներու արժէք չէ տուած։ Եթէ երբեմն խօսած է այդ նիւթին շուրջ, ընտանիքին օրինակովն է, ոչ թէ իր հոգիին։ Romantism-ով սնած այդ շրջանի հայ տղաքը բոլորն ալ այդպէս էին… Բիւզանդ Կէօզիւպէօյիւքեան… որ սնտուկին մէջ 6 զոյգ նոր կօշիկ ունենալով՝ պատռած կօշիկով կը պտ[ը]տէր… Գալֆայեան, վերջապէս բոլոր իր ընկերները:
Ես ինքս այնքան լաւ կը հագուէի, Հայ սքուլի [Բարձրագոյն վարժարան] աշակերտուհի էի եւ «պատռած հովանոցով» պտ[ը]տելու փափաք յայտնած եմ ընկերուհիներուս:
Չեմ գիտեր, կրցա՞յ հասկցնել Սուրէնին համար անմատչելի այս պոլսեցիի հոգին: Անուշ տղայ է, բայց այդ երանգներուն չի կրնար թափանցել… Ատկէ աւելի՜ն… չեմ կրնար հանդուրժել, որ երկու աղջիկ college ղրկող, տղան Պոլսոյ մէջ պահող (Հրաչը [հաւանաբար Հրաչ Փափազեան] գիտէ, թէ ի՞նչ ըսել է այդ), բազմանդամ ընտանիք մը իր ծեր ուսերուն ունեցող հայրս որպէս հազիւ թէ ապրուստը շահողը ներկայացուի։ Կարողութիւնը կորսնցուցած էր, բայց աղքատ չէր: Սուրէնը չի գիտեր իսկ, թէ 6 զաւակին հետ հոգեզաւակ մըն ալ մեծցուցած է հայրս, վաճառական ըրած, ամուսնացուցած…: Ինչպէ՞ս կարելի է։
Պատերազմի 5 տարին պատրաստ դրամ կերած ենք, college աւարտած, տուն մը Սկիւտար, տուն մըն ալ Առնաւուտգիւղ պահած, միշտ կաշառք կերցուցած… որով…: Յետոյ ատոնք ընտանեկան հարցեր են. առանց document-ներու [փաստաթուղթ] չէ՛ կարելի կարծիք յայտնել:
Կը հասկնաս հիմա, թէ կ՚ուզեմ անպայման տեսնել այդ գիրքը, այլապէս ստիպուած պիտի ըլլամ ահագին footnote-եր [էջատակի ծանօթագրութիւն] դնել Մատթէոսին օրագրութիւններուն տակ: Դեռ կան բաներ այդ տղան տունէն ժամանակ-ժամանակ հեռու պահող եւայլն, որ Սուրէնը իր բոլոր խելքով չի կրնար ըմբոնել… Ա՜հ, ինչ անփոյթ են մարդիկ երբեմն նոյնիսկ իրենց սիրած հեղինակին եւ ընկերոջ հանդէպ, երբ իրենց չպատկանող հարցերով կ՚ուզեն մտերիմ ցոյց տալ եւ հետաքրքրական դառնալ։
Սեզա
Յ.Գ. «Նայիրի»ն ի՞նչ եղաւ։ Սոսկալի գանգատ կայ։ Գանգատները մի միայն թիւերէն կախում ունին: Այլապէս հետդլ ընկեր եղած կ՚ըլլամ։ Կը հասկնա՜ս:
Ազատ հրապարակագիր ես, բայց պիտի ուզէի որ բանաստեղծ եւ գրագէտ մնաս…: Գիրքով հոգիդ շատ աւելի կրնաս տալ սերունդներուն…:
Մօտ ատենէն Պէյրութ կը փոխադրուինք: Վճռած եմ ժամերով աշխատիլ այս տարի… եթէ չմեռնի՛մ…:
Շուտ տեղեկացո՛ւր, թէ ինչ ըրիր եւ կրնաս ընել Սուրէնի գիրքին մասին:
Խնդրեմ չմոռնա՛ս…:
Ս.
(էջ 353-355):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ճշդում.- Անցեալ շաբաթ վրիպում մը ունեցած ենք, Արտաւազդ Սիւրմէեանի գրութիւնը լոյս տեսած է Երիտասարդ Հայուհի Դ. տարի, հոկտեմբեր, 1951, թիւ 9-10, էջ 21-30, եւ ոչ թէ 1947-ին։
Վաղարշապատ