ՅԱՍՄԻԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ. «ԼԵԶՈՒՆ ՊԱՀԵԼԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՊԱՀԵԼ Է»

Հայրենի պատմաբան, աղբիւրագէտ, մատենագէտ Յասմիկ Ստեփանեանի անունը անբաժանելի դարձած է հայատառ թրքերէն հրատարակութիւններու եւ ձեռագիր մատեաններու ուսումնասիրութեան գործէն։ Տասնամեակներու համբերատար աշխատանքով ան կազմած է այնպիսի մատենագիտական շտեմարան մը, որ այսօր կը ծառայէ որպէս կամուրջ՝ մոռացութեան եզրին հասած մշակութային այդ շերտի եւ նոր սերունդի հետազօտողներուն միջեւ։

Հայատառ թրքերէն գրականութիւնը երկար ժամանակ մնացած էր տեսակ մը լռութեան մէջ։ Հայերէն տառերով, բայց օտար լեզուով այդ իւրայատուկ ժառանգութիւնը կ՚ապրէր սահմանագծի վրայ։ Շատերու համար այդ լեզուն «միջանկեալ» երեւոյթ մըն էր, մինչդեռ իրականութեան մէջ հանդիսացած է բազմաշերտ մշակութային միջավայրի կենդանի վկայութիւնը, հայ ինքնութեան պահպանման եւս մէկ գրաւական։

Յասմիկ Ստեփանեանի գիտական առաքելութիւնը եղած է այդ «միջանկեալը» վերածել պատմական արժէքի, զայն դուրս բերել ստուերէն եւ դնել ուսումնասիրութեան սեղանին վրայ։

Ան նաեւ «Հայատառ թրքերէն գրականութիւն» եւ «Օսմանեան կայսրութեան մշակոյթ» նիւթերը դասաւանդած է զանազան համալսարաններու մէջ։ Իր բազում հրատարակութիւններու մէջ ալ կոթողային գործերը եղած են ա՛յդ նիւթերով մեծածաւալ հատորները, որոնց մէջ հաւաքած է հայատառ թրքերէն գիրքերու, թերթերու, ամսագիրներու, այլ հրատարակութիւններու անունները, տպագրման վայրերը, թուականները, հեղինակներուն անունները եւ այլ մատենագիտական տուեալներ։ Զատ գիրքով հրատարակած է հայատառ թրքերէն ձեռագիր մատեաններու ցուցակը։ Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ պահուող այդ ձեռագիրները եւ հայատառ թրքերէն այլ նիւթեր երկար ժամանակ պատշաճ չեն ուսումնասիրուած՝ հայատառ թրքերէն ըլլալու պատճառով, մինչդեռ բոլորն ալ պատմական կարեւոր սկզբնաղբիւրներ են։ Սակայն լեզուն երբեք չի նուազեցներ աղբիւրի արժէքը։ Ընդհակառակը՝ հայատառ թրքերէնը կը բացայայտէ հայկական համայնքներու կենցաղային, կրօնական, առեւտրական, մշակութային, թատերական եւ մտաւորական կեանքի այն շերտերը, որոնք երբեմն չեն երեւիր դասական հայերէն աղբիւրներու մէջ։ Ցուցակը կազմելէ ետք ուսումնասիրողները հնարաւորութիւն ստացան օգտուիլ այդ մատեաններէն, ինչպէս նաեւ կատարել նորանոր հետազօտութիւններ։ 

Հայատառ թրքերէն գիրքերու, թերթերու, ամսագիրներու, ձեռագիրներու եւ այլ նիւթերու՝ Յասմիկ Ստեփանեանի կազմած մատենագիտական աշխատանքները հիմք հանդիսացան վերջերս ստեղծուած «ԱՒԵՏԱԲԵՐ» թուային շտեմարանին։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հիմնարար գիտական գրադարանի աշխատակիցները այդ հիմքին վրայ կառուցեցին աւելի ընդարձակ հարթակ մը՝ ո՛չ միայն ցուցակագրելով, այլեւ ընթերցման հնարաւորութիւն ստեղծելով։ Այսպիսով մատենագիտութիւնը վերածուեցաւ կենդանի միջավայրի․ թուղթին վրայ տպագրուածը դարձաւ բաց հասանելի՝ համացանցին վրայ։

«ԱՒԵՏԱԲԵՐ» շտեմարանին մէջ ներկայիս ներառուած է հայատառ թրքերէն 1631 գիրք, 62 թերթ, 32 ամսագիր, 2 յօդուած, ձեռագիր նիւթեր, եւ զայն օրէ օր կը համալրուի։ Թիւերը, առաջին հայեացքով, սոսկ վիճակագրութիւն կը թուին, սակայն, անոնց ետին կանգնած է պատմական, մշակութային ամբողջական դարաշրջաններ՝ սկսած 1700-ականներէն։ Հայատառ թրքերէն տպագիր գրականութեան սկիզբը կը համարուի 1727 թուականը, իսկ մամուլի սկզբնաւորութեան համար՝ 1840 թուականը։ 

«ԱՒԵՏԱԲԵՐ» շտեմարանի շնորհանդէսին Յասմիկ Ստեփանեան խօսելով՝ կարեւորեց երկար ժամանակ ստուերի, տեսակ մը մոռացութեան մէջ մնացած հայատառ թրքերէն ժառանգութեան վերագնահատումը, նորովի արժեւորումը եւ զայն ուսումնասիրողներուն առջեւ բաց եւ հասանելի դնելու գործը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Յասմիկ Ստեփանեանի խօսքը։

*

«ՀԱՅԱՏԱՌ ԹՐՔԵՐԷՆԸ ԳՐԱՒԱԾ ԷՐ ԱՄԲՈՂՋ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԸ»

Իմ երախտագիտութեան խօսքս կը յղեմ հայատառ թրքերէնի թուայնացման գաղափարի հեղինակներուն։

Հայառառ թրքերէնը մեր մշակոյթի, մեր ժողովուրդի, մեր գրականութեան անքակտելի հզօր մէկ մասն է։ Զայն ունեցած է 600-ամեայ պատմութեան շրջան, որմէ վերջին 250 տարին՝ տպագրական շրջանն է։ Ձեռագրացուցակներուն մէջ մեր հաւաքած եւ մեր տեսած անունները բազմաթիւ են եւ զանոնք ցրուած են աշխարհով մէկ։ Հայատառ թրքերէն ձեռագիրներուն վերաբերող գիրքին մէջ միայն «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանի եւ Վեհարանի ձեռագիրներու ցուցակն է, որն աւելի քան 300 անուն կը պարունակէ, իսկ 250 տարուայ տպագրական շրջանը աշխարհի 50 քաղաքներու մէջ 250 տպարաններու հրատարակած գիրքերն են, աւելի քան՝ 2000 անուն։ Ո՛չ մէկ մատենագիտութիւն կարելի է լիարժէք համարել, այնպէս որ այդ հայատառ թրքերէն 2000 անունը, 130 պարբերականները, որոնք ես կը շեշտեմ եւ իմ գիրքիս մէջ են՝ մօտաւոր թիւ են։ Անոնց թիւը կրնայ աւելնալ, ես ատիկա տեսած եմ՝ ինչպէ՛ս կ՚աւելնայ, թէ՛ Մատենադարանի, թէ՛ Ազգային գրադարանի եւ թէ Գիտական գրադարանի մէջ անընդհատ նոր անուններ կու գան՝ աշխարհի զանազան ծայրերէ։

Հայատառ թրքերէնը ինչո՞ւ ստեղծուեցաւ, ինչի՞ մէջ է անոր իւրօրինակութիւնը։

Բոլորդ ալ գիտէք, որ Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան գաւառներու մէջ հարիւրէ աւելի հարկերու տակ տքնող հայ ժողովուրդը, ընդհանրապէս, քրիստոնեայ ժողովուրդները մատնուած էին ձուլումի եւ վերացումի, հայերէն խօսողներուն հանդէպ պատիժներ կային, այնպէս որ այդ շրջանի աւելի քան կէս միլիոն հայերը թրքախօս էին։ Իսկ ի՞նչ էր պէտք, որ չկորսցնենք մեր ժողովուրդը։ Պոլսահայ մտաւորականութեան հսկաները, որոնք այսօր մենք շատ քիչ կը յիշենք, որովհետեւ անոնք հիմնականը ստեղծագործած են հայատառ թրքերէն, տեսնելով, որ այդ տեղերը հայ ժողովուրդը ուծացման ենթակայ է՝ անհրաժեշտ տեսան զանոնք կապել ժողովուրդի հետ, կրօնքի հետ։ Բայց, անոնք թրքախօս էին, հայերէնը գիտէին Աւետարանով, եկեղեցիներուն կից փոքր խօսքերով, եւ պէտք էր անոնց իրենց գիտցած լեզուով՝ թրքերէնով նիւթեր մատուցել։ Այդ առումով հայատառ թրքերէն գրականութիւնը եւ պարբերական մամուլը ունէին մեծ առաքելութիւն, զոր պիտի իրականացնէին։ Ուրախութեամբ պիտի հաստատել, որ այդ առաքելութիւնը փայլուն կատարեց իր դերը, դեռ աւելին՝ այնպէս ընդարձակուեցաւ, այնպիսի հզօրութիւն ստացաւ ողջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, մանաւանդ մեծ քաղաքներու մէջ եւ ի մասնաւորի Իսթանպուլ, որ զայն սկսաւ դառնալ ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը, այլեւ՝ թրքախօս ազգերու ալ, առաջին կարգին՝ թուրքերու։ 

Ի՞նչ ըրաւ հայ համայնքներու համար այդ շարժումը․ բոլոր այն գիրքերը եւ ամսագիրները, որոնք կը հասնէին մինչեւ ամենախուլ տեղերը եւ մէկ տունէն միւսը կը տարածուէին, ամէն մարդ կը կարդար, մանաւանդ՝ թերթերը։ Հայառառ թրքերէն թերթերը հիմնականը եւրոպական պարբերականներու օրինակներով կը տպուէին, ունէին զանազան բաժիններ՝ կրթական, քաղաքական, դպրոցական, թատրոն, մշակութային եւ այլն (ժամանակ մը մեր թերթերն ալ այդ բաժինները ունէին)։ Այդ բաժիններով համայնքի բազմակողմանի կեանքը ներկայացնելով, ընթերցողները ընդհանուր պատկերացում կը կազմէին զանազան նիւթերու մասին։

Հայատառ թրքերէն գրականութեան սկզբնաւորման եւ տարածման համար պարտական ենք շատ փայլուն անուններու, բայց անոնց մէջ կան երկու մեծանուն անուններ․ մէկը՝ Յովհաննէս Կոլոտ պատրիարքն է, որ ստեղծած է թարգմանական դպրոց՝ մտածելով, որ այդ ժամանակ կաթոլիկական միսիոներութեան մուտքը Օսմանեան կայսրութիւն, կը խրախուսուէր, բայց զայն ողբերգական էր քրիստոնեայ ժողովուրդներու եւ առաջին կարգին՝ հայերու համար։ Պէտք էր պայքարիլ նաեւ ատոր դէմ եւ շատ կաթոլիկ մեծ մտաւորականներ, մեծ պաշտօնեաներ, մեծ փաշաներ, փայլուն, հանճարեղ մարդիկ, նոյնիսկ գաղտնի, համազգային ընկերութիւն ստեղծելով, գործի անցան եւ սկսան պայաքարիլ այդ զաւթողական քաղաքականութեան դէմ՝ իրենց հրատարակութիւններով։ 

Միւս հսկան Մխիթար աբբահայրն էր, որու նախաձեռնութեամբ Վենետիկի, Վիեննայի եւ Թրիեսթի տպարաններու մէջ լոյս տեսաւ աւելի քան 300 անուն։ Անոնց մէկ մասը, անշուշտ, պարտադրանքն էր Հռոմի ցանկութիւններու եւ ատոնք կաթողիկէ հայրերու վարքաբանական, կրօնական կամ կաթոլիկութեան զանազան ճիւղերու մասին գրականութիւն էր, բայց միւս մասը այնպիսի բազմալեզու, շքեղ բառարաններ էին, որոնք մինչեւ այսօր մեծ արժէք կը ներկայացնեն։ Մխիթար աբբահայրը ի հարկէ, նաեւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ հրատարակեց։ 

Հայատառ թրքերէն գրականութեան մէջ մեծ գործ կատարած է նաեւ Յովսէփ Վարդան փաշան, որ շատ մեծ պաշտօն ունէր, բայց նաեւ հայատառ թրքերէնով գրեց Նափոլէոնի պատմութիւնը, Արեւելեան պատերազմներու պատմութիւնը, մանաւանդ Նափոլէոնի պատմութիւնը կը համարուէր ժամանակին Նափոլէոնի կենսագրութեան լաւագոյն հրատարակութիւններէն մէկը, որուն մէնք ծանօթ չենք, բայց գիրքը կայ։ Ան գրեց եւ բանադրանքի ենթարկուեցաւ, բախուեցաւ պոլսահայ համայնքի մէջ ամենաողբերգական երեւոյթներու հետ, երբ կաթոլիկ ընտանիքը կը պայքարէր իր միւս բարեկամի, հարազատի, շրջապատի միւս ընտանիքներու հետ, եւ այս ողբերգութեան արտացոլումը հայատառ թրքերէն «Ագապի» վէպն էր։ Ան գրեց նաեւ ուրիշ փոքրիկ մանրապատումներ, պատմուածքներ․․․

Պոլսոյ մէջ այնքան շատ կը տպագրուէին թարգմանութիւններ, նորոյթ էր Ֆրանսայի մէջ նոր լոյս տեսնող ռոման-ֆելիեթոնները։ Փարիզի մէջ լոյս կը տեսնէին այդ ժանրի արքաներու գիրքերը՝ բազմահատոր, բազմահազար էջերով եւ մէկ ամիս չանցած, զայն կարելի էր գտնել Իսթանպուլի գրավաճառներուն քով, իսկ աւելի արկածային, սիրային երկերը կարելի էր գտնել նոյնիսկ հարեմներու գեղուհիներու բարձերուն տակ: Իսկ քաղաքական ուղղուածութեամբ հայատառ թրքերէն պարբերականները ամենօրեայ ընթերցանութեան նիւթ էին դեսպանատուներու, վարչական հիմնարկներու, պալատի մէջ, քանի որ անոնք անմիջական քաղաքական նորութիւններ կը տպագրէին, ինչը օսմաներէն թերթերը երկու ամիս յետոյ միայն ի վիճակը կ՚ըլլային տպագրել։ Այնպէս որ հայատառ թրքերէնը գրաւած էր ամբողջ Իսթանպուլը։ Բժշկագիտական համալսարանի մէջ ալ հայատառ թրքերէնով դասագիրքերով կը սորվեցնէին․ այդ համալսարաններու ղեկավարները հիմնականը հայեր էին եւ նոյնիսկ որոշ դասանիւթեր հայերէնով կը մատուցէին։ Ուրեմն՝ թէ՛ պատմական եւ թէ գեղարուեստական բոլոր-բոլոր բնագաւառներու հրատարակութիւնները կոչուած էին ո՛չ միայն հայ համայնքի, այլեւ՝ թրքախօսներու համար ալ։ 

Այս ամէնի մէջ կարեւոր մէկ բան ալ կար․ 2000 կամ աւելի անուն կ՚ըսենք հայատառ թրքերէն տպագրութեան համար, բայց ատոր կողքին չմոռնանք, որ գոյութիւն ունէր նաեւ հայ թատրոնը։ Հայ թատրոնի մէջ հայ դերասանապետներու կողմէ բեմադրուած ներկայացումներուն ցանկը (որ նաեւ թուրք յայտնի թատերագէտ Մեթին Անտը հրատարակած է) մօտ 400 թատերգութիւններէ կազմուած է եւ այդ անունները ներառուած չեն հայատառ թրքերէն գրականութեան մատենագիտութեան մէջ։ Որոշ շրջան Իսթանպուլի մէջ բազմաթիւ հայկական թատերախումբեր կային, բայց այդ շրջանին արգիլուած էին նաեւ հայերէն ներկայացումներ. ներկայացումները թրքերէն էին, իսկ ատիկա կը նշանակէր, որ հայ թատրոնի գործնական գրաւոր լեզուն հայատառ թրքերէնն էր, թատերգութիւնները այդ լեզուով էին։ Այնպէս մը եղաւ, որ այն հսկայական թատերգութիւնները, որոնք պիտի ներկացնէին հայ թատրոնի մէջ, շատ քիչ հնարաւորութիւն ունէին հայերէնով ըլլալու, չկային այդքան շատ մասնագէտներ, որ զանոնք ըսենք ֆրանսերէնէ թարգմանէին, յարմարեցնէին հայերէնին։ Հայ դերասանապետները՝ մանաւանդ Վարդովեանը, Մնակեանը իրենց շուրջը համախմբեցին երիտասարդ թուրք, մանաւանդ Եւրոպայի մէջ կրթուած մասնագէտներ, որոնք թուրք լուսաւորիչներու հիմնական սերունդն էին, աւելի քան՝ 40 անուն, որոնց համար հայկական թատրոնը դարձաւ յեղափոխական տեղ մը, որ վաղուայ Թուրքիան պիտի դարձնէր կիրթ, նման՝ Եւրոպային եւ իրենք ալ կ՚առաջնորդէին այդ շարժումը։ Անոնց բոլոր գործերը հայ թատրոններու մէջ ներկայացուած են․ անոնք նաեւ հայրենասիրական ինքնուրոյն գործեր էին, իսկ մեծ մասը՝ նաեւ եւրոպական թատերգութիւններու հիման վրայ գրուած կամ թրքականացուած գործեր։ Այդ մարդիկ, որ յետոյ լուսաւորիչներ պիտի կոչուէին, թատրոնի համար կը գրէին հայատառ թրքերէնով, այդ թրքերէնը հիմք դարձաւ, որ թրքերէն գրական լեզուն ստեղծուի։ Մինչ այդ կ՚ըսէին՝ «կոպիտ թրքերէն», «գաւառական թրքերէն», կար նաեւ ուրիշ թրքերէն մը, որ ստեղծուած էր պալատի համար, օրինակ, Վարդան փաշայի՝ Յովսէփ Վարդանեանի նշուած գիրքերը, որոնք գրուած էին բոլորովին այլ՝ վերամբարձ թրքերէն ոճով, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ ասիկա պատուիրուած եղած է պալատի կամ որեւէ դեսպանատան կողմէ եւ ժողովրդական եւ բոլորի համար ստեղծուած գրականութիւն չէր։ Եւ յետոյ պիտի ստեղծուէր ոսկեայ միջին կոչուածը, որ բոլորի համար ընդունելի էր եւ հետզհետէ զայն պիտի զարգանար, ամբողջ երկրով մէկ հիւրախաղեր եղան, նաեւ՝ թուրք երիտասարդներ մղուեցան, որպէսզի ստեղծեն թուրք նոր գրականութիւն, որ պիտի պայքարէր Թուրքիայի ապագայի համար եւ որ շատ նման պիտի ըլլար Եւրոպային, ուր անոնք կրթութիւն ստացած էին։ 

Այսպէս, հայատառ թրքերէնով ստեղծուեցաւ հսկայ գրականութիւն, որ յանիրաւի մոռացութեան մատնուեցաւ, անտարբերութեան զոհ դարձաւ վերջին մէկ դարու ընթացքին, եւ ուրախալի է, որ այսօր կարծես կը վերակենդանանայ։

ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՅԱՍՄԻԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ 

-Տիկին Ստեփանեան, այսօր նոյնպէս հայերէնը նահանջ կ՚ապրի, շատցած է օտարալեզու հաղորդակցութիւնը հայերու միջեւ, ինչ կ՚ըսէք այդ մասին։ 

-Աշխարհի գիտնականներու մէկ մասը, մանաւանդ՝ մարդ էակը ուսումնասիրող գիտնականները, համոզուած են, որ եթէ մարդ կը մտածէ իր հարազատ լեզուով, անոր ունակութիւնները շատ աւելի կ՚ըլլան եւ իր մայրենի լեզուով մտածելը աւելի օգտակար է իր կեանքին համար։ Այսինքն, եթէ դուն օտար լեզուով կը մտածես, ապա բան մը քու ինքնութեանդ մէջ հոգեբանօրէն կը պակսի՝ կապուած ուղեղի աշխատանքներուն հետ։ 

Բնախօսութիւն է ատիկա նաեւ, բայց ամէն մարդ չի գիտակցիր այդ մէկը։ Լեզուն պահելը հայրենիք պահել է, իսկ մեր պարագային՝ հայերէնը պահպանել կը նշանակէ՝ մեր հայրենիքը պահպանել։

Մեր լեզուն ամենաշատը նահանջ ապրած է հեռուստատեսութեան կործանարար ազդեցութեամբ, աղաղուած հայերէն կը հնչէ, հազարէ մէկ մաքուր հայերէն կը լսենք հեռատեսիլէն։ 

-Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք օտարալեզու հայերուն, օտար լեզուն հայերէնէն գերադասողներուն։

-Պիտի ջանան, իրե՛նք պիտի ուզեն հայերէն խօսիլ, խորհուրդ տալով չէ։ Ես անգամ մը գացած էի Պոլիս, շատ պատուական ընտանիքի մը հիւրն էի, հայերէն շատ լաւ գիտէր կինը, կղզին էինք, իրենց տղան եկաւ, իր հետը թրքերէն խօսեցաւ․․․ Պոլիս երբեք այսքան շատ խառն ամուսնութիւն չէր եղած, մանաւանդ՝ մտաւորականներու զաւակները․․ մատդ կը դնես մէկու մը վրայ, կը նայիս՝ անպայման որդին կամ աղջիկը օտար առած է։ Հայաստանէն դուրս դպրոցները, վարժարանները պէտք է աւելի շատ ջանք թափեն հայերէնի ուղղութեամբ։ Ամէն մարդու ինքնուրոյն մտածողութիւնն է, որ հայերէնը պահէ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 3, 2026