ՄԵԿՈՒՍԱՑՈՒՄ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ
 Այսօրուան արագ զարգացող եւ անընդհատ աղմկոտ աշխարհին մէջ, մարդոց մեծամասնութիւնը կը դիմէ շարունակական կապերու եւ մշտական զբաղումներու։ Սակայն երբեմն անհրաժեշտ է ժամանակ մը առանձնանալ ու վերադառնալ սեփական ներաշխարհին։ Այս «մեկուսացումը» ո՛չ միայն առանձնութիւն է, այլ խորքին մէջ՝ հոգեկան առողջութեան եւ ինքնաճանաչման կարեւոր գործիք մը։
Այսօրուան արագ զարգացող եւ անընդհատ աղմկոտ աշխարհին մէջ, մարդոց մեծամասնութիւնը կը դիմէ շարունակական կապերու եւ մշտական զբաղումներու։ Սակայն երբեմն անհրաժեշտ է ժամանակ մը առանձնանալ ու վերադառնալ սեփական ներաշխարհին։ Այս «մեկուսացումը» ո՛չ միայն առանձնութիւն է, այլ խորքին մէջ՝ հոգեկան առողջութեան եւ ինքնաճանաչման կարեւոր գործիք մը։
Երբ մարդը որոշ ժամանակով կը մեկուսանայ արտաքին աշխարհէն, ան մուտք կը գործէ հոգեկան խաղաղութեան տարածք մը։ Մեր առօրեայ մտածումները յաճախ շատ աղմկոտ են՝ խճողուած պարտականութիւններով, խօսքերով, անյապաղ պատասխանի կարիք ունեցող հաղորդագրութիւններով… Այս աղմուկին մէջ մենք մեզ լսելը գրեթէ անկարելի է։ Բայց երբ կտրուինք այդ հոսքէն՝ մեկուսանալով գոնէ քանի մը ժամով, կը սկսինք լսել մեր իսկ ձայնը։ Այդ ձայնը միշտ գոյութիւն ունեցած է, բայց աղմուկը միշտ զայն խեղդած է։
Առաջին հերթին, մեկուսանալը մարդուն կու տայ մտաւորապէս հանգստանալու հնարաւորութիւնը։ Երբ ան մշտապէս շրջապատուած է աղմուկով, շփումներով՝ ան կը կորսնցնէ իր ներքին զգացումներուն ու միտքերուն ուշադրութիւն դարձնելու կարողութիւնը։ Առանձին մնալով՝ մարդը կրնայ աւելի լաւ հասկնալ, թէ ի՛նչ կը զգայ, ի՛նչ է իր իրական փափաքը եւ ո՛ր ուղղութեամբ կ՚ուզէ շարունակել իր կեանքը։ Մեկուսանալը այս հարցերուն պատասխանելու լաւագոյն առիթ մըն է։ Երբ մարդը մեկուսացած է, ան այլեւս պարտաւոր չէ յարմարիլ ուրիշներու սպասումներուն։ Այդ պահուն ինք ազատ է, անկեղծ եւ մաքուր։
Երկրորդ, մեկուսացումը կը նպաստէ ստեղծագործականութեան։ Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ գրողներ, նկարիչներ ու մտածողներ իրենց ամենածանօթ գիրքերն ու գործերը ստեղծած են ճիշդ այն պահերուն, երբ մեկուսացած են արտաքին աշխարհէն։ Մեկուսանալով՝ միտքը կը սկսի ազատ թափառիլ։ Արտաքին խոչընդոտներու բացակայութիւնը կը մղէ զայն նոր գաղափարներու, նոր իմաստաւորումներու։ Բազում արարողներ եւ մտածողներ մեկուսացման պահերը կը նկարագրեն որպէս «աստուածային ներշնչման» պահեր։ Բայց իրականութեան մէջ այդ ներշնչումը միշտ մարդուն մէջ է, ուղղակի զայն լսելու համար հարկաւոր է լռութիւն։
Մեկուսանալը մարդուն կ՚օգնէ վերահաստատելու իր ներքին հաւասարակշռութիւնը։ Մեր առօրեային մէջ բազմաթիւ հոգեբանական ու ֆիզիքական ճնշումներու կ՚ենթարկուինք։ Երբ ժամանակ մը կը տրամադրենք մեր շուրջ ստեղծելու խաղաղ միջավայր մը, մեր մարմինը եւ հոգին վերստին նոր ուժ կը ստանան։ Այս կերպով աւելի պատրաստ կը դառնանք դիմագրաւելու կեանքի դժուարութիւնները։
Մեկուսացման ընթացքին մարդը կը սորվի գնահատել իր իսկ ընկերակցութիւնը։ Երբ անձը կրնայ իրեն հետ «լաւ ժամանակ անցընել», ան այլեւս ուրիշներէն կախեալ չի զգար։ Այս ինքնաբաւութիւնը կ՚աճեցնէ ինքնավստահութիւնը եւ կը զարգացնէ ներքին խաղաղութիւնը։ Բայց հարկ է նշել, որ մեկուսանալը պէտք չէ շփոթել ամբողջական մեկուսացման կամ փակուելու հետ։ Խնդիրը աշխարհէն փախչիլը չէ, այլ՝ կարճ ժամանակով աշխարհէն ետ քաշուիլը՝ ինքզինք վերագտնելու համար։
Ժամանակակից կեանքը բազմաշերտ պահանջներով, կը յառաջացնէ ներքին լարուածութիւն եւ հոգեկան յոգնածութիւն։ Մենք կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր միշտ պէտք է արտադրել, պատասխանել, ներկայ ըլլալ։ Այս անընդհատ վիճակը կը յանգեցնէ «հոգեկան գերյոգնածութեան»։ Իսկ առանց վերականգնումի՝ մարդ կը կորսնցնէ իր ներքին կայունութիւնը։
Մեկուսանալու ժամանակը նման է հոգեկան վերականգնման, շնչառութեան։ Երբ մենք մեզի ժամանակ կը տրամադրենք առանց որեւէ պարտադրանքի կամ աղմուկի, մեր միտքը եւ մարմինը կը սկսին դանդաղօրէն վերականգնուիլ։ Սրտի տրոփը կը մեղմանայ, շնչառութիւնը կը խորանայ, իսկ ներքին լարուածութիւնը կը նուազի։ Բազում ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ մեկուսացումը պարբերաբար գործածող մարդիկ աւելի հանգիստ են, աւելի հաւասարակշռուած եւ սթրեսի դէմ աւելի դիմացկուն։
Բազմաթիւ մարդիկ կը վախնան առանձին մնալէ, որովհետեւ անոնք կախեալ են ուրիշներու ընկերակցութենէն։ Բայց երբ մարդ սկսի ինքզինքին հետ լաւ ժամանակ անցընել, այս կախեալութիւնը կը նուազի։ Ան կը սորվի վստահիլ իր ներքին ուժերուն։ Մեկուսացումը այս պարագային առանձնութիւն չէ, ինքնավստահութեան ամրացում է։ Երբ մարդ կը գիտակցի, որ ինք կրնայ իրեն հովանի ըլլալ, կը դառնայ հոգեպէս աւելի ազատ։
Այս հոգեբանական ազատութիւնը կը ներգործէ կեանքի բոլոր կողմերուն վրայ՝ ընկերային, մասնագիտական եւ զգացական։ Ինքնավստահ մարդը աւելի յստակ կ՚իմանայ իր սահմանները եւ աւելի քիչ կախեալ կ՚ըլլայ ուրիշներու կարծիքէն։ Ան կրնայ ընտրել ընկերակցութիւն ո՛չ թէ պարտաւորութեամբ, այլ ազատ կամքով։
Մարդիկ յաճախ կը մտնեն առօրեայի մեքենական հոսքին մէջ եւ կը մոռնան իրենց իսկ նպատակը։ Աշխատանք, պարտականութիւններ, հաղորդակցութիւններ, ընկերային ցանցեր… ժամանակի հետ կեանքը կը դառնայ անընդհատ կրկնուող շարժում։ Բայց երբ մարդ կը մեկուսանայ այդ շարժումէն, ան սկսի նայիլ իր կեանքին լայն դիտանկիւնէն։
Մեկուսանալը այս իմաստով չի նշանակեր փախուստ իրականութենէն։ Ճիշդ հակառակը։ Ան կը դառնայ միջոց մը՝ վերադառնալու իրականութեան՝ աւելի գիտակից ձեւով։
Հուսկ, մեկուսանալը պէտք չէ դիտարկել որպէս առանձնութեան կամ փակուելու ձեւ։ Ան առողջ հոգեբանական ու գոյաբանական քայլ մըն է։ Այդ պահերուն մենք կը վերագտնենք մեզ, կը լսենք մեր իսկ ձայնը, կը հանգչինք հոգեպէս եւ կը դառնանք աւելի ուժեղ։ Մարդը, որ կը սորվի մեկուսանալ, այլեւս չի վախնար առանձնութենէն։ Ան կը դառնայ իր իսկ կեանքին գիտակից տէրը։
Այս պատճառով ալ ժամանակակից հասարակութիւններու մէջ անհրաժեշտ է վերարժեւորել մեկուսանալու արժէքը։ Աւելի քիչ աղմուկ, աւելի շատ ներքին լռութիւն․ այս է հոգեկան առողջ կեանքի բանալին։ Մեկուսացումը առողջ հոգեբանական գործիք մըն է, որ պէտք է իւրաքանչիւր մարդ գիտակցաբար օգտագործէ իր կեանքին մէջ։ Նման պահերը մեզ կը դարձնեն աւելի ամուր, հանգիստ եւ ստեղծագործ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ