Ո՜՜՜՜ՈՈՈՉ, ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ԼՂՐՃՈՒԿԻՆ ՄԷԿԸ ՉԷ»

Անկասկա՛ծ, ֆրանսական զաւեշտական շարժարուեստի մեծ դասականներէն է «Կաղանդ պապան լղրճուկին մէկն է» ժապաւէնը։

Հակառակ անոր, որ տիտղոսը կը պարունակէ բոլոր մանուկներուն սիրելի, անոնց համար Աստուծոյ համազօր (թող ներուի մեզի, բայց ա՛յս է ճշմարտութիւնը) տիպարին անունը եւ հակառակ անոր, որ զաւեշտի ֆիլմ մըն է՝ ան բնաւ չի հասցէագրուիր փոքրերուն, ընդհակառակն։

*

Փարիզի մէջ, Սուրբ Ծնունդի տօնական երեկոյեան, երբ քաղաքը լոյսերու մէջ կը շողայ, խոր յուսահատութեան մատնուած, հոգեխոցումէ տառապելով անձնասպանութեան եզրին հասածներու օգնութեան փութալու կոչուած կազմակերպութեան մը գրասենեակին մէջ կը տիրէ բոլորովին այլ՝ խենթ ու խելառ մթնոլորտ մը։ Հոն, ուր յուսահատ հոգիներ պէտք է մխիթարութիւն գտնէին, կը սկսի անհեթեթ եւ զաւեշտալի իրադարձութիւններու ողբերգական շղթայ մը։

Ֆիլմին ամենէն ցնցիչ կերպարը՝ Ֆելիքսը, որ փողոցը իր ծպտումով քանի մը ղրուշ կորզելու նպատակով հագուած է Կաղանդ պապայի անճոռնի ու աղտոտ տարազ մը, իրականութեան մէջ փարսախներով հեռու է իր մարմնաւորած բարի ծերունիին կերպարէն։ Ան կատարեալ լղրճուկ մըն է, մարմնաւորումն է ստորին եւ վտանգաւոր արարածի մը։ Կը ներխուժէ գրասենեակ՝ հետապնդելով իր յղի ընկերուհին, զոր մինչ այդ անխնայ ծեծած է։ Փոխանակ խաղաղութիւն եւ նուէրներ բաշխելու, այս Կաղանդ պապան ատրճանակ կը ճօճէ՝ սարսափի մատնելով բարեսիրական կազմակերպութեան աշխատակիցները։

Գիշերը կը վերածուի իսկական քաոսի։ Ճակատագրի դառն հեգնանքով, վերելակը նորոգող անմեղ վարպետը կը դառնայ այս խառնաշփոթին զոհը՝ պատահաբար սպաննուելով Ֆելիքսի զէնքէն արձակուած գնդակով։

Եւ հոս է, որ մարդկային բարոյականութիւնը վերջնականապէս կը փլուզուի. յանցագործութիւնը քօղարկելու համար, այս տարօրինակ խումբը կ՚որոշէ դիակը մասնատել եւ ծրար-ծրար ըրած՝ կը տանի Վենսէնի կենդանաբանական պարտէզը, խնջոյք մը պարգեւելու գազաններուն։ Այսպէսով, Կաղանդ պապայի պարկը, փոխանակ նուէրներու, կը լեցուի մահուան սարսափով՝ ստեղծելով սեւ երգիծանքի գլուխ գործոց մը։

Ահաւասիկ, ա՛յսպիսի Կաղանդ պապայի մը մասին է խօսքը այս ֆիլմին մէջ։ Եւ այս ժապաւէնը երբեք «չի ծերանար»՝ հակառակ իր աւելի քան քառասուն գարուններուն։ Մինչեւ այսօր ալ ամէն Ամանորի սեմին, ֆրանսական հեռատեսիլի կայաններէն մէկն ու մէկը (կամ մի քանին) ա՛նպայման կը սփռէ զայն՝ որպէս «մեծ դասական»։

*

Քանի մը տարի առաջ, Նոր տարուան քանի մը օր մնացած՝ այցելութիւն մը կու տայի մօտիկ ազգականի մը բնակարանը։ 

Շատոնց զիրար չտեսած չափահասներս մեր կարօտը կ՚առնէինք, կը զրուցէինք, կը պատմէինք ասկէ-անկէ, իսկ տան փոքրիկը այս «խումբէն բացառուած» զգալով՝ կը փորձէր ինքզինք զբաղեցնել, կը խաղար ամանորեայ կանխահաս հասքով, որ կը բաղկանար ընդհանրապէս Կաղանդ պապային՝ իրենց այցելող հիւրերուն տուները բերած նուէրներէն, մինչ հեռատեսիլը, որ բաց էր, կարծէք ա՛լ աւելի «կը պոռար» այս մթնոլորտին մէջ ինքզինք լսելի դարձնելու համար։ Նուագահանդէս մըն էր հեռասփռուածը. տանտէրերը կա՛մ պատշաճ նկատեր էին այդպէս թողուլ, որովհետեւ կը սիրէին հրամցուած երաժշտութիւնը, կա՛մ ալ մտածեր էին, թէ մթնոլորտը աւելի հաճելի պիտի ըլլար այդպէս. թերեւս ալ չէին մտածած մարել, պարզապէս։

Ու ահա պատահեցաւ այն ինչ, որ երբեք պէտք չէր պատահեր։ Ընդհատուեցաւ նուագահանդէսին սփռումը, որ իր տեղը զիջեցաւ գովազդներու աղմկարար բաժինի մը։ Ենթախորքի այս յանկարծակի փոփոխութիւնը խանգարեց չափահասներուս կեդրոնացումը եւ մեր զրոյցն եւս ընդհատուեցաւ պահ մը։

Ինչպէս բոլոր երեխաներունը, այս տան երեխային աչքերն ալ անմիջապէս գամուեցան պաստառին՝ հետեւելու համար իրարու յաջորդող գովազդային տեսահոլովակներուն։ Եւ ահա, ողբալի դէպքը պատահեցաւ այդ շարքին աւարտին։ Քանզի, անմիջապէս ետք, հեռատեսիլի կայանը ծանուցեց, որ Կաղանդի օրը այսինչ ժամուն պիտի սփռուի … «Կաղանդ պապան լղրճուկին մէկն է» ֆիլմը։ 

Այս լսելով՝ երեխան նախ շշմեցաւ, յետոյ քիթին տակէն դժգոհութեան քանի մը բառ արձակեց։ Յետոյ այդ արտայայտութիւնը անբաւարար դատելով բաղդատած իր լսած ծանր անուանարկութեան հետ՝ այս անգամ հառաչեց. «Ո՜՜՜՜ոոոչ, Կաղանդ պապան լղրճուկին մէկը չէ», գրեթէ տամկացած աչքերով, յայտնօրէն աւելի քան ցնցուած։ 

Բոլորս բաւական փորձեցինք զինք համոզել, թէ այդ ըսուածը իրականութեան չի համապատասխաներ, պարզապէս ֆիլմի մը խելապատակէն ելած է։ Թէ յաջողեցա՞նք իսկապէս սփոփել՝ հարցական կը մնայ, քանի որ այնքա՜ն նուրբ ու փխրուն է երեխայի մը կերտած աշխարհը, ներաշխարհը…։

Երբե՛ք, երբե՛ք մի՛ յանդգնիք ձեռք երկարել մանուկներուն ներաշխարհը կազմող արժէքներուն, հերոսներուն։  

Այդ երեխան հիմա արդէն դարձած է պատանի։ Արդեօք ինք ի՞նչ կը մտածէ այսօր Կաղանդ պապային մասին։

Յամենայնդէպս ես վճռական եմ. «Ո՛չ, Կաղանդ պապան լղրճուկին մէկը չէ»։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԵԱՆ

Փարիզ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025