ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՎԵՐԱՐԿՈՒՍ…
Հայրս Եւրոպայէն շատ գեղեցիկ կարմիր վերարկու մը բերած էր ինծի համար։ Հոկտեմբեր ամիսն էր։ Ձմեռը մեր քով կ՚ուշանայ։ Հազիւ դեկտեմբերի կէսերուն կը սկսինք վերարկու հագուիլ եւ վերարկուս այնքան գեղեցիկ եւ տօնական էր, որ մայրս ըսաւ.
-Հիմա մի՛ հագուիր, շուտով Նոր տարի է, Նոր տարուան կը հագուիս։
Ճիշդ էր, Նոր տարիին աղուոր-աղուոր կը հագուիմ մտածեցի, Նոր տարի՝ նոր վերարկու։ Բայց Նոր տարին այնքան ուշացաւ այդ տարի, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, դեկտեմբեր ամիսը այդքան հակառակեցաւ ինծի եւ շա՜տ դանդաղ անցաւ…
Իսկ Նոր տարուան նախորդող գիշերը ամենէն երկարն էր… Աստուած իմ, սա ժամացոյցին սլաքները ինչո՞ւ չեն շարժիր… վերարկուս ալ պահարանիս դուրսի կողմէն կախուած կարմիր-կարմիր կը ճաթեցնէ զիս։ Անկողինէս կ՚ելլեմ, կը հագուիմ վերարկուս եւ ետ կը կախեմ։ Ժամին կը նայիմ՝ աւելի կը ճաթիմ։ Աչքերս կը փակեմ՝ քունս քէնցեր փախեր է… Ետ ժամացոյցին կը նայիմ…
Վերջապէս քնացեր եմ։
Այդ վերարկուն ուրիշ էր… ուրիշ էր, որովհետեւ օրիորդական էր։ Այդ տարին նորաձեւութիւնը կարճ հագուստներէն, փէշերէն (մինի) երկարի փոխուած էր եւ իմ վերարկուս երկար էր…
Անքուն գիշերէն ետք, ի զարմանս ընտանիքիս անդամներուն, բնականաբար, ուշ արթնցայ։ Ժամը տասին կը մօտենար եւ ես ժամը տասին ակումբ պէտք էր ըլլայի՝ պայմանաւորուած էինք ընկերուհիներով, Կաղանդ պապան ալ այդ ժամուն պիտի ժամանէր։
-Մամ, հազիւ հասնիմ, նախաճաշի ժամանակ չկայ։
-Մի՛ ուտեր, գնա՛, ցատկէ՛, պարէ՛, ուժաթափ եղիր եւ նոր վերարկույով մարիր՝ ինկիր։ Հինգ վայրկեան ուշանալով բան չ՚ըլլար։
Ինչպիսի խայտառակութիւն… Երեւակայութիւնս անմիջապէս թեւեր առաւ… Այս գեղեցիկ վերարկույով գետին փռուած եմ, ոմանք զիս կ՚ուզեն արթնցնել, ուրիշներ վերարկույիս կը մեղքնան… Շատ մարդ կայ, օդը նեղացուցիչ է, վերարկուս կը հանեն, որպէսզի շնչեմ, ես կ՚արթննամ, բայց վերարկուս չկայ…
Վերարկույով նախաճաշի նստայ, արագ-արագ կարկանդակի կտոր մը կերայ եւ վազեցի ակումբ։
Կաղանդ պապան դեռ չէր ժամանած։ Ընկերուհիներս նստած էին, բայց, սիրալիր չընդունեցին զիս, ի՞նչ պատահած էր, օր մը առաջ ուրախ բաժնուեցանք եւ ինծի համար իրենց կողքին պահած աթոռը ուրիշին հրամցուցին։ Սրտնեղած քանի մը շարք ետեւ գացի։
Միայն վայրկեան մը մտքիս մէջ չարացայ իրենց հանդէպ, բայց շատ ժամանակ չառաւ անդրադառնալս, թէ ինչո՞ւ այդպէս դիմաւորեցին զիս։
-Ես այս վերարկուն չեմ հագուիր, ընկերուհիներէս ոչ մէկը նոր վերարկու հագած էր, անոր համար ալ չուզեցին, որ իրենց քով նստիմ։
-Կը պատահի աղջիկս, անոր համար չեն տխրիր՝ վերարկուն կը փոխեն։
Ամէն բան դարձաւ իր սովորականին, ես աւելի ուրախ էի հին վերարկույովս, որովհետեւ հին վերարկուս հաւասարութիւն բերաւ։
Առաջին անգամ ըլլալով նոր մտքեր խճողուեցան ուղեղիս մէջ՝ հարուստ եւ աղքատ, խելացի եւ անխելք, գեղեցիկ եւ տգեղ, ճարպիկ եւ անճարակ, բախտաւոր եւ անբախտ։
Վերջապէս արդարութիւն եւ անարդարութիւն…
Նոր տարիէն շաբաթ մը ետք, Քրիստոսի Ծնունդին առիթով ունեցանք արտասահմանէն հիւրեր, որոնք ինծի տարեկից դուստր մը ունէին։
Հագուեցանք-շքուեցանք ճամբայ ելլելու, բայց մեր հիւրերուն դուստրը վերջին վայրկեանին լացուկոծով սենեակ մտաւ…
Իր վերարկուն իմ վերարկույիս չափ գեղեցիկ չէր…
Այս շատ սիրած վերարկուս փորձանք դարձաւ գլխուս։ Շա՛տ կ՚ուզէի հագուիլ, սակայն քա՞նի ընկերուհի պիտի կորսնցնէի, քա՞նի հոգի դեռ պիտի տխրէր…
Յաջորդ տարին ե՞ս մեծցայ, թէ վերարկուս փոքրացաւ՝ չեմ ուզեր յիշել անգամ, այդ վերարկուն ալ երբե՛ք չհագուեցայ։
Տարիներ անցեր են, հիմա, որ ծնողքս չկան՝ յուշերը աւելի անուշցեր են։ Իւրաքանչիւր Նոր տարիին անցած նոր տարիները կը տողանցեն յիշողութեանս մէջ… Իւրաքանչիւրէն գեղեցիկ յիշատակ մը ունիմ, նոյնիսկ պահուած նուէրներ, նկարներ անպայմա՛ն, սակայն, կարմիր վերարկույիս տարին հասուննալու տարին էր, կեանքի սեւն ու ճերմակը տեսնելու տարին, երբ ես հասկցայ, որ նոր տարիներու իմաստը նուէրներու, նոր հագուստին, վերարկույին կամ խաղալիքներուն մէջ չէ։ Նոր տարիին իմաստը ճոխ սեղաններուն եւ ընտիր գինիներուն մէջ ալ չէ։ Նոր տարին սիրտդ բանալու եւ սիրելիներդ գրկելուն մէջ է, Նոր տարին կարօտեալ մը ուրախացնելու մէջ է, Նոր տարին ունեցածդ բաժնելու մէջ է եւ անոր համար պէտք չէ Նոր տարիին սպասել, այլ կարելի է ամէն օր՝ նոր օր, նոր տարի դարձնել…
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ