ՎԱՌ ՊԱՀԵԼ ՆԵՐՔԻՆ ԼՈՅՍԸ

Վերջին տասնամեակին հայկական իրականութեան մէջ հետաքրքրական եւ լուռ կերպով արմատացող երեւոյթ մը ի յայտ եկած է․ Հայաստանը աշխարհասփիւռ հայութեան համար սկսած է վերածուիլ այն վայրը, ուր կը փափաքին այցելել ո՛չ միայն զբօսնելու, պտտելու, այլեւ՝ տօնելու համար։ 

Կեանքի կարեւոր հանգրուանները, ընտանեկան ուրախութիւնները, հոգեւոր ու մշակութային արարողութիւնները շատերուն համար կը ստանան աւելի խորքային նշանակութիւն, երբ անոնք կը կատարուին հայրենի հողին վրայ։

Այս գաղափարով տոգորուած՝ բազմաթիւ սփիւռքահայեր իրենց երջանկութեան ամենաթանկ պահերը սկսած են ապրիլ Հայաստանի մէջ՝ այնտեղ կատարելով կնունք, ծնունդ, նշանտուք, ամուսնութիւն, նշելով Կաղանդ, Զատիկ, յոբելեան եւ այլ առիթներ։

Այս նոր հոլովոյթը պարզ զբօսաշրջային այցելութիւն մը չէ․ զայն իր խորքին մէջ հոգեբանական վերադարձ մըն է հայրենիք՝ նոյնիսկ եթէ այդ վերադարձը տեւէ միայն քանի մը օր։ 

Երբ ընտանիք մը Հայաստան կը տեղափոխէ իր ուրախութիւնը, ապա այդ ուրախութիւնը նոր խորք կը ստանայ․ կը վերածուի ցանկութեան՝ մաս դառնալու այն պատմութեան, որ կը կերտուի հայրենիքին մէջ։ Հայաստանը աշխարհասփիւռ շատ հայերու համար վերածուած է նպատակակէտի՝ այն վայրը, ուր մարդիկ կը փնտռեն իրենց արմատներուն շունչը, կը վայելեն լեռներու հանդարտութիւնը, գիւղին պարզութիւնը, հայրենի ուտելիքին համը, քաղաքի աղմուկին մէջ հայերէնով խօսքին կանչը։ 

ԶԱՐԳԱՑՈՂ, ՀԻՒՐԸՆԿԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Սակայն, այս երեւոյթը միայն զգացական կամ խորհրդանշական պատճառներով չէ։ Հայաստան ինքն ալ դարձած է գրաւիչ։ Վերջին տարիներուն երկիրը զգալիօրէն զարգացած է՝ ստանալով նոր տեսք, նոր նկարագիր եւ նոր շունչ։ Հայաստանն այսօր պահած է իր յաւերժական հայրենիք իմաստի տուն-ջերմութիւնը, բայց, միաժամանակ նաեւ սահուն կերպով միացած է աշխարհին։ Երեւանի փողոցները լեցուն են ժամանակակից ճաշարաններով, սրճարաններով, արուեստի սրահներով եւ մշակութային նախաձեռնութիւններով։ Գիւղերուն մէջ գինեգործարանները, մեղրի, պտուղներու, տեղական ուտելիքի մշակման վայրերը շատցած են, Ծաղկաձորի, Կիւմրիի, Սեւանի, Դիլիջանի, Վայոց Ձորի եւ այլ շրջաններու մէջ ստեղծուած են արդիական հանգստավայրեր, կրպակ-պանդոկներ, բնութեան հետ ներդաշնակ վայրեր։

Առցանց ծառայութիւններուն մատչելիութիւնը, դիւրին կազմակերպուող արարողութիւնները, զբօսաշրջային ուղեցոյցները, նորարարական ծրագիրները դուրսէն եկողին համար վստահութիւն կը ստեղծեն։ Այս բոլորի վրայ կ՚աւելնան հայկական կերակուրներու համն ու հոտը։ 

Սփիւռքահայ այցելուն հոս կը գտնէ այն, ինչ կը փնտռէ՝ թէ՛ սիրտի ջերմութիւն, թէ՛ ժամանակակից յարմարութիւն։

ՈՒՏԵԼԻՔԸ՝ ՏՕՆԻ ՀԱՐԱԶԱՏ ՄԱՍԸ

Ուտելիքը հայկական տօնի հիմնական մասը կը կազմէ։ Սփիւռքահայ ընտանիքը հայրենի հողին վրայ կը միանայ սեղանին շուրջ եւ այդ համախմբումին մէջ գլխաւոր զգացական մասն է նաեւ ուտելիքը, որովհետեւ զայն ընտանեկան պատմութիւններու, հին խոհարարական յիշողութիւններու եւ նախնեաց սովորութիւններու ամբողջական շունչն է։ Հայկական խմորեղէնը, մածունով կամ լոլիկով թացանները, միսով, պանիրով լեցուած կարկանդակները, փլաւները, խորոված միսը, կարմրցած հաւը, թարմ հացը, գինին, ընկոյզներու շարանները, չոր ծիրանն ու թուզը՝ բոլորը կը վերածուին մէկ ամբողջական միախառնումի, որ անմիջական ու արագ կապ մը կը ստեղծէ հողի եւ ընտանիքի միջեւ։ 

Ո՛չ միայն սնունդը, այլեւ անոր շուրջ ստեղծուած մթնոլորտը՝ սեղանին զարդարումը, համտեսման ընթացքը, լեցուն ափսէները միմեանց փոխանցելը, իրարու պնակներու մէջ պատառներ դնելը կը դառնան տօնական առիթի սպասուած թրթիռները։ Յատուկ ուշադրութիւնը մանրուքներուն նկատմամբ՝ գինին ու խմորեղէնները համընկնեցնելով ընտանեկան պատմութիւններուն, երգերն ու խնդուքը միաձուլելով միջավայրին հետ՝ տօնին մթնոլորտը կը ճոխացնէ։ 

Տօնական սեղանին շուրջ համախմբուիլը սփիւռաքահայու՝ հայրենիք երթալու պատճառի ու ընտանիքի զգացական աշխարհի կեդրոնն է։ Սփիւռքահայը կը զգայ, թէ Հայաստանը միայն տխուր յիշողութիւններու վայրը չէ, այլ՝ ժամանակակից տեղ մը, ուր ընտանիքը նոյնքան երջանիկ է՝ որքան իր ապրած երկրին մէջ։ 

Եւ այդ պարագային, ինչո՞ւ չտօնել այնտեղ՝ այդ հողին վրայ, որուն հետ կապը այլեւս ծանր զգացումներով չէ, որ կը ստեղծուի։ 

ԱՒԵԼԻՆ ՔԱՆ ՏՕՆԸ՝ ԿԱՄՈՒՐՋՆԵՐ

Տօները այսպէս կը դառնան թէ՛ ընտանեկան, թէ՛ մշակութային կամուրջներ՝ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան նոր շունչ։ Հիւրերը կը վերադառնան իրենց երկիրները գեղեցիկ լուսանկարներով, տեսանիւթերով, նորացած կապով մը։ Հաճելի փորձառութիւն մը յաճախ կը վերածուի երկարաժամկէտ ներգրաւուածութեան․ ոմանք մը մտածեն գնել բնակարան, ուրիշներ կը սկսին ներդրումային ծրագիրներ, իսկ երրորդները կը կազմակերպեն բարեսիրական նախաձեռնութիւններ կամ ուսանողական փոխանակումներ։

Այս ընթացքը կը վերածուի հետաքրքրական շղթայի մը․ մէկը գնաց մկրտութիւն կատարեց՝ գոհ վերադարձաւ, երկրորդը գնաց ամուսնացաւ՝ անոր դրական փորձառութիւնը փոխանցուեցաւ երրորդին եւ այդպէս, շղթան կը տարածուի համայնքներէ համայնքներ։ Այս բոլոր երեւոյթներուն խորքը կայ մէկ ճշմարտութիւն․ Հայաստանը, քաղաքական կամ պատմական միաւոր ըլլալէ անդին, կը վերածուի անսպառ զգացական տունի մը։ 

ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՅԵՐԸ․ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԳՏՆՈՒՄ

Հայրենիքի մէջ տօնելու սփիւռքեան այս սովորութիւնը նաեւ ապագայի յոյս կը բերէ։ Սփիւռքահայ երիտասարդները, որոնք երբեմն հեռու կը մնան հայկական ինքնութենէ, հայրենիք այցելելով՝ աւելի դիւրին կը հասկնան իրենց արմատները։ Երբ ընտանիքը ամբողջութեամբ կը կանգնի հայկական եկեղեցիի բակին մէջ՝ շնչելով լեռներուն օդը, լսելով գիւղի բարբառը, առնելով քահանային օրհնութիւնը՝ իսկապէս կը ստեղծուի ներքին կապ մը, որ չես կրնար բացատրել միայն բառերով։ 

Հայրենիքին մէջ տօնելու եւ շնորհաւորելու գաղափարը տարածուած է նաեւ այլ առիթներու համար՝ չսահմանափակուելով միայն մկրտութեամբ, ամուսնութեամբ կամ ընտանեկան տօներով։ Նոյնիսկ երկար տարիներ զիրար չտեսած, զանազան երկիրներու բնակիչ հարազատները կը փափաքին իրարու հանդիպիլ Հայաստանի մէջ։ Թէեւ տակաւին հեռու ենք այն օրերէն, երբ սփիւռքահայ մայրերը պիտի ուզեն ծննդաբերել Հայաստանի մէջ, բայց, շատեր արդէն կը շտապեն նորածինին կամ մեծահասակին համար հայկական անձնագիր ստանալ՝ պարզ արտայայտումով մը. «Հայ ենք»։

Ընկերային ցանցերու մէջ յարատեւ կը բազմանան տեսարանները, լուսանկարները, որոնք կը ներկայացնեն այս նոր՝ արեւմտահայ-արեւելահայ իրականութիւնը։ Լուսանկարներուն մէջ կ՚երեւի սիրոյ խոստովանութիւն մը՝ հեռաւոր եկեղեցիի մը բակին մէջ, ուր միայն քամին եւ թռչունները կը սարքեն երաժշտութիւնը։ Պսակադրութենէն ետք հարս ու փեսան կը քայլեն դաշտին մէջ՝ ունենալով լուսանկար մը սարին դիմաց կամ կը նստին գիւղական փայտեայ սեղանի մը շուրջ՝ համտեսելով տեղի կերակուրը։ Անոնց շուրջը կ՚երեւին Լոս Անճելըսէն, Պէյրութէն, Մարսէյլէն, Սիտնիէն խմբուած հարազատները։ Նոյնիսկ լուսանկարիչներ մասնագիտացած են՝ սփիւռքահայերու առիթները Հայաստանի մէջ լուսանկարելու ուղղութեամբ։ Անոնք գիտեն՝ ո՛ր սարի դիմաց պիտի կեցնեն խումբը, ո՛ր գիւղական միջավայրին մէջ պիտի բեմադրեն տեսարանը եւ ո՛ր գետակի ափին պիտի սարքեն ուրախութիւնը՝ որպէսզի լուսանկարները գիւղական շքեղութեան ինքնատիպութիւնը ցոլացնեն։ 

Այս տեսարանները նախ գեղեցիկ են, ապա կը ստեղծեն նոր հայկական պատմութիւն մը. արմատներու եւ սիրոյ պատմութիւն, որ կը միացնէ աշխարհներ, որոնք մինչ այդ հեռու կը թուէին։

Սեղաններուն վրայ կը խառնուին զանազան աւանդոյթներ՝ արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն երգեր, նոյնիսկ օտար լեզուներով կենացներ, բարեմաղթանքներ, բայց, բոլորը կը միանան միեւնոյն զգացումով․ «Մենք ջերմ տեղ մըն ենք՝ հայրենիքի մէջ»։ Կեանքի մեծ ու փոքր պահերը կը դառնան երկիր-վերադարձի ծիսակարգ։ 

ՁՄԵՌԸ, ԼՈՅՍԵՐԸ ԵՒ ԿԱՂԱՆԴԸ

Վերջին տարիներուն նաեւ Կաղանդը հայրենիքին մէջ տօնելը սովորոյթ դարձած է շատ մը սփիւռքահայերու համար։ Երեւանը՝ լուսաւոր փողոցներով, տօնական տաղաւարներով, ուրախ երաժշտութեամբ եւ քաղաքային աշխուժութեամբ, դարձած է Սուրբ Ծնունդի նախօրէին փայլող եւրոպական քաղաքներու պէս տեղ մը։ Այդ հմայքը նոյնպէս կը կանչէ սփիւռքահայերը։ Եթէ երեսուն տարի առաջ տօնական լոյսերը հազիւ կը նշմարուէին հայոց մայրաքաղաքին մէջ կամ ամբողջովին բացակայ էին, ապա այսօր արդէն նոյեմբերէն սկսեալ քաղաքը կը փայլի։ 

Եւ որքան աւելի զարգանայ Հայաստանը, գեղեցկանայ, լեցուի մշակոյթով ու լոյսերով, ապա այնքան աւելի կը հետաքրքրէ սփիւռքահայը։ 

Այս ծաւալումը նոր շունչ մը կու տայ նաեւ մշակոյթին, տնտեսութեան։ Տօնական այցելութիւնները կը խրախուսեն ձեռքի աշխատանքով զբաղողները, գիւղական ձեռնարկատէրերը, ճամբորդներուն ընկերացողները, երաժիշտներն ու երգիչները, արհեստաւորները, տեղացի խանութպանները։ Բոլորը տօներուն առթիւ արդէն բազմազբաղ կ՚ըլլայ։ Իրենց օրակարգին վրայ կ՚աւելցնեն նաեւ զբօսաշրջիկները եւ մանաւանդ՝ սփիւռաքահայերը գոհացնելը։ 

ԽՌՈՎՔԻ ՕՐԵՐ

Անշուշտ, այս օրերուն պէտք չէ անտեսել, որ անհանգստութիւն մը կայ օդին մէջ՝ երբեմն տեսանելի, երբեմն ծածուկ։ Քաղաքացիական, քաղաքական եւ եկեղեցական լարուածութիւնը քիչ մը ամէն ինչի մէջ եղած է։ Սփիւռքահայ հայորդիները, որոնք այս օրերուն կը ժամանեն խանդավառութեամբ ու երկար սպասումներով, շատ անգամ չեն գիտեր կամ չեն ուզեր իմանալ այդ նուրբ եւ ծանր ալիքները։ Ոմանք կը խորհին․ «Եկած ենք ուրախանալու, ատոր հետ չզբաղինք»։ Պարզ, հասկնալի մտորում մըն է՝ մարդն ինքզինք տունին մէջ կ՚ուզէ զգալ՝ առանց մտատանջութիւններու։ Բայց, անշուշտ, իրականութիւնը այդպէս չի փոխուիր՝ տօնին խորհուրդը նոյնը չէ։ Հարցումներն օդին մէջ են՝ ո՞ւր կը սկսի խորհուրդը եւ ո՞ւր կը վերջանայ քաղաքական շահը։ Ինչպէ՞ս կարելի է խաչը, արարողութիւնը, խորանը, հոգեւորականը պաշտպանել՝ առանց զանոնք դարձնելու ճակատամարտի մը դաշտ։

Մինչդեռ սփիւռքահայերը մեկնած են տօնելու, ո՛չ թէ վիճաբանելու։ Գո՞ւցէ անոնք ալ եկած են տեղէ մը, ուրկէ կ՚ուզեն քիչ մը փրկուիլ եւ չեն եկած… փրկելու։

Սփիւռքահայ մը, որ իր ընտանիքը կը տանի Հայաստան՝ տօնի մը համար, կը ջանայ պահ մը ապրիլ առանց վախի, առանց բարկութեան, առանց այն հոգերուն, որոնք արդէն բաւական ծանր են։ Անոնք, անշուշտ, անտարբեր չեն․ ուղղակի սիրտ չունին այս ծանր օրերուն խռովք ապրելու, վէճ ընելու կամ կողմնորոշումներ կշռադատելու։ Եկած են տուն, ուր կ՚ուզեն քիչ մը հանգչիլ, շունչ առնել, յիշել ու զգալ՝ առանց ծանրացած խօսակցութիւններու։ Եւ այս ընտրութիւնը՝ հոգիի հանգստութիւնը գերադասել քաղաքական աղմուկէն, ո՛չ միայն անոնց, այլեւ՝ բոլորիս լիարժէք իրաւունքն է։ Տօնելը ինքնին հաւատք մըն է։ Եւ այս հաւատքը կ՚արժէ յարգուի՝ առանց պահանջելու, որ մարդը ուրախութեան իր օրը դարձնէ քաղաքական ճակատամարտ։

…ԵՒ ՈՒՐԵՄՆ՝ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ

Կաղանդ, Սուրբ Ծնունդ․ տօներ, որոնց խորքը մէկն է՝ լոյսը, մարդասիրութիւնը եւ հաւաքական յիշողութիւնը վերագտնել։ Եւ այսօր, երբ կեանքը բազմաբնոյթ ճնշումներ կը բերէ՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական կամ պարզապէս մարդկային առօրեայ հոգեր, Կաղանդը եւ Սուրբ Ծնունդը մեզի կը նային հին բարեկամի մը պէս․ կը ժպտին եւ կը սորվեցնեն պահ մը մոռնալ ծանրութիւնը, որպէսզի կրկին ու կրկին յիշենք՝ ինչպէ՛ս կարելի է ապրիլ եւ շարունակել…

Երբեմն կը թուի, թէ անցեալը շինծու բան մըն էր, ներկան՝ անհասկնալի, իսկ ապագան՝ մշուշոտ եւ այդ կասկածներու ներքեւ Կաղանդի խորհուրդին մէջ աւելի զգալի դարձած է խաղաղութեան կարիքը՝ ո՛չ միայն աշխարհին, այլեւ յատկապէս՝ մեր սիրտերուն համար։ Ի՞նչ է խաղաղութիւնը, եթէ ո՛չ ներքին հանդարտութիւն մը, որ կը սկսի այն պահուն, երբ կը յաջողինք մեր հոգեւոր տան մէջ վառ պահել լոյս մը։ Այդ լոյսը կրնայ ըլլալ ընտանիքի ներքին համերաշխութիւնը, ընկերոջ հանդէպ ներողամտութիւնը, բարեկամներու ժպիտը, մանկան գրկախառնութիւնը կամ նոյնիսկ մեր սեփական երազներուն հանդէպ նորոգուած հաւատը։

Կաղանդի մասին խօսիլ կը նշանակէ խօսիլ նաեւ յարատեւութեան ու շաղախուած միասնութեան մասին։ Մեր նախնիները ցուրտ քարայրներու մէջ կը պահէին պզտիկ ճրագ մը եւ կրակ մը՝ որպէս կեանքի նշան։ Այդ կրակը, լոյսը կը պաշտպանէին տունը մթութենէն եւ պաղէն եւ կը յուշէին, որ ձմեռը պիտի անցնի, իսկ գարունը դարձեալ պիտի գայ։ Այսօր շատերուն կը թուի, թէ ցուրտ քարայր մը եղած է աշխարհը․ ահա այս պայմաններուն մէջ մենք ալ պիտի պահենք մեր սեփական «ներքին կրակը»՝ ոմանք աղօթքով, ուրիշներ՝ հոգեւոր ուժով, երրորդներ՝ սիրոյ հաւաքական զգացումով։ Բայց, բոլորս ալ ունինք նոյն եզրակացութիւնը․ կեանքը կը շարունակուի, որովհետեւ մենք կը ջանանք պահել լոյսը։

Տուներէն ներս, սեղաններուն շուրջ, երբ կը հնչեն երգեր, կը բացուին ծրարներ եւ օդը կը լեցուի ուտելիքներու բոյրով, երբ եկեղեցիներուն մէջ կը ղօղանջեն զանգերը՝ մտածենք նաեւ այն անուրանալի ուժին մասին, որ ամէնքս ունինք մեր մէջ։ Մտածենք, թէ ինչպէ՛ս այդ ուժը մեզի առաջ կը տանի, ինչպէ՛ս ամէն տարի նոր էջ կը բանանք, ինչպէ՛ս դժուարութիւններու միջով կու գանք ու մինչեւ տարուայ այս օրը կը հասնինք… Եւ ասիկա է Կաղանդի եւ Սուրբ Ծնունդի իրական հրաշքը, որ նոյնիսկ յոգնեցուցիչ աշխարհի մը մէջ մարդիկ կը գտնեն ուժը՝ դարձեալ սիրելու, դարձեալ արարելու, դարձեալ աւելի լուսաւոր ապագայ մը պատկերացնելու։

Եւ այս բոլորին անդրադառնալով՝ թող իւրաքանչիւր տուն ունենայ իր փոքրիկ լոյսը, իւրաքանչիւր սիրտ՝ իր խաղաղութիւնը, իւրաքանչիւր ճամբորդ հոգի՝ իր ճանապարհը դէպի նոր հաւատքը եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդ՝ իր արժանավայել կեանքը՝ իր հողին վրայ։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2025