ՉՄԵՌԱՆՔ՝ ԱՅՍ ԱԼ ՏԵՍԱՆՔ…
Արդէն բաւական ժամանակ է, որ պատերազմի անհաճոյ հոտը տարածուած է մեր ապրած երկրին մէջ եւ մեզի համար՝ արդէն քանի սերունդ մեծցած այդ տհաճութեան մէջ կարծես սովորական դարձած է մարդկութեան պատմութեան ամենացաւոտ եւ ամենաճակատագրական այս իրականութիւնը…
Այո՛, սովորական դարձած է կարծես, քանի մը օր տունէն դուրս չենք ելլեր, խանութները կը փակուին, ճաշարանները կը փակուին, հեռուստացոյցին դիմաց լուրերը կը լսենք… Ամէն բան կը փոխուի, նոյնիսկ ճաշասեղան չենք նստիր, որովհետեւ կը նախընտրենք աման մը կերակուրը մեր ծունկերուն վրայ՝ հեռուստացոյցին դիմացէն չհեռանալ։
Անկեղծ ըլլալու համար հեռուստացոյցն ալ արդէն չեմ բանար, չեմ ուզեր լուրերը լսել… Յոգնեցանք աշխարհ կառավարող անձնասէր եւ անկուշտ ստախօսներէն, որոնց ո՛չ երիտասարդներուն թափած արիւնը կը հետաքրքրէ, ո՛չ անտուն ու անտէր մնացողները, ո՛չ իրենց ստեղծած պատերազմներէն ծնած որբերն ու այրիները եւ որդեկորոյս ծնողները։
Սիրտս այրած է… Պատերազմով ծնանք, պատերազմով պիտի բաժնուինք այս աշխարհէն… Հողի համար կը կռուին, բոլորս ալ ափ մը հող դարձած հողի մէջ պիտի լուծուինք երթանք, հարստութիւն կը դիզեն եւ այդ հարստութեան փոշին անգամ չեն կրնար տանիլ իրենց հետ։
Պատերազմ…
Այս մէկը՝ որ կ՚ապրինք, հիմա շատ տարբեր է։ Շշուկներ կը դառնան, թէ երկար պիտի տեւէ։ Աշխարհի քարտէսը պիտի փոխուի եւ դեռ ինչե՜ր, ինչե՜ր…
Դարձեալ բոլորս շուկաներն ենք՝ լեցնելու համար մեր մառանները, ինչ կ՚ըլլայ, ինչ չ՚ըլլար՝ անօթի չմեռնինք… Միայն ուտելիք, հեռուստացոյցին դիմաց նստելու ժամանակ կուտ պիտի ջրդենք եւ նման բաներ…
Ես ալ վազեցի դեղարան՝ ամսուան մը դեղերս ապահովելու համար, դեռ այդ պատմութիւնն ալ կայ։ Եւ…
Չմեռանք՝ աս ալ տեսանք…
Սրտատրոփ դուրս եկայ տունէն… Կը դառնամ-չեմ դառնար՝ չեմ գիտեր, այնքան վախցած ենք հոս-հոն կատարուող պայթումներէն՝ հատ մըն ալ գլխուս չիյնայ կը մտածեմ։ Աստուծոյ ձգած եմ, խաչս հանեցի ճամբայ ելայ…
Բարեբախտաբար, շատ արագ ինքնաշարժ գտայ, ճամբաները պարապ են եւ սովորական օրերուն կէս ժամ տեւող հեռաւորութիւնը տասն վայրկեանի կրճատուեցաւ, սակայն, վարորդը կրկնապատիկ չէ, եռապատիկ գինը կ՚ուզէ.
-Ինչո՞ւ- կը հարցնեմ։
-Տիկին պատերազմ է…
-Ուրեմն ազնիւ եղէք, ո՛չ թէ շահագործեցէք…
Բայց պատերազմ է, ո՞վ կը մտածէ ազնուութեան մասին, քաղաքներ կ՚աւերուին ու կը կործանին, վարորդը ինչո՞ւ չշահագործէ։ Վարորդին մեղքը եւ շահագործումը այնքան պզտիկ է՝ աշխարհի կարծեցեալ տէրերու աւերներուն քով…
Հասայ, առանց փորձանքի հասայ, բաւական ալ մարդ կար դեղարանը, սակայն, արագ-արագ թիւերը կը դառնային, ինձմէ առաջ երեսուն հոգի կար։ Ձեռքս սրտիս դրած վայրկեանը մէկ խաչ կը հանեմ, մտքէս «Հայր մեր»ը կ՚ըսեմ, համոզուած եմ, որ Տէրը չի լքեր զիս, ահա թիւս կը մօտենայ եւ… Ահազանգը կը հնչէ…
Իրարանցում մըն է, որ կը սկսի… Ո՞ւր նայիս, ո՞ւր երթաս, մէկը դեղերը ձեռքը, ուրիշ մը դրամը ձեռքը, իւրաքանչիւրը կ՚ուզէ դեղը առնել հեռանալ։ Տղամարդու խիստ եւ սանձող ձայն մը կը հրամայէ՝ բոլորս ձախ կողմի աստիճաններէն վար իջնենք։ Դարձդարձիկ աստիճաններով զիրար հրմշտկելով չորս յարկ կ՚իջնենք, հաստ երկաթէ խոշոր դռնէ մը ներս կը մտնենք, Աստուած իմ, եթէ երկար տեւէ, ի՛նչ պիտի ընենք… Ո՛չ ջուր կայ, ո՛չ ուտելիք, ո՛չ զուգարան։ Ուրկէ ուր կը յիշեմ Սիամանթոյի «Խեղդամահ»ը, նկուղին մէջ քառասուն անձ։ Մենք նկուղի մէջ չենք, բայց, խենթանոցի սենեակ մը կը յիշեցնէ ճերմակ պատերով, աթոռ չկայ, պատուհան, անշուշտ, չկայ՝ պատերազմի ապաստարան է, մէկը երեխան գրկած, միւսը՝ հազիւ կը քալէ, ուրիշ մը տոպրակ մը արիւնը թեւի երակին խողովակով մը միացած… Մէկը սարսափած, միւսը՝ մտահոգ, հեռաձայնները չեն աշխատիր… Հարիւր հոգի եւ թերեւս աւելի թխմուեր ենք քով-քովի… Գոնէ ճարպիկ ըլլայի պատի մը կողքին տեղ գտնէի…
Քրիստոնեայ, հրեայ, այլազգ՝ բոլորս նոյն ճակատագրին ենթարկուած՝ մեր կեանքերուն վրայ վախնալով համերաշխ կանգնած ենք։
Իսկ այդ պատերէն դուրս երեք կրօնները զիրար կը բզկտեն…
Փառք Աստուծոյ, քսան վայրկեանէն հրահանգ եկաւ, որ կրնանք բարձրանալ։ Չորս յարկ աստիճաններով վեր կ՚ելլեմ դեղերս առնելու։
Պատերազմ է… Եւ վաղը մեր քով թաղում է… Հայր Բարսեղին թաղումն է, ամբողջ կեանք մը եկեղեցիին նուիրած՝ անտրտունջ, եթէ տրտնջացեր է՝ այդ եկեղեցիին շահին համար եղած է, աւանդութիւնները պահելու համար եղած է, Սուրբ Յակոբի անխոնջ եւ անձայն աշխատողը այս օրերո՞ւն պիտի վախճանէր… Քանի՞ հոգի պիտի կարենան ներկայ գտնուիլ թաղումին… Պատերազմ է…
Անձայն ապրեցաւ՝ անձայն ալ պիտի թաղուի…
Մարդի՛կ, ագահ ու ծակաչք ղեկավարներ, ձգեցէ՛ք, հանգիստ ապրինք, հանգիստ ալ մեր մահով մեռնինք…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Մարտ 2, 2026, Երուսաղէմ