ԽՕՍՔԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՎՐԱՅ

Մարդկութիւնը հազարաւոր տարիներու ընթացքին միշտ ձգտած է հաղորդակցութեան՝ գաղափարները ուրիշի մը փոխանցելու, համոզելու եւ ոգեւորելու համար։ Այս ձգտումը երբեմն արտայայտուած է գիրով, երբեմն արուեստով, բայց ամենէն ազդեցիկ ձեւերէն մին միշտ մնացած է խօսքը։ Յատկապէս հանրային խօսքը կամ հռետորութիւնը ունի ուժ, որ կրնայ ո՛չ միայն անհատներու զգացումները գրգռել, այլ ամբողջ ժողովուրդներու ուղղութիւնը փոխել։

Կարելի է վերլուծել, թէ ինչպէս հռետորութիւնը, երբ ճիշդ եւ իմաստալից ձեւով կը գործադրուի, կրնայ հզօր ազդեցութիւն ունենալ զանգուածներու վրայ՝ քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային հոլովոյթներու մէջ։

Որոշ մարդիկ բեմ բարձրացած ժամանակ այնպիսի մթնոլորտ մը կը ստեղծեն, որ կը սկսինք զանոնք լսել, նախքան նոյնիսկ առաջին նախադասութիւնը ըսելը։ Սա պարզապէս լաւ խօսիլ չէ։ Սա հռետորութիւն է, որ իրականութեան մէջ ունի աներեւակայելի ուժ, կ՚ազդէ մարդոց վրայ, կը գրգռէ զանոնք, կը ստիպէ մտածել եւ երբեմն նոյնիսկ գործողութեան մը կը մղէ։ Սա արուեստ մըն է, որ կը թափանցէ մարդկային ուղեղը՝ ձայնի, շեշտադրման, մարմնի լեզուի եւ նոյնիսկ կեցուածքի միջոցով։ Հռետորութիւնը արդիւնաւէտ է, որովհետեւ մարդու ուղեղը հակուած է կողմնորոշուիլ դէպի «խօսող եւ վստահ» մէկուն, յատկապէս բարդ իրավիճակներու մէջ։ Մեր ուղեղը վստահութիւնը կը չափէ ո՛չ միայն բովանդակութեան, այլ «խօսքը ներկայացնելու» ձեւի հիման վրայ։

Հռետորութիւնը կ՚աշխատի երկու հիմնական հարթակով՝

Զգացական (pathos) - ոգեւորել, ցասում կամ կարեկցանք արթնցնել։

Բանական (logos) - տրամաբանութիւն, փաստեր եւ վերլուծութիւն ներկայացնել։

Երբ այս երկուքը հաւասարակշռուած են, խօսքը կ՚ունենայ հսկայ կշիռ։ Մարդիկ ո՛չ միայն կը լսեն, այլ կը համոզուին եւ կը գործեն։ Հասարակութիւնը կը սկսի նայիլ հարցերուն նոր տեսանկիւնով։

Հանրային ելոյթի ազդեցութիւնը կը կայանայ ո՛չ միայն ձեր ըսածի, այլեւ այն բանի մէջ, թէ ինչպէս կ՚ընէք այդ մէկը։ Եթէ երկու մարդ նոյն նախադասութիւնը ըսեն, երկուքն ալ նոյնը չ՚ըլլար. մէկը կրնայ տպաւորիչ ըլլալ, իսկ միւսը՝ սովորական։ Որովհետեւ շեշտադրումը, դադարները, ձայնի ելեւէջը եւ զգացումները մեր ուղեղին ազդանշաններ կ՚ուղարկեն։

Հռետորութիւնը՝ որպէս արուեստ, ծագում առած է հին Յունաստանէն եւ Հռոմէն։ Արիստոտել, օրինակ, հռետորութեան մասին կ՚ըսէր՝ «Յաջող խօսքը կը համոզումէ ո՛չ միայն բանականութեամբ, այլեւ զգացական ձեւով»։ Այդ օրերէն սկսեալ, մարդկային պատմութեան ընթացքին, հանճարեղ հռետորներ. ինչպէս՝ Ուինսթըն Չըրչիլ, Մարթին Լութէր Քինկ կամ Նիքիթա Խրուշչեւ, օգտագործած են խօսքը՝ ժողովուրդը շարժման, հաւատքի կամ պայքարի առաջնորդելու համար։

Երբ խօսքը ճիշդ ձեւով կ՚օգտագործուի, կը դառնայ հոգեբանական զէնք։ Եւ ամէն զէնք, իր ուժով, կրնայ աւերիչ ըլլալ։ Հիթլէրի նման կարգ մը բռնապետներ ճարտար կերպով օգտագործած են հռետորութիւնը՝ զանգուածներ մոլորեցնելու եւ ազգային բնոյթը ծայրայեղացնելու համար։ Անոր խօսքերը, հզօր պատկերներով եւ զգացական լարումով լի, դարձուցած էին ամբոխը անհամաչափ ուժի ծառաներ։

Եւ նոյն այս ուժը, երբ օգտագործուի բարիին ծառայելու համար, կրնայ ազատագրել։ Օրինակ՝ Մարթին Լութէր Քինկի «Երազ մը ունիմ» ճառը միայն լեզուական արուեստ չէր, այլ պատմութեան ամենամեծ շարժումներէն մէկուն առաջին քայլը համարուեցաւ։

Այսօր, թուային դարաշրջանին մէջ, հռետորութիւնը փոխուած է, բայց չէ կորսնցուցած իր էութիւնը։ Նոր հարթակներ՝ ինչպէս համացանցը, ընկերային ցանցերը եւ ուղիղ եթերները կը մղեն այն համոզման, որ իւրաքանչիւր մարդ կրնայ հռետոր ըլլալ, իսկ զանգուածները՝ աւելի խոցելի։ Այնուամենայնիւ, նուազած չէ հռետորութեան կարեւորութիւնը։ Քաղաքական գործիչներու քարոզարշաւներ, հասարակական շարժումներ ու նոյնիսկ ապրանքանիշերու գովազդները, բոլորը կը գործածեն հռետորական հնարքներ՝ ազդելու, ձգձգելու եւ ուղեցոյց ըլլալու համար։

Խօսքը՝ խելացիօրէն օգտագործուած, կրնայ մաքուր ուժ մը ըլլալ։ Հռետորութիւնը ո՛չ միայն կ՚արձագանգէ ժամանակներու ձայնին, այլ զայն կը ձեւաւորէ։ Արդարեւ, խօսքը ունի ուժ՝ առաջնորդելու, քանդելու, ոգեւորելու եւ բուժելու։

Ահա՛ թէ ինչու ամէն դար, ամէն շարժում, ի վերջոյ խօսքէ մը կը սկսի։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 4, 2025