ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ ՄԱՄՈՒԼԸ՝ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՇՈՒԱՐԻ ՄԷՋ
Լեզուն երբեք անշարժ երեւոյթ մը չէ։ Ան կը շնչէ հասարակութեան հետ, կը փոխուի ժամանակի ընթացքին եւ կը հարստանայ այն չափով, որքանով կը գործածուի մտածուած ու պատասխանատու կերպով։
Այս բնական շարժման մէջ մամուլը պատմականօրէն ունեցած է առանցքային դեր։ Թերթի էջերուն մէջ լեզուն միայն տեղեկութիւն հաղորդելու կամ բան մը պատմելու միջոց չէ, այլ նաեւ բառապաշար ձեւաւորելու, նոր իմաստներ հաստատելու եւ արտայայտչական միջոցներ կարգաւորելու գործիք։
Հայերէնի, մասնաւորապէս արեւմտահայերէնի պարագային, մամուլը երկար տարիներ եղած է բառապաշարի պահպանման եւ հարստացման գլխաւոր հարթակը։
Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, երբ լեզուն զրկուած է պետական հովանաւորութենէն, հայերէն թերթը դարձած է այն վայրը, ուր հայերէնը կը շարունակէ գործածուիլ իր ամբողջական գործառոյթով՝ քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ համայնքային բոլոր ոլորտներուն մէջ։
Դարերու ընթացքին հայ մամուլը անմիջական կերպով արձագանգած է հասարակական կեանքին։ Քաղաքական զարգացումները, գիտական նորութիւնները, մշակութային շարժումները եւ օրուայ անցուդարձը իրենց արտացոլումը գտած են թերթի լեզուին մէջ։ Այս ընթացքին լեզուն ստիպուած եղած է ստեղծել նոր բառեր, նոր բառակապակցութիւններ եւ նոր իմաստներ՝ համընթաց ժամանակին։
Բառապաշարի այս հարստացումը պատահական չէ եղած։ Թերթի լեզուն անցած է զտումի եւ խմբագրական պատասխանատուութեան միջով։ Նոր բառերը նախ փորձարկուած են մամուլի էջերուն մէջ, ապա միայն՝ լայն գործածութեան մտած։ Ահա թէ ինչո՞ւ մամուլը դարձած է բառարանագրութեան անփոխարինելի աղբիւր։ Հայերէնի բացատրական բառարանները մեծապէս սնուցուած են թերթերու եւ ամսագրերու լեզուական նիւթերով, իսկ այդ բառարաններուն մէջ բառերու կողքին դրուած օրինակները յաճախ քաղուած են մամուլի էջերէն։
Մասնաւորաբար, Պոլսոյ մամուլը երկար ժամանակ պահպանած է պարզութեան եւ լեզուական խնամքի միջեւ հաւասարակշռութիւնը։ Նոր հասկացութիւնները ներմուծուած են մտածուած կերպով՝ երբեմն հայերէն բառակազմական միջոցներով, երբեմն ալ անհրաժեշտ փոխառութեամբ, բայց միշտ՝ գիտակցաբար։
Վերջին տարիներուն, սակայն, մեր մամուլի լեզուական գործառոյթը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ, զգալիօրէն տկարացած է ընկերային ցանցերու տարածման պատճառով։
Հանրային խօսքի մեծ մասը տեղափոխուած է ընկերային ցանցեր եւ լեզուական դաշտը յաճախ յանձնուած է անխնամ հոսքի մը։ Այստեղ ամէն ոք իր կամեցած բառը կը գործածէ եւ իր նախընտրած ձեւով կը շարադրէ միտքը՝ առանց խմբագրական վերահսկողութեան։ Չկայ սրբագրիչ, չկայ նոյնիսկ ներքին խմբագրական հայեացք մը, որ կը փորձէ խօսքը տեղաւորել լեզուական որոշ չափանիշներու մէջ։
Արդիւնքը լեզուական ամենաթողութիւն մըն է, որուն մէջ նկատելի է, որ շտապողականութիւնը կը գերադասուի ճշգրտութենէն, իսկ սովորութիւնը՝ հաւասարակշռութենէն։
Ֆէյսպուքն ու նման հարթակները դարձած են հանրային խօսքի հիմնական վայրեր, սակայն, անոնք չեն կրնար ստանձնել այն պատասխանատուութիւնը, որ մամուլը պատմականօրէն ունեցած է լեզուի մշակման եւ բառապաշարի կարգաւորման գործին մէջ։
Ընկերային ցանցերու միջավայրին մէջ նոր բառերը կը ծնին արագ, բայց առանց ձեւի, առանց յստակ իմաստի կամ շարունակականութեան եւ օտար բառերը յաճախ կը գործածուին առանց հայերէն համարժէքի որոնման։ Բառապաշարի հարստացումի փոխարէն լեզուական խառնաշփոթ կը ստեղծուի։
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ՈՐՊԷՍ ՆՈՐ ՄԱՄՈ՞ՒԼ
Քսանմէկերորդ դարը մամուլին համար միայն ժամանակի փոփոխութիւն մը չեղաւ, այլ՝ ամբողջական վերաձեւում։
Տպագիր թերթը, որ տասնամեակներ շարունակ եղած էր հանրային կարծիքի ձեւաւորման գլխաւոր միջոցը, այսօր կը գտնուի նոր իրականութեան մը դիմաց, ուր լուրը այլեւս չի սպասեր առաւօտեան տպագրութեան ժամուն, այլ կը ծնի ու կը տարածուի ակնթարթի մէջ։ Ընկերային ցանցերը՝ Ֆէյսպուք, Ինսթակրամ, Էքս (Թուիթըր), ԹիքԹոք եւ այլ հարթակներ, աստիճանաբար ստանձնեցին այն դերը, որուն համար մամուլը երկար տարիներ պայքարած էր՝ ըլլալ հանրային խօսքի միջնորդը։ Սակայն, արդեօք անոնք նոր մամո՞ւլ են, թէ՞ մամուլին համար վտանգաւոր փոխարինում։ Այս հարցումը տեւական կը քննուի եւ տակաւին պատասխան չկայ։
Ընկերային ցանցերու հիմնական առաւելութիւնը անոնց արագութիւնն է եւ շատ մարդոց հասանելի ըլլալը։ Դէպքը կը պատահի եւ վայրկեաններու մէջ լուսանկար մը, տեսանիւթ մը կամ կարճ գրառում մը կը շրջի աշխարհը։ Այս արագութիւնը, սակայն, ունի իր գինը։ Լուրը կը զրկուի խորքէն, համաթեքստէն եւ վերլուծութենէն։ Այն, ինչ թերթի էջերուն մէջ կ՚անցնէր խմբագրական զտումի, փաստահաւաքման եւ լեզուական մշակման փուլերուն միջով, այսօր շատ յաճախ կը մատուցուի անխնամ, չստուգուած եւ երբեմն ալ՝ միտումնաւոր կերպով աղաւաղուած։
Դարերու ընթացքին մամուլը միայն տեղեկութիւն չէ փոխանցած, այլ՝ մտածողութիւն։ Թերթը ընթերցողին կը սորվեցնէր կարդալ նոյնիսկ տողերու ենթաթեքստը, համեմատել, կասկածիլ եւ հարցում տալ։
Ընկերային ցանցերու մէջ, հակառակը, լուրը յաճախ կը վերածուի զգացական հրաւէրի՝ «սիրել», «բարկանալ», «տխրիլ»։ Մտածումը կը զիջի արձագանգին։
Շատեր կը պնդեն, թէ ընկերային ցանցերը ժողովրդավարացուցած են մամուլը։ Այժմ ամէն մարդ կրնայ «խօսիլ», «լրագրող» ըլլալ, իր ձայնը կամ ապրածը լսելի դարձնել։ Այս երեւոյթը ունի իր լուսաւոր կողմը․ լռեցուած խումբեր, փոքր համայնքներ եւ անհատներ վերջապէս կ՚ունենան հարթակ մը։ Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, օրինակ, ընկերային ցանցերը հնարաւորութիւն ընձեռեցին պահպանել կապը լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային օրակարգի հետ՝ երբ տպագիր մամուլը նօսրացած էր կամ անհասանելի։
Սակայն, ժողովրդավարացումը միշտ որակ չի բերեր։ Ամէն ձայն հաւասար կշիռ կ՚ունենայ եւ փորձառութիւնը, գիտելիքը եւ պատասխանատուութիւնը կը դառնան երկրորդական։ Ճշմարտութիւնը կը խառնուի կարծիքին, իսկ աղմուկը կը ծածկէ միտքը։
Մամուլին ուժը միշտ եղած է ընտրութեան մէջ՝ ի՞նչ տպել, ինչպէ՞ս ներկայացնել, ո՞ր բառը գործածել։ Ընկերային ցանցերը այդ ընտրութիւնը կը յանձնեն չոր բանաձեւերուն, որոնց նպատակը ո՛չ թէ հանրային շահն է, այլ՝ ուշադրութեան պահպանումը։
Արեւմտահայ մամուլին համար այս հարցը ունի առանձնայատուկ ծանրութիւն։ Լեզուն, որ արդէն կը գտնուի վտանգուած վիճակի մէջ, ընկերային ցանցերու մէջ յաճախ կ՚ենթարկուի պարզեցման, խեղման կամ օտարաբանութիւններով ծանրաբեռնման։ Կարճ գրառումները, շտապ արձագանգները եւ տեսողական բովանդակութեան գերակայութիւնը չեն խրախուսեր լեզուական կարգապահութիւն։
Այնուամենայնիւ, նոյն այս հարթակները կրնան դառնալ լեզուի պահպանման միջոց, եթէ գործածուին գիտակցաբար։ Շատ երիտասարդներ իրենց առաջին հայերէն տողերը կը գրեն ո՛չ թէ թերթի մէջ, այլ՝ ընկերային գրառումի ձեւով։ Հարցը հետեւաբար ո՛չ թէ հարթակն է, այլ՝ անոր օգտագործման մշակոյթը։ Կը կարօտինք խմբագրական ներկայութեան՝ նոյնիսկ թուային տարածքին մէջ։
ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԸ
Մամուլը, իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ, երկար ժամանակ վայելած է վստահութիւն։ Թերթին անունը, խմբագրական կազմը եւ պատմութիւնը կը ծառայէին իբրեւ երաշխիք։ Ընկերային ցանցերու մէջ վստահութիւնը անձնական է եւ անկայուն։ Այսօր վստահելի թուացող աղբիւրը վաղը կրնայ բացայայտուիլ իբրեւ ապատեղեկատուութեան աղբիւր։
Այս վստահելիութեան ճգնաժամը վտանգաւոր է յատկապէս փոքր համայնքներու համար, մեր պարագային՝ սփիւռքահայութեա՛ն համար։ Սխալ լուրերը, կեղծ կոչերը կամ բաժանարար գրառումները կրնան խորացնել ներքին պառակտումները։ Այստեղ մամուլը կրնայ եւ պէտք է վերագտնէ իր դերը՝ իբրեւ զտող, մեկնաբանող եւ ուղղորդող ուժ։
ՄԱՄՈՒԼԸ՝ ԴԺՈՒԱՐ ՎԻՃԱԿԻ ՄԷՋ
Սակայն հայ մամուլի այսօրուայ տագնապը միայն դարու փոփոխութիւններու կամ ընկերային ցանցերու ճնշումով չի սահմանափակուիր։ Ծանր է վիճակը հայաշխարհի մամուլի պարագային։ Հայաստանի ներքաղաքական լարուած միջավայրը եւ հասարակութեան խորացող բեւեռացումը լրացուցիչ ծանրութիւն կը դնեն մամուլի ուսերուն։ Լրատուամիջոցները յաճախ կը յայտնուին քաղաքական դիրքորոշումներու միջեւ սեղմուած վիճակի մէջ, ուր չէզոքութիւնը կը մեկնաբանուի իբրեւ թաքուն կողմնակալութիւն, իսկ քննադատական մօտեցումը կը դիտուի իբրեւ թշնամական քայլ։ Այսպիսի մթնոլորտի մէջ ազատ լրագրութեան շնչառութիւնը կը նեղնայ, իսկ մամուլի հանդէպ հանրային վստահութիւնը՝ դանդաղ, բայց հետեւողական կերպով կը մաշի։
Շատ փորձառու լրագրողներ կը հեռանան ոլորտէն կամ կը տեղափոխուին այլ ասպարէզ, մինչ անփորձ երիտասարդները յաճախ մուտք կը գործեն մասնագիտութիւն մը, որ արհեստավարժներու կարիք ունի։ Արդիւնքը լրագրական որակի աստիճանական նահանջն է։
Բայց, քաղաքական ճնշումը եւ մասնագէտներու պակասը միայն մէկ երեսակն է խնդրին։ Տնտեսական գործօնները եւս կը կազմեն մամուլի լուռ, բայց խորքային մարտահրաւէրներէն մէկը։ Անկախ լրատուամիջոցներու գոյատեւումը օրէ օր կը դառնայ աւելի խոցելի՝ գովազդային շուկայի սահմանափակութեան, գանձատրական անորոշ աղբիւրներու եւ վճարող ընթերցողի մշակոյթի բացակայութեան պատճառով։
Այս բոլոր վտանգներուն դէմ դիմաց, ընկերային ցանցերն են, որ տեղ մը կարող են օգնութեան գալ մամուլին։ Հակասութիւն է, բայց, այդպէս է։ Անոնք կրնան դառնալ գործիք, եթէ մամուլը համարձակուի վերաձեւուիլ՝ առանց իր արժէքները զոհաբերելու։ Թերթը կրնայ գործածել ցանցերը՝ ընթերցողը հասցնելու դէպի խորքային բովանդակութիւն։
Արեւմտահայ մամուլը, յատկապէս, ունի եզակի առաքելութիւն։ Ան կրնայ ըլլալ այն տարածքը, ուր լեզուն կը մնայ խնամուած, միտքը՝ մշակուած, իսկ քննարկումը՝ արժանապատիւ։
Մամուլը, եթէ ցանկութիւն ունի յարատեւել, պէտք չէ ամբողջութեամբ պաշտպանուի ընկերային ցանցերէն այլ՝ մտածէ, վերարժեւորէ եւ խօսի նոր ժամանակի լեզուով՝ առանց մոռնալու իր արմատները։
Այսօր գրեթէ աներեւակայելի է պատկերացնել, թէ թերթի մէջ կամ լրատուական կայքի մը վրայ տպուած յօդուած մը ինքնիրեն կը գտնէ իր ընթերցողը։ Հանրային ուշադրութիւնը այլեւս չի սկսիր կայքէջի բացումով, այլ՝ ընկերային ցանցերու հոսքէն։ Մարդիկ հազուագիւտ կը մտնեն լրատուական կայք մը՝ պարզապէս կարդալու համար. Ընթերցումը կը սկսի ա՛յն պահուն, երբ յօդուածը երեւի Ֆէյսպուքի, Ինսթակրամի կամ այլ հարթակի վրայ։
Այս իրողութիւնը մամուլին համար կ՚ենթադրէ նոր մտածողութիւն։ Յօդուածը այլեւս միայն թերթի էջին կամ կայքի սիւնակին համար գրուած թեքստ մը չէ, այլ բովանդակութիւն մը, որ պէտք է կարողանայ անցնիլ ընկերային ցանցերու միջով՝ առանց իր արժէքը կորսնցնելու։ Ֆէյսպուքի գրառումը կամ Ինսթակրամի նկարին կից տողերը չեն փոխարիներ յօդուածը, այլ կը ծառայեն իբրեւ դուռ, որմէ ներս ընթերցողը պիտի ուղղորդուի դէպի ամբողջական բովանդակութիւնը։
Գործնական իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընթերցողներու մեծ մասը յօդուածին կը հասնի ուղղորդումով։ Քիչերն են, որոնք օրական կը բանան լրատուական կայք մը եւ կը թերթեն զայն հին սովորութեան պէս։ Մեծամասնութիւնը կը հանդիպի յօդուածին՝ ցանցային հոսքի մէջ, ընկերոջ մը բաժնած գրառման, էջի մը հրապարակման կամ արհեստական բանականութեան մշակած առաջարկի միջոցով։ Այս պատճառով մամուլը չի կրնար արհամարհել այն միջավայրը, ուր իր ընթերցողը արդէն կը գտնուի։
Սակայն, ուղղորդումը ինքնանպատակ չէ։ Ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած գրառումը պէտք է չսպառէ բովանդակութիւնը, այլ հետաքրքրութիւն յառաջացնէ։ Ան պէտք է հրաւիրէ ընթերցողը մտածելու, ոչ թէ միայն արձագանգելու։ Երբ յօդուածը կը սեղմուի մէկ-երկու նախադասութեան մէջ եւ ամբողջովին «սպառուի» հարթակի վրայ, կայք այցելելու կարիքը կը վերանայ։ Այդ պահուն մամուլը կորսնցուցած կ՚ըլլայ իր խորքային ընթերցողը։
Ընկերային ցանցերը այս իմաստով կրնան դառնալ ո՛չ թէ մամուլի փոխարինում, այլ՝ անոր դաշնակիցը։ Ճիշդ օգտագործուելու պարագային անոնք կը ծառայեն իբրեւ անցումային տարածք՝ հոսքէն դէպի թեքստ, արագ արձագանգէն դէպի մտածուած ընթերցում։ Մամուլին մարտահրաւէրը հետեւաբար ո՛չ թէ ներկայ ըլլալն է ցանցերուն մէջ, այլ՝ ներկայ ըլլալ գիտակցաբար։
Ուստի, կարելի է ըսել, որ լեզուն, մամուլը, ընկերային ցանցերը եւ մենք այսօր կը գտնուինք նոյն հասարակական շուարին մէջ։ Այս շուարը ինքնին ո՛չ բարին է, ո՛չ ալ չարը․ զայն պարզապէս ներկայ ժամանակին արտացոլումն է։ Ո՛չ մէկը կրնայ դուրս մնալ այս շրջապտոյտէն։ Լեզուն չ՚ապրիր առանց գործածողի, մամուլը՝ առանց ընթերցողի, իսկ ընթերցողը՝ առանց պատասխանատու միջավայրի։ Ընկերային ցանցերը փոխեցին հաղորդակցութեան ձեւը, բայց, չեն վերացուցած մտածուած խօսքի կարիքը։ Ընդհակառակը՝ այդ կարիքը աւելի շեշտուած է։ Եթէ մամուլը յաջողի այս դիրքէն խօսիլ, իսկ մենք՝ որպէս ընթերցողներ եւ լեզուն գործածողներ, գիտակցինք մեր բաժին պատասխանատուութեան, ապա հասարակական շուարը կրնայ չդառնալ անկառավարելի, այլ՝ շարժում մը, ուր լեզուն կը շարունակէ շնչել, մամուլը՝ ուղղորդել, իսկ մարդը՝ մտածել։ Եւ թերեւս այս է այսօրուան ամենամեծ հրամայականը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան