ԼԵՒՈՆ ՄՈԶԵԱՆ (1890 - 1958)

Ներկայիս մեր՝ հայկական իրականութեան մէջ թարգմանական աշխատանքը ո՛չ այդքան փայլուն վիճակ մը ունի: Ո՛չ մեր ունեցածը կրնանք ուրիշներուն հրամցնել պատշաճօրէն եւ ո՛չ ալ ուրիշին լաւը կրնան ներկայացնել մեր ընթերացասէր հասարակութեան:

Թարգմանութիւններ շատ կը կատարուին, գլխաւորաբար օտար լեզուներէ հայերէնի: Բայց եթէ պահ մը ուշադրութեամբ սերտենք կամ աչքէ անցընենք այդ կատարուած թարգմանութիւնները, ապա պիտի նկատենք, որ այդտեղ ծանրութիւն ունեցող ո՛չինչ կայ (մի քանի բացառութիւնները միշտ յարգելով): Այս բոլորը նկատի ունենալով, ինչպէս նաեւ անցնող երկու շաբաթներուն Լեւոն Մոզեանի կեանքն ու գործունէութիւնը եւ գրութիւնները ներկայացուցած ըլլալու հանգամանքը, այսօր եւս Մոզեանին կը դիմենք, մեր ընթերցողներուն ներկայացնելով անոր՝ 1956-ին գրած մէկ յօդուածը՝ «Ո՞ւր է մեր թարգմանական գրականութիւնը» վերանգիրը կրող, որ այնքան այժմէական է նաեւ մեր օրերուն:

***

Ներկայիս, ամէն տեղ եւ ամէն առթիւ կը յեղյեղուի, թէ հայկական սփիւռքի մէջ հայ գրականութիւնը իր բարգաւաճումի շրջանին մէջ կ՚ապրի, եւ նոյնիսկ կան միամիտներ ըսելու համար, որ արեւմտահայ գրականութեան «ոսկեդարն» է մեր ներկայ գրական շրջանը: Ոսկեդար կամ ոչ, այս բառերը ոչինչ կը փոխեն իրականութենէն, եւ այս բոլոր ինքնագոհ գնահատութիւնները կը մնան անհատական կարծիքներու սահմանին մէջ, առանց որեւէ դոյզն քննութեան դիմանալու:

Բայց այս կարծիքներու ճշդութեան նուազագոյն ապացոյց մը գտնելու յոյսով, կ՚արժէ հարցնել միւս բոլոր խնդիրներէն անկախաբար, թէ ներկայիս կա՞յ թարգմանական գրականութիւն մը մեր մէջ: Վերջին երեսուն տարիներու սփիւռքի մեր կեանքին մէջ, օտար քանի՞ հեղինակներ ծանօթացուած են հայերուս իրենց գործերով: Սակայն, ասոր պատասխանել փորձելէ առաջ, նախաշաւիղ ուրիշ հիմնական հարցումի մը պատասխանը պէտք է փնտռել, թէ ի՞նչ անհրաժեշտութիւն կայ թարգմանական գրականութեան, երբ գաղթահայ գրականութիւնը այնպիսի վիճակի մը մէջ կը գտնուի, ինչպէս կ՚ըսեն շատեր, որ կրնանք ինքնաբաւ համարել զայն ու անոր այս կացութիւնը միւս կողմէ զայն զերծ կը պահէ օտար շունչէ եւ ազդեցութենէ:

Որեւէ ազգային գրականութիւն կրնա՞նք ամբողջական նկատել, երբ չունի թարգմանական լայն բաժին մը օտար գործերու, դասականներէն սկսած մինչեւ ժամանակակից շրջանի կարեւորագոյն հրատարակութիւնները: Բայց այս պայմանը արդեօք քմածին չէ՞, կամ գոնէ չափազանցուած: Բնաւ երբեք: Արդարեւ, ի՞նչ է մեր ոսկեդարը, զոր իրաւացիօրէն կամ ոչ, այդպէս յորջորջուեցաւ, եւ որ գրեթէ ամբողջութեամբ թարգմանական գրականութիւն էր, Աստուածաշունչէն սկսեալ մինչեւ յետին մեկնաբանութիւնները կրօնական խնդիրներու: Մօտաւոր անցեալին, թրքահայութեան մէջ քի՞չ էին թարգմանութիւնները: Իզմիրի մէջ, մէկ քանի գրողներ, Մամուրեանէն ու Չիլինկիրեանէն սկսած օտար գործերու թարգմանութեանց երկար շարք մը տուին մեզի, առանց հաշուելու Պոլսոյ մէջ եղած հրատարակութիւնները: Նոյն երեւոյթը տեղի կ՚ունենար նախասովետական Կովկասի մէջ եւ այժմ ալ՝ Հայաստան:

Մեզի ծանօթ եւրոպական որեւէ գրականութիւն գրեթէ հաւասար աստիճանի կարեւորութիւն կ՚ընծայէ օտար գործերու թարգմանութեանց եւ ներկայիս շատ աւելի, քան թէ ասկէ կէս դար առաջ: Վերջերս կը կարդայի տեղ մը, որ արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ, ուր ժողովուրդը հազիւ թէ իր աւերակները սկսած էր վերաշինել, հազարներով կը հաշուուին օտար գործերու թարգմանութիւնները: Վստահօրէն կարելի է ըսել, թէ ֆրանսական հրատարակչական տուները, ներկայիս, իրենց հրատարակութեանց մէկ կարեւոր մասը թարգմանութիւններու կը յատկացնեն: Ու փոխադարձաբար, կը տեսնենք յաճախ, որ Փարիզի մէջ լոյս տեսած գործ մը, քանի մը ամիս ետք արդէն մէկ քանի լեզուներու թարգմանուած է:

Ի՞նչ է թարգմանութեանց հանդէպ ամէն կողմէ ցոյց տրուած այս եռանդին պատճառը: Երբ ֆրանսացիները օտար գործ մը կը թարգմանեն, չե՞ն մտածեր արդեօք, ինչպէս պիտի խորհէին մերայինք, թէ թարգմանելի օտար հեղինակին համարժէք իրենք ալ ֆրանսացի գրողներ ունին, հետեւաբար աւելորդ է նման ձեռնարկ մը կատարել: Կամ թէ, օտար գործերու թարգմանութիւնները ի՞նչ պիտի կրնան աւելցնել ֆրանսական գրականութեան վրայ, երբ թէ՛ հին սերունդներու եւ թէ նոր հասած գրողներու գործերը, իրենց այլազանութեամբ ու տաղանդի անվիճելի արժէքներով, ի վիճակի են գոհացում տալու ֆրանսացի գրասէր հասարակութեան պահանջներուն:

Հիմնովին սխալ է այս տրամաբանութիւնը եւ արդէն իրականութիւնը կու գայ ինքնին հերքելու անոր բոլոր առարկութիւնները:

Ներկայիս, կ՚ապրինք այնպիսի դարաշրջանի մը մէջ, ուր ո՛չ միայն գրականութեան, այլ նաեւ մարդկային կեանքի ամէն երեւոյթի, տնտեսական, քաղաքական եւ գիտական ամէն ասպարէզի մէջ, ո՛չ մէկ երկիր, որքան ալ այս մարզերուն մէջ առաջնակարգ դիրք գրաւած ըլլայ, չի կրնար ինքնաբաւ կերպով ապրիլ, եթէ չ՚ուզեր իր նուաճած դիրքերը կորսնցնել եւ ինքն իր մէջ հալիլ ու կորսուիլ («Զուարթնոց», ամսաթերթ գրականութեան եւ արուեստի, Նոր շրջան, Ա. տարի, թիւ 7, մայիս-յունիս 1956, Փարիզ, էջ 1):

Նախորդ յօդուածով ըսինք, թէ ոչ մէկ ազգի գրականութիւն ինքնաբաւ չի կրնար ըլլալ, եթէ չ՚ուզեր մնալ վտիտ ու տկար: Այսպէս է նաեւ ամէն ասպարէզի մէջ: 

Աչքի առջեւ բերէք պատերազմի շրջանին ամէն երկրի մէջ ստեղծուած ինքնաբաւ տնտեսութեանց պարագան եւ անոնց հետեւանքով՝ ժողովուրդներու զրկանքներուն երկար շարքը: 

Այժմ, ոչ մէկ ազգի տնտեսութիւն կրնայ ինքնաբաւ ապրիլ, որքան ալ այդ երկիրը արտադրական մեծ կարողութեամբ օժտուած ըլլայ: Բազմաթիւ նիւթեր ու արտադրութիւններ կան, հում կամ ոչ, որ ամէն երկրի կը պակսի, եւ այս նիւթերը պարտադրօրէն օտար երկիրներէ պիտի ներածէ: Ուրիշ ելք չկայ, եթէ որեւէ երկրի տնտեսութիւնն ու ճարտարարուեստը պիտի աշխատին, ի նպաստ այդ երկրի ժողովուրդին բարօրութեան: Փոխադարձ կախումի այս երեւոյթը հետզհետէ աւելի շեշտուեցաւ՝ մանաւանդ վերջին քառորդ դարու քաղաքական ու ընկերային իրադարձութեանց հետեւանքով:

Այսօր բոլոր երկիրներն ու ժողովուրդները փոխադարձարար հարկատու են իրարու, կարենալ ապրելու համար: 

Գրականութիւնը եւս, ինչպէս նաեւ մշակոյթի ամէն ճիւղ, այսպէս է: Անոնք չեն կրնար գոց կաթսայի մէջ ո՛չ զարգանալ եւ ոչ ալ մանաւանդ ապրիլ: Մարդկային միտքը այնպիսի ինքնայատուկ կարողութիւններով օժտուած է, որուն հետեւանքով զանազան ազգերու մէջ ի յայտ եկած գրական գործերը, իրենց արտայայտութեան ձեւին, իրենց խորքին եւ իրենց յարուցած խնդիրներուն պատճառով մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնան եւ հետեւաբար անհրաժեշտ կ՚ըլլայ զանոնք թարգմանելով հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել:

Ազգային որեւէ մշակոյթ կամ գրականութիւն չի կրնար բարգաւաճիլ ու զարգանալ, եթէ հաղորդակից չմնայ օտար հորիզոններու տակ ապրող մշակոյթներու եւ գրականութեանց վաստակին: Որեւէ ազգային գրականութիւն, որքան ալ մեծ ըլլան իր յաւակնութիւնները իր արժէքներուն մասին, չի կրնար մարդկային մտքի բոլոր երեսները ամբողջովին ցոլացնել: Անհրաժեշտ է, որ մանաւանդ միտքի ու գիրի կալուածներուն մէջ ամէն երկինքներու տակ ապրող մարդոց մէջ ստեղծուի այն համակեցութիւնը, զոր մարդիկ կը ջանան առաջ բերել քաղաքական ու ընկերային կեանքի մէջ: Մնաց որ, ազգային որեւէ գրականութիւն, ինքն իր պատեանին մէջ ամփոփուած եւ իր միատեսակ սնունդով սահմանափակ, անվիճելիօրէն պիտի ճապաղէր ու ի վերջոյ անարիւնութեան նախանշաններ երեւան պիտի բերէր:

Գրողն ու ընթերցող հասարակութիւնը հաւասարապէս պէտք ունին շատ հեռուները երկարող լայն հորիզոններու՝ ո՛չ միայն իրենց մտքի սահմանները ընդարձակելու, այլ նաեւ իրենց փոքրիկ աշխարհը՝ որ նկուղի մը պատերէն անդին չ՚երկարիր, դէպի մեծ աշխարհը տարածելու եւ այսպէսով անձնականէն դէպի մարդկայինը փոխադրուելու համար: Համամարդկայինին հետ այս հաղորդութիւնը՝ մանաւանդ ժամանակակից մարդուն համար անհրաժեշտութիւն մըն է, միջազգային մտածողութեան լայն պողոտաներուն եզերքը՝ փոշիներուն մէջ շնչահեղձ չըլլալու համար:

Ասոնցմէ զատ, մեր ներկայ քաղաքակրթութիւնը, իր յարուցած բազմաթիւ հարցերով.- մարդ անհատին դիրքը՝ հասարակութեան մէջ եւ բնութեան ուժերուն հանդէպ, նոյն այդ անհատին հոգեկան ներքին կեանքը եւ անոր անդրադարձումը իր արարքներուն եւ հանրային կեանքին վրայ, - անհրաժեշտ կը դարձնեն, որ գիտնանք, թէ մեզմէ դուրս ինչե՞ր կը մտածեն ու կը զգան մարդիկ, եւ ինչպէ՞ս կը բանաձեւեն այն խնդիրները, որոնք ամէն օր բանիմաց մարդու մը ուղեղը կը յաճախեն:

Գրականութիւնը, որուն գլխաւոր գործիքը լեզուն է, անխուսափելիօրէն պէտք ունի մշտական երիտասարդութեան նորոգման: Լեզուին երիտասարդութիւնը՝ անոր ժամանակակից ըլլալուն մէջ է թէ՛ իր ժողովուրդին եւ օտար մշակոյթներուն հետ: Բնականոն պայմաններու մէջ այս երեւոյթը լեզուին մէջ, տեղի կ՚ունենայ վարէն եւ վերէն: Մէկ կողմէ ժողովուրդն է, որ կենսական երակը կը հայթայթէ լեզուին, իսկ միւս կողմէ գրողները՝ օտար մշակոյթներու հետ ունեցած կապով, զայն կը նորոգեն իրենց նորաստեղծ բառերով ու ասութիւններով: Այս երկու հիմնական տարրերէն առաջինը՝ այսինքն ժողովուրդին տուրքը մեր լեզուին, գրեթէ ամբողջութեամբ կը բացակայի այժմ, պարզ այն պատճառով, որ համախումբ ժողովուրդի մը համակենցաղը չկայ մեր գաղութներէն մեծ մասին մէջ: Գալով երկրորդին, որ գրողներուն տուրքը պիտի ըլլար, լեզուին կենսունակութիւնը բարձր պահելու համար, կախում ունի մեծ մշակոյթներու հետ անոնց ունեցած յարաբերութենէն: Ու ասիկա եւս կը բացակայի ներկայիս, մեր գրողներու անտարբերութեան կամ անհոգութեան պատճառով: Ահա հոս է, որ իր կարեւոր տեղը ունի թարգմանական գրականութիւնը, որուն միջոցով կարելի է մասամբ լրացնել լեզուին ու նաեւ գրականութեան ժամանակակից ըլլալու պահանջը:

Մեր ոսկեդարու գրաբարը՝ իբր լեզու, իր լեզուական հարստութիւնը, ճկունութիւնը եւ բարգաւաճումը կը պարտի թարգմանական գրականութեան:

Լեզու մը երբ կը դադրի ժամանակակից ըլլալէ, իր կապը կը խզէ մէկ կողմէ իր ժողովուրդին եւ միւս կողմէ զինքը շրջապատող աշխարհին հետ, ու հետզհետէ կը դառնայ միմիայն մէկ դասի մը (քասթ) գործիքը, օր մըն ալ մեռեալ լեզուի մը վերածուելու համար: Այսպէս եղան մեր գրաբարը եւ լատիներէնը:

Այս բոլորը անհրաժեշտութիւն մըն է, մեզի պէս մարդոց մէջ՝ իբր մարդ ապրելու համար եւ ոչ թէ խոտի մը պէս պատին տակը բուսնիլ եւ հոն թառամիլ ու չորնալ:

Մեր մէջ, է, որ առնուազն արհամարհանք գոյութիւն ունի օտար գրականութեանց եւ օտար գլուխ-գործոցներու հանդէպ: Հարցուցէք մեր գրողներէն մեծ մասին, թէ ի՛նչ գիտեն ժամանակակից օտար մեծ հեղինակներու գործերուն մասին: Վստահ եմ, որ անոնց ամբողջ գիտութիւնը Միւսէէն, Հիւկոյէն եւ Կէօթէէն ասդին չ՚երկննար, եթէ տակաւին ասոնց մասին ալ իրենց ծանօթութիւնը լսովի չէ միայն: Բացէք որեւէ հայ օրաթերթ կամ պարբերաթերթ, աչք մը նետեցէք առաջինին «գրական» թիւերուն կամ էջերուն եւ երկրորդին ամբողջ բովանդակութեան վրայ, պիտի տեսնէք, որ անոնք ջրհորի մը նման մութ են եւ խուլ, երբ իրենց շուրջը տիրող կենդանի աղմուկն ու մտքի յորդ լոյսերը վկաներն են այն եռուն կեանքին, ուր քաղաքակրթութիւն մը կը մաշի եւ նորի մը հիմերը կը նետուին:

Այս հետաքրքրութենէն եւ մտահոգութենէն զրկուած են հայ գրողներուն մեծ մասը եւ հայ խմբագիրները: Անոնք բնաւ չեն անդրադառնար, որ հայ գրականութիւնը, իր ներկայ աղքատ վիճակին մէջ, չի կրնար որեւէ կենսունակութիւն ցոյց տալ, եթէ գրականութեան մշակները նախ իրենք իրազեկ չըլլան, թէ ի՛նչ նոր բաներ կ՚ըսուին մեր չորս պատերէն դուրս եւ ի՛նչ նոր խնդիրներ կը յուզուին օտար հորիզոններու տակ: Կարելի չէ ո՛չ թերթ հրատարակել եւ ոչ ալ գրի հաւատարիմ սպասարկու ըլլալ, առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ են թերթին ու գիրին պահանջները, եւ միւս կողմէ ալ հայ գրասէր հասարակութեան ակնկալութիւնները անոնցմէ: 

Օտար գործերու հանդէպ եղած այս անտարբերութիւնը արդիւնք է ինքնագոհ տգիտութեան մը, որուն մէջ տեղ ունի մեզմէ շատերուն հիւանդագին քոմփլէքսը: Այս պատճառով, անոնք սնամէջ մեծամտութեամբ մը կը կարծեն, թէ մեր մշակոյթի անցեալ բարքերը կրնան մեզի սնունդ հայթայթել մեր ներկայ պայմաններուն մէջ: Պէտք է գիտնալ, որ մեր անցեալ բարքերը պատմական արժէք միայն ունին, ոչ աւելի: Ճիշդ է, որ պէտք է նախ անոնցմով հաղորդուիլ, ինչ որ մանուկին մկրտութեան կը համապատասխանէ, բայց այդ մանուկը դիեցնելու եւ մեծցնելու համար, անհրաժեշտ է օրուան թարմ կաթը հայթայթել անոր ամէն օր: Այս թարմ սնունդը հինէն չի գար, եւ նորին համար ալ, որքան որ մեր բերանաբաց յաւակնութիւնները խոշորացոյցով ցոյց տան մեզի մեր ստեղծագործական կարողութիւնները, ասոնք դեռ բաւական չեն, մեր մարդկային կացութիւնը հասցնելու ժամանակակից քաղաքակրթութեան մակարդակին եւ մեզ նոյնացնելու ամբողջ երկիրներու մէջ մտածող ու զգացող մարդոց հետ: Այս նոյնացման մասին է, որ Նիցչէ կ՚ըսէ. «Այն օրը որ մարդը կատարելապէս նոյնանայ մարդկութեան, ան կրնայ ամբողջ բնութիւնը շարժման մէջ դնել»:

Մեր գրողներու հանգստաւէտ լաւատեսութիւնը եւ գերադասութեան հիւանդագին կնճիռը զիրենք կապտած են իրենց նստած տեղերը, կապտելով նաեւ անոնց աչքերն ու ականջները: Գիշերային ծանօթ թռչունին նման, անոնք սոսկում կը զգան արեւու լոյսէն, որ պիտի յոգնեցնէր անոնց աչքերը, ու նաեւ թարմ ու կենարար օդէն, որ աւելորդ շարժումներ պիտի պարտադրէր անոնց թոքերուն:

Առանց ասոնց, մեր մտքի հորիզոնը կը մնայ փակուած, կարծես բանտի մը խոնաւ պատերուն մէջ եւ մենք կը մնանք առանձնացած ու օտար աշխարհի մը մէջ, որ ամէն օր կը փոխուի եւ կը թաւալի, դժբախտ օր մըն ալ մեր վրայէն թաւալելու համար:

***

Առաջին պատերազմէն ետք, երբ գաղթահայ գրականութիւն մը սկսաւ ստեղծուիլ, քանի՞ օտար կարեւոր գործ թարգմանուեցաւ հայերէնի, թէ՛ ծաւալի եւ թէ կարեւորութեան տեսակէտով: Դեռ աւելին, եթէ այս թարգմանութիւնները չեն եղած, սակայն որեւէ լուրջ ձեռնարկ կատարուա՞ծ է, պարբերաբար եւ կանոնաւոր կերպով, գոնէ ծանօթացնելու այդ գործերը, ներկայացնելու անոնց նիւթը, ինչպէս նաեւ հեղինակները, վերլուծելով անոնց գրական հանգանակը եւ փիլիսոփայութիւնը: Այս աշխատանքը պիտի կատարէին առաւելապէս պարբերաթերթերու խմբագրութիւնները, եթէ անոնք իրենց անվերջանալի արտատպութիւններէն, անշահ յուշագրութիւններէն եւ անհամ ու անհոտ բանաստեղծութիւններէն եւ նորավէպերէն դուրս, ուզէին իրապէս օգտակար գործ մը կատարել: Դժբախտաբար, մեր թերթերն ու պարբերաթերթերը լեցուն են տասն անգամ ծամծմուած եւ բոլորովին մաշած նիւթերով: Նոր միտքը՝ իր այլազան արտայայտութիւններով, գրականութեան թէ մտածման ուրիշ կալուածներու մէջ, կը բացակայի հոն:

Թարգմանական գրականութեան այս տխուր պատկերին քով, ուրախալի է տեսնել, որ վերջերս մէկ քանի տկար փորձեր եղան, անտարբերութեան կարծրացած պատեանը պատռելու ձգտումով: Մեր ձեռքին տակ ունինք Ժան Անույեի (ոչ թէ Անուիլ] Անթիկոնը, թարգմանուած Օրդ. Վարդուհի Ճէլալեանի կողմէ Պոլսոյ մէջ, եւ Պէյրութի Ակօս պարբերաթերթին մէջ վերջին տարիներս թերթօնի ձեւով լոյս տեսած թարգմանութիւնները, Անտրէ Ժիտի Բաց դուռը, Ալպէռ Գամիւի Օտարականը եւ Ժան Փոլ Սարթրի Աղտոտ ձեռքերը: Ասոնցմէ միայն Անթիկոնն է, որ գրքոյկի ձեւով հրատարակուած է: 

(«Զուարթնոց», ամսաթերթ գրականութեան եւ արուեստի, Նոր շրջան, Ա. տարի, թիւ 8, յուլիս-օգոստոս 1956, Փարիզ, էջ 3 եւ 8):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025