ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՔՑՆՈՂ ՀՈԳԻՆ՝ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Գրականութեան մէջ կան ժանրեր, որոնք անցողիկ են՝ համակուած պահի թրթիռով, տրամադրութեամբ, իսկ կան ուրիշներ, որոնք կը վերածուին աւանդի, կ՚անցնին սերունդէ սերունդ ու կը դառնան պատմական ու մարդաբանական վկայութիւններ։ Յուշագրութիւնը այս երկրորդին կը պատկանի։

Յուշագրութիւնը, ինչպէս բառը կը մատնանշէ, յիշողութեան արձանագրութիւնն է։ Անոր միջոցաւ գրողը կը փորձէ ի մի բերել կեանքի ուղին եւ գրիչով կերտել այն աշխարհը, որուն մէջ ապրած ու շնչած են ինք կամ ուրիշներ։ Այս ժանրը անպայմանօրէն կ՚անցնի անհատականէն դէպի հասարակական, որովհետեւ անձին յիշողութիւնը երբեք առանձին կղզի մը չէ․ ան յարաբերուած է իր դարուն, իր միջավայրին, իր ժողովուրդին, մարդկութեան։ 

Յուշագրութեան առաջին կարեւորութիւնը անոր պատմական բնոյթն է։ Հոն կը պահուին դարաշրջանի իրական պատկերները՝ քաղաքական իրադարձութիւններ, հասարակական խռովքներ, մշակութային շարժումներ։ Պատմիչը կը գրէ փաստերը, մինչ յուշագիրը աւելի խոր կը թափանցէ՝ բացայայտելով ներսի խռովքն ու ապրումներուն մարդկային երեսը։ Այս կամ այն իրադարձութեան ականատեսներու գիրքերը անփոխարինելի աղբիւրներ են ո՛չ միայն պատմաբաններու, այլ նաեւ՝ ընթերցող հասարակութեան համար։ 

Բացի պատմական վկայութենէն, յուշագրութիւնը գրական արժէք ալ ունի։ Գեղարուեստական լեզուն, ներքին պատմողական շեշտը, պատկերներու ուժը յուշագրութիւնը կը դարձնեն ինքնուրոյն գրական ժանր։ Ան կը գրաւէ թէ՛ պատմական ճշգրտութեամբ, թէ՛ ոճական արժէքով։ Հոն կը տեսնենք անձերու դիմանկարներ, որոնք երբեմն առասպելի ուժով կը ներկայանան եւ հոն կը լսենք ժամանակներու ձայնը, որ այլեւս գոյութիւն չունի։

Յուշագրութեան երրորդ կարեւորութիւնը բարոյական է։ Ան մեզի կը սորվեցնէ պահել ու պահպանել յիշողութիւնը, յարգանք ցուցաբերել անցեալին հանդէպ եւ գիտակցիլ, որ մեր ինքնութիւնը ժամանակի շղթայի մէկ օղակն է։ Յուշագրութիւնը նաեւ յուսադրիչ եւ ապրեցնող է․ նոյնիսկ ամենախաւար փորձառութիւններու մէջ գրողը կը փնտռէ իմաստ, կը մխիթարէ ընթերցողը, կը փոխանցէ տոկունութեան պատգամ։

Այս պատճառով ալ կարելի է ըսել, որ յուշագրութիւնը գրականութեան հոգին է։ Ան կ՚ամփոփէ անհատն ու ժողովուրդը՝ հատելով սահմանները փաստագրութեան եւ կը վերածուի վկայութեան, որ կը պահպանէ մեր կեանքի անմոռանալի գիծերը։ Յուշագիր գրողները չեն ստեղծեր միայն գիրք, այլ կ՚աւանդեն կեանք, իբրեւ պատգամ՝ ապագայ սերունդներուն։

Երբեմն կը պատահի, որ մենք՝ որպէս ընթերցողներ, ներքուստ կը նախանձինք այն անձերուն, որոնք պատահաբար կամ ճակատագրի բերումով պատմական կարեւոր իրադարձութիւններու ականատես եղած են։ Անոնք ապրած են այն պահուն, երբ ժողովուրդներու ճակատագիրը կ՚որոշուէր եւ հոն գտնուելով՝ իրենց աչքերով տեսած են այն, ինչ մեզի կը հասնի միայն պատմագիրներու չոր տողերուն միջոցով։ Իսկ մանաւանդ անոնք, որոնք առիթ ունեցած են հանդիպելու աշխարհահռչակ անհատներու՝ բանաստեղծի մը, քաղաքական գործիչի մը, երաժիշտի մը կամ գիւտարարի մը, կարծէք ստացած են պատմութեան անմիջական շունչը շնչելու բացառիկ շնորհը։

Հայ գրականութիւնն ալ հարուստ է յուշագրական գանձերով։ Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը՝ լի փորձառութիւններով, աքսորներով, վերածնունդներով եւ ճակատագրական ճեղքերով, գրեթէ բնական կերպով ծնած է այս ժանրին բազմաթիւ օրինակները։

Արդէն Միջնադարուն կը հանդիպինք պատմավէպերու եւ յուշագրական բնոյթով արձանագրութիւններու։ Բայց 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն յուշագրութիւնը ամենաշատը հարստացուցած է մեր գրականութիւնը։ 

Սփիւռքի մէջ ալ յուշագրական ժառանգութիւնը դարձած է գոյատեւման եւ ինքնութեան պահպանման միջոց։ Լիբանանէն մինչեւ Ֆրանսա, Ամերիկայէն մինչեւ Աւստրալիա, տասնեակ հազարաւոր հայեր իրենց գրաւոր խօսքով արձանագրած են անձնական փորձառութիւնները, ապրումները, ժամանակի իրադարձութիւնները, որոնք կարեւոր ուսումնասիրութիւններ են հայութեան տեղաշարժի տեսակէտէ։ 

Այսօր եւս յուշագրութիւնը կը շարունակէ մնալ կենսունակ ժանր։ Այդպիսի գրութիւններուն մէջ ընթերցողը կ՚ունենայ հնարաւորութիւն՝ հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս ձեւաւորուեցաւ իր ինքնութիւնը, ինչպէ՛ս ապրեցան նախորդները եւ ի՛նչ պատգամներ ունին անոնք ապագայի համար։

Այս պատճառով յուշագրութիւնը հայ գրականութեան մէջ գեղարուեստական ժանր ըլլալէ առաջ ազգային գոյութեան անմիջական վկայութիւնն է։ 

Այսօր հետաքրքրութեամբ կ՚ընթերցուին թէ՛ գրողներուն, նշանաւոր մարդոց յուշերը, թէ՛ այն յուշերը, որոնք գրուած են իրենց մասին։ 

Հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի մասին յուշեր գրած են շատ անուանիներ, ընկերներ, հարազատներ, այդ կարգին նաեւ իր դուստրը՝ Նուարդը, որ նոյնպէս հայագէտ եղած է։ Թումանեանի մասին գրուած յուշերը լի են անմիջականութեամբ, որ բնորոշ են իրեն՝ գրողին։ 

Յովհաննէս Թումանեանի շուրջ արձանագրուած պատմութիւնները ցոյց կու տան, թէ ինչպէս անհատական յիշողութիւնը կը վերածուի ժամանակագրական եւ մշակութաբանական վկայութեան։

Գրողի զուարթասիրութիւնն ու անզուգական ներաշխարհը ակնառու կերպով կը փոխանցեն իր անձնական ստեղծագործական փորձառութիւնը, ատոր հետ նաեւ՝ ժամանակաշրջանի ու հասարակութեան իրական դիմանկարը։ 

ՅՈՒՇԵՐ՝ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Թումանեան յաճախ կը սիրէր կատակել, զուարճացնել իր երեխաները։ Իսկ զաւակները, որոնք ամէն բանով կը փափաքէին նմանիլ իրենց հայրիկին, նոյն ոգին ունէին։ Դուստրերէն Թամարն ալ մանկութենէն ծանօթ եղած էր կատակին, մանաւանդ՝ երբ զրոյցը կը պտտէր հայրիկին շուրջ։ 1919-ին, երբ Լոռեցիներու հայրենակցական միութիւնը հրաւիրած էր Թումանեանը՝ իր 50-ամեայ յոբելեանը նշելու, բանաստեղծը կատակած էր.

-Գնամ լոռեցիներու քեֆին, շաշերը (խենթերը) հաւաքուած են։

Նոր-նոր միայն իր հայրիկը ճանչցած 12-ամեայ Թամարը պատասխանած է.

-Դուն ամենամեծ լոռեցին ես, ուրեմն՝ դուն ես ամենամեծ շաշը։

***

Թումանեան յաճախ կ՚ըսէր․

-Գրած եմ միայն այն ատեն, երբ հիւանդ եղած եմ, եւ բժիշկները արգիլած են որեւէ մէկուն այցելութիւնը։

Օր մը այս միտքով ըսած է․

-Ահա՛, «Հազարան բլբուլն» ալ վիզիս նստած է․ երկար ալ չեմ հիւանդանար, որ բան մը դուրս գայ։

***

Թումանյանի կինը՝ տասը զաւակներու մայրը, բարեմիտ կերպով գանգատած էր, թէ «Յովհաննէսը բոլորովին տուն չի գար»։

Թումանեանը պատասխանած էր․

-Ինչպէ՞ս չի գար, այ կին, եթէ բոլորովին տուն չեմ եկած, տասն անգամ մըն ալ չեմ եկա՞ծ։

***

Թումանյանի տունը օր մը Անդրանիկը իր կռիւներուն մասին կը պատմէ։ Թումանեան լարուածութեամբ կը լսէ։

-Թուրս հանեցի, կ՚ըսէ Անդրանիկը ու կը լռէ։ Սովորութիւն ունէր այդպէս դադար առնել, որ լսողը պահը խորքով զգայ։ Բայց Թումանեան չի համբերեր ու կը գոչէ․

-Զարնէ՛, զարնէ՛…

***

Օր մը սեղանի շուրջ Թումանեան կ՚առաջարկէ խմել Անդրանիկին կենացը եւ կը խօսի․

-Ասկէ 20 տարի առաջ կար երկու նշանաւոր բան՝ Խրիմեան Հայրիկն ու իմ «Շունն ու կատուն»։ 20 տարի անցած է, բայց տակաւին երկու նշանաւոր բան կայ՝ իմ «Շունն ու կատուն» ու Անդրանիկը։ Կը խմեմ երկու նշանաւորներէն մէկուն՝ Անդրանիկին կենացը։

Յովհաննէս Թումանեանի՝ կատակով ըսուած այդ գեղեցիկ եւ իմաստալից համեմատութիւնը անմիջապէս աշխոյժ ծիծաղ կը յառաջացնէ։ 

Անդրանիկը կ՚արձագանգէ․

-Կանցնին տարիներ, ո՛չ ես պիտի մնամ, ո՛չ Թումանեանը, բայց պիտի ըլլայ նշանաւոր բան մը՝ «Շունն ու կատուն»։ Խմենք անոր կենացը։

***

Վահան Թոթովենց Թումանեանը առաջին անգամ տեսած է Էջմիածնի վանքին բակը, ուր մեծ թիւով գաղթականներ հաւաքուած էին։ Ամէն կողմ մահ ու սով էր, շատերը հիւանդութիւններու պատճառով կը մահանային։

Յանկարծ անձրեւ կը սկսի, որն արագ կը վերածուի տեղատարափի եւ կը հեղեղէ շուրջը։ Ամէն կողմ լեցուն էր գաղթականներով, սակայն դեռ հազարաւորները դուրսն էին։ Թումանեան ստիպուած գաղթականներուն առջեւ կը բանայ նոր կառուցուող վեհարանին շէնքը, որ մինչ այդ անձեռնմխելի կը մնար։

Ատիկա կը զայրացնէ Կաթողիկոսը (Գէորգ Ե․)։ Երեկոյեան Վեհափառը կը կանչէ Թումանեանը ու կը յանդիմանէ այդ կոշտ գործողութիւններուն համար։

Վեհափառը կը պատուիրէ, որ Թումանեան այլեւս այդպիսի բան չընէ, սակայն Թումանեան կը պատասխանէ․

-Ես պիտի ընեմ, եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ։

Այդ ժամանակ Հայոց Հայրապետը ոտքի կը կենայ ու կ՚ըսէ․

-Դուք կը խօսիք Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ։

Գրողը յստակ ու հաւասարակշռուած թեթեւութեամբ կը պատասխանէ․

-Իսկ դուք կը խօսիք ամենայն հայոց բանաստեղծին հետ։

***

Ծանօթ է, որ Թումանեանն ու գրող Ղազարոս Աղայեանը բացառիկ ընկերներ էին։ Իրարու այնչափ մտերիմ էին, որ յաճախ իրարու միտքեր կը կարդային։ Թումանեան «Ասլան ապեր» կ՚ըսէր Աղայեանին, իսկ Աղայեանը Թումանեանին՝ «Ասլան բալասի»։

Օր մը, երբ Թումանեան խիստ վշտացած էր թէ՛ ազգի վիճակէն, թէ՛ աջ ու ձախ ուղղուած նետերէն եւ նոյնիսկ նիւթական նեղութիւններէն, Աղայեանը (հնչակեան եղած) կ՚ըսէ․

-Այստեղ Ասլան բալասու յարգը չեն գիտեր,- եւ կ՚առաջարկէ հնչակ ըլլալ, երթալ Լոնտոն, հոն հանգիստ ապրիլ, ստեղծագործել ու թերթ խմբագրել։ 

Թումանեան ժպտալով կը պատասխանէ․ 

-Այնպէս կը խօսիս, կարծես ըսածդ Լոնտոնը Լոռին ըլլայ, իսկ «հնչակ» ըսածդ ալ իրապէս հնչէ…

***

Օր մը Ղազարոս Աղայեան երազ կը տեսնէ, թէ աւազակները յարձակած են Թումանեանի տունին վրայ։ Սարսափած կ՚արթննայ, կը հագուի ու կը վազէ։ Գիշերուան երեքին կը պոռայ Թումանեանի տունին վարը՝ վարէն վեր․

-Յովհաննէ՛ս, Յովհաննէ՛ս…

Թումանեան լուսամուտէն դուրս կը նայի․

-Ի՞նչ կայ, այ մարդ։

-Տանն ե՞ս։

-Այո՛։

-Ո՞ղջ ես։ 

-Այո՛, ի՞նչ կայ։

-Առո՞ղջ ես։

-Այո՛, ի՞նչ կ՚ուզես։

-Լաւ, պառկիր ու քնացիր, բարի գիշեր։

Առաւօտ կանուխ Թումանեան կ՚երթայ քովը հարցնելու՝ ի՞նչ պատահած էր։

-Երազ տեսած էի,- կ՚ըսէ Աղայեան։

Կը պատմէ Նուարդ Թումանեանը

Հայրիկը անչափ հոգատար էր իր տասը զաւակներուն հանդէպ։ Երբ մէկը հիւանդանար, կը գրկէր, կը շոյէր, կը չափէր ջերմութիւնը եւ կը հարցնէր․ «Սիրուն ջան, ի՞նչ կ՚ուզես որ բերեմ»։ Եթէ պատասխանէին՝ «ոչինչ», կը բացագանչէր․ «Պա՛հ, այդ ի՞նչ դժուար բան ուզեցիր։ Ես «ոչինչը» ուրկէ՞ գտնեմ…»։

***

Շատ կը սիրէր պտուղներ։ Մանաւանդ՝ խնձոր եւ ընկոյզ։ Օր մը ամբողջ պարկ մը ընկոյզ գնելով տուն կը տանի։ Կը կոտրեն ընկոյզները՝ փուչ կ՚ելլեն։ Կը հարցնեն․ «Հայրիկ, ինչո՞ւ չի փորձեցիր, յետոյ առնէիր»։ Կը պատասխանէ․ «Հինգ հատ կոտրեցի, բոլորը փուչ դուրս ելան։ Ըսի՝ ուրեմն մնացեալը լաւ պիտի ըլլայ։ Ծախողն ալ խեղճ մարդ մըն էր, ըսաւ՝ տղաքս անօթի են։ Մեղքացայ, գնեցի»։

***

Շատ կը փափաքէր, որ զաւակները նուրբ եւ ճաշակաւոր դառնան։

Կը կրկնէր․

-Ամենէն շատ մարդուն անճաշակ ըլլալն է, որ զիս կը բարկացնէ։ Ամենէն կարեւորը կեանքին մէջ ճաշակն է։ Ճաշակը կեանքի բոյրն է։

***

Պարզ բնաւորութեան տէր էր՝ ժպտուն, լաւատես, ամէն բան դիւրացնող։ Բայց իր վիշտն ու ցաւը կը կրէր լուռ։ Անձնական ու գրական նեղութիւնները միշտ միայնակ յաղթահարած է։ Իր խնջոյքներն ու զուարճանքները շատ անգամ ինքնամոռացման միջոց էին։ Կը կրկնէր․ «Կ՚ուզեմ ժամանակս անցընել, քեֆով ըլլայ թէ զրոյցով»։

Քարլայլի խօսքը յաճախ կրնար վերագրուիլ իրեն․ «Իմ ուրախութեան ժամերուն մասնակից կ՚ընեմ բոլորը, բայց իմ արցունքներս ու վիշտս միայն ինծի ծանօթ են»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025