ԱՒԵԼՑՆԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ՝ ԱՒԵԼՈՐԴՆԵՐԷՆ ԱԶԱՏԻԼԸ
Յաճախ կը կարծենք, թէ կեանքը բարելաւելու միակ ձեւը նոր բաներ աւելցնելն է․ աւելի շատ յաջողութիւն, աւելի շատ մարդիկ ճանչնալ, աւելի շատ նիւթական միջոց, աւելի շատ զբաղում… Սակայն, հազուադէպ կ՚անդրադառնանք այն իրողութեան, թէ երբեմն կեանքը բարելաւելու ամենաազդեցիկ քայլը ո՛չ թէ աւելցնելն է, այլ հեռացնելը։ Կան բաներ, որոնք մեր կեանքը ո՛չ թէ կը հարստացնեն, այլ կը ծանրացնեն մեր հոգին, մեր միտքը եւ մեր ընթացքը։
Կեանքը լեցուն է սովորութիւններով, մտքերով եւ յարաբերութիւններով, որոնք ժամանակի ընթացքին կը դառնան բեռ։ Մենք կը վարժուինք անոնց, կը սկսինք ընդունիլ իբր բնական, նոյնիսկ երբ անոնք մեզ կը վնասեն։ Վախը, օրինակ, կրնայ մեզ պահել մեր հին սահմաններուն մէջ՝ չթողելով փորձել նոր ուղիներ։ Անվստահութիւնը կը խանգարէ մեր ինքնագնահատականը եւ մեզ կը ստիպէ միշտ ուրիշներու աչքով նայիլ մենք մեզի։ Այսպիսի զգացումներու հեռացումը թէեւ դժուար է, սակայն, կեանքին մէջ արմատական փոփոխութիւն կը բերէ։
Նոյնը կարելի է ըսել վնասակար յարաբերութիւններուն մասին։ Մեզի ծանօթ մարդոցմէ ոչ-բոլորը մեզի բարիք կը բերեն։ Կան յարաբերութիւններ, որոնք սնուցուած են նախանձով, վերահսկողութեամբ կամ բացասականութեամբ։ Այսպիսի կապերը խզելը յաճախ կը թուի դաժան կամ եսամոլ քայլ, սակայն, իրականութեան մէջ սա ինքնապաշտպանութիւն է։ Երբ մարդը կը հեռացնէ իր կեանքէն այն մարդիկ, որոնք կը խլեն իր ներքին խաղաղութիւնը, ան կը բանայ տարածք մը՝ առողջ եւ անկեղծ կապերու համար։
Մեծագոյն բեռներէն մէկը բացասական մտածելակերպն է։ Ինքնաքննադատութիւնը, մշտական կասկածը սեփական կարողութիւններուն նկատմամբ, անցեալի սխալներուն կրկնակի ուռճացումը կը մաշեցնեն մարդու հոգին։ Այսպիսի մտքերը չեն զգուշացներ մեզ վտանգէ, այլ կը կաշկանդեն մեզ։ Երբ մարդը կը սորվի նկատել այս ներքին ձայները եւ կամաց-կամաց հեռացնել զանոնք իր մտածողութենէն, ան կը սկսի աւելի թեթեւ շնչել։ Մտքին մաքրութիւնը աւելի արժէքաւոր է, քան արտաքին որեւէ յաջողութիւն։
Աւելորդ մրցակցութիւնը եւ մշտական համեմատութիւնը ուրիշներու հետ եւս պէտք է դուրս բերել կեանքէն։ Ժամանակակից աշխարհին մէջ մեզի յաճախ կը թելադրուի, թէ պէտք է միշտ աւելին ըլլանք. աւելի արագ, աւելի լաւ, աւելի յաջող… Այս մտածելակերպը կը յոգնեցնէ հոգին եւ կը խանգարէ մեզ գնահատել այն, ինչ որ արդէն ունինք։ Երբ կը դադրինք մեզ ուրիշներու հետ համեմատելէ, կը սկսինք լսել մեր սեփական ձայնը եւ հասկնալ մեր իրական կարիքները։
Կեանքէն վատ բաները հեռացնելը նաեւ կը նշանակէ ժամանակի եւ ուշադրութեան վերաբաշխում։ Մեր առօրեայի բազում զբաղումներ իրականութեան մէջ մեզ չեն զարգացներ, այլ միայն կը շեղեն։ Անիմաստ սովորութիւնները, չափազանց օգտագործուած թեքնոլոժին կամ դատարկ զուարճութիւնները մեզ կը խլեն թանկագին պահերէն։ Երբ կը համարձակինք կտրել այդ շղթաները, ժամանակ կը գտնենք մտածելու, ստեղծելու եւ իսկապէս ապրելու համար։
Կեանքէն վատ բաները հեռացնելը կը պահանջէ քաջութիւն։ Քաջութիւն՝ ընդունելու, որ որոշ ընտրութիւններ սխալ եղած են։ Քաջութիւն՝ հրաժարելու այն բաներէն, որոնք տարիներով մեզի ընկերացած են, բայց այլեւս մեզի չեն ծառայեր։ Շատեր կը կարծեն, թէ փոփոխութիւնը միշտ նոր սկիզբներու մէջ է, սակայն, իրական փոփոխութիւնը յաճախ հինը փակելու մէջ կը գտնուի։
Կեանքը մաքրելու գործընթացը դանդաղ եւ շարունակական աշխատանք մըն է։ Ան չի կատարուիր մէկ օրուան մէջ եւ երբեք ամբողջովին չ՚աւարտիր։ Սակայն ամէն անգամ, երբ մենք կը հեռացնենք կեանքէն մէկ ծանրութիւն, կը ստեղծենք տարածք մը նոր լոյսի համար։ Այդ լոյսը կրնայ ըլլալ պարզ ուրախութիւն, անկեղծ կապ, ստեղծագործ միտք կամ խաղաղ հոգի։
Վերջ ի վերջոյ, կեանքը մաքրելու այս գործընթացը կը նմանի տան մաքրութեան։ Մինչեւ նոր կահոյք բերելը, պէտք է հինը դասաւորել, փոշին մաքրել եւ անօգուտը դուրս նետել։ Նոյն ձեւով ալ, մեր ներաշխարհը կը պահանջէ պարզութիւն եւ տարածք։ Երբ մենք կը հեռացնենք կեանքէն այն, ինչ որ վատ է, ծանր կամ կեղծ, կը բացայայտենք այն, ինչ որ իսկապէս արժէքաւոր է՝ հանգստութիւն, ինքնաճանաչում եւ ներքին ազատութիւն։
Այս պատճառով, երբ կեանքի մէջ փոփոխութիւն փնտռենք, կ՚արժէ առաջին հերթին հարց տալ մենք մեզի․«Ի՞նչ պէտք է հանեմ իմ կեանքէն»։ Երբեմն պատասխանը կը գտնուի ո՛չ թէ նոր դռներ բանալու, այլ հին, վնասակար դռները փակելու մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ