ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ (1930 - 2009)

Սփիւռքահայ գրականագէտ, գրաքննադատ, մանկավարժ, ուսուցիչ եւ խմբագիր Գրիգոր Շահինեան ծնած է 1930 թուականին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ: 

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի հայկական՝ Ազգային Սահակեան վարժարանէն ու ֆրանսական՝ Մարիսթ ֆրէռներու դպրոցէն ներս:

1945-ին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Լիբանան, Պէյրութ, ուր յաճախած եւ աւարտած է «Նշան Փալանճեան» ճեմարանը 1949-ին, ուր եւ անմիջապէս ուսուցչութեան կը հրաւիրուի: 

1952-56 թուականներուն մեկնած է Պելժիա, բարձրագոյն ուսում ստանալու նպատակով եւ Պրիւքսէլի Ազատ համալսարանէն (Vrije Universiteit Brussel) ստացած է Պսակաւոր արուեստներու վկայականը՝ բանասիրութեան ու մանկավարժութեան ճիւղերուն մէջ:

1956-ին ստացած է ուսուցչական աստիճան, 1956-1987 թուականներուն դարձեալ պաշտօնավարած է ճեմարանէն ներս, դասաւանդելով հայ գրականութիւն, ֆրանսերէն լեզու եւ ֆրանսական գրականութիւն: Աշակերտած է Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Կարօ Սասունիի եւ ուրիշներու:

Լիբանան վերադառնալով շարունակած է ուսուցչական-դասախօսական ասպարէզը: 

1950-էն սկսեալ երկար տարիներով դասաւանդած է ճեմարանէն, ֆրէռներու դպրոցէն, Հայկազեան քոլէճէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն ներս (1999-2007) - (այս տողերը արձանագրողը պատիւը ունեցած է դպրեվանքէն ներս Գրիգոր Շահինեանի աշակերտը ըլլալու եւ վայելելու անոր ներկայութիւնը: Շահինեան այդ տարիներուն մեզի մանկավարժութիւն կը դասաւանդէր, ինչպէս նաեւ մատենագրութիւն):

1966-ին հիմնած ու խմբագրած է «Ահեկան» գրական եռամսեայ հանդէսը, մինչեւ 1970 թուականը: Արմէն Իւրնէշլեան այս պարբերականի մասին կը գրէ. «Ահեկան կը դառնայ ոչ միայն Շահինեանի գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու եւ գրաքննադատական հայեացքներուն ամպիոնը, այլեւ կը հանդիսանայ սփիւռքահայ, յատկապէս երիտասարդ գրողներու ստեղծագործական փորձերուն եւ գրականութեան, արուեստի ու ազգային հարցերու մասին արտայայտուելու ազատ բեմը»:

1970-1994 թուականներուն Լիբանանի պետական համալսարանէն ներս ֆրանսական գրականութիւն դասաւանդած է:

1979-ին, Փարիզի «Սորպոն» համալսարանէն (Université Paris Sorbonne-Paris IV) ստացած է դոկտորի կոչում, պաշտպանելով Շահան Շահնուրի ստեղծագործութիւններուն վերաբերող իր աւարտաճառը. «Drame et Poésie d’Exile»:

1987-2007 թուականներուն ղեկավարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կեդրոնը:

1990-ականներուն արեւմտահայ գրականութեան եւ ի մասնաւոր Լեւոն Շանթի գրականութեան մասին կարճ դասընթացքներ կատարած է Երեւանի եւ Արցախի Պետական համալսարաններէն ներս, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանէն ներս: Շրջան մըն ալ Վենետիկի ամառնային դասընթացքներու ծիրէն ներս հայերէն դասաւանդած է:

1994-ին Երեւանի Պետական համալսարանէն ստացած է Բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան, ներկայացնելով «Շահան Շահնուրի ստեղծագործութիւնը» գիտական ատենախօսութիւնը:

1998-2003 թուականներուն վարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւատան պատասխանատուութիւնը:

Գրիգոր Շահինեան եղած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութեային միութեան անդամ եւ իր ջանքերով ու նուիրուածութեամբ հիմնադրուած է «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը:

Շահինեան ունի մենագրութիւններ՝ նուրիրուած Համաստեղի, Գուրգէն Մահարիի, Լեւոն Շանթի: Օտարալեզու գործեր ալ հեղինակած է՝ նուիրուած գրականութեան եւ գրական դէմքերու: 

Գրիգոր Շահինեան հեղինակած է նաեւ «Հայերէն-ֆրանսերէն» գործնական բառարանը, որ լոյս տեսած է Պէյրութի «Շիրակ» հրատարակչատունէն, 1997-ին: Իսկ 1998-ին, նոյն հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Շահինեանի եւ Յարութ Քիւրքճեանի գործակցութեամբ պատրաստուած «Ֆրանսերէն-հայերէն գործնական բառարանը», եւ «Ֆրանսերէն-հայերէն-ֆրանսերէն միացեալ բառարանը» 2000 թուականին: 

Այստեղ կը ներկայացնենք Շահինեանի հեղինակած աշխատութիւններն ու խմբագրած գիրքերը.

«Համաստեղ» (մենագրութիւն. 1961), «Հատընտիր» (գրադատական յօդուածներու ժողովածու. 1962), «Գուրգէն Մահարի վաթսունի հանգրուանին» (մենագրութիւն. 1964), «Հանդիպումներ» (գրադատական յօդուածներու ժողովածու. 1966), «Ձիւներն ի վեր» (մենագրութիւն, նուիրուած Լեւոն Շանթի. 1967), «Drame et Poésie de l’Exile l’Oeuvre d’Armen Lubin en Particulier et d’Ecrivains Arméniens de France en Général» (1979), «Panorama de la Litterature Armenienne» (Անթիլիաս, 1980), «Կենսագրութիւն եւ մատենագիտութիւն Շահան Շահնուրի» (1981), «Parages d’Exile: Nouvelles, des Chahan Chahnour» (1984), «Շահան Շահնուր - Աքսոր եւ արուեստ» (1985), «Գրիգոր Զօհրապ» (1988), «Oeuvres Vives de la Litterature Armenienne» (1988), «Մատթէոս Մամուրեան» (1990), «Վահրամ Մավեան ամբողջական երկեր» (1993 Անթիլիա, 1996 Էջմիածին), «Հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասաւնդման կերպ» (1995), «Սիլվա Կապուտիկեանի գիրս մնայ յիշատակող» (1996), «Աքսորի օրագիր - Շաւարշ Նարդունի» (2000) - (կազմած ու խմբագրած է), «Հայոց պատմութեան դասաւանդումի կերպ» (2002), «Թղթակցութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երեք կաթողիկոսներու եւ Ամենայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրադբէկեանցի» (2002) - (կազմած ու խմբագրած է), «Վերաքաղ» (յուշագրութիւն - 2004), «Հայերէնի բարելաւումի ձեռնարկ» (2006):

Մանկապատանեկան գրականութիւն «Հայրիկին եւ տուտունին ամառնային արկածները» (Անթիլիաս, 1999), «Սասնայ Ծռեր դիւցազնավէպի զրոյցներ», «Սասունցի Դաւիթի մանկութիւնը» (Անթիլիաս, 1994), «Ծովինար» (1994), «Պիժու» (Անթիլիաս, 2003):

Թարգմանութիւններ Ժանին Ալթունեանի «Բա՜ց միայն իմ դիմաց ճամբաներն Արմենիոյ» (Անթիլիաս, 2001), Աքրամ Զաաթարիի եւ Մոնիրա Խմիրի «Portraits du Caire: Van Leo, Armand, Alban» (Actes du Sud, 1990), Ալեքսանտր Նաժժարի «Պատրեազմի դպրոցը» (Շիրակ, 2001), «Դար մը պատմութիւն ՀԲԸՄ-ի» (գործակցութեամբ Շաղիկ Արծրունիի, Փարիզ, 2001), Ճիովանի Կուայթայի զրոյցները Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ «Հանդիպում մը երկրի եւ երկինքի միջեւ» (Գանատա, 2008):

Գրիգոր Շահինեան արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:

1993-ին Փարիզի մէջ CNRS-ը հրատարակած է Քլոտ Մութաֆեանի «Le Royaume Armenien de Cilicie» հատորը, որու իր գործօն մասնակցութիւնն ու գործակցութիւնը ունեցած է նաեւ Շահինեան:

Գրիգոր Շահինեան մահացած է 2009 թուականի փետրուարի 15-ին, Պէյրութի մէջ:

Գրիգոր Շահինեանի վաստակին առիւծի բաժինը հասած է Շահան Շահնուրի: Արմէն Իւրնէշլեան այս մասին կը գրէ. «Շահինեանը յիրաւի կարելի է համարել Շահնուրի գրականութեան լաւագոյն գիտակներէն մին: Շահնուրի գրականութեան բոլոր ծալքերը ուսումնասիրելով ու անոր վաստակը լոյսին հանելով գրողին արժանին մատուցանելու Շահինեանի մասնագիտական մօտեցումին արդիւնքը կ՚ըլլան ոչ միայն զոյգ աւարտաճառերը, այլեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսած «Drame et Poésie de l’Exile l’Oeuvre d’Armen Lubin en Particulie8 et d’Ecrivains Arméniens de France en Général» (1979), «Կենսագրութիւն եւ մատենագիտութիւն Շահան Շահնուրի» (1981) եւ «Շահան Շահնուր, Աքսոր եւ արուեստ» (1985) հատորները, իսկ «Parages d’Exile: Nouvelles, des Chahan Chahnour» ֆրանսերէն հատորը (1984 Քոնեաք, «Le Temps qu’il Fait») կ՚ամփոփէ Շահինեանի կատարած Շահնուրի երեք պատմուածքներու ֆրանսերէն թարգմանութիւնը: Շահինեանի նուիրումը Շահնուրի գրականութեան դրսեւորուած է նաեւ իւրովի, ան Շահնուրէն երեք պատմուածքներ՝ «Պճեղ մը անոյշ սիրտ», «Առաւօտեան շեփոր» եւ «Հոսանքի եզրը» կը վերածէ թատերգութեանց, հաւատալով որ բեմադրուելով անոնք աւելիով հասանելի կը դառնան հայ հասարակութեան («Թատերական պատկերներ», Շիրակ, 1986): Մամուլի տակ է Շահնուրի կեանքին ու գրական ստեղծագործութիւններուն նուիրուած եռահատորը, որ ծրագրուած է հրապարակել 2010-ի աշնան Երեւանի մէջ, «Ազգ» օրաթերթի հրատարակութեամբ»:

Արմէն Իւրնէշլեան խօսելով Շահինեանի անձին մասին՝ կը գրէ. «Համեստագոյն անձնաւորութիւն մըն էր: Երէցին ու երիտասարդին, լիբանանահայ տարբեր հոսանքներու մտաւորականներու, արուեստագէտներու ու գրողներու հետ սերտ կապեր պահպանող, միշտ հանդարտ, բարեհամբոյր, բայց, միաժամանակ յախուռն կեցուածք ունեցող բազմակողմանի զարգացումի տէր մտաւորականն էր ան, որ լիբանանահայ մամուլի էջերէն չէ վարանած յայտնելու իր կարծիքը, երբեմն նոյնիսկ ի հեճուկս իշխող մտայնութեանց: Եւ ան այս իրաւունքը վաստակած էր ջանադիր աշխատանքին ու սկզբունքային կեցուածքին շնորհիւ: Սփիւռքահայ բազմաբեւեռ ու երբեմն խորապէս պառակտուած կառոյցին մէջ Շահինեան եղաւ այն քիչերէն, որոնք գրական աշխատանքն ու սեփական գաղափարախօսական համոզումները չնոյնացուցին, այլ արժանաւորին արժանին մատուցանելով վայելեցին համազգային յարգանք»:

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Լիբանանահայ մանկավարժ Կարօ Յովհաննէսեան Շահինեանի մահուան յուշահանդէսին խօսքով հանդէս եկած է, 2009 թուականի մարտին: Այստեղ հատուածներ կը ներկայացնենք այդ խօսքէն.

* Չցանկաց մեծարանքի հանդիսութիւն՝ իրեն ի պատիւ: Նոյնիսկ մերժեց նմանօրինակ ամէն առաջարկ, որ ներկայացուեցաւ իրեն: Չուզեց շքանշան ստանալ: Անցեալ տարի, գրեթէ այս ատեն, երբ տեղի պիտի ունենար «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնի քսանամեակի հանդիսութիւնը, օրեր ու շաբաթներ առաջ, կը գտնուէր մտատանջութեան մէջ: Անգամ մը ըսաւ ինծի.

-Կրնայ պատահիլ, որ Արամ Ա. Վեհափառը քսանամեակի հանդիսութեան ատեն շքանշան տայ ինծի, ի՞նչ պիտի ընեմ այն ատեն:

Վճռական որոշումներ տուող այս մարդը շուարած էր իրապէս ու չկրցաւ ծրագրել իր ընելիքը: Վեհափառ Հայրապետը շքանշան չտուաւ իրեն այդ օր բարեբախտաբար, եւ Շահինեանը փրկուեցաւ մեծ մղձաւանջէ մը: Կարծէք անցած էր իրմէ դառնութեան բաժակը: Պիտի ուզէր սակայն, առանց շեփորահարումի, որ շատ սեղմ թիւով մտերիմներու ներկայութեան, աւարտի նշում մը ըլլար «Խաչեր Գալուստեան» մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոնի իր քսանամեայ վարիչի (իր բառն է) գործունէութեան:

-Ինծի համար խօսքի ուժը աւելի զօրաւոր է, քան շքանշանը,- կ՚ըսէր ան:

Անկեղծ համեստութիւն մը կը լեցնէր իր ողջ ներաշխարհը: Հոգեբանութեան մէջ սովորաբար կը խօսուի երկու տեսակ համեստութեան մասին: Առաջինը՝ արտաքին-երեւութական համեստութիւնն է, որ խորքին մէջ կը բաղձայ աւելի զօրաւոր մեծարանք, իսկ երկրորդը` իրաւ համեստութիւնն է, խոնարհութիւնը, որ անանձնականութիւնը ունի իբրեւ առանցք: Շահինեանի համեստութիւնը այս երկրորդ տեսակն էր, բառին ամենէն ազնիւ իմաստով բացատրուած:

Այս բոլորով հանդերձ, մեր իրականութեան մէջ կայ խաւ մը, որ չի բաժներ Շահինեանի մտածումները, սկզբունքները կամ աշխարհահայեացքը:

Շահինեանի խառնուածքով մտաւորական մը, երբ -իր բառերն են- անպատասխանատու կը նկատէ մեր կեանքը ղեկավարող պատասխանատուները, բնական է, որ լաւ ընդունելութիւն պիտի չգտնէր շրջանակի մը կողմէ, որ սկզբունքով պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ծանր ու պատասխանատու գործ կատարելու:

Շահինեան շատ հարազատօրէն, առանց աճպարարային դարձուածքներու, առանց դոյզն հաճոյակատարութեան, անկաշկանդ եւ անկեղծ դատողութիւն կատարած է մեր ազգային-մշակութային-կազմակերպական բազմաթիւ հարցերու եւ գործելակերպի: Համաձայն չէ գտնուած անոնց, ոմանց, շատերուն եւ տուած է իր անձնական տեսակէտը: Նկարագիրով եղած է յախուռն, ըմբոստ եւ համարձակ: Ահա ա՛յս է պատճառը, որ անոր կարծիքներն ու կեցուածքները լաւ աչքով չեն դիտուած ոմանց կողմէ:

Շահինեան իր դատողութիւնները կատարած է դրական հիմքի վրայ, միշտ շինելու նպատակով եւ աւելի լաւին ձգտելու նախանձախնդրութեամբ: Անտեղի պիտի չըլլայ հաստատել այստեղ այն իրողութիւնը, որ Շահինեանի եւ Շահինեաններու տիպարին ներկայութիւնը անհրաժեշտ է մեր կեանքին մէջ` մեր իսկ կեանքի յառաջդիմութեան, զարգացման եւ յարատեւութեան համար: Ժողովրդավար որեւէ ընկերութեան, հաւաքականութեան կամ երկրի մէջ նախապայման է տարակարծիք ըլլալը: Այլապէս կ՚ունենանք ամբողջատիրական-բռնատիրական կառոյցով ընկերութիւն մը: Աւելորդ եւ չափահաս հաճոյակատարութիւնները եւ բաժակաճառերը ո՛չ միայն առաջ չեն տանիր մեր կեանքը, այլեւ կը քանդեն զայն. արդէ՛ն կը քանդեն: Ըստ երեւոյթին, անկեղծութեան ժամը չէ հնչած տակաւին մեր կեանքին մէջ: Պիտի հնչէ՞ արդեօք. յայտնի չէ: Այնուամենայնիւ, տիրապետող է իրողութիւնը. կարծէք մրցում կայ մեր հաւաքական կեանքին մէջ հաճոյակատարութեան ախոյենութեան տիրանալու. երեւոյթ մը, որմէ կը խրտչէր Շահինեանը:

Ի ծնէ մանկավարժ էր Գրիգոր Շահինեանը: Կ՚ուզէր, որ միայն իբրեւ մանկավարժ յիշուի ան մեր կեանքին մէջ: Երիտասարդութեան սեմին, երբ կը ծառայէր ան ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումին, ժամանակակիցներու վկայութեամբ, անխտիր բոլոր խումբերու գայլիկները կ՚ուզէին, որ իրենց աքելլան ըլլար նաեւ Շահինեանը եւ ոչ թէ միայն մէկ-երկու խումբի: Ասոր պատճառը այն է, որ գայլիկները հրապուրուած էին անոր մանկավարժական մօտեցումներով: Միջանկեալ յայտնենք, թէ Շահինեան իր կեանքի այդ շրջանին ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ եւ հրատարակած է գրքոյկներ` սկաուտական գիտելիքներու, սկզբունքներու եւ սկաուտի բարոյական տիպարի մասին:

Շահինեան սիրեց մանկավարժութիւնը: Ուսանեցաւ մանկավարժութիւն եւ մանկավարժական աշխատանք կատարեց միշտ վերանորոգուած կորովով ու տրամադրութիւններով:

Մեծ մանկավարժ էր Շահինեան, արդարեւ: Մեծ մանկավարժները ազնուագոյն իմաստով մեծ մարդ են, ու մեծ մարդիկն են, որ մեծ մանկավարժ եղած են:

Շահինեան ունէր դաստիարակութեան փիլիսոփայութիւն մը, որով կ՚առաջնորդուէր եւ որուն միջոցով կը ղեկավարէր դասարանը: Ոեւէ խղճամիտ ուսուցիչ չի կրնար չորդեգրել այդ փիլիսոփայութիւնը: Մանկավարժութեան հիմնական նպատակադրումներէն մէկն է անկասկած մարդու պատրաստութիւն, մարդակերտումը, ինչպէս սովորութիւն ունինք ըսելու: 

Շահինեան մեռաւ ձմռրան մէջ օր մը, քառասուն օր առաջ: Անձրեւ կար այդ օր: Հիմա, պայծառ գարուն մը կայ դուրսը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով ու լոյսով պարուրուած: Բայց աշուն է մեր ներսը եւ պաղ ու թուխպ ամպեր կը կուտակուին ատենէ մը ի վեր մեր կեանքի երկնակամարին վրայ:

Շահինեանի մահը քիչ մը աւելի կը զգացնէ տերեւաթափը այս երկարող աշնան մէջ:

Տերեւաթափը՝ մարդկային եւ հայկական արժէքներու:

Երէկ մենք չէինք հանդուրժեր միջակութիւնները, եւ հիմա միջակութիւններէ վար տրամադրութիւններն են, որ կ՚իշխեն մեր վրայ: Շահինեանի ուսուցիչներէն՝ Կարօ Սասունի, ժամանակակիցներու վկայութեամբ, կ՚ըսէր. «Ճճիները կ՚ապրին ճահիճներու մէջ»: 

Բայց ո՞վ պիտի փոխարինէ Շահինեանները: Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ վերջ մը դնել հետզհետէ աւելի բոպիկցող եւ տափակութեան գացող այս երկար աշնան:

Այսօր, այս յուշահանդէսին, Շահինեանի մահը կը յուշէ մեզի այս տերեւաթափը: Վաղը կ՚անցնինք մեր առօրեայ սովորամոլական կեանքին եւ կը մոռնանք ամէն բան:

Շահինեանի մահը կը թելադրէ մեզի երեք բան.

Առաջին. մարդ պատրաստել:

Երկրորդ. մարդ պատրաստել:

Երրորդ. մարդ պատրաստել:

Թալին Ոսկերիչեան կը գրէ. 

* Գրիգոր Շահինեանը բացառիկ երեւոյթ մըն էր Լիբանանի սփիւրքահայ գրական եւ մշակութային կեանքէն ներս, ամբողջական մշակ մը՝ ուսուցիչ, խմբագիր եւ գրականագէտ։ Զինք ճանչցած եմ իբրեւ «Ահեկան»ի խմբագիր, երբ թատերական քրոնիկներ եւ վերլուծումներ կը գրէի այդ կարեւոր եւ կարճատեւ հանդէսին համար։ Կը հասկնար խմբագիրի պարտականութիւնը։ Աւելին՝ որովհետեւ «վաթսունական թուականներու» մարդ էր, կը հաւատար, թէ «Ահեկան»ը պէտք է նաեւ իր ծիրին մէջ բերէ տեղական, այսինքն՝ ոչ-հայկական մշակոյթը՝ իր հոգերով եւ նորարարութիւններով։ Այդ տարիները յատկանշական էին թէ՛ հայկական, թէ՛ ալ արաբական ծիրէն ներս, իրենց հարցադրումներով եւ փնտռտուքներով։ Գրիգոր Շահինեանի դերը այդ կարճ գրական եւ մշակութային զարթօնքին մէջ տակաւին չենք գնահատած լիովին, ո՛չ ալ իր վճռական եւ երկարատեւ տարիները «Ճեմարան»էն ներս իբրեւ ուսուցիչ եւ դաստիարակ։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 7, 2026