ՏԱՔՈՒԿ ԲԱՐԵՒ ՄԸ՝ ՀԱԼԷՊԷՆ
Կիրակի ուշ երեկոյ էր, երբ հեռաձայնը կրկին խանգարեց սենեակիս լռութիւնը: Ըսեմ որ, ամբողջ օրուան ընթացքին, զատկուան շնորհաւորանքներու իրերայաջորդ զանգերը, տեսակ մը նոր գոյն բերած էին ապրումներուս: Անոր համար, յաճախ թեթեւ երազներ լոյսին եկած էին, մաքուր տպաւորութեամբ, իբրեւ կեանքի խօսուն երեւոյթ: Վերջին հաշուով՝ յարգանքի նուիրական արտայայտութիւն: Ու բոլոր զանգերուն, նոյնանման մաղթանքներով եւ ինքզինքս փնտռող տողերով, իրական, պարզ, հարազատ եւ ազնիւ, պատասխանած էի: Ուրախ էի:
Իսկ հիմա... ահա այս նոր զանգը, որ ծննդավայրէս էր եւ բոլորին ծանօթ՝ Հռիփէն:
Ընկերուհի Հռիփը, մեր պատանեկութիւնը եւ նոյնիսկ մեր վաղ երիտասարդութիւնը օրօրած քաղաքէն է, ազգային յանձնառութեամբ ապրող օրինակելի հայուհի մը, բոլորին նման եւ բոլորէն տարբեր:
Ըսի չէ՝ Հռիփը մեր Հալէպէն է... այն քաղաքէն, ուր միայն հոն ծնողը, ապրողը, կամ մեծցողը գիտէ այդ դարերու տարիք ունեցող քաղաքին ներքին կախարդանքը: Ու այս պատմական քաղաքին հանդէպ մեր ունեցած սէրը, անոր գրաւչութիւնը, անոր հետ մեր անկեղծ կապը եւ մանաւանդ՝ հիւրասէր նկարագիրը, մեզ, ուր որ ալ ելլանք, միշտ արթուն պահած է ու կը պահէ:
Եւ այս օրերուն, հակառակ իր ստացած քաղաքական հին ու նոր, ներքին եւ արտաքին տեսակաւոր ծանր եւ վախազդու հարուածներուն, ընկերային եւ տնտեսական ցնցումներուն, այդ մեր գաղութը, պատիւ իրեն, տակաւին կը պահէ ազգային իր ջերմութիւնը ու նոյն ոգիով ալ կը շնչէ: Անկեղծօրէն, ինծի համար մեր Հալէպն ու ամբողջ գաղութը, ամէնօրեայ մտածումներուս մաս կազմած է:
Ու կրկնութեան գնով ըսեմ, որ հո՛ն, սփիւռքի այդ մայր գաղութէն ներս, ազգային երազանքներով եւ ալեկոծումներով լեցուն հայու կեանքը, մեզ բոլորիս անխտիր, իբրեւ հաւաքական ապրում, դիմագիծ եւ ինքնութիւն տուած է, եւ տակաւին: Այլ խօսքով, անտեսանելի, ե՛ւ գեղեցիկ, ե՛ւ կախարդական կապով մեզ կապած է ու մեզ հաղորդ պահած իր անունին:
Հապա ընկերուհի՞ս՝ Հռիփը...: Արդ, ո՞վ չի ճանչնար զինք: Հարազատ, գիտակից եւ պարտաճանաչ ժողովական մը, որ իր այդ ապրած Հալէպէն ներս, զանազան միութիւններու մէջ տարիներու իր խոնջէնքով արդէն դարձած է օրինակելի մը: Ու ան, ամէն առիթով, ամառ-ձմեռ, նոր տարի կամ տօնական օրեր, տարեդարձ կամ ոչ, կը յիշէ մեզ եւ հեռաձայնով իր բարի մաղթանքները կը փոխանցէ:
Իսկ հիմա, այս բոլորէն ետք, չեմ գիտեր՝ ուրկէ՞ սկսիմ:
Ինծի համար Հռիփին այդ ժամու հեռաձայնը, վերապրելու, մտածումներս սահմանող, ապրումներս ամփոփող, եւ յիշողութիւններուս աղբիւրը առաջնորդող ձայնն էր: Ու մենք երկուքով, հակառակ անոր որ իրարմէ հազարաւոր մղոններ հեռու նստած էինք, այդ երեկոյ, եւ ինքնաբերաբար ու ինքնածին, կարօտով զիրար տեսանք:
Բարեւեցինք: Մաղթանքներ փոխանակեցինք: Ու անհատնում հարցումներու շարանով զրուցեցինք: Կը կարծէի, թէ անձնապէս թանկագին իրեր հաւաքողի դերին մէջն էի:
Հաւատացէ՛ք, այս տողերը պարզապէս մտքիս հանգիստ եւ խաղաղ լճակը ալեկոծող գրիչէս փախած աղաղակներ չեն, այլ՝ միտքս եւ հոգիս ջերմացնող պահերէն ծնունդ առած խօսքեր, որոնք լաւ տրամադրութեամբ հաւաքեցին մտքիս թելերը եւ զանոնք պերճախօսութիւնս բազմացուցին: Ուղղակի հիացում:
Ու երկար խօսեցանք:
Խօսեցանք յստակ, յաճախ տխուր բառերով, եւ նոյնքան ալ ուրախ եւ յոյսի թելերէն կախուած խօսքերով, որոնք մտածումի նոր ակօսներ բացին մեր մտքերուն մէջ:
Խօսեցանք ասկէ-անկէ, ե՛ւ էականին, ե՛ւ նշանակալիցին մասին, միաժամանակ վարակիչ ապրումներով մատնանշելով կեանքի անստգութիւնն ու անորոշութիւնը:
Ու ինքնաբերաբար համրուած վայրկեաններու մէջ ապրեցանք քաղցրութիւնը մեր յուշերուն ու մանաւանդ մեր ծննդավայրի ներկայ կեանքի ելեւէջներուն մասին: Անստգութիւն՝ եւ տակաւին շատ ու շատ «բաներ»: Խօսեցանք՝ անյագ ծարաւով եւ կարօտի գոյներով:
Հանդարտ եւ համով ու նոր լոյսին բացուող բառերով իր արտայայտութիւններուն, Հռիփի ձայնին մէջ տեսանելի էր յոյսի մաքուր երանգները:
Ու ամէն բան, կարծես հեռաւոր երազի նման թեւեր առած ըլլար:
Այսպէս՝ իրերայաջորդ յուշեր, ժողովական կեանքի տեսարաններ, մեծ ու փոքր դէմքեր, մշակութային եւ ընկերային նոր եւ հին ծրագիրներ... եւ... եւ... ուրիշ շատ բաներ:
Ասոնց վրայ կ՚աւելնային յուզումներ, դրուագներ, հին ու նոր ապրումներ, պահեր եւ պատահարներ, որոնք օճառի պղպջակի մը նման յանկարծ ծնունդ կ՚առնէին, զիրար կը հրէին, մեր երկուքին մէջ տարածուող խօսակցութիւնը կը լեցնէին եւ ապա «պայթելով» կ՚անհետանային, կարծես կամովին տեղ տալու նորածին այլ «պղպջակներու», որոնք իրենք իրենց քաշքշելով կը շատնային ու կրկին անգամ կը գրաւէին մեր խօսքերը, յիշատակելի դարձնելով պահն ու ստեղծուած մթնոլորտը:
Մէկ խօսքով, ներքին գեղեցիկ ու ջերմ վայրկեաններու համրանքով ապրում մը, ուր մեր երկուքին յուշերը ազատօրէն թռիչքներ կ՚առնէին, երազին եւ յոյսին փաթթուած բառերով, վերապրումի եւ վերանորոգման պահեր ստեղծելով:
Հռիփին եւ մեր քաղաքին մասին տակաւին շատ բաներ կան գրուելիք: Ազնիւ, հպարտալի անկեղծ եւ արդար, որոնք պարզ բառերով կարելի չէ արտայայտել:
Գրեթէ երջանիկ էի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ