ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐԸ՝ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ, 1894 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ

Ինչպէս ծանօթ է, 1892 թուականի մայիսին Ամենայն հայոց կաթողիկոս կ՚ընտրուի Մկրտիչ Խրիմեանը (Խրիմեան Հայրիկ), իսկ միայն 13 ամիս անց՝ 1893-ին, ռուսական ցարի միջնորդութեամբ անոր կ՚արտօնուի ժամանել Էջմիածին։ Երուսաղէմ աքսորուած Խրիմեան Հայրիկին Մայր Աթոռ ուղեկցելու պատուիրակութեան մէջ էր նաեւ այդ ժամանակ Մայր Աթոռի Հոգեւոր ճեմարանի ուսուցիչներէն Տ. Մեսրոպ Վրդ․ Տէր-Մովսիսեանը (յետագային՝ Էջմիածնի մատենադարանապետ, ապա՝ Վրաստանի եւ Իմերեթիայի, յետոյ՝ Աստրախանի, աւելի վերջ՝ Պարսկա-Հնդկաստանի առաջնորդ, ականաւոր հայագէտ)։ Ան պատուիրակութեան մէջ էր իբրեւ թարգմանիչ։ 

Ըստ ժամանակագիրներու, կաթողիկոսը պէտք է Ռուսաստան մտնէր եւ Էջմիածին ժամանէր Եւրոպայով, քանի որ չէր կրնար մտնել Պոլիս։ Հայ իրականութեան մէջ ասիկա այդ տարիներու ամենահետաքրքրական ճամբորդութիւններէն մէկն էր։ Պատուիրակութիւնը ճանապարհին կ՚այցելէ այս կամ այն երկրի հայկական համայնք, ուր մեծ ընդունելութիւն կը կազմակերպեն տեղի հայերը։ Այս ամբողջ ճամբորդութիւնը մանրամասն կը ներկայացնէ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Տէր-Մովսիսեանը՝ «Ուղեւորութիւն Տ. Տ. Մկրտիչ Վեհ. Կաթուղիկոսի Ամենայն Հայոց Երուսաղէմից Էջմիածին» ուղեգրութեան մեջ՝ հրատարակուած 1894 թուականին՝ Էջմիածին։ 

Տ. Մեսրոպ Վրդ․ Տէր-Մովսիսեանը նաեւ յօդուածներ կը գրէր հայկական մամուլին մէջ, մասնաւորապէս՝ Մայր Աթոռի «Արարատ» հանդէսին մէջ, ուր ան յօդուածի մը մէջ կը նկարագրէ, թէ այդ տարին, երբ Խրիմեան Հայրիկը ստանձնեց Լուսաւորչի գահը, ինչպէ՛ս տօնած են Նոր տարին եւ յունուարի յաջորդ տօները՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ 

Տարին սկսած էր ծանր պատմական պայմաններու ներքեւ, ժողովուրդը նեղութեան մէջ էր, Հայոց կաթողիկոսական գահը վերջապէս կրկին տէր ունէր՝ Խրիմեան Հայրիկը երկարատեւ աքսորէ եւ քաղաքական արգելքէ ետք հաստատուած էր Լուսաւորչի Աթոռին վրայ։ 

1894 թուականի յունուարեան տօնական օրերը պատմական պահեր էին, երբ Մայր Աթոռի մէջ եկեղեցական ծիսակարգը, ազգային մտահոգութիւնը եւ բարոյական խոկումը միաձուլուած էին մէկ ամբողջութեան մէջ։ Խրիմեան Հայրիկի կերպարը այդ օրերուն կը բացուի նախ իբրեւ կաթողիկոս եւ նաեւ՝ իբրեւ ուսուցիչ, քննադատ, յառաջդիմութեան հրաւիրող առաջնորդ։ 

Տ. Մեսրոպ Վրդ. Տէր-Մովսիսեանի «Նոր տարի» խորագրով յօդուածը մեզի կը փոխանցէ այն գիտակցութիւնը, որ տօնը ինքնանպատակ ուրախութիւն չէր, այլ առիթ՝ վերարժեւորելու կոչումը, վերանորոգելու հոգին եւ վերականգնելու կապը ժողովուրդին հետ։ (Յօդուածը գրուած է արեւելահայերէնով՝ տեղ-տեղ՝ արեւմտահայերէնով, կը ներկայացնենք՝ ամբողջութեամբ փոխադրուած արեւմտահայերէնի)։ 

*

ՆՈՐ ՏԱՐԻ

1894, յունուար 1

Այսօր հանդիսաւոր ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ Նորին Վեհափառութեան մօտ։ Ժամը 8-ին, առաւօտեան, ըստ հնաւանդ սովորութեան, լսուեցաւ Ս․ Էջմիածնի Տաճարի զանգերուն ձայնը, որ կը հրաւիրէր բոլոր միաբանութեան՝ հաւաքուիլ եւ երթալ շնորհաւորելու Նորին Վեհափառութեան Նոր տարին։ Ներկայ էին եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, սարկաւագներ եւ եկեղեցւոյ սպասաւորներ։ 

Վեհափառը, շնորհաւորելով միաբանութեան Նոր տարին, բարեհաճեցաւ հետեւեալը բարեմաղթել անոնց․ «Դուք եկած էք իմ Նոր տարիս շնորհաւորելու։ Շնորհակալ եմ։ Ես ալ ձեր Նոր տարին կը շնորհաւորեմ եւ կը բարեմաղթեմ, որ ամբողջ տարին անվտանգ, անվնաս պահպանէ ձեզ Աստուած։

Մեր ժողովուրդը նեղութեան մէջ է։ Աստուած ինք պիտի այցելէ։ Ես կ՚աղօթեմ առ Աստուած եւ կը խնդրեմ, որ Դուք ալ միացնէք ձեր աղօթքը իմինիս հետ․ բազմութեան ձայնը միշտ լսելի է Աստուծոյ առաջ․ մենք մտածելով մեր ժողովուրդի վիճակի վրայ, չենք կրնար հանգամանք մը աննկատելի ձգել։ Եթէ մենք մեզի՝ հոգեւորականներուս բաղդատենք ժողովուրդին հետ, ցաւելով պիտի խոստովանինք, որ հոգեւորականութիւնը շատ եւ շատ ետ մնացած է ժողովուրդէն։ Ժողովուրդը այսօր իրաւաբանութիւն ալ կը հասկնայ, գիտութիւն ալ ունի եւ ամէն բան կը քննադատէ, որովհետեւ կը հասկնայ այդ, իսկ հոգեւորականներս շատ ետ ենք։ Թուել մի առ մի այստեղ այն պատճառները, որոնց շնորհիւ հոգեւորականութիւնը փոխանակ յառաջդիմելու՝ յետադիմած է, յարմար չէ տեղն ու ժամանակը․ յուսամ, որ ուրիշ առիթով կը կարողանամ ձեզի բացատրել այդ ցաւալի երեւոյթի հիմնական պատճառները։ Ես կ՚առաջարկեմ ձեզի ձեր գործունէութեամբ, ձեր կեանքով ետ երթալ… ետ երթալ ըսելով կը հասկնամ, որ մենք՝ հոգեւորականներս մեր կոչումով միշտ պէտք է իբրեւ օրինակ մեր աչքի առաջ ունենանք մեր նախահայրերու կեանքն ու գործերը, աշխատինք անոնց շաւիղով ընթանալ, բայց միեւնոյն ժամանակ պիտի ջանանք ժամանակակից կեանքին հետ ալ համակերպուիլ, անոր ընթացքը ըմբռնել։ Մեր նախահայրերը՝ Սահակ, Մեսրոպ, Ներսէսներ իրենց ժամանակ աշխատած են մեր ազգի կրթութեան, անոր կրօնական, բարոյական դաստիարակութեան վրայ, ծաղկեցուցած են մեր գրականութիւնը, փայլեցուցած են մեր վանքերը եւ օրինակով ցոյց տուած են, թէ մենք ի՛նչ պէտք է ընենք, ի՛նչ պարտաւորութիւններ ունինք դէպի մեր ազգը։ Իսկ այսօր Նոր տարուայ առթիւ կը բարեմաղթեմ ինծի եւ ձեզի՝ ամէնքուդ շնորհաւոր Նոր տարի։ Կը ցանկամ, որ մենք մեր մէջ ունենանք միաբանութիւն եւ բարոյական ուժ՝ ժողովրդական բազմադիմի կարեաց բաւարարութիւն տալու համար։ Օրհնեալ ըլլաք»։ 

Այս համառօտ բանախօսութենէն ետք Նորին Վեհափառութիւնը առաջարկեց միաբաններուն իր սուրբ աջը եւ իբրեւ Նոր տարուայ անդրանիկ պարգեւ, բարեհաճեցաւ իւրաքանչիւրին մէկական փառակազմ օրացոյց եւ իր աշխատութիւններէն «Հրաւիրակ երկրին Աւետեաց» շնորհել։ Միաբանները ակնածութեամբ մօտենալով համբուրեցին անոր աջը եւ հեռացան։ 

Միաբանութեան ընդունելութեան ժամանակ արդէն եկած եւ Վեհարանի ընդունարանը կը սպասէին ճեմարանի սաները՝ իրենց ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ։ Ներկայանալու ատեն աշակերտներէն մէկը՝ երկրորդ լսարանցի, գեղեցիկ ճառով բախտ ունեցաւ իր ընկերակիցներու եւ իր կողմէ բարի եւ շնորհաւոր Նոր տարի հայցելու Նորին Վեհափառութեան։ Վեհափառը բարեհաճեցաւ աշակերտներուն քանի մը խօսքով բացատրել, թէ անոնք, իբրեւ ճեմարանի սաներ, ի՛նչ պարտականութիւններ ունին եւ թէ ի՛նչ կը սպասուի անոնցմէ։ Անոնք, սորվելով քանի մը տարի, ճեմարանին մէջ, շատ անգամ երիտասարդական պարծենկոտութեամբ կը կարծեն, թէ շատ բան գիտեն, ամէն ինչ կը հասկնան։ Իրաւ է, եթէ զիրենք բաղդատելու ըլլային գիւղացիներուն հետ, ժողովուրդի չկրթուած դասակարգին հետ, բնական է, որ շատ է իրենց գիտցածը, բայց ինչքան չնչին է այդ, եթէ օրինակ վերցնեն իսկապէս կրթուած, զարգացած մարդիկը։ Ահա այդ տեսակ մարդոց պիտի աշխատին հասնիլ, անոնք օրինակ պիտի առնեն եւ շարունակ աշխատիլ։ Աշակերտները աւարտելէն ետք ժողովուրդի մէջ մտնելով կամ իբրեւ ուսուցիչ կամ իբրեւ քահանայ, պիտի ցանեն բարի սերմեր։ Անոնք պիտի դաստիարակեն, առաջնորդեն ժողովուրդը դէպի բարին։ Ապա օրհնեց ուսուցիչները, աշակերտները, բոլորին օրացոյցներ շնորհեց, իսկ լսարանցիներուն եւ ուսուցիչներուն պարգեւեց նաեւ «Հրաւիրակ երկրին Աւետեաց»։ 

Հ․ Խորէն Ծայրագոյն Վարդապետ Ստեփանէի նախասահմանեալ ծրագիրով՝ հոգեւորականներէն եւ աշակերտներէն յետոյ եկան կարգով Նորին Վեհափառութեան ներկայանալու տպարանի ծառայողները՝ թիւով քսան եւ չորս հոգի իրենց նոր կառավարիչի առաջնորդութեամբ։ Վեհափառը շատ անգամ ցանկութիւն յայտնած է բարեկարգուած տեսնել տպարանը, որ իր ներկայ խեղճ դրութենէն դուրս գալով՝ մեծ օգուտներ կրնայ տալ վանքին եւ միջոց կու տայ անընդհատ ի լոյս ընծայել մեր ձեռագրաց Մատենադարանին մէջ ամփոփուած նախնեաց թանկագին յիշատակարանները։ Այդ յոյսով ան կարգած է նոր կառավարիչ մը, որուն վրայ մեծ պարտականութիւն կ՚իյնայ եւ այդ միտքով ալ խօսեցաւ անոր հետ՝ ընդունելով անոր շնորհակալութիւնը։ 

Ան զինքը 35 տարի առաջ Պոլիսէն Վարագայ վանքի տպարանը տարած է, այնտեղէն՝ Տարօն եւ անձամբ միջոց ունեցած է տպարանական գործի արուեստի հետ քաջ ծանօթանալու, ուստի կը պահանջէ գրաշարներէն շարելու ժամանակ ուշադրութիւն դարձնեն արուեստի վրայ։ Պատիւ չի բերեր Մայր Աթոռի տպարանին՝ այնպիսի խեղճ բաներ տպել, մինչդեռ ներկայիս ամէն տեղ լաւ կը տպեն. օրինակ՝ Վիեննա, նոյնիսկ՝ Մոսկուա, Թիֆլիզ եւ այլն։ «Հնազանդութեամբ եւ խիղճով կատարեցէք ձեր գործը, այնպէս, որ նախանձելի ըլլայ մեր Ս․ Էջմիածնի տպարանի դրութիւնը եւ իմ յոյսերէն մէկը գոնէ դուք կատարէք։ Աստուած ինք ձեր թեւերուն ուժ տայ»։ 

Այնուհետեւ խումբ-խումբ ներս հրաւիրուեցաւ Վաղարշապատ գիւղի բազմութիւնը՝ համբուրելու Նորին Վեհափառութեան աջը եւ անոր շնորհաւոր Նոր տարի մաղթելու։ Ժողովրդեան այս բազմութիւնը մէկ րոպէ յիշեցուց այն փայլուն ընդունելութիւնները, այն ժողովրդական մեծամեծ ցոյցերը, որոնք տակաւին վառ են շատերուս յիշողութեան մէջ։ Վանքի փլանի սպասաւորներն ալ արժանացան այդ օրը համբուրելու Նորին Վեհափառութեան աջը եւ մէկ-մէկ օրացոյց նուէր ստանալու, որ կը տրուէր նաեւ գիւղացիներուն։

ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ 5 ԵՒ 6

Արդէն բոլորած էր երկու տարի եւ Սուրբ Էջմիածնի Աթոռը, զրկուած ըլլալով գահակալէն, այնպիսի հանդիսաւոր օրեր, ինչպիսիք են Նոր տարին, Ջրօրհնէքը եւ այլն, շատ կը կորսնցնէին իրենց սովորական շուքը։ Այս տարի բախտ ունեցանք տեսնելու հայրապետական Ջրօրհնէքի հանդիսաւոր տեսարանը։ Ճրագալոյցի հանդիսաւոր սուրբ արարողութեանը ներկայ էր Նորին Վեհափառութիւնը, տաճարը լի էր բազմութեամբ։ Նախատօնակի ժամանակ մոմեր բաժնուեցան հոգեւորականներուն եւ աշակերտներուն եւ երբ վերջացաւ արարողութիւնը, բոլորը վառ մոմերը ի ձեռին շարականներ երգելով գացին սեղանատուն՝ Վեհափառը բոլորի գլխուն, որ այդ երեկոյ սեղանակից եղաւ միաբանութեան։ 

Արդէն ուշ էր, մութն ինկած, եղանակը սաստիկ ցուրտ, օրը սառցաբիւրեղներով լի, որոնք բազմաթիւ մոմերու լոյսի ճառագայթներէն ցոլանալով տեսակ մը խորհրդաւոր տպաւորութիւն կը ձգէին նայողին վրայ։ Ահա այդ սաստիկ ցուրտն էր պատճառը, որ միւս օրը Ջրօրհնէքի հանդէսը տաճարին մէջ կատարուեցաւ։ Տաճարը լի էր ժողովուրդով։ Վանքին բեմը, ինչպէս կ՚ըլլար հանդէսներուն ժամանակ, լայնցած էր, ուր բարձրանալով Վեհափառը բազմեցաւ աթոռին վրայ, իսկ եպիսկոպոսներն ու վարդապետները շուրջառներ առած շարէշար կանգնեցան երկու կողմերը։ Բեմին մէջտեղը դրուած էր մարմարեայ աւազան մը՝ ջուրով լի, ուր եւ Նորին Վեհափառութեան ձեռքով օրհնուեցաւ ջուրը։ 

Այդ օրը, երբ միաբանութիւնը ներկայացաւ Վեհափառին, ան ըսաւ․

«Եկած էք Քրիստոսի ծնունդ շնորհաւորելու, սրբազան եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, սարկաւագներ։ Ես փոխադարձաբար ձեզի կը դարձնեմ։ Այսօր շատ խորհրդաւոր օր է, այսօր Քրիստոս աշխարհ գալով, մարդ դառնալով խաղաղութիւն բերաւ աշխարհիս։ Հրեշտակներ աւետեցին այդ փրկարար լուրը երկրիս՝ երգելով բարձունքէն․ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն»։ Ես ալ կը մաղթեմ ձեզի խաղաղութիւն, երջանկութիւն, վասնզի մենք այստեղ, այս վանքին մէջ հաւաքուած ենք, հեռու՝ աշխարհէն, աշխարհային կեանքէն, մենք ուխտած ենք մտածել մեր հոգիի համար, յուսալով արժանանալ երկնային արքայութեան եւ այդ է մեր նպատակը։ Բայց ինչպէ՞ս կրնանք հասնիլ երկնային արքայութեան։ Քրիստոս ինք այդ մեզի կը սորվեցնէ, ըսելով՝ պէտք է երեխայի պէս արդար ըլլանք։ Անոնց պէս միամիտ, մանկական միտք ունենալու է․ «Եթէ ոչ լինիջիք իբրեւ զմանկտիս՝ ոչ կարէք մտանել յարքայութիւն երկնից»։ Ան ինքը այս հանդիսաւոր օրը ներկայացաւ մեզի մանկան կերպարանքով, իր՝ մեզի ուսուցած անմեղութեան, արդարութեան պատկերով եւ մենք ամէն օր կ՚աղօթենք եւ կը խնդրենք Աստուծմէ «Սիրտ սուրբ հաստատեա յիս Աստուած եւ հոգի ուղիղ նորոգեա ի փորի իմում»։ Իմ փափաքս է ձեր մէջ հաստատուած տեսնել խաղաղութիւն, գիտնալ, որ դուք հոգիով եւ միտքով վերանորոգուած էք մանկանց պէս եւ կ՚արժանանաք երկար տարիներ այստեղ միախմբուիլ եւ տօնել այս հանդիսաւոր օրը։ Աստուած օրհնէ եւ երջանկացնէ ամէնքդ»։ 

Միաբանութենէն յետոյ ներկայացան դարձեալ աշակերտները, հաշտարար դատաւորները, գաւառապետը, փոստի կառավարիչը եւ գիւղի հասարակութենէն շատեր։ 

Վեհափառը այդ բոլոր ժամանակ միշտ ներկայ կ՚ըլլար եկեղեցական արարողութեանց եւ այնքան մարդիկ կ՚ընդունէր, զինք շատ լաւ կը զգար։ 

ՅՈՒՆՈՒԱՐԻ 15

Այսօր Նորին Վեհափառութեան անուանակոչութեան տօնն էր, երրորդ անգամն էր արդէն, որ միաբաններս այս կարճ ժամանակի ընթացքին համախմբուելու եւ Նորին Վեհափառութեան ներկայանալու բախտը պիտի ունենայինք։ Այդ օրը ըլլալով նաեւ Յովհաննու Մկրտիչի տօնը՝ զատ շքեղ հանդիսականութեամբ կը կատարուի Մայր Տաճարին մէջ։ Ինչպէս յայտնի է՝ հարաւային պատին Ս․ Իջման տեղի հանդէպ Յովհաննու Մկրտիչի անունով զատ սեղան կայ շինուած, ուր կը պահուի Ս․ Միւռոն օրհնելու անօթը, որուն վրայ մշտավառ կանթեղ քաշուած է։ Իւրաքանչիւր ուխտաւոր Ս․ Էջմիածին գալով պարտք կը համարէ այս սուրբ անօթը համբուրել։ Երեկոյեան, ամսու 14-ին, այդ սեղանը զարդարուած էր եւ անոր առաջ կատարուեցաւ ժամասացութիւնը եւ հանդիսաւոր նախատօնակը։ Հայրապետը եկեղեցի իջաւ մեծաշուք թափօրով․ Վեհափառը ինք բուրվառեց միաբաններուն եւ բազմաթիւ ժողովրդեան։ Տօնի առաւօտը բոլոր միաբանները, աշակերտները եւ հանդիսականները ժամը իննին հաւաքուեցան Մայր Տաճար, ուր Վեհափառի գալէն յետոյ սկսաւ Հայրապետներուն համար յատուկ սահմանուած մաղթանքը, որմէ ետք լսարանցի աշակերտ մը ճառ կարդաց։ Անմիջապէս յետոյ սկսաւ պատարագը, իսկ ժամը երկուքէն մինչեւ երեքը պաշտօնական փառահեղ ճաշ տեղի ունեցաւ վանքի սեղանատանը, ի պատիւ Նորին Վեհափառութեան։ Այդ ճաշին հրաւիրուած էին ժողովրդականներէն բազմաթիւ հիւրեր, Վաղարշապատի բոլոր պաշտօնեաները եւ Երեւանէն Վեհափառի տօնը շնորհաւորելու եկած հիւրեր։ Սեղանը շատ կանոնաւոր էր, անոր վրայ կը հսկէին ճիշդ նոյն օրը իրենց պաշտօններու մէջ մտած նոր ծախսարարապետ Գեր. Ներսէս եպիսկոպոսը եւ չորս սարկաւագներ։ Սեղանի վրայ առաջարկուեցան կենաց բաժակներ, որ կ՚ընդունուէր իւրաքանչիւր անգամ կեցցէներով։ 

Առաջին բաժակը առաջարկողն էր Նորին Վեհափառութիւնը․

«Աշխարհիս մէջ երկու բան կայ, որ միշտ երկու բան կը յիշեցնէ, հանելուկ չէ ըսածս, այդ ամէն մէկդ գիտէք։ Երբ աչքերնիս վերեւ՝ դէպի երկինք կը յառնենք, կապոյտ երկինք կը տեսնենք։ Ամենակարող Աստուած կը յիշենք, երբ երկինք կը դիտենք, այնտեղաց կարգ ու կանոնները, մեր մարդկային կենցաղավարութիւնը քննելով՝ երկրիս իշխանները, մեր կայսրերը կը յիշենք։ Կայսրն է, որ երկրիս խաղաղութիւնը կը պահպանէ։ Անոր շնորհիւ է, որ մենք այստեղ նստած, հանգստութիւն, ապահովութիւն կը վայելենք, կը փառաբանենք, կ՚օրհնենք անոր կեանքը, կարգ ու կանոնի պահպանողը եւ ներկայացուցիչը ան է, կեցցէ մեր կայսրը»։ 

Բոլորը յոտընկայս լսելով Հայրապետին խօսքերը, միաձայն ձայնակցեցան եւ պատասխանեցին երկար կեցցէներով։ Աշակերտական խումբը երգեց «Տէր կեցո զկայսրն մեր» օրհներգը։ Գաւառապետի օգնականը առաջարկեց Նորին Վեհափառութեան կենացը, բարեմաղթելով անոր երկար ու գործունեայ կեանք հօտը հովուելու եւ մխիթարելու համար։ Լսուեցան երկար կեցցէներ, ինչպէս բոլոր ժամանակ, այս անգամ եւս ճեմարանի երգեցիկ խումբը իր ներդաշնակ երգեցողութեամբ կ՚երգէր կենաց բաժակին «Թող բարձրացնեն…» երգը։ Ահա այդ ժամանակ Տ. Խորէն Ծայրագոյն Վարդապետ Ստեփանէն, որ ինչպէս միշտ այս անգամ ալ կեցած էր Վեհափառին քով, անոր հրամանները կատարելու համար, առաջ անցաւ միաբաններու կարգէն եւ այնտեղէն մեծ ոգեւորութեամբ դրուատեց Նորին Վեհափառութիւնը միաբանութեան կողմէն՝ յայտնելով այն միտքը, թէ ամբողջ ազգը եւ մենք՝ միաբաններս, անհուն սիրով եւ սիրտով միացած ըլլալով անոր անձին հետ, ոգեւորուելով անոր անցած փայլուն գործերով, անչափ ուրախացած ենք այսօր ան տեսնել մեզի պետ, գլուխ տեսնելով Ս․ Էջմիածնի Հայրապետական գահի վրայ բազմած։ Մենք ամէնքս ալ յոյսերով լի ենք, որ ան կ՚առաջնորդէ մեզ դէպի այն լոյսը՝ յառաջդիմութիւնը, որ ան քարոզած է իր կեանքի ընթացքին։ Աշակերտները երգեցին «Տէր կեցո» մաղթանքը։

Վեհափառը կրկին բարեհաճեցաւ կենաց առաջարկել, յայտնելով այն միտքը, որ կը սիրէ յաճախ կրկնել․

«Խորէն վարդապետ մեծ-մեծ գովեստի խօսքեր շռայլեց ինծի համար, բայց ես կը ճանչնամ զիս՝ այդ մեծահնչիւն բառերէն երբեք իմ սիրտս չի բարձրանար, վասնզի գիտեմ, թէ մէկ մարդ, այն ալ իր ծերութեան հասակին, ոչինչ կրնայ ընել առանց օգնականի։ 

Գիտեմ ու կը հաւատամ, որ իմ փոքրիկ հօտ հայ ժողովուրդը ինծի պիտի օգնէ, այլ իմ մերձաւոր եւ անմիջական օգնիչները դուք էք, սրբազան եղբարք եւ համայն միաբանութիւն Սուրբ Գրիգորի տան, որոնք ինծի հետ միացած՝ պէտք է աշխատինք երկրին եւ մեր ժողովրդեան համար։ 

Ուստի կ՚առաջարկեմ՝ իմ այս բաժակը բոլոր իմ գործակից միաբանութեան կենաց համար, որ հաւատարիմ մնալով իրենց ուխտին, ի մի սիրտ եւ հոգի աշխատին ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն սրբոյ Աթոռոյս»։

Այս բաժակը միւսներու նման ընդունուեցաւ բուռն ոգեւորութեամբ, իսկ աշակերտները երգեցին «Ի բիւր ձայնից բնութեան շքեղ» հրաշալի երգը։ Ճաշը արդէն վերջացած էր, Վեհափառը, օրհնելով՝ մեկնեցաւ։ Վեհափառի յատուկ հրամանաւ առանձին հոգացողութիւն եղաւ աղքատներուն ու խեղճերուն, որոնց համար զատ սեղան կազմուեցաւ։ 

Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՎՐԴ․ ՏԷՐ-ՄՈՎՍԻՍԵԱՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 8, 2026