ՄԱՐԴՈՒՍ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ
«Մահկանացուներու մտածումները անստոյգ են, իսկ գիտելիքները՝ անհաստատ». (ԻՄԱՍՏ. Թ 14)։
Մարդիկ, ընդհանրապէս հպարտ են՝ կը պարծենան իրենց մտածումներով եւ գիտութեամբ։ Բայց մարդոց մտածումները այդքան ստո՞յգ են եւ գիտելիքները՝ հաստա՞տ։ Ահաւասիկ, Իմաստութեան Գիրքին մէջ կը գտնենք այս հարցումներուն պատասխանը, թէ՝ մարդոց մտածումները անստոյգ են եւ գիտելիքները՝ անհաստա՛տ։
Արդարեւ, մտածումը՝ բանականութեան պատճառով ստեղծուած մտային վիճակ մըն է։ Մարդուս բանականութիւնը, կարելի՞ է ըսել, թէ կատարեալ եւ անթերի է. ապա ուրեմն կարելի՞ է, որ անոր արտադրութիւնը կատարեալ եւ անթերի ըլլայ։ Եթէ մարդուն բանականութիւնը կատարեալ ըլլար եւ անթերի, մարդոց միջեւ տարակարծութիւններ, տարբեր մտածումներ եւ գաղափարներ գոյութիւն կ՚ունենա՞ր։
Ուրեմն, մարդոց մտածումները անստո՛յգ են։
Գիտութեան գալով՝ գիտութիւնը բնութեան գաղտնիքներ գտնել, անոնց մասին տեղեկութիւն քաղել է, այսինքն արդէն գոյութիւն ունեցողի ծանօթանալ՝ գիւտ կատարել։ Բնութիւնը անհո՜ւն էութիւն մըն է եւ գաղտնիքներով լեցուն իրականութիւն մը։ Մարդուն ամբողջ կարողութիւնը եւ տարողութիւնը յարմա՞ր է այդ անհուն էութեան տիրանալու եւ գաղտնիքներուն ծանօթանալու։ Բնութիւնը «հորիզոն» մըն է՝ որուն հասնիլ երբեք կարելի չէ՛, թերեւս միայն մօտենալ անոր, բայց երբեք բոլորովին հասնիլ անոր։ Գիտութիւնն ալ իր յատուկ, նեղ իմաստով մարդուն համար անհասնելի է. մարդը «գիտուն», «գիտնական» կրնայ ըլլալ, բայց ոչ երբեք՝ ամենագէտ։ Մարդ, արդարեւ, որոշ նիւթի մը մասին կրնայ «մասնագէտ» ըլլալ, բայց ամէն նիւթի մասնագէտ կարելի չէ որ ըլլայ։ Մարդուս մտային կարողութիւնը եւ տարողութիւնը գլխաւոր արգելքներ են անոր անսահման գիտութեան, քանի որ մարդուս կարողութիւնը եւ տարողութիւնը չափաւոր է եւ սահմանափակ։ Ինչպէս որ «անմեղ» մարդ չկայ, նո՛յնպէս ալ «ամենագէտ» մարդ չկա՛յ եւ պիտի չըլլա՛յ…
Ուստի, մարդուս միակ հաստատ գիտցածը՝ իր չգիտցածներուն անդրադարձումն է եւ իրապէս իմաստուն եւ գիտուն մարդը իր տգիտութեան անդրադարձող, գիտակցող եւ ընդունողն է։
Եւ այս կը նմանի ազատութեան գաղափարին՝ իրապէս «ազա՛տ» է ան՝ որ իր ազատութեան սահմանը գիտէ, կ՚ընդունի եւ ըստ այնմ կը գործէ եւ ըստ այնմ կը շարժի՝ յարգելով միշտ «ուրիշ»ին ազատութիւնը։
Գիտութիւնը արժէք կը ստանայ, երբ ան գործածուի մարդկութեան բարիքին եւ օգտին համար։
Գիտական հիմնահետազօտութիւնը, ինչպէս նաեւ գործառնական հետազօտումը, յատկանշանական արտայայտութիւն մը կը հանդիսանան մարդուն արարչագործութեան վրայ բանեցուցած տիրութեան։ Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը թանկագին ներդրումներ են, երբ տրամադրուին մարդուն ծառայութեան եւ առաջ մղեն անոր ամբողջական բարգաւաճումը ի շահ բոլորին։
Ուստի, այդ երկուքը սակայն առանձին չե՛ն կրնար ցուցանիշ ծառայել մարդկային գոյութեան եւ յառաջդիմութեան իմաստին։ Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը նպատակադրուած են ի սպաս մարդո՛ւն, որմէ կը քաղեն իրենց ծագումը եւ աճումը. անոնք մարդկային անձին եւ անոր բարոյական եւ հոգեւոր արժէքներուն մէջ կը գտնեն իրենց նպատակին ուղեցոյցը եւ իրենց սահմանաւորութեան գիտակցումը։
Ցնորական է գիտական հետազօտութեան եւ անոր գործադրումներուն բարոյական չէզոքութիւնը պահանջել։ Այլուստ, արեւելումի չափանիշները ո՛չ կրնան քաղուիլ արհեստագիտական պարզ արդիւնաւորութենէն, ո՛չ այն օգտակարութենէն, զոր ոմանք կրնան քաղել ի վնաս ուրիշներուն, ո՛չ ալ աւելի վատ պարագային, գերիշխող գաղափարաբանութենէն։
Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը իրենց ներհուն նշանակութեամբ կը պահանջեն բարոյականութեան հիմնական չափանիշներուն անպայմանաւոր յարգանքը։ Այդ երկուքը պարտին ըլլալ ի սպաս մարդկային անձին եւ յարգել անոր արժանապատուութիւնը, անոր անլուծանելի իրաւունքներուն, անոր ճշմարիտ եւ ամբողջական բարիքին, օգտին՝ ըստ Աստուծոյ ծրագրին եւ կամքին։
Արդարեւ, գիտութիւնը Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւներէն մէկն է, ըստ այնմ պէտք է գործածել եւ գործադրել։ Եւ այս իմաստով, գիտութիւնը կը լրացնէ եւ իրենց կատարելութեան կը հասցնեն առաքինութիւնները անոնց՝ որոնք կ՚ընդունին զայն։ Գիտութիւնը՝ մարդը կը դարձնէ իմաստուն եւ գիտակից իր կոչումին եւ հնազանդ՝ այն ինչ որ ճշմարտութիւն է։ Գիտութիւնը, նաեւ, մարդը կ՚առաջնորդէ հնազանդելու փութկոտութեամբ աստուածային ներշնչումներուն։
Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Քու բարի հոգիդ թող առաջնորդէ ինծի ուղիղ երկրին վրայ». (ՍԱՂՄ. ՃԽԳ 10)։
Իսկ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ամէն անոնք զորս կ՚ոգեւորէ Աստուծոյ Հոգին, Աստուծոյ որդիներ են… Եթէ որդիներ, ուրեմն ժառանգորդներ՝ ժառանգորդներ Աստուծոյ եւ ժառանգակիցներ Քրիստոսի». (ՀՌՈՎՄ. Ը 14 եւ 17)։
Ուրեմն, կը հետեւի, թէ գիտութիւնը արգելք չէ՛ հաւատքի, եւ ընդհակառակը, ան մարդը կը միացնէ Քրիստոսի, պայմանով որ ան գործածուի մարդկութեան բարիքին եւ օգտին համար։ Թէպէտ հաւատքը բանականութենէն վեր է, սակայն երկուքին միջեւ չի կրնար իսկական տարաձայնութիւն ըլլալ։ Խորհուրդները յայտնող եւ հաւատքը հաղորդող Աստուածը, քանի որ մարդուն մտքին մէջ բանականութեան լոյսը սփռեց, նոյն Աստուածը չի՛ կրնար Ինքզինք՝ Ինքնիրեն հակասել եւ ոչ ալ ճշմարիտը կրնայ հակասել ճշմարիտին։
Ասոր համար՝ գիտութեան բոլոր մարզերուն մէջ հետեւողական որոնումը, եթէ իսկապէս գիտականօրէն յառաջ տարուի եւ եթէ բարոյական կանոններուն հետեւի, չի՛ կրնար երբեք իրապէս հակադրուիլ հաւատքին, քանի որ աշխարհային եւ հաւատքի իրականութիւնները իրենց ծագումը միեւնոյն Աստուծոյ մէջ կը գտնեն։ Դեռ աւելին, ան որ կը հնարի իրերուն, բնութեան գաղտնիքները թափանցել յարատեւութեամբ եւ խոնարհութեամբ, անիկա, նոյնիսկ անգիտակից կերպով առաջնորդուած է Աջովն Աստուծոյ, որ զօրավիգ է բոլոր էակներուն եւ զանոնք կ՚ընէ այն ի՛նչ որ են։
Ուստի, չե՛նք երեւակայեր ճշմարիտ գիտուն մը, իսկական իմաստով գիտնական մը՝ որ անհաւատ ըլլայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 9, 2025, Իսթանպուլ