ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՎԱԽԸ՝ ՄԱ՛Հ

Մահ՝ որուն մասին մտածելն իսկ սարսափ կը պատճառէ մարդուն։ Ան բոլոր վախերուն սկզբնական, հիմնական պատճա՛ռն է։ Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ մահը ահաւոր վախ մը եւ ատոր ընկերակցող մտատանջութիւն մը՝ մտահոգութիւն մըն է մանաւանդ անո՛նց՝ որոնց համար հողակոյտէն անդին երկարող յաւիտենականութիւնը մութ, խաւար, մռայլ, ծածուկ, անիմանալի, խորհրդաւոր «հանելուկ» մըն է։ Չէ՞ որ Վիքթոր Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ անմահութիւնը ամենէն աւելի կը զգայ, երբ գերեզմանատուն կ՚այցելէ։

Մահէն վախցողներ կը նմանին այն աշակերտին՝ որ դպրոցական քննութեան կը ներկայանայ առանց պատրաստուած ըլլալու։ Ի՜նչ վախով, ի՜նչ սրտատրոփումով ան պիտի նստի գրասեղանին առջեւ։ Ընդհակառակը, այս վախը անծանօթ պիտի ըլլայ քննութեան լմա՛ն պատրաստուած աշակերտին, քանի որ ան վստա՛հ է իր յաջողութեան։

Եւ նո՛յնն է պարագան իրա՛ւ, անկեղծ եւ ճշմարիտ քրիստոնեային՝ որ հոգեւոր քննութեան կամ վերջին դատաստանին առջեւ ելլելու եւ յաջողելու պայմանները արդէն լրացուցած է իր կենդանութեան ընթացքին։ Ան ո՛չ մէկ վախ ունի մահուան հեռանկարին առջեւ։

Քրիստոնեան քա՛ջ գիտէ, թէ այս աշխարհի կեանքէն աւելի՛ բարձր եւ գեղեցիկ աշխարհ մը պիտի վերափոխուի։ Այլապէս, ալ ինչո՞ւ վախնայ… Պարագան բոլորովին տարբեր է, հակառա՛կն է, անուանական, աւանդական կամ ձեւական՝ կարծեցեալ «քրիստոնեայ» կոչուած մարդուն համար, քանի որ ան իր կենդանութեան՝ ողջութեանը չէ՛ պատրաստուած Աստուծոյ Թագաւորութենէն ներս «մուտքի քննութեան»։ Այս ճակատագրական քննութեան ա՛նպայման պիտի ներկայանայ ան, բայց պիտի ձախողի՛։ Եւ ուրեմն, ան ինչպէ՞ս չվախնայ…

Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Մարդուն սահմանուած է մէ՛կ անգամ մեռնիլ, եւ անկէ ետք՝ դատաստա՛ն, կ՚ազդարարէ Աստուած». (ԵԲՐ. Թ 27)։

Ուստի, «մահուան վախ»ը պէտք չէ՞ որ մարդը մղէ «ապաշխարութեան», որպէսզի անխուսափելի մահը ան դիմաւորէ անվա՛խ եւ պատրա՛ստ։ Ապաշխարութիւնը այս կարեւոր պատրաստութեան առաջին եւ ամենէն կենսական քայլն է։ Վախը, ուրեմն, իր լաւ եւ բարերար կողմերն ալ ունի հոգեւորապէս…

Մահուան կողքին, սակայն, կա՛յ մէկը՝ որմէ արդարօրէն պէ՛տք է վախնալ, այն ալ Աստուա՛ծ է, ինչպէս կը հաստատէ Յիսո՛ւս Ինք.

«Մի վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ չեն կրնար հոգին սպաննել։ Այլ աւելի վախցէ՛ք անկէ՝ որ կրնայ հոգին եւ մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել». (ՄԱՏԹ. Ժ 28)։

Եթէ կայ վտանգ մը, գալիք աղէտ մը՝ որմէ պէտք է արդա՛րօրէն վախնալ, այն ալ՝ ինչո՞ւ չէ՝ նաե՛ւ «ծծմբաբոց հնոց»ն է դժոխքին։

Վերջապէս, եթէ պէ՛տք է բանէ մը անպայման վախնալ, այն ալ հոգիին յաւիտենական կորուստն է. Աստուծմէ ընդմիշտ բաժանումը… Ուստի, եթէ «մահ»ը կորուստի եւ կորսնցնելու գաղափարով «վախ» կը պատճառէ, այն զԱստուած կորսնցնելու, Անկէ հեռանալու վախը պէտք է ըլլայ. ահա քիչ մը մա՛հ է ամէն օր։ Վախնալը ողջ ողջ մեռնիլ է քիչ մը, քանի որ նման տեւական զգացում մը կրնայ պատճառել մտահոգութիւն, ջղագարութիւն, բարոյալքում, անձկութիւն, մտատանջութիւն, յուսահատութիւն, յուսալքում, զանազան ցաւեր եւ հիւանդութիւններ, ախտեր, խելագարութիւն կամ սրտի կաթուած եւ նո՛յնիսկ անձնասպանութիւն։

Ամենէն մտահոգիչը, այն է, որ վախին ետեւ գործող զսպանակը կրնայ թերահաւատութի՛ւնը ըլլալ, չըսելու համար անհաւատութիւնը։

Արդարեւ, հոն՝ ուր վախ կայ, հոն լման եւ բացարձակ հաւատքը որոշապէս բացակայ է, ինչպէս որ խաւար եւ մութ եղած տեղը՝ ներկայ չէ՛ լոյսը։ Ուստի, վախը հաւատքի պակաս, թերացում կ՚ենթադրէ, իսկ հաւատքը մերժո՛ւմն է, ժխտո՛ւմն է վախին։

Հաւատքը ապահովութիւն, վստահութիւն եւ խաղաղութիւն կը ներշնչէ, վախը անապահովութիւն, անվստահութիւն եւ խռովք, վրդովում կը պատճառէ։ Հաւատքը կեա՛նք կու տայ, վախը մա՛հ կը ծնի։ Հաւատքը կը բժշկէ. կը մխիթարէ, կ՚առաջնորդէ, վախը կ՚անդամալուծէ՝ կը մեռցնէ, որովհետեւ հաւատքին ետեւ Աստուա՛ծ կայ եւ որուն անունը Յիսուս Քրիստոս է. մինչդեռ վախին ետին Սատանան՝ «Չար»ը պահուըտած է։

Ահա ինչո՛ւ համար, ամէն անգամ որ Սատանան՝ «Չար»ը վախ, մտահոգութիւն, թերահաւատութիւն կը ներշնչէ մարդուն. Աստուած, ընդհակառակը կը քաջալերէ՝ կը խաղաղեցնէ, կը փախցնէ վախը՝ ինչպէս որ լոյսը կը վանէ խաւարը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 8, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025