«ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ»
Տասնամեակներ շարունակ բեմերէն լսեցինք «ազգային ոգի», «ազգային դաստիարակութիւն» «հայեցի դաստիարակութիւն» եւ նման տարբեր արտայայտութիւններ, որոնք ձեւով մը առաջնորդը եղան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի դպրոցներուն: Հայ դպրոցը լաւապէս հասկցաւ, որ լաւ թուաբանութիւն, լաւ աշխարհագրութիւն եւ կամ լաւ անգլերէն եւ կամ ֆրանսերէն խօսող աշակերտներէ շատ աւելի կարեւոր է այդ աշակերտներուն հայեցի դաստիարակութիւն տալը, սակայն, մեր ազգին համար երբեք յստակ չեղաւ, թէ ի՞նչ է այդ «ազգային դաստիարակութիւն» ըսուածը, որովհետեւ իւրաքանչիւրին համար այդ մէկը տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն ունեցաւ: Այսպէս, ազգային դաստիարակութիւն ըսելով ոմանք հասկցան, որ պէտք է ատել թշնամին. ոմանց համար ազգային դաստիարակութիւն նշանակեց յուզուիլ ու միեւնոյն ժամանակ ոգեւորուիլ ազգային ու հայրենասիրական երգերէն. ուրիշներու համար այդ հայրենասիրութիւնը պայքարի ոգիով ու խիզախութեամբ արտասանուած ճառերն ու լոզունգները եղան ու այսպէս ամէն մէկը տարբեր ձեւով մեկնաբանեց այդ «ոգին» ու «դաստիարակութիւն»ը, սակայն, ան երբեք վերջնական պատկեր մը, բանաձեւ մը չունեցաւ:
Մանկավարժ ու մտաւորական Բիւզանդ Եղիայեան 1938 թուականին Գահիրէի մէջ լոյս տեսնող «Արեւ» օրաթերթի, ուրբաթ, 4 փետրուար, թիւին մէջ (ԻԲ. տարի, թիւ 5806, էջ 2) խօսելով ազգային դաստիարակութեան մասին՝ կ՚ըսէ. «Ազգային դաստիարակութիւնը համաձայն պիտի ըլլայ այն քաղաքականութեան, որուն կը հետեւի ազգը»: Եթէ Եղիայեանի ըսածը որպէս ճշմարտութիւն ընդունինք, ապա յստակ է, որ շատ դժբախտ վիճակի մէջ է ազգային դաստիարակութիւնը, որովհետեւ դարաւոր հայ ժողովուրդը մինչեւ այսօր չկրցաւ մէկ գաղափարախօսութեան, մէկ համոզումի ու տեսլականի շուրջ համաձայնութեան գալ եւ անոր հետեւիլ. հազար ու մէկ քաղաքական ըմբռնում, հազար ու մէկ «ազգային ոգի»ի սահմանում. եթէ ազգային դաստիարակութիւնը որպէս հիմք պիտի ունենայ այն գաղափարներն ու տեսլականները, զորս ազգը իր ընդհանրութեան մէջ ունի, ապա վստահ կրնանք ըլլալ, որ մեր ունեցած «ազգային դաստիարակութիւն»ը հիմք չունի՝ եւ ցանկացած պահի՝ ըստ յարմարութեան կրնայ փոխուիլ, կրնայ փլուզուիլ, կրնայ տարբեր գոյներ ստանալ ու այլակերպիլ:
Մեր մօտ «ազգային դաստաիրակութիւն»ը հետեւեալ պատկերը ունի. չորս ընկեր կ՚որոշեն քալելով Երեւանէն Աշտարակ երթալ, սակայն չորսն ալ ճամբան չեն գիտեր. մէկը կ՚ըսէ աջ ճամբով երթանք, իսկ միւսը՝ ձախ. երրորդ մըն այլ ճամբայ կ՚առաջարկէ: Իրարու մօտ գալու, միասնաբար ճամբան գտնելու փոխարէն՝ կ՚որոշեն բաժնուիլ եւ ամէն մէկը ճամբայ մը ընտրելով կը սկսի քալել՝ որպէս նպատակ ու վախճան ունենալով նոյն տեղը հասնիլ: Երկար ժամեր քալելէ ետք՝ երբ յուսահատիլ կը սկսին, կ՚որոշեն հարցնել, թէ ճիշդ ճամբայ բռնա՞ծ են արդեօք. ի յայտ կու գայ, որ նոյն տեղը հասնելու համար ճամբայ դուրս եկած ընկերները իրենց հիմնական ճամբէն շեղելով յայտնուած են այլուր: Այս պարագային Աշտարակը մեր ազգային դաստիարակութիւնն է՝ որուն կ՚ուզէ հասնիլ մեր ժողովուրդը. ընկերները կուսակցութիւններն են՝ որոնք նոյն նպատակը ունենալով իրարու հետ գործելու, իրարու հետ ճամբայ դուրս գալու փոխարէն հակառակ ճամբաներով կ՚առաջնորդուին՝ սակայն մի՛շտ ու մի՛շտ նպատակ ունենալով հասնիլ նոյն տեղը:
Չորս ընկերները հակառակ ճամբաներ բռնելու փոխարէն եթէ ի մի գալով փորձէին միասնաբար ճամբայ մը բռնել եւ սեփական կարծիքը մէկ կողմ դրած ճշմարտութեան փնտռտուքին նուիրուած ըլլային, գուցէ այսօր հասած կ՚ըլլային հոն՝ ուր մտադրած էին հասնիլ:
Այսօրուան ամերիկահայ երիտասարդին ունեցած ազգային դաստիարակութիւնն ու ազգային ոգին տարբեր է լիբանանահայ երիտասարդին ունեցած ազգային դաստիարակութենէն. մեր մէկ գաղափար չունենալու դժբախտութիւնը պատճառ է, որ ի յայտ գան բազմաթի՜ւ գաղափարախօսութիւններ՝ բոլորն ալ նոյն անունով, նոյն նպատակով ստեղծուած՝ սակայն ամբողջութեամբ իրարմէ տարբեր եւ շատ անգամ նոյնիսկ զիրար հակասող:
Այդ ազգային ոգին շատ աւելի յստակ դարձնելու համար պէտք է որոշ սահմանումներ ընել՝ որպէսզի հայ աշակերտը, նոր սերունդը հետեւի այդ ուղղութեան. այդ սահմանումները կրնան հետեւեալ տեսքը ունենալ.
Ա.- Ազգային դաստիարակութիւն ունենալ կը նշանակէ սեփական ազգը սիրել ամէ՛ն բանէ աւելի, ամէ՛ն բանէ վեր. զայն չհամեմատել այլ ազգերու «յաջողակ» ընթացքին հետ եւ նախանձելի չնկատել այդ մէկը, այլ քննել եւ իւրաքանչիւր բացթողումի համար դարման գտնել:
Բ.- Ազգային դաստիարակութիւն ունենալ կը նշանակէ լաւապէս ճանչնալ սեփական պատմութիւնը, ճանչնալ այդ ընթացքը, որուն ճամբով ազգը հասած է հոն՝ ուր որ է այսօր. ընդունիլ՝ որ անձը շատ աւելի տալիք ունի ազգային դաստիարակութեան՝ քան առնելիք:
Գ.- Ազգային դաստիարակութիւն ունենալ կը նշանակէ հանրութեան, ազգային շահը շա՛տ աւելի բարձր նկատել՝ քան սեփական շահը:
Դ.- Ազգային դաստիարակութիւն ունենալ կը նշանակէ հասկնալ ու ըմբռնել, որ անձերը ժամանակաւոր են, սակայն գաղափարն ու պետութիւնը, հայրենիքը՝ անժամանակ. սակայն այդ անժամանակը եւս կրնայ ժամանակաւոր դառնալ՝ կախուած ժողովուրդի գիտակցութենէն:
Յաջորդ մեր նիւթով խօսինք, թէ գործնական գետնի վրայ ինչպէ՞ս կարելի է աշակերտներուն փոխանցել ազգային դաստիարակութիւնը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ազգային դաստիարակութիւն ըսելով ի՞նչ կը հասկնաք:
Պատասխան. «Ազգային դաստիարակութիւն» ըսելով կը հասկնանք անհատի մէջ եղած հայրենասիրական գիտակցութիւնը, ազգային ինքնութեան, լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ իր ունեցած ըմբռնումն ու մօտեցումը: Ազգային դաստիարակութեան նպատակն է, որ նոր սերունդը հասակ առնէ իր պատմութեան, արմատներուն սիրով ու համոզումով՝ պահպանելով ազգային արժէքները ո՛չ միայն գիտնալով, այլ իր գործերով, վարքով ու վերաբերմունքով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան