ԲԱՐԻ ԽՈՐԱԳԷՏ ԸԼԼԱԼ
«Ահա ես ձեզ կը ղրկեմ իբրեւ ոչխարներ գայլերու մէջ. ուստի օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ». (ՄԱՏԹ. Ժ 16)։
Յիսուս Քրիստոսի մեկնաբանական արտայայտութիւնը եղած է. «Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է, իսկ ով որ փոքր ծառայութեան մէջ անհաւատարիմ է՝ մեծին մէջ ալ անհաւատարիմ է». (ՂՈՒԿ. ԺԶ 10), երբ կը պատմէ «Ճարպիկ տնտեսին առակը». (ՂՈՒԿ. ԺԶ 1-9)։ Այս առակը, արդարեւ ներքին կապ մը ունի Յիսուսի այն խօսքերուն հետ՝ ուր կը պատուիրէ «խորագէտ ըլլալ, նաեւ՝ միամիտ»։ Ուստի, տնտեսի առակին մէջ «տնտես»ը՝ հաշուակալի պաշտօն ունեցող պաշտօնեան է, որ ըրած զեղծարարութիւններու պատճառով իր պաշտօնին վերջ տրուած է։
Այս առակին մէջ՝ տնտեսը դիւանագիտական բարեացակամութեան մը առարկայ կը հանդիսանայ։ Անոր ըրածը ճարպիկութիւն կը սեպուի, եւ օրինակ կը դրուի նաեւ հոգեւոր արժէքներու նկատմամբ ճարպիկ ըլլալու կարեւորութեան։ Արդարեւ, խնդրոյ առարկայ է հոս հաւատարմութեան չգոյութիւնը. հաւատարմութիւնը կ՚ենթադրէ աննենգութիւն, վստահութիւն, ուղղամտութիւն, հաւաստութիւն՝ որուն ստորոգելիներն են արժանահաւանութիւն եւ արժանավստահութիւն։ Հաւատարիմ ըլլալ կը նշանակէ հաստատամիտ եւ հաստատակամ, խօսքին եւ խոստումին տէրը ըլլալ։ Այս իմաստով Աստուած հաւատարմութեան «տիպար»ն է, քանի որ Ան իր խոստումներուն մէջ երբեք չի շեղիր, այսինքն՝ ամենավստահելին եւ ամենէն արժանահաւանելին է։
Այս մեկնակէտէն՝ Քրիստոսի հաւատարմութիւնը ճարպիկութիւն կը պահանջէ, ըստ Իր պատուէրին՝ որ կ՚ուզէ, որ Իր աշակերտները ըլլան «խորագէտ», բայց նաեւ՝ «միամիտ»։ Անշուշտ, միամիտ ըլլալ չի նշանակեր պարզամիտ, դիւրահաւատ ըլլալ։ Արդարեւ, Քրիստոսի հաւատալ, Անոր հետեւիլ, աշակերտիլ՝ խորագիտութիւն եւ ճիգ, աշխատութիւն, եռանդ կը պահանջէ։ Եւ այս իմաստով, մարդ պէտք չէ աշխարհային զբաղումներու եւ անոնց պատճառած մտահոգութիւններէն տարուելով զանց առնէ հոգեւորը, պէտք չէ երկրայինը արգելք հանդիսանայ երկնայինին։
Տնտեսի առակը ընդհանրապէս սխալ մեկնաբանութիւններու եւ թիւրիմացութիւններու նիւթ հանդիսացած է, կարծուելով, որ հոն խորագիտութիւնը կամ, ըսենք. աշխարհային ճարպիկութիւնը գովաբանուած է։
Սակայն, կարգ մը գէշ արարքներ, երբեմն բարի, լաւ եւ օգտակար դասեր կը պարունակեն, եւ այդ դասերէն օգտուիլ հմտութի՛ւն կը պահանջէ։ Ուստի, տնտեսին առակն ալ հակառակ տեսանկիւնէ մը դիտելով կարելի է անկէ օգտաշատ դասեր քաղել։
Խորագիտութիւնը եթէ բարի է, հաւատարմութիւն կը ստեղծէ, իսկ եթէ խորագիտութիւնը չար է՝ անարդարութեան պատճառ կը հանդիսանայ։ Ուրեմն, կը հետեւի, թէ՝ բարի խորագիտութիւնը բանալին է հաւատարմութեան։ Բարի խորագէտ ըլլալն ալ քրիստոնէական հաւատարմութիւն կը պահանջէ եւ ան ազդարար եւ յուսարար հոգի մը կը ստեղծէ հաւատաւոր հաւատացեալին մէջ։
Կեանքի մէջ, մանաւանդ հոգեւոր կեանքի մէջ ժամանակը մեծ կարեւորութիւն ունի. աշխարհային կեանքի մտահոգութիւններէն ազատիլ եւ հոգեւոր կեանքի բաւարարութեան հասնիլ անմիջական որոշումի կը կարօտի. ժամ առաջ պէտք է որոշում տալ եւ գործնականի վերածել տրուած որոշումը։ Այս իմաստով ժամանակը քիչ եւ կարճ է, բայց ամենախնամն Աստուած յաճախ առիթներ կը ստեղծէ եւ ժամանակ կու տայ որոշում տալու համար։ Բայց պէտք է միշտ արթուն ըլլալ, քանի որ այդ «ժամանակամիջոց»ը յայտնի չէ՛. քանի որ աշխարհի վրայ ընդհանրապէս չար ճարպիկութիւնը՝ ապա ուրեմն անարդարութիւնը կը տարածուի ամբողջ կեանքին վրայ եւ մարդս կը տանի անիրաւութեան։
Արդարեւ, կեանքը հիմնուած է հակադիր եւ նաեւ ներդաշնակ արժէքներու վրայ. ինչպէս՝ խորագիտութիւն եւ միամիտութիւն, հաւատարմութիւն եւ դաւաճանութիւն, բարութիւն եւ չարութիւն… եւ երանի՜ այն մարդուն՝ որ կրնայ հակադրութիւնները ներդաշնակել եւ երջանիկ կեանք մը ապահովել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 11, 2026, Իսթանպուլ