ՄԱՏՂԱՇ ԿԵԱՆՔԵՐՈՒ ՄՇԱԿԸ
Սփիւռքահայ գրականութեան մեծերէն Մուշեղ Իշխան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Ուսուցիչն է մատղաշ կեանքերու մշակը եւ ուսուցիչի ձեռքերուն է յանձնուած նոր սերունդի ապագան»։ Եթէ ընդունինք, որ մեծանուն գրողի այս խօսքերը ճշմարտութիւն են՝ ապա լուրջ ձեւով վտանգուած է մեր նոր սերունդի ապագան եւս, որովհետեւ մերօրեայ ուսուցիչը մատղաշ կեանքերու մշակի դերը ստանձնելու մէջ մեծապէս թերացած է։ Համաշխարհային մամուլը թերթելը բաւարար է հասկնալու համար մերօրեայ ուսուցիչի թերութիւնները։ Ահաւասի՛կ, անոնցմէ մի քանի օրինակներ.
Տակաւին մի քանի օրեր առաջ համացանցի մէջ տարածում գտաւ տեսանիւթ մը, ուր ուսուցիչը հայհոյանքներով ու նախատինքով կը խօսի աշակերտներուն հետ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ուսուցիչ մը կը ձերբակալուի՝ 17-ամեայ աշակերտին հետ սեռային յարաբերութեան մէջ գտնուելու մեղադրանքով։ Այլ ուսուցիչ մը աշխատանքէն կը հեռացուի՝ իր հսկողութեան ժամանակ երկու աշակերտներու սեռային յարաբերութիւնը ծածկելու պատճառով: Վերոյիշեալ այս երեք դէպքերը պատահած են անցեալ շաբթուան ընթացքին. եթէ կարկինը լայնցնենք, ապա կարելի է հազար ու մէկ դէպք ու երեւոյթ յիշել եւ տարբեր երեւոյթներու անդրադառնալ:
Եթէ դիմենք հին գրողներու, ուսուցիչին ինչութեան մասին տարբեր ու մեծղի արտայայտութիւններ պիտի տեսնենք. օրինակի համար, անոնցմէ մին կ՚ըսէ. «Ընտանիքը զաւակ կ՚արտադրէ, ուսուցիչը զայն կրկին կը ստեղծէ մտքի աշխատանոցին մէջ»։ Վերացական այս խօսքը ինչքանո՞վ կը վերաբերի մերօրեայ ուսուցիչներուն՝ չենք գիտեր, սակայն յստակ ձեւով գիտենք, որ դարը կը ստեղծէ դպրոցը. դպրոցը՝ իր աշակերտը եւ այս դարը՝ որ ստեղծած է մերօրեայ դպրոցն ու աշակերտը՝ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր:
Ուսուցչութեան մասին խօսիլը երկար ժամանակ կը պահանջէ, որովհետեւ մարդկութեան համար այսքան կարեւոր ու սրբազան «աշխատանք»ը (առաքելութիւն եւ ո՛չ աշխատանք) ժամանակի ընթացքին անցած է բազմաթիւ փուլերէ՝ մանաւանդ հայ ուսուցիչի պարագային, որ 19-20-րդ դարերու ընթացքին ունեցած է ողորմելի վիճակ մը, սակայն, ո՛չ մտապէս ու բարոյապէս. ողորմելի պարզապէս նիւթապէս, անտեսուած ու լքուած։ Ու ի՜նչ զոհողութիւն, որ դժուարին այդ պայմաններու մէջ շատեր յանձն առած են ուսուցիչ դառնալ՝ նոյնիսկ գաւառներու մէջ, որպէսզի հայոց լեզուն, կրօնն ու պատմութիւնը հասանելի դարձնեն աշակերտութեան: Այսօր, սակայն, երեւոյթը տարբեր է:
Այսօր ուսուցչութեան ասպարէզին մէջ կան հիմնական մի քանի սխալ համոզումներ.
ա. Ուսուցիչը ամէն բան գիտէ, իսկ աշակերտները ոչինչ գիտեն։ Ցաւ ի սիրտ, կը տեսնենք, որ մեր ուսուցիչներէն շատեր «ուսուցիչ» դառնալով կը կարծեն, թէ իրենք ամէն բան գիտեն եւ աշակերտը ոչինչ գիտէ եւ բնականաբար աւելի վեր, աւելի բարձր ըլլալու համոզումով կը տարուին: Գուցէ անցնող շաբաթներու հայհոյող ուսուցիչը այդ հիւանդութենէն կը տառապէր, որովհետեւ մեր հայկական վարժարաններու մէջ եւս ուսուցիչները առիթ չեն տար, որ աշակերտները արտայայտուին, այլ պարզապէս կ՚ուզեն, որ իրենք խօսին ու աշակերտը մտիկ ընէ, որովհետեւ «աշակերտը իրմէ սորվելիք շատ բան ունի»։ Նման ուսուցիչներ ուսուցչութիւնը այսպէս կ՚ըմբռնեն. ուսուցիչը պիտի խօսի, իսկ աշակերտը լսէ, ուսուցիչը հրահանգէ իսկ աշակերտը կատարէ, ուսուցիչը բացատրէ ու աշակերտը հասկնայ: Նման ուսուցիչներ ձախողած ուսուցիչներ են, որովհետեւ ուսուցիչ ըլլալ բռնատէր ըլլալ չի նշանակեր։ Իւրաքանչիւր աշակերտ ունի տարբեր ունակութիւն, տարբեր բնաւորութիւն եւ հաւաքականութեան մէջ նոյնիսկ իւրաքանչիւրը տարբեր մօտեցումի եւ տարբեր վերաբերմունքի կարիքը ունին:
Ուսուցիչը իր միտքն ու համոզումը չի կրնար պարտադրել աշակերտներուն, որովհետեւ աշակերտի մատղաշ միտքը հաստատում մը ընդունելու համար որոշ «փաստ»եր ու համոզում կը պահանջէ։ Այսօր շատ անգամ ուսուցիչներուն մօտ կը տեսնենք «այսպէս է ու վե՛րջ»ի երեւոյթը։ Մանկավարժականօրէն փաստուած է, որ աշակերտը շատ աւելի մօտիկ կը զգայ այն ուսուցիչը, որուն հետ ազատօրէն կրնայ հաղորդակցիլ, որովհետեւ մատղաշ միտքը անդադար ունի հարցումներ եւ ուսուցիչին պարտաւորութիւնն է լաւագոյն ձեւով պատրաստուած այդ հարցադրումներուն պատասխան տալ։ Ուսուցիչը իր համոզումն ու բացատրութիւնը չի կրնար պարտադրել աշակերտին։ Ան պէտք է մանկավարժ մօտեցումներով բացատրէ եւ իր հաստատումը համոզիչ դարձնէ աշակերտին։ Պէտք է դուրս գալ այն համոզումէն, որ ուսուցիչը ամէն բան գիտէ եւ ինք է սորվեցնողը։ Առողջ հաղորդակցութիւնը ցոյց կու տայ, որ շատ անգամ ուսուցիչը ի՛նք եւս շատ բան ունի աշակերտէն սորվելիք եւ այդ երկկողմանի յարաբերութիւնը ո՛չ թէ «տէր»ի ու «ծառայ»ի մթնոլորտի մէջ, այլ առողջ հաղորդակցութեամբ կարելի է հաստատել:
Յայտնի գրող մը կ՚ըսէ. «Առանց հաղորդակցութեան չկայ ճշմարիտ կրթութիւն, եւ առանց կրթութեան չկայ ճշմարիտ հաղորդակցութիւն»:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մենք չենք ճանչնար պիտանին, կենսականը, մեծը՝ Հայ Արուեստը, եւ զայն խաւարին մէջ թողած ենք, բորբոսող մութին մէջ լոյսի գանձեր ունինք. ո՞վ պիտի հանէր զանոնք մէջտեղ. կղերականութի՞ւնը, որ պաշտօնի, հացի, դիրքի, անբարոյականութեան անելին մէջ զիրար կը բզկտէ ու կը մատնէ. մտաւորականութի՞ւնը, որ բռնութեան տակ կը հիւծուի ու վատասերիլ կը սկսի:
ՏԻԳՐԱՆ ՉԷՕԿԻՒՐԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան