ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆԸ

Չինացի փիլիսոփայ եւ ուսուցիչ Լաօ Ցու իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Կեանքը բնական եւ ինքնաբուխ փոփոխութիւններու շղթայ է: Մի՛ դիմադրէք, այդ մէկը միայն տխրութիւն կը բերէ: Ձգեցէ՛ք, որ իրականութիւնը իրականութիւն դառնայ»: 

Փիլիսոփայական այս գաղափարին մասին աւելիով սկսայ մտածել, երբ լրատուամիջոցներ յայտնեցին օդանաւի մը մահաբեր արկածը. 181 ուղեւորներէն ողջ մնացած են ընդամէնը երկուքը։ Կեանքի ինքնաբուխ փոփոխութիւններով ըլլալը պահ մը վերլուծեցէք հետեւեալ ձեւով. պատկերացուցէք 181 հոգիով լեցուն օդանաւ մը. կայ մարդ, որ ամբողջ տարին աշխատած ու յոգնած, լաւ հանգիստ մը ընելու երազով լեցուն կը բարձրանայ օդանաւ. ուրիշ մը հեռաւոր այլ երկիր մը գուցէ իր սիրածը եւ կամ հարազատները տեսնելու կը մեկնի: Գուցէ անոնցմէ ոմանք կը մեկնին դուրս՝ իրենց ամուսնութեան մեղրամիսը անցընելու. 181 տարբեր մարդ՝ 181 տարբեր հոգեվիճակով, սպասումներով, նպատակներով ու ակնկալիքներով. այդ բոլորէն ետք յանկարծական արկած մը... եւ 179 զոհ եւ երկու վիրաւոր. անոնց ետին հազարաւոր սգաւորներ: 

Այս եղելութիւնը ինչքան ալ ցաւ պատճառէ, իր մէջ ունի մի քանի դասեր, որոնք կը վերաբերին մարդկային կեանքին.

Ա.- Կեանքի անկանխատեսելիութիւն.- Մարդիկ իրենց առօրեայի ընթացքին բազմաթիւ ծրագիրներ կ՚ընեն, կ՚երազեն, կը սպասեն, կը պայքարին, սակայն կեանքի անկանխատեսելի ընթացքը կրնայ ամէն բան՝ նոյնիսկ տարիներու պայքար մը մի քանի վայրկեանի մէջ ոչնչացնել եւ հիմնովին փոխել: Անշուշտ, այս մէկը կարելի է փոխակերպել դրականի պարագային եւս, որովհետեւ կեանքի դժուարին պահերուն յանկարծ դրականը կրնայ գլուխ պարզել: Մենք անձնապէս ճակատագիրի գոյութեան չենք հաւատար, սակայն, այստեղ կ՚ուզենք յիշել հրէական յայտնի ասացուածք մը. «Մարդը կը ծրագրէ, Աստուած կը ծիծաղի»: Կեանքի անկանխատեսելի ըլլալն է, որ մարդու կեանքը կ՚իմաստաւորէ, որովհետեւ իր կեանքի հոսքը դէպի անյայտութիւն առաջնորդող մարդն է, որ կը պայքարի եւ շատ անգամ իր պայքարին արդար արդիւնքը կը ստանայ։ Եթէ կեանքը անկանխատեսելի չըլլար, ապա ո՛չ մէկ իմաստ պիտի ունենար այն պայքարը, ինչ որ մենք այսօր ունինք, որովհետեւ մեր ապագան մեր ներկայի վրայ կը կառուցուի եւ հետեւաբար յստակ ապագայ մը գոյութիւն չունի: Մարդու բնազդին մաս կը կազմէ մտածել ու ծրագրել. մարդիկ իրենց յաջորդ օրը կը ծրագրեն, ուրիշներ ամբողջ ամսուան մը ծրագիր կը դնեն եւ կան նոյնիսկ միւս տարուան ծրագիրները մշակողներ, սակայն, կեանքը իր անակնկալներով կրնայ հիմնովին փոխել ամէ՛ն բան... մեծ հաւանականութեամբ այս անկանխատեսելիութեան համար «վաղուան մասին մի՛ մտածէք» գրուած է Նոր կտակարանին մէջ (հմմտ Մատթէոս 6:34)

Շատեր այս անկանխատեսելիութիւնը վտանգաւոր կը նկատեն, իսկ ուրիշներ գեղեցիկ. վտանգաւոր, որովհետեւ ամբողջ ամիսներու եւ կամ տարիներու պայքար մը կրնայ հիմնայատակ ըլլալ ակնթարթի մը մէջ, իսկ գեղեցիկ՝ որովհետեւ նախապէս ամէն բան գիտնալը կրնայ մարդը չխանդավառել, մինչ անկանխատեսելիութիւնը մարդը կը պահէ միշտ լարուած վիճակի մէջ՝ դրական ու ժխտական առումներով: Այս է մարդու կեանքը. երազել ու պայքարիլ՝ առանց երաշխիքի եւ այդ պայքարով առաջնորդուիլ դէպի անյայտ ապագայ: Այդ անկանխատեսելի վիճակն է, որ հետաքրքրութիւն, ինչպէս նաեւ որոշ մտահոգութիւն կը ստեղծէ: Այդ անկանխատեսելիութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մարդ լիովին ապրի: Պատկերացուցէք, որ մէկը գիտնայ, թէ երեք օր ետք պիտի մահանայ. վստահաբար այդ երեք օրը տարբեր ձեւով պիտի ապրի. իսկ եթէ ուրիշ մը գիտնայ, որ տակաւին 35 տարի կեանք ունի՝ ամբողջութեամբ ուրիշ կերպով պիտի ապրի: Այդ անկանխատեսելիութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի բոլորը՝ 3 օրուան կեանք ունեցողն ու 35 տարուան կեանք ունեցողը ապրին հաւասար, գործեն հաւասար եւ պայքարին այդ անորոշութիւններուն դէմ՝ բացի մահէն, որուն դէմ պայքարը պարզապէս անիմաստ է: 

Մարդ արարած ունի այն սխալ մտածումը, որ ինք կրնայ վերահսկել ու կառավարել իր կեանքը, ինչ որ իրականութեան մէջ պատրանք է, որովհետեւ մարդ իր կամքի ուժով կրնայ որոշ ծրագիր մը իրականացնել, սակայն, եթէ կեանքը առիթը չտայ՝ այդ պայքարը կը դառնայ ապարդիւն: Մարդ մի՛շտ ինքզինք խելացի նկատելով կ՚ուզէ անկանխատեսելին կանխատեսել եւ անոր առաջքը առնել, սակայն, ինչքան ալ պայքարի, վերջաւորութեան կ՚երթայ կեանքի տարած ճամբայով՝ որ մեր ծրագրածէն տարբեր կրնայ ըլլալ: 

Սակայն, նոյնիսկ որեւէ անկանխատեսելի դէպքի պարագային կեանքը այնպէս է, որ մարդ կախուած չի մնար այդ դէպքէն, որովհետեւ անոր կը յաջորդէ այլ անկանխատեսելի իրողութիւն մը եւ այսպիսով մարդ իր բնազդով կը վարժուի բոլոր պայմաններուն եւ ձեռք կը բերէ ճկնութիւն՝ աւելի շուտ կողմնորոշուելու եւ անկանխատեսելիին հետեւանքները սգալու փոխարէն վերականգնելու. մարդ արարած անկանխատեսելի երեւոյթներու պատճառած ցաւով ու դասով է, որ կ՚աճի ու կը յառաջդիմէ: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ ինչպէ՞ս կ՚ապրէր, եթէ ամէն բան անկանխատեսելի չըլլար:

Պատասխան. Եթէ ամէն բան կանխատեսելի ըլլար, մարդ իր կեանքին մէջ տարբեր ապրումներ ու վարմունքներ պիտի ունենար: Այդ պարագային կեանքը կը դառնար նախապէս գծուած ուղի մը, ուր տեղ չէր գտներ անակնկալը, անորոշութիւնը եւ յուզումը: Մարդու որոշումները, փափաքները եւ փորձերը կը դադրէին բնական ըլլալէ, որովհետեւ արդիւնքը միշտ յայտնի կ՚ըլլար: Նման վիճակ մը մարդուն մօտ կրնար ստեղծել ձանձրոյթ, անհետաքրքրութիւն եւ գոյութեան իմաստի կորուստի խոր զգացում: Մարդու իմաստութիւնը եւ աճը անորոշութեան եւ անսպասելիին մէջ կը յայտնուին, ուստի կանխատեսելի կեանք մը կրնար զուրկ ըլլալ ճշմարիտ ապրումներէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 12, 2025