ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
«Աստուծոյ վրայ մեր ունեցած վստահութեամբն է որ կ՚ըսենք այս բաները. վստահութիւն՝ որ Քրիստոս կու տայ մեզի։ Որովհետեւ բնաւ չենք խորհիր որ մենք մեր ուժերով այդպիսի գործ մը կրնանք ընել. այլ՝ Աստուած է որ այդ կարողութիւնը կու տայ մեզի», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (Բ ԿՈՐՆԹ. Գ 4-5)։
Աստուած արարչագործութենէ ետք երբեք չի լքեր Իր արարածները՝ կը պահէ զանոնք ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ՝ ապահով եւ անվտանգ։ Ան կը խնայէ ամէն բանի, քանի որ ամէն ինչ Անորն է. Ա՛ն որ հոգեսէր նախախնամ Տէր է. (ԻՄԱՍՏ. ԺԱ 26)։ Սաղմոսներուն աղօթքը ամենամեծ դպրո՛ցն է այս վստահութեան. «Նեղութեան օրը Տէրը պատասխանէ քեզի…». (ՍԱՂՄ. Ի 1), նաեւ. (ՍԱՂՄ. ԻԳ, ԼԱ, ՃԲ, ՃԼԷ եւ այլն)։ Արդարեւ, պատուէրներուն առաջինը կ՚ընդգրկէ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։ Ուստի, ո՛վ որ «Աստուած» կ՚ըսէ, կ՚ըսէ Էակ մը մնայուն, անփոփոխ, միշտ նոյնը, հաւատարիմ, կատարելապէս վստահելի եւ արդա՛ր։ Հետեւաբար մենք պէտք է անհրաժեշտաբար ընդունինք Անոր Խօսքերը եւ Անոր հանդէպ ունենանք ամբողջական հաւատք, վստահութիւն եւ յոյս։ Ան Ամենակարող է, բարեսիրտ, անհունօրէն տարուած բարիք գործելու։
Ո՞վ պիտի կարենար իր ամբողջ յոյսերը Անոր վրայ չդնել եւ ո՞վ պիտի կարենար չսիրել զԻնք՝ դիտելով բարութեան եւ խանդաղատանքին գանձերը, զորս Ինք սփռեց մեր վրայ։ Ան Ամենակարող է եւ Ամենակալ. ասոր համար Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ Իր պատուէրներուն թէ՛ սկիզբը եւ թէ վերջը կը գործածէ այս բանաձեւը. «ԵՍ ԵՄ ՏԷՐԸ»։
Մեր բարոյական կեանքը՝ հոգեւոր ապրումները իրենց ակունքը կը քաղեն Աստուծոյ հաւատքին եւ անսասան վստահութեան մէջ՝ որ Իր սէրը կը յայտնէ մեզի։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ա՛ն էր որ ինծի առաքեալ ըլլալու շնորհքը տուաւ, որպէսզի իր անունին հաւատալու եւ հնազանդելու հրաւիրեմ բոլոր ազգերը…». (ՀՌՈՄ. Ա 5), նաեւ. «Այժմ այդ խորհուրդը, մարգարէկական գրութիւններով յայտնուած, մշտնջենաւոր Աստուծոյ հրամանով բոլոր ազգերուն ծանուցուեցաւ, որպէսզի ամէն ոք հաւատայ եւ հնազանդի Քրիստոսի». (ՀՌՈՄ. ԺԶ 26)։ Պօղոս առաքեալ այս համարներով կը խօսի «հաւատքի հնազանդութեան» մասին իբրեւ առաջին պարտաւորութիւն։ Ան բարոյական բոլոր շեղումներուն սկիզբը եւ բացատրութիւնը կը բացայայտէ «Աստուծոյ անճանաչողութեան» մէջ. (ՀՌՈՄ. Ա 18-32)։
Աստուծոյ հանդէպ մեր պարտականութիւնն է հաւատալ՝ վստահիլ եւ վկայե՛լ Անոր։
Արդարեւ, առաջին պատուիրանը կը պատուիրէ մեզի՝ մեր հաւատքը՝ վստահութիւնը սնուցանել եւ պահպանել խոհեմութեամբ եւ արթնութեամբ եւ մերժել ի՛նչ որ կը հակառակի անոր։ Ուստի հաւատքին՝ վստահութեան դէմ մեղանչելու զանազան կերպեր կան, ինչպէս եւ «կամովին տարակոյս» կամ «ակամայ տարակոյս», «թերահաւատութիւն», «հերետիկոսութիւն», «ուրացում», «հերձուածութիւն»։
«Կամաւոր տարակոյս»ը կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ իբր ճշմարիտ ընդունիլ Աստուծոյ յայտնածը։
«Ակամայ տարակոյս»ը ցոյց տալ կը փորձէ հաւատալու՝ վստահելու վարանումը եւ հաւատալու դժուարութիւնները։ Ասիկա, մարդս կ՚առաջնորդէ «մտքի կուրացում»ի։
«Թերահաւատութիւն»ը հաւատքին հանդէպ անհոգութիւն կամ մերժում է։ «Հերետիկոսութիւն»ը՝ կամաւոր ժխտումն է ճշմարտութեան կամ կամաւոր տարակոյսն է ճշմարտութեան մասին։ «Ուրացում»ը ամբողջական մերժումն է հաւատքին։ «Հերձուածութիւն»ը մերժումն է հպատակութեան եւ պատկանելիութեան Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ։
Սիրելի՜ներ հաւատանք, վստահի՛նք եւ չտարակուսինք այս մասին, եւ ապահով, անվտանք ապրինք եւ վայելենք կեանքը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 11, 2025, Իսթանպուլ