ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆԸ
Բ.- Յոյսեր, երազանքներ ու հասարակաց ճակատագիր.- 181 ուղեւորները վստահաբար կը գտնուէին տարբեր ընկերային եւ տնտեսական մակարդակներու վրայ. անոնցմէ մին հարուստ էր, ուրիշը աղքատ. մին առողջ էր, իսկ միւսը հիւանդ. մէկը մեծահասակ էր, իսկ միւսը պատանի եւ կամ երիտասարդ, սակայն, անոնց հասարակաց ճակատագիրը մէկն էր: Այս մէկը մեծագոյն ապացոյցն է, որ մահուան դիմաց բոլորս ալ հաւասար ենք՝ անկախ մեր ունեցած դիրքէն, պաշտօնէն եւ կամ հարստութենէն: Կեանքին մէջ իւրաքանչիւրիս պայքարը ուրիշ է, ունեցած դժուարութիւնները, նոյնիսկ ուրախութիւնները ուրիշ է, սակայն, բոլորին աւարտը միեւնոյնն է:
Այս բոլորը առիթ է մտածելու, որ կեանքի մէջ միայն շահիլը եւ բարձրանալը չ՚երջանկացներ, որովհետեւ այդ բոլոր հաճոյքները ժամանակաւոր են. սակայն, կեանքը կու գայ փաստելու, որ տալով մարդ աւելի կ՚անմահանայ քան ապրելով. վկա՛յ մեր բոլոր այն անձնատուր բարերարները, որոնք իրենց յաջողութենէն բաժին հանեցին հայ ազգին. ինչպէս օրինակ՝ Մանթաշեան, Կիւլպէնկեան, Պօղոս Նուպար փաշա եւ բազմաթիւ ուրիշներ:
Գուցէ այս պահուս մեզմէ իւրաքանչիւրը կը պայքարի տարբեր նպատակներու եւ երազներու հասնելու համար, սակայն մահուան ուր ըլլալը իւրաքանչիւրիս համար անյստակ է. մեզմէ շատ շատեր պիտի հեռանան աշխարհէն՝ առանց իրենց երազները իրականութիւն դարձնելու:
Այս բոլորը կու գայ մարդուն ըսելու, որ այն պայքարը որ կեանքի մէջ կը մղենք, իրականութեան մէջ աննպատակ ու անիմաստ է, որովհետեւ այն բոլոր փառքերը, հարստութիւնները՝ որոնց կը ձգտինք, աշխարհիկ են եւ ենթակայ աշխարհի մէջ բանտուած մնալու. ինչո՞ւ համար վիրաւորել, նեղացնել նմանը արժէքներու համար՝ որոնք ժամանակաւոր են:
Գ.- Մահ եւ սուգ.- Մահը եւ սուգը երեւոյթ մըն է, որ կը միաւորէ բոլոր մարդկութիւնը՝ անկախ ազգութենէն, տարիքէն կամ ընկերական ու տնտեսական վիճակէն: Զգացում, որ ի տարբերութիւն միւսներուն, շատ աւելի խոր ու անձնական է: Նկատա՞ծ էք, մահուան դիմաց մարդիկ միշտ աւելի բարի կը դառնան, որովհետեւ մեռնող սիրելի մը կամայ թէ ակամայ կը յիշեցնէ, որ իւրաքանչիւրիս վերջը այդտեղ է՝ դագաղ մը եւ հող մը: Մեղքը մարդկային զգացումի բարձրագոյն դրսեւորումներէն է, որովհետեւ իր մէջ ունի վիշտ, մեղքի զգացում, շատ անգամ զայրոյթ, ներքին մինակութիւն եւ այլն. զգացում՝ որ իր մէջ կը ներառէ մի քանի այլ զգացումներ: Եւ վերոյիշեալ ամէն մէկ զգացում ունի իր հարցադրումները:
Մահուան հանդէպ մահուան զգացումը տարօրինակ է այնքանով, որ ան դուրս է անձնական ըլլալէ. համամարդկային է եւ ուրիշներու վրայ է, որ ազդեցութիւն կը գործէ. օրինակի համար՝ 179 ուղեւոր իր կեանքը կորսնցուց, բայց անդին հազարաւոր մարդիկ սգակիր դարձան. ո՛չ միայն ուղեւորներու ուրախութիւնը կէս մնաց, այլ նաեւ սպասողներուն, զիրենք սիրողներուն, հարազատներուն:
Մարդը բնազդօրէն միշտ կը մտածէ վատին մասին. օրինակ՝ իր գործի անյաջողութիւններուն, ամուսնական կեանքի մէջ տեղ գտնող հաւանական խնդիրներուն եւ բազմաթիւ այլ բաներու մասին՝ բացի մահէն. եթէ նկատենք, մենք յաճախ կ՚ապրինք այնպէս, կարծես, թէ անմահներ ենք եւ երբեք պիտի չմեռնինք, որովհետեւ եթէ մահուան գաղափարին հետ հաշտ ըլլայինք շատ անգամ պիտի չընէինք բաներ՝ որոնք այսօր կ՚ընենք: Մահուան մասին չմտածելն է պատճառը այդ մեծ սուգին՝ որ մահը կը պատճառէ. որովհետեւ մահուան գաղափարը անակնկալ նորութիւն մը չէ. իւրաքանչիւրս գիտենք, թէ ուշ կամ կանուխ մահը պիտի գայ գտնէ մեզ. սակայն եթէ գիտենք, ինչո՞ւ այդ անհերքելի իրողութիւնը այդքան խոր վէրք կը պատճառէ:
Պատասխանը պարզ է. մարդ կ՚ապրի իր վաղն ու ապագան ծրագրելով. կը տեսնենք շատեր, որոնք նոյնիսկ իրենց առողջութեան մեծապէս կարեւորութիւն տալով՝ կը փորձեն իրենք զիրենք առողջ պահել. սակայն մահը անխուսափելի է:
Ունէինք ծանօթ-բարեկամ մը, որ օր ու գիշեր կը տանջուէր, կ՚աշխատէր օրուան ապրուստը ապահովելու համար. շատ մը հարազատներ կը ծաղրէին զինք ըսելով. «Վաղը պիտի իյնաս մեռնիս, այսքան դուն քեզ մի՛ յոգնեցներ»։ Այսօր այդ ծաղրողները մեկնած են աշխարհէն, սակայն, օր ու գիշեր աշխատող մարդը կը շարունակէ ապրիլ՝ հակառակ իր անկեալ վիճակին:
Հետեւաբար մահը որո՞ւ, եր՞բ եւ ինչպէ՞ս կը գտնէ՝ ոչ ոք գիտէ. մենք մեր սարկաւագ եղբայրներէն մէկը կորսնցուցինք քունի մէջ. գիշերը առողջ անկողին անցաւ քնանալու, սակայն առաւօտուն լոկ դիակ էր՝ առանց հոգիի: Կը պայքարինք, սակայն, երբ մահը գայ, կը հասկնանք, որ ամէն բան անիմաստ ու վաղանցուկ է. երանի՜ անոնց, որոնք կը յաջողին լոկ իրենց անունով, լաւ յիշատակով կենդանի մնալ մարդոց սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, որ ամենէն մեծ հարստութենէն աւելի մնայուն եւ արժէքաւոր է:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է մարդուն համար մեծագոյն հարստութիւնը:
Պատասխան. Մարդուն համար մեծագոյն հարստութիւնը ո՛չ թէ նիւթական բարքերն են, այլ հոգեկան հանգստութիւնն ու սէրը: Երբ մարդ հոգեպէս խաղաղ է, սիրոյ մէջ կ՚ապրի՝ շրջապատուած ընտանիքի անդամներով, ընկերներով, կը զգայ իսկական հարստութեան համը: Մարդու ներքին կայունութիւնը մարդուն ուժ կու տայ յաղթահարել դժուարութիւնները, գնահատել պարզ ու աննշան բաները եւ առիթ կու տայ լիարժէք կեանքով ապրելու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան