ԽԱՉԻՆ ՊԱՐԾԱՆՔԸ
«Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար». (ԳԱՂԱՏ. Զ 14)։
Քրիստոնէութեան մէջ շատ կանուխէն խաչը գերազանց յարգանքի մը առարկան եղաւ։
Ուստի, խաչը՝ գերիներու տանջանքի գործիք մը ըլլալէն դադրեցաւ ա՛յն օրէն, երբ իր վրայէն խեղճ հալածուած մը, մարդկութեան փրկութեան համար ինքնազոհ մը՝ Աստուած մը կը կտակէր համայն աշխարհի։ Գողգոթայի խաւարներուն մէջէն Յիսուսի արիւնով օծուած խաչը այնուհետեւ եղաւ քրիստոնէին պարծանքը, եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներ, հոգիի վսեմ ամբարձումներով եւ բարեպաշտիկ ներշնչումներով տօնեցին զայն՝ իր փրկական խորհուրդին եւ իր վերացումներուն ի յիշատակ։
Այդ յիշատակութեան օրերուն տօնը եւ հաւատքի սկզբունքը մէկտեղ քալեցին շարունակ մեր Սուրբ Եկեղեցիին մէջ, այնպէս որ երբ մէկ կողմէն Հայոց Եկեղեցին հանդէս մը կու տայ բարեպաշտներու աչքին, միւս կողմէ՝ հաւատաւոր հոգիներուն համար՝ գեղեցիկ եւ փրկարար դաս մը կը մատակարարէ, եւ երբ անիկա խաչը կը բարձրացնէ մէկ ձեռքով, միւսով ցոյց կու տայ Անոր Խորհուրդը, եւ մեր աչքերուն առջեւ կը դնէ առաքեալին պարծանքը. «Այլ ինձ քաւ լիցի պարծիլ, բայց միայն ի խաչն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որով ինձ աշխարհ ի խաչ ելեալ է, եւ ես աշխարհի»։
Այն օրէն, երբ իրերու խորին տրամաբանութեամբ մը խաչին ալ «ճակատագիր»ը փոխուեցաւ եւ եղաւ մարդոց պարծանքը՝ անոնք տարբեր կարծիքներ, համոզման տարբեր կռուաններ եւ ընտրութեան զանազան եղանակներ ստեղծեցին իրենց պարծանքին համար։ Այսուհանդերձ, երբ այդ զանազանութիւնները դասաւորենք եւ անոնց բարոյական ու հոգեբանական նմանութիւններուն վրայ հիմնուած՝ զանոնք ջոկենք, զանազանենք, պիտի տեսնենք, որ մարդոց համար երկու տեսակ պարծանք միայն գոյութիւն ունին. ասոնցմէ մէկն է Պօղոս առաքեալի «պարծանքը», եւ միւսը՝ «Աշխարհի պարծանքը»։
Առաքեալը աշխարհի հանդէպ կը յայտարարէ, թէ իր միակ եւ միակ պարծա՛նքն է մեր Տէր Յիսուսի Քրիստոսի խաչը։ Ապականուած եւ կարկամած սրտի մը հաւատքը՝ որ կը խօսի Պօղոսով, մշակուած մտքի մը երկար տարիներու գիտական հետազօտութիւններու համոզումովը, եւ ձեռք բերած փորձառութեան արդիւնքովն է, որ կը խօսի եւ խաչին պարծանքը կը հռչակէ. հիմնուելով սա ըմբռնումին վրայ՝ թէ աշխարհ իրեն համար անով խաչուած է, եւ ինք անով խաչուած է աշխարհի համար։ Որովհետեւ հեթանոսներուն առաքեալը խաչին մէջ միայն կը տեսնէ Աստուծոյ վեհութիւնը իր մեծ վայելչութիւններով։
Խաչին պարծանքը իր մէջ գոյութիւն ունենալէ առաջ Պօղոս՝ Գամաղիէլի աշակերտը, գիտնական մըն էր նոյն ժամանակի համար, եւ նուազ պարծանք մը չէր այն ատեն՝ Գամաղիէլի մը աշակերտ ըլլալ։ Անիկա իր այդ հմտութեան շնորհիւ կը տարբերէր միւս առաքեալներէն, որովհետեւ երբ անոնք Գալիլիոյ ծովուն մրմունջները կը լսէին կամ իրեց ձկնորսի գիշերները լուսազարդող աստղերը կը դիտէին գեղջուկ անգիտակցութեամբ մը, Պօղոս՝ այդ ամէն լոյսերուն, այն ամէն կոհակներուն եւ փրփուրներուն մէջ կը կարդար համակ սնդուսէ՝ մետաքս կերպասէ այն խորհուրդները, բոսորային այն բառերը՝ որոնք գերագոյնին փառքը կը պատմէին իրեն։
Իր փարիսեցիի նախանձախնդրութիւնը ո՛չ նուազ պարծանք մըն էր իրեն համար, գէթ ա՛յն շրջանակին մէջ, ուր կոչուած էր ապրիլ, ո՛չ միայն իբրեւ «հռովմէական քաղաքացի», այլ եւ իբր իսրայէլիացի մը՝ որուն տոհմային կրօնքի մասին ունեցած եռանդը զինք «գիտնական մոլեռանդութեան» մը առաջնորդած էր։ Իր առած դաստիարակութեան շնորհիւ անիկա բռնած էր այն դիրքը՝ որ ամենէն բարձրագոյններէն մէկը կրնար նկատուիլ տաճարին կրօնական կալուածին մէջ, եւ ասիկա ո՛չ նուազ պարծանք մըն էր իրեն համար, իր մոլեռանդի նախանձայուզութիւնը պատուար մը շինած էր իր հոգիին շուրջը. իրմով խաչի դատին հալածող մը պատրաստելու համար։
Այդ նախապաշարուած պատուարէն ներս իր մաքուր պայծառատեսութիւնը խեղդուած էր, իր հոգին վանդակի մէջ բանտարկուած պզտիկ եւ թեւակտուր թռչունի մը կը նմանէր, իր երգը՝ ցաւագին, զայրացկոտ եւ վրէժխնդիր հեծկլտուք մըն էր միայն։ Պէ՛տք էր զգացնել իրեն այս ամէնը։
Եւ ահա Ստեփանոսի աղօթաբոյր ձայնին շեշտը, անոր հրեշտակային նայուածքը մինչեւ երկինք, անոր մարմինէն կայլակող արիւնին բոսորը լայն խրամատ մը բացին այդ հուժկու պատուարին կողքին, ուրկէ ներս թափանցեց խաչին ճառագայթը։
Եւ Դամասկոսի ճամբուն տեսիլքը վերջին յաղթանակն էր եղած, իրմով Աւետարանին Ընտիր անօթը պատրաստելու համար։
Իր եռանդէն եւ յոյզերէն գինովցած Պօղոս տեսաւ, թէ անմեղ նայուածք մը, կաթիլ մը արիւն, բաւական եղած էին փշրելու այն պարծանքը՝ զոր ինքը կրցած էր իբրեւ հաստատուն եւ տեւական բան մը շինել իրեն համար։ Ճանչցաւ իր պատրանքը։ Եւ մինչեւ այն ատեն խաբուած եւ սխալ ճամբու առաջնորդուած ըլլալուն հոգեկան կսկիծը՝ իր դարձին, իր նոր պարծանքին նախաշաւիղը եղաւ։
Ճշմարտութեան ոգին ծծելէն վերջ երբ իր աչքերը բացաւ, տեսաւ, թէ իր նախկին դիրքը, իր հմտութիւնը, իր փառքը, իր քաղաքացիութիւնը չէին կրնար ըլլալ այն իրական պարծանքը՝ որուն պէտք է տենչայ մարդ։ Մոլեռանդութեան, կրքի մշուշը փարատած, հիմա զինք իրեն կը քաշէր խաչը, որ իրեն ցոյց կու տար Երկինքի ճամբան, ցոյց կու տար իր մեղքերը, իր մոլորանքը եւ հաւատքը՝ Աստուծոյ սիրուն եւ գթութեանը եւ ողորմութեանը արժանանալու համար։ Ինքը անո՛վ խմորուած է ա՛լ, խաչին հեշտանքը միայն կը զգայ։
Միայն այն ատեն սխալ գաղափարներով որդեգրուած Իսրայէլ ա՛լ իբր չէր, հիմա աւելի տեւական եւ աւելի լուսաւոր Իսրայէլի մը կը վերաբերէր, կը զգար, թէ ինքը երկրին չէ՛ր վերաբերեր ա՛լ. «որովհետեւ մեր քաղաքացիութիւնը երկինքն է». (ՓԻԼԻՊ. Գ 20)։
Ա՛լ իր յոյսը եւ հաւատքը հաստատուն էր պարծանքին վրայ. փարած է անոր, իր հոգիին բովանդակ ուժովը եւ նուիրուած է անոր, այնպէս որ աշխարհի մէջ չկայ ա՛լ որեւէ զօրութիւն՝ որ կարող ըլլայ զինք Անկէ բաժնել…
Շնորհաւոր Խաչվերացի տօն բոլորիդ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 12, 2025, Իսթանպուլ