ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի ընթերցող բարեկամներ. կը գտնուի՞ մարդ մը՝ որ վատ չզգայ, եթէ մէկը անոր հարցնէ. «Ծանօ՞թ ես քու մայրենի լեզուիդ»։ Արդարեւ, հարցը մայրենի լեզուին ծանօթ ըլլալ կամ չըլլալ չէ, այլ՝ մայրենի լեզուի հանդէպ պինդ անտարբերութի՛ւնն է։ Չէ որ ոմանք թէեւ ծանօթ են իրենց մայրենի լեզուին, բայց անտարբեր անոր նկատմամբ եւ անոնք աւելի մեղադրելի են, քան իրենց մայրենիին անծանօթ զանազան պատճառներով։

Պատմական, ընկերային եւ այլն պատճառներով արդարացի եւ ներելի կարելի է համարել անոնք՝ որոնք անծանօթ են իրենց մայրենի լեզուին։ Ասիկա, կարելի է բացատրել պայմաններու, պարագաներու նկատմամբ. բայց «սխալ»ը տուեալ առիթներէն օգտուելու տրամադրութիւնը չունենա՛լն է։ Կարծես ոմանք յամառօրէն կը խուսափին մայրենի լեզուին ծանօթանալու։ Անգիտակի՛ց շարժում։ Անոնք պատրուակ կը ներկայացնեն ժամանակ չունենալ, զանազան զբաղումներ՝ որոնք անհրաժեշտ են իրենց առօրեային մէջ։

Միամտօրէն կը հարցնենք. «Մայրենի լեզուին ծանօթանալ որեւէ արժէք չունի՞ իրենց համար…»։

Մայրենի լեզուն՝ հարազատ լեզուն է, եւ ո՞վ կ՚ուզէ հեռու եւ անծանօթ մնալ իր հարազատէն։

Ուրիշ հարց մը. կա՞յ մարդ մը՝ որ նոյնքան վատ եւ սորագնահատուած չզգայ ինքզինք, երբ ըսեն իրեն. «Դուն սխալ կը խօսիս, սխալ կը գործածես քու մայրենի լեզուդ»։ Թէեւ ասիկա ալ պայմաններու եւ պարագաներու բերմամբ կարելի է ներելի համարել, ինչպէս համեստ դաստիարակութիւն, անբաւարար ուսում, միջավայր եւ այլն. բայց ասիկա ալ անդարմանելի թերութիւն մը չէ, տուեալ առիթներէն օգտուիլ ուզելու կամ չուզելու հարց մըն է։ Եւ դարձեալ անկեղծ փափաքի եւ ինքնութեան գիտակցութեան հարց մըն է. եթէ փափաքուի անպայման ժամանակ ալ, սորվեցնող ալ կը գտնուի…

Մեր անձնական փորձառութեամբ կրնանք վկայել առնուազն հինգ-վեց դէպքերու՝ ուր առաջարկած են սիրայօժար օգնել մայրենի լեզուի ծանօթացման եւ մերժուա՛ծ զանազան պատրուակներով՝ ժամանակի չգոյութիւն եւ այլն… Բայց անոնց մէջ ամենէն ցաւալին եւ վիրաւորիչը այն եղած է, որ «մայրենի լեզուն իրենց որեւէ շահ եւ օգուտ պիտի չապահովէ. անպէտ է իրենց համար եւ զայն սորվիլ պարզապէս ժամանակ վատնե՛լ է…»։ Եւ որքա՜ն ցաւալի է, որ անոնք իրենց համար գրուած այս տողերը պիտի չկարենան կարդալ եւ պատասխանել։ Երանի՜ կարենային պատասխանել եւ անիրաւութեամբ մեղադրէին այս տողերը գրող տրուպ գրիչը…

Արդարեւ, մայրենի լեզուն կը նմանի ծառի մը՝ որուն արմատը եթէ վնասուի եւ ոչնչանայ, ինքն ալ այլեւս կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը եւ գոյութիւնը։

Պէտք է խոստովանիլ, որ մայրենի լեզուն սխալ գործածել՝ թերեւս դաստիարակութեան կամ ուսման պակաս մըն է։ Բայց ան աւելի եւս անտարբերութեան եւ ինքնութեան անգիտակցութեան արդիւնք է, ան՝ որ փափաք ունի, կրնայ ուղիղ սորվիլ գոնէ 150-200 բառ, ինչ որ կը բաւէ առօրեայ շիտակ խօսակցութեան, նոյնիսկ՝ գրութեան։

Խօսքը՝ աւելի երիտասարդներուն է, քանի որ սորվիլը, բնականաբար ե՛ւ դժբախտաբար որոշ տարիքէ մը վերջ, եթէ ո՛չ անկարելի, բայց դժուար է։ Սակայն շա՜տ բաներ սորվող, բազմաթիւ «օտար» լեզուներու տիրապետող «պայծառ միտքեր»՝ երիտասարդներ ինչո՞ւ անտարբեր կը մնան իրենց մայրենիին. պայծառափայլ միտքեր… ժամանակ չունի՞ն հարազատին հետ ծանօթանալու, երբ զբաղած են օտարին հետ։ Զարմանալի չի՞ թուիր իրենց տեղեակ ըլլալ բալմաթիւ օտար լեզուներու եւ նոյնքան եւ աւելի «օտար» իրենց հարազա՛տին…

Բայց եթէ հարցը «շահ» եւ «օգուտ» է, եւ այդ պատճառով անտարբեր՝ անտեսուած է մայրենի լեզուն՝ մենք ըսելիք ուրիշ խօսք չունինք այլեւս… Բայց պէտք է յիշեցնել անոնց՝ որ մայրենի լեզուի հանդէպ անտարբերութիւնը գիտակից մարդու համար արժանապատուութեանը դպչող վիճակ մըն է եւ աւելին՝ տհաճ եւ մինչեւ իսկ՝ վիրաուորական ինքնուրացումի աստիճան։

Մենք մեր անձնական փորձառութեամբ վկայ եղած էինք, ինչպէս ըսինք, հինգ-վեց անձերու այս մասին արտայայտութեան։ Եւ թերեւս այս մասին այսքան սրտնեղութիւն պիտի չունենայինք, եթէ անոնք միայն հինգ-վեց հոգի ըլլային։ Միայն անհատներու վերաբերէր հարցը։ Բայց կը տեսնուի, թէ հարցը միայն անհատներու վերաբերող հարց չէ դժբախտաբար, հարցը աւելի տարածուն՝ հասարակական-ընկերային հարց մըն է, քանի որ անիկա հինգ-վեց հոգիի հարցը չէ։

Եւ ահաւասիկ, այս կէտին ուրիշ հարց մը եւս կը ծագի. այս դէպքին ծագման պատճառը ի՞նչ է. ինչո՞ւ այսպիսի հարց մը գոյութիւն ունի։ Նաեւ ո՞վ է յանցաւորը, ո՞վ պէտք է մեղադրել։ Կամաւ եւ ակամայ պէտք է հարցնենք մենք մեզի. այս մասին յանցաւորը, պատասխանատուն չսորվո՞ղն է, թէ՝ չսորվեցնո՛ղը։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 11, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025