ԱԶԱՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Ազատութիւնը իր սահմաններուն մէջ մարդ էակին արժանապատուութեան հարցն է։ Բայց ինչպէս ամէն արժէքի՝ չափազանցութիւնը եւ ծայրայեղութիւնը մարդս կը տանի անիշխանութեան, ազատութեան ըմբռնումը կը վերածուի ազատապաշտութեան։ Ուստի, ազատութիւնը պէտք չէ կանխէ ճշմարտութիւնը։ Ուստի, ազատութիւն եւ ճշմարտութիւն պէտք է ներդաշնակուի, եւ ճշմարտութիւնը պէտք է հակակշռէ ազատութիւը։ Այս իմաստով, ազատապաշտութիւնը աշխարհային գաղափարախօսութիւն մըն է՝ ուր ճշմարտութիւնը միայն աշխարհն է՝ նիւթը։

Քրիստոնէութիւնը ճշմարտակեդրոն վարդապետութիւն մըն է՝ որ առանց անտեսելու եւ ուրանալու աշխարհը եւ աշխարհային արժէքներու իրականութիւնը, կ՚ընդունի հոգեւորի գերիշխանութիւնը։ Եւ ահաւասիկ, հաւատալու՝ իրական հաւատացեալ ըլլալու կամ չըլլալու հիմնական հարցն է՝ աշխարհայինը եւ հոգեւորը կարենալ ներդաշնակել, քանի որ մարդ, որքան ալ հաւատացեալ ըլլայ իր ամենալայն իմաստով, ի վերջոյ կ՚ապրի այս աշխարհի վրայ։ Արդարեւ, աշխարհի կեանքը ժամանակաւոր է, որուն վախճանը երկնային յաւիտենական կեանքն է։ Ուրեմն, հարցը այս ժամանակաւոր կեանքին մէջ է, իսկ երկնային՝ անժամանակ կեանքին մէջ արդէն Ճշմարտութեան գոյութեան կ՚անդրադառնայ «մարդ»։ Այս պատճառով, մենք այս աշխարհի վրայ ունինք հաւատալու կամ չհաւատալու հարց մը։

Ըսինք, որ քրիստոնէութիւնը ճշմարտակեդրոն վարդապետութիւն մըն է. այս կը նշանակէ, որ քրիստոնեայ հաւատքը «Գիրքի կրօն» մը չէ՛։ Քրիստոնէութիւնը կրօնն է Աստուծոյ, այսինքն Ճշմարտութեան «Խօսք»ին, եւ ո՛չ թէ «գրեալ եւ համր խօսքին, այլ մարդացեալ եւ կենդանի Բանին», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Բեռնարդոս Կլերվոցի։ Որպէսզի այս խօսքերը մեզի համար չմնան «մեռեալ տառեր», հա՛րկ է որ Քրիստոս, կենդանի Աստուծոյ յաւիտենական Խօսքը, Ս. Հոգիով «Բանայ մեր միտքը՝ որ հասկնանք Գիրքը». (ՂՈՒԿ. ԻԴ 45)։

Վերադառնալով ճշմարտութեան եւ ազատութեան ներդաշնակման հարցին.

Առաքինութիւններու կրթութիւնը կը պահանջէ վարժեցումը անձնուրացութեան, առողջ դատողութեան, ինքնազսպումի՝ որոնք անհրաժեշտ պայմաններն են ամէն ճշմարիտ ազատութեան։ Եւ այս իմաստով, մարդ պահանջքը ունի «տիպար» ազատամիտներու, որոնք գիտեն ճշմարտութեան սահմանները որոշել ազատութեան։ Եւ այդ «տիպար»ներ փորձագէտներ են ազատութեան եւ ճշմարտութեան, գիտեն, որ ազատութիւնը անսահման պարգեւ մը չէ մարդուն՝ արգիլուած ծառին պտուղին նման՝ դրախտի կեանքին մէջ։

Արդարեւ, ամէն ոլորտի մէջ իշխանութեան կիրարկումը կը ձգտի ցայտուն կացուցանելու եւ գոյատեւումը ապահովելու արժէքներու արդար դասակարգումը՝ դիւրացնելու համար հաւաքականութեան եւ անհատներու ազատութեան կիրակումը։ Ուստի, մարդ իր օրինաւորապէս ունեցածները գործածելու ատեն, պէտք չէ երբեք զանոնք նկատէ իբրեւ միայն իրեն պատկանող, այլ դիտէ զանոնք նաեւ իբրեւ հասարակաց այն իմաստով, որ անոնք կարենան օգտակար ըլլալ ո՛չ միայն իրեն, այլ նաեւ ուրիշներուն՝ իր նմաններուն, այսինքն հասարակութեան։ Եւ մանաւանդ իրաւունքի գործածութեան ատեն, աւելի եւս կարեւորութիւն կը ստանայ ասիկա, որ կ՚որոշէ ազատութեան սահմանները։

Ճշմարտութիւնը՝ որուն ստորոգրելիներէն է արդարութիւնը, գրեթէ համընթաց անոր, բացարձակապէս կ՚որոշէ սահմանը ազատութեան։ Իրաւունքը, որ արդար կերպով ձեռք ձգուած կամ ստացուած է, չի ջնջեր հասարակութեան եւ համայն մարդկութեան պարգեւը ըլլալու սկզբնական հանգամանքը։ Բարիքներու տիեզերական նպատակադրումը կը մնայ առաջնահերթ, նոյնիսկ եթէ հասարակաց բարիքին յառաջխաղացը կը պահանջէ յարգանքը անհատական ամէն իրաւունքի գործածութեան։

Վերջապէս, արդիական հարց մը. անդարդիական հասկացողութեամբ «արհեստական բանականութեան» գործածութիւնը որքա՞ն պիտի ազդէ «ազատութեան» եւ «ճշմարտութեան» գաղափարներուն վրայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 14, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 15, 2025