ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…

Ապրահամ Լինքըն դպրոցը կը դնէ երկու ծայրայեղութիւններու վրայ. ան իր նամակին երկրորդ տողին մէջ կ՚ըսէ. «Այս մէկը (դպրոց յաճախելը) արկածախնդրութիւն է, որ զինք կրնայ տանիլ ցամաքամասերէն այն կողմ»: 

Դպրոցական շրջանը արկածախնդրութիւն կը կոչէ, որովհետեւ զաւակին համար այդ մէկը նորութիւն է՝ անծանօթ միջավայր մըն է, ուր գոյութիւն ունին անսպասելի իրավիճակներ, պատասխանատուութիւն եւ այլ արժէքներ, զորս մանուկը պիտի ապրի առաջին անգամ: Խօսինք այդ նորութիւններուն մասին. 

Մանուկը մինչեւ այդ ժամանակ դաստիարակուած ու մեծցած է ընտանեկան արժէքներով ու օրէնքներով ու դպրոցին մէջ առաջին անգամն է, որ դէմ յանդիման պիտի գտնուի ընկերային օրէնքներուն ու կանոններուն, որոնք միշտ չեն համապատասխաներ ընտանեկանին եւ հետեւաբար ան պէտք է արդէն իսկ կամաց կամաց հասարակաց գիծ մը գտնէ եւ ստեղծէ ընկերայինին եւ ընտանեկանին միջեւ: Դպրոցին մէջ է, որ պիտի սորվի ու հասկնայ, թէ ի՛նչ ըսել է հաւաքականութիւն, ի՛նչ ըսել է հաւաքական աշխատանք, որուն մէջ ինք պատասխանատուութիւն ունի. կրնայ ըլլալ տան մէջ գրեթէ ամէն բան ծնողքը կ՚ապահովէր՝ իր «հանգստութեան» համար, սակայն դպրոցին մէջ է, որ ինք առաջին անգամ իր վրայ ինքզինք կառավարելու եւ որպէս անհատ առաջնորդուելու պատասխանատուութիւնը պիտի զգայ: Դպրոցին մէջ է, որ առաջին անգամ իր հասակակիցներուն հետ շփուելու, իր ուսուցիչներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալու սկզբունքը պիտի սորվի եւ մանուկը՝ որ մինչեւ այդ օր հաշուետու էր միայն իր ծնողքին, պիտի սորվի հաշուետու ըլլալ նաեւ իր ուսուցիչներուն: 

Տան մէջ ինչքան ալ կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ջամբուած ըլլայ մանուկին, ան առաջին անգամ դպրոցին մէջ է, որ պիտի հասկնայ ի՛նչ է աշխարհը, հո՛ն է, որ գիտելիքներ պիտի ունենայ եւ որոշ ձեռքբերումներ արձանագրէ, զարգացնէ հմտութիւններ, որոնք իր հետ պիտի ըլլան ամբողջ կեանքի ընթացքին: 

Մանուկը ընտանեկան կեանքին մէջ որոշ «ձախողութիւն»ներու հանդիպած կրնայ ըլլալ եւ նման տարիքի մը համար կրնայ ձախողութիւն նկատուիլ ուզած խաղալիքի մը ձեռքբերումը եւ այլն: Սակայն դպրոցին մէջ է, որ այդ ձախողութիւնը տարբեր տեսք ու իմաստ պիտի ստանայ. հոն մանուկը պիտի հասկնայ, որ յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը խաղալիք մը ձեռք բերել ու չբերելէն շատ աւելի տարբեր բան մը ունի իր մէջ: Ան ինչպէս յաղթանակը, նոյնպէս պիտի սորվի ունենալ ձախողութիւնը: Այս բոլորը արկածախնդրական են, որովհետեւ իրենց մէջ ունին անորոշութիւն մը. անորոշ է, թէ ան ինչպիսի մարդ կը դառնայ, կը ձախողի՞ թէ կը յաջողի, լաւ նիշեր կ՚ապահովէ՞ թէ ոչ կը դժուարանայ քայլ պահել իր հասակակիցներուն հետ: 

Անշուշտ, այս բոլոր արկածախնդրութիւնները իրենց մէջ ունին թէ՛ դրականը եւ թէ բացասականը: 

Խօսինք բացասականներուն մասին. 

Մանուկ-պատանի աշակերտը լաւապէս կը հասկնայ, թէ իր դպրոց երթալուն մէջ ծնողները ունին որոշ ակնկալիքներ. այդտեղ ակնկալիքներ ունին նաեւ ուսուցիչները եւ շատ անգամ դասերը լաւ սորվելու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն՝ այդ ակնկալիքները չբաւարարելու վախը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մանուկին մէջ ստեղծուի բացասական մօտեցում մը եւ տակաւին առանց ձախողելու իր մէջ ծնունդ կ՚առնէ ձախողի հոգեբանութիւն մը: Ցաւ ի սիրտ, գրեթէ բոլոր դպրոցներուն մէջ՝ ներառեալ հայկականները, աշակերտները կը սորվին նիշ ապահովելու համար, որովհետեւ մեր ընկերութիւնը կարեւորութիւն կու տայ նիշին: Այսօր աշակերտ մը կրնայ կատարեալ նիշ ապահովել, սակայն, գրաւորէն մի քանի օր ետք ամբողջութեամբ մոռցած ըլլալ նիւթը, սակայն, ուրիշ մը կրնայ աւելի նուազ նիշ ապահովելով ամբողջ կեանք մը մտաբերել այդ գիտութիւնը: Արդ հարցական է. բարձր նի՞շ ապահովելն է մեր ակնկալութիւնը, թէ լաւ գիտութիւն ու զարգացած աշակերտութիւն. յիշեցէ՛ք, միշտ չէ, որ բարձր նիշ ապահովող աշակերտը լաւագոյն ու միւսներէն իմաստուն աշակերտը կ՚ըլլայ: 

Ինչպէս յիշեցինք, մանուկը առաջին անգամն է, որ շփում պիտի ունենայ իր հասակակիցներուն հետ. իրականութեան մէջ այդ շփումին արդիւնքը անորոշ է. դպրոցին մէջ մանուկին համար կայ երկու ծայրայեղութիւն: Կ՛ամ լաւ յարաբերութիւն կ՚ունենայ իր տարեկիցներուն հետ: Իրականութեան մէջ յաճախ կը մտածենք, որ մանուկ են... որոշ «կատակ»ներով անոնք կրնան նեղութիւններ ստեղծել, սակայն, այս բոլորը մեր կարծածէն շատ աւելի վտանգաւոր կրնայ դառնալ, որովհետեւ շատ մը մանուկներու մօտ այդ մէկը խնդիրի վերածուելով ո՛չ միայն մանկութեան, այլ ամբողջ կեանքի ընթացքին խնդիրի կրնայ վերածուիլ: Յիշենք, որ մանուկը մեքենայ մը չէ, որ խնդիր ունենայ, փոքր աշխատանքով մը փոխենք. որոշ երեւոյթներ ցմահ ազդեցութիւններ կրնան ունենալ: 

Դպրոցին մէջ է, որ մանուկին մօտ առաջին անգամ պիտի ստեղծուի ինքնագնահատման զգացողութիւնը. այդ մէկը կրնայ շատ դրական ըլլալ եւ կամ կրնայ հակառակը՝ բացասական ըլլալ: Ինքնագահատանքը պէտք չէ շփոթել հպարտութեան եւ կամ գոռոզութեան հետ. ինքնագնահատականը կարեւոր է աշակերտին համար, որպէսզի իր նկարագիրը կերտէ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Որո՞նք են դպրոցին բացասական կողմերը:

Պատասխան. Դպրոցը, չնայած իր կրթութեան եւ ընկերային կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր դերին, ունի նաեւ որոշ բացասական կողմեր: Շատ պարագաներու մէջ ան կրնայ աշակերտներուն համար ստեղծել անհանգիստ միջավայր, ինչպէս օրինակ՝ չափազանց մեծ ակնկալիքներու, մրցակցութեան եւ իր խիստ գնահատման համակարգով, ինչ որ մանուկներուն մօտ կը յառաջացնէ անհանգստութիւն եւ ինքնագնահատանքի անկում: Դասաւանդման միօրինակ մօտեցումը յաճախ չի համապատասխաներ տարբեր աշակերտներու կարիքներուն եւ այդ մէկը կը սահմանափակէ անոնց ստեղծագործական եւ քննադատական մտածողութիւնը: Բացի այդ, որոշ դպրոցներու մէջ առկայ են բռնութիւն, խտրականութիւն, որոնք կրնան լրջօրէն ազդել անոնց հոգեբանական եւ յուզական առողջութեան վրայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 15, 2025