ԳՐԱՊԱՀԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԳԻՐՔԵՐԸ
Սիրելի՜ներ, ընդհանրապէս կը լսէք, մէկու մը երբ հարցնեն, թէ «ազատ ժամերուն, զբօսանքի պահերուն ի՞նչ կ՚ընէք» եւ կամ «ի՞նչեր են ձեր հաճոյքները», պատասխանը առհասարակ կ՚ըլլայ. «Գիրք կը կարդամ»։ Բայց հարց է, թէ «գիրք կարդալ»ը մնացեալ, աւելցած ժամերու կատարուելիք գո՞րծ մըն է, թէ՝ կեանքի բնական ընթացքին մէջ կենցաղակե՛րպ մը։ Այս իմաստով կարդալը՝ «աւելորդ հաճոյք» մը չէ՛, այլ՝ կեանքին մէկ բաժինը։
Մեր գրապահեստներու մէջ գիրքեր գլխահակ եւ դժբախտաբար երբեմն ալ փոշեպատ՝ հետաքրքրութիւն կը սպասեն, կ՚ուզեն կատարել իրենց սրբազան պարտականութիւնը՝ լուսաւորել, ճառագայթել եւ ճշմարտութեան առաջնորդել մեզ։ Բայց մենք որքա՞ն կ՚անդրադառնանք մեր գրապահարաններուն մէջ մեր հետաքրքրութեան կարօտ գիրքերուն։ Անոնք՝ ամէն հարստութենէ աւելի՛ հսկայ գանձեր են, անոնք՝ ամենէն մտերիմ, ամենէն հաւատարիմ ընկեր եւ բարեկամներէ աւելի՛ մտերիմ եւ հաւատարիմ են, անոնք երբե՛ք չեն դաւադրեր, երբեք չեն դաւաճաներ՝ անմեղ եւ հաւատարիմ կը ծառայեն, եւ անոնք՝ ամենէն օգտակար ձեւացնող մարդէն աւելի՛ օգտակար են։ Գիրքերը երբեք սուտ չեն խօսիր, կ՚երեւին այնպէս՝ ինչպէս որ են, միայն ճշմարտութիւնը ցոյց կու տան։ Գիրքերը խաբեբայ, կեղծաւոր, խարդախ չե՛ն. անոնք բոլորովին թափանցիկ եւ ջինջ են։
Մարդուս ամենէն ապահով տեղը իր գրապահարանն է, քանի որ հոն ունի հաւատարիմ, վստահելի գիրքեր։ Գիրքերը մարդուս մտերիմ բարեկամներն են։
Երբ խօսքը գրապահարաններու մասին է, գրեթէ մեր բոլորին գրադարանին մէջ Աստուածաշունչ մը՝ այսինքն Սուրբ Գիրք մը կը գտնուի՝ ծնողներէն, մեր մեծ ծնողներէն մեզի փոխանցուած՝ թանկագին ժառա՛նգ։ Մեր գրադարաններուն մէջ կը գտնուին մեզի փոխանցուած Սուրբ Գիրք, որովհետեւ մեր երանելի նախնիները Սուրբ Գիրք կը կարդային, թերեւս չէին հասկնար, բայց կը հաւատային՝ հաւատքով կը կարդային եւ հաւատալով կը հասկնային։
Մե՞նք։ Մենք, այսօր թերեւս կը հասկնանք, բայց ընդհանրապէս հաս-կընալով չենք հաւատար։ Աւելին՝ հասկնալու համար չենք կարդար Սուրբ Գիրք։ Եւ մեր նախնիներէն ժառանգուած Սուրբ Գիրքը կը մնայ մեր գրապահարաններու մէջ մենակեաց, առանձնակեաց։ Բայց այնքան ատեն, որ կը տիրէ այն մտայնութիւնը՝ թէ կարդալը ազատ ժամերուն, զբօսանքի պահերուն պարզապէս «հաճոյք» մը կամ «ժամանց» մը՝ աւելորդի զբաղում մըն է, Սուրբ Գիրք կարդալն ալ անշահ, անպէտ գործ, արարք մը կը թուի։ Մինչդեռ Սուրբ Գիրք կարդալը կեանքին բնական ընթացքին մէջ պահանջք մըն է, քանի որ ընդհանրապէս գիրքը եւ յատկապէ՛ս Սուրբ Գիրքը կեա՛նքն իսկ է։ Սուրբ Գիրքը կեանքը եւ ճշմարտութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ. Սուրբ Գիրք կարդալ կը նշանակէ՝ կեանքը ճանչնալ, կեանքը ապրիլ եւ ճշմարտութեան հետ ծանօթանա՛լ։
Եւ երբ խօսքը վերածուեցաւ Սուրբ Գիրքի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան, կը մտաբերենք հարցում մը՝ որ առհասարակ կը զբաղեցնէ շատերու միտքը՝ հաւատացեալ կամ թերահաւատ։
Կը հարցնենք յաճախ. «Աստուած ինչո՞ւ չի լսեր մեր աղօթքը՝ ինչո՞ւ չ՚արգիլեր չարին որ գործէ…»։
Նախ, չարը եւ չարագործութիւնը Աստուծոյ կամքը չէ՛. Աստուած բարի է եւ երբեք չարը չի կամենար եւ չարը մարդուն ազատ կամքին արդիւնքն է։
Աստուած ինչո՞ւ չի լսեր։ Ան ամէն բան կը լսէ եւ ամէն բան կը տեսնէ, քանի որ Ան Ամենակարող է եւ Ամենատես։ Բայց երբեմն կը լսէ, բայց չի՛ գործադրեր։ Ինչո՞ւ։ Ձեզի երբ կեղտոտ, ցեխաթաթախ պնակի մը մէջ կերակուր տրուի՝ կ՚ուտէ՞ք այդ կերակուրը՝ որքան ալ ան համեղ եւ քաղցր ըլլայ… նոյնպէս՝ աղտոտ սրտով եւ կեղտոտ լեզուով ըսուած որեւէ խօսք կարելի՞ է, որ հաճելի եւ ընդունելի ըլլայ։
Աղօթքն ալ՝ երբ անկեղծ եւ սրտանց չէ, լսելի կ՚ըլլայ թէեւ, բայց ո՛չ ընդունելի։
Սուրբ Գիրք կարդալու մասին խօսեցանք եւ ըսինք, որ հոն է կեանքը եւ ուրեմն մեր բոլոր հարցումներուն ճշգրիտ պատասխանները, քանի որ ան ճշմարտութեան ա՛կն է։
Եսայի մարգարէ կը գրէ.
«Այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ, պիտի աղաղակես եւ Անիկա պիտի ըսէ.- Ահա ե՛ս։ Եթէ քու մէջէդ լուծը, մատով ցուցընելը եւ չար խօսքերը վերցնես, եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես՝ եւ կարօտին հոգին կշտացնես, այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի եւ քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ…». (ԵՍԱՅԻ ԾԸ 9-10)
Բացայայտ է չէ՞։
Նոյն մարգարէութեան մէջ կը կարդանք.
«Ինչո՞ւ համար իմ եկած ատենս մարմ մը չկար։ Միթէ իմ ձեռքս կարճըցա՞ւ, որ փրկելու կարող չըլլամ, կամ թէ ազատելու զօրութիւն չունի՞մ։ Ահա ես սաստելով ծովը կը ցամքեցնեմ, գետերը անապատի կը դարձնեմ, անոնց ձուկերը ջուր չըլլալուն համար կը հոտին եւ ծարաւէն կը մեռնին։ Երկինքներուն խաւար կը հագցնեմ եւ ծածկոցի համար անոնց վրայ քուրձ կը դնեմ». (ԵՍԱՅԻ Ծ 2-3)։
Եւ վերջապէս Թուոց Գիրքին մէջ կը կարդանք.
«Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին.- Միթէ տկա՞ր է Տէրոջը ձեռքը. հիմա կը տեսնես թէ քեզի ըսածին պէս պիտի ըլլա՞յ թէ ո՛չ». (ԹՈՒՈՑ ԺԱ 23)։
Սիրելի՜ներ եթէ կայ «չար»ը՝ անոր պատճառը մարդն է՝ մե՛նք ենք եւ ո՛չ Աստուած…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 13, 2025, Իսթանպուլ