ՓՈՐՁԱՆՔ ԵՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Հոգին զատորոշել կու տայ մեզի՝ մէկ կողմէ այն «նեղութիւն»ը՝ որ անհրաժեշտ է ներքին մարդուն հոգեւոր աճումին անոր հաւատարմութիւնը փորձելու հեռանկարով, եւ միւս կողմէ «փորձութիւն»ը՝ մարդը կը տանի մեղքին եւ մահուա՛ն։ Պիտի գիտնանք նաեւ զատորոշել «փորձուիլ»ը եւ «փորձութեան հաւանիլ»ը։

Վերջապէս, զատորոշումը կը դիմազերծէ փորձութեան սուտը. փորձութեան առարկան երեւութապէս. «բարի, հաճոյատեսիլ, ցանկալի» կ՚ըլլայ. (ԾՆՆԴ. Գ 6), մինչդեռ իրականին մէջ անոր պտուղը՝ արդիւնքը մա՛հն է։

Որոգինէսի համաձայն. «Աստուած չ՚ուզեր մարդուն բարին պարտադրել. Ան ազատ էակներ կ՚ուզէ…։ Փորձութիւնը գէթ բանի մը օգտակար է։ Բացի Աստուծմէ, ամէնքը՝ նոյնիսկ մենք կ՚անգիտանանք բարիքը, որ մեր հոգին ընդունած է Աստուծմէ։ Բայց փորձութիւնը զայն յայտնի կը դարձնէ, երբ կը սորվեցնէ մեզի ճանչնալ մենք մեզ, եւ այսպէս՝ ան ցոյց կու տայ մեզի մեր թշուառութիւնը եւ կը ստիպէ մեզ գոհութիւն մատուցանելու այն բարիքներուն համար, զորս փորձութիւնը մեզի յայտնի կ՚ընէ»։

«Փորձութեան մէջ» չիյնալը «սրտէն բխող որոշում» մը կ՚ենթադրէ. «Ուր գանձդ է, հո՛ն է նաեւ սիրտդ…։ Ո՛չ ոք կարող է երկու տէրերու ծառայել». (ՄԱՏԹ. Զ 21, 24)։ «Քանի կ՚ապրինք Հոգիով, ընթանա՛նք նոյն Հոգիին համաձայն». (ԳԱՂ. Ե 25)։ Սուրբ Հոգիին հետ մեր «համաձայնութեան» շնորհիւ, Հայրը մեզի ուժ կու տայ։

«Չկրեցինք փորձութիւն մը՝ որ մարդկային ուժերէն վեր ըլլայ։ Աստուած հաւատարիմ է, չի թողուր որ ձեր ուժերէն վեր փորձուիք։ Փորձութեան հետ Ան մեզի կու տայ ուժ՝ դիմադրելու եւ յաղթելու». (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 13)։

Արդ, այսպիսի պայքար մը եւ այսպիսի յաղթանակ մը առանց աղօթքի անկարելի՛ է։

Իր աղօթքով է, որ Յիսուս Իր հոգեվարքին սկզիբէն (ՄԱՏԹ. Դ 1-11) մինչեւ Իր վերջին պայքարը՝ յաղթեց փորձիչին (ՄԱՏԹ. ԻԶ 36-44)։ Մեր Հօր ուղղուած այս խնդրանքով՝ Քրիստոս մեզ Իր պայքարին եւ Իր հոգեվարքին կը միացնէ։ Իրեն հետ «սրտով արթուն մնալու» պատուէրը շեշտուած է Յիսուսին կողմէ (ՄԱՐԿ. ԺԳ 9, 23)։

Արդարեւ, արթնութիւնը «պահապանն է սրտին», այս իսկ պատճառով Յիսուս կը խնդրէ Հօրմէն որ «պահէ մեզ Իր անունով». (ՅՈՎՀ. ԺԷ 11)։ Սուրբ Հոգին հետամուտ է մեզ անդադար սթափեցնելու՝ որ արթո՛ւն մնանք։ Այս խնդրանքը իր ամբողջ եղերական իմաստը կը ստանայ երկրի վրայ մղած պայքարին վերջնական փորձութեան մեր հեռանկարով։

Ասիկա «վերջնական յարատեւութիւն» կը պահանջէ. «Ես գողի պէս կու գամ, երանի՜ անոր որ արթուն կը հսկէ». (ՅԱՅՏ. ԺԶ 15)։

Զօրութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն մէջ կ՚ապահովէ վճռակամութիւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին մէջ։ Ան կ՚ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններուն դիմադրելու եւ արգելքներուն յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։

Զօրութեան առաքինութիւնը մարդս կարող կը դարձնէ յաղթելու վախին, նոյնիսկ մահուան վախին, ճակատելու նեղութիւններուն, փորձութիւններուն, մտահոգութիւններուն եւ հալածանքներուն։ Ան մարդս տրամադիր կը դարձնէ երթալու մինչեւ հրաժարումը եւ զոհաբերումը իր իսկ կեանքին. «Իմ զօրութիւնս եւ իմ երգսՏէրն է». (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 14)։ «Աշխարհի վրայ պիտի չարչարուիք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Կեանքի զանազան փորձանքները եթէ համբերութեամբ տարուին, կը վերածուին «հոգեւոր ընծայումի մը, հաճելի Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսով». (Ա ՊԵՏ. Բ 5)։ Արդարեւ, քրիստոնեայ յոյսը ծաւալ կ՚առնէ Յիսուսի քարոզութեան սկիզբէն իսկ՝ երանութիւններուն հռչակումին մէջ։ Երանութիւններ կը բարձրացնեն յոյսը եւ նոր Երկրի ճամբան կը գծեն փորձութիւններու ընդմէջէն՝ որոնք կը սպասեն Յիսուսի աշակերտներուն։ Յոյսը ապահով եւ հաստատ, «հոգիին խարիսխն» է, որ մարդս կը պահպանէ եւ կը պաշտպանէ փորձանքներու եւ փորձութիւններու դէմ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 15, 2026, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 16, 2026