ԺԱՅՌԻ ՎՐԱՅ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻԼ

«Ուրեմն, ով որ իմ այս խօսքերս կը լսէ եւ կը գործադրէ զանոնք, պիտի նմանի այն իմաստուն մարդուն՝ որ իր տունը ժայռի վրայ կը շինէ». (ՄԱՏԹ. Է 24)։ «Եւ այն մեծ ու ահագին եւ խայթող օձերով եւ կարիճներով լեցուն, չոր եւ անջուր անապատին մէջ քեզ պտըտցուց եւ քեզի ապառաժէն ջուր հանեց». (Բ ՕՐՆ. Ը 15)։

Սուրբ Գիրքի այս հատուածները մեզի ցոյց կու տան, որ աստուածաբանական տեսակէտով՝ «ժայռ» կամ «ապառաժ» զԱստուած կը խորհրդանշէ։ Արդարեւ, մարդուս մարմինը «տաճար» մըն է, որ եթէ հաստատուի «ժայռ»ի վրայ, հաստատուն շէնք մը կ՚ըլլայ։ Եւ «ընտանիք»ը՝ որ առտնին եկեղեցի մըն է, եւ տունը՝ որ ընտանիք է, եթէ հաստատուի ժայռի վրայ, հաստատ եւ անխախտ կը մնայ։ Քանի որ ժայռը զԱստուած կը խորհրդանշէ, ապա ուրեմն պէտք է հաստատուիլ անհատապէս եւ հաւաքաբար Աստուծոյ վրայ։

Մարդը՝ որպէս անհատ, ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին, կոչուած է ճանչնալու եւ սիրելու Աստուած, մարդը որ Աստուած կը փնտռէ, կը գտնէ կարգ մը «ուղիներ»՝ հասնելու համար Աստուծոյ ճանաչումին։ Քանի սա բացայայտ է, որ սիրելու համար նախ պէտք է ճանչնա՛լ։ Եւ մարդուս գտած «ուղիներ»ը կը կոչուին «փաստեր Աստուծոյ գոյութեան», ո՛չ թէ բնական գիտութիւններուն փնտռած փաստերուն իմաստով, քանի որ հաւատքը փաստի չի կարօտիր, այլ «համոզկեկ եւ համընկնող՝ համապատասխանող ապացոյցներ»ու իմաստով, որոնք հնարաւորութիւն կու տան հասնելու իսկական ստուգութիւններու։ Աստուծոյ մօտենալու այս «ուղիներ»ը, իբրեւ ելակէտ ունին արարչութիւնը՝ նիւթական աշխարհը եւ մարդկային անձը։

Մարդկային իմացականութեան կողմէ Աստուած ճանչնալու կարողութիւնը պաշտպանելով, Եկեղեցին կ՚արտայայտէ իր վստահութիւնը, թէ կարելի է խօսիլ Աստուծոյ մասին բոլոր մարդոց եւ բոլոր կրօններու հետ։ Այս համոզումը մեկնակէտն է անոր երկխօսութեան՝ զոր ան կը հաստատէ միւս կրօններուն հետ, իմաստասիրութեան եւ գիտութեան հետ, ինչպէս նաեւ անհաւատներու եւ անաստուածներու հետ։

Ուստի, ժայռի վրայ կառուցուած ամէն շէնք՝ հոգեւոր եւ մարմնաւոր իմաստով, հիմէն կը մնայ հաստատուն, կողէն զարնող քամին չի՛ կրնար տատանել զայն եւ վերէն իջնող անձեւը չ՚ազդեր յատակը։ Արդարեւ, հաւատքը եւ նկարագիրը կը նմանին շէնքի։ Ան կախում ունի կառուցանելու ճարտարապետական ձեւէն եւ զօրութենէն։ Ճշմարիտ հաւատք եւ մաքուր նկարագիր ունենալու համար որպէս մարդուն հոգիին հիմ պէտք է ծառայէ յաւիտենական եւ հաստատ վէմը՝ Քրիստոս Աստուած։

Սա յստակ է, թէ ամէն քրիստոնէական կերպար ունեցողը հաւատացեալ չէ՛…

«Ինչո՞ւ զիս Տէ՛ր, Տէ՛ր, կը կոչէք, եւ սակայն իմ ըսածներս չէք կատարեր». (ՂՈՒԿ. Է 46), եւ «Չկարծէք թէ ո՛վ որ ինծի Տէ՛ր, Տէ՛ր, կ՚ըսէ, երկինքի արքայութիւնը պիտի մտնէ. այլ պիտի մտնէ միայն անիկա, որ երկինքի մէջ գտնուող իմ Հօրս կամքը կը կատարէ». (ՄԱՏԹ. Է 21)։ Ուրեմն, հարցը Աստուծոյ հանդէպ անհնազանդութեան մէջ կը կայանայ։ Իմաստունը ճարտարապետական օրէնքին հնազանդելով երբ իր տունը ժայռի վրայ կը կառուցանէ, անեղծ՝ անաղարտ կը մնայ վտանգէն, մինչդեռ միւսը կը կործանի։

Հաւատքը ձեւակերպութեան, ձեւապաշտութեան զգացում մը չէ՛. շատեր եկեղեցի կ՚երթան, արարողութիւն «կը դիտեն», կը տեսնեն, քարոզ մտիկ կ՚ընեն, բայց անոնցմէ քիչեր նկատի կ՚առնեն, թէ այդ արարողութիւնը, ծէսը թատերական հանդէս մը, թատերգութիւն մը չէ եւ ոչ ալ քարոզին խօսքերուն, միտքերուն եւ տեսութիւններուն էութիւնը քարոզիչին կը պատկանին։ Քանի որ Աւետարանին խօսքերը պարզ խօսքեր չե՛ն։

Ուստի, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մեր հաւատքը թող հաստատ «Ժայռ»ի վրայ հաստատուի, քանի որ Ա՛ն է մեր ապաւէնը եւ ամենավստահելին։ Տէրը եւ Սէրը ձեզի հետ ըլլայ եւ մի՛շտ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 15, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մայիս 16, 2025