ՍՈՒՏՆ ՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ

Մարդկային պատմութեան ընթացքին խաբէութիւնն ու սուտը ունեցած է իր կեդրոնական ու կարեւոր տեղը՝ ո՛չ միայն որպէս վատ երեւոյթ, այլ գործիք՝ գոյատեւելու, պաշտպանելու շահերը: Սուտի գոյութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկային պատմութիւնը. նոյնիսկ Աստուածաշունչի առաջին էջերուն մէջ կը տեսնենք նախամարդուն սուտը. Ադամ խաբելով մեղադրեց կինը, կինը մեղադրեց օձը. նախամարդուն մօտ նոյնիսկ սուտը արդարանալու միջոց էր. շատերու համար այս մէկը սուտ է, իսկ ուրիշներու համար ինքնապաշտպանութիւն, սակայն, անունները ինչ ալ ըլլան երեւոյթը կը մնայ նոյնը: 

Իրականութեան մէջ սուտը անցեալին ժողովուրդը համոզելու եւ կառավարելու լաւ միջոց մըն էր. օրինակի համար, թագաւորներ եւ իշխաններ իրենց պաշտօնը կը փորձէին ներկայացնել Աստուծոյ կողմէ տրուած՝ որպէսզի մարդիկ հնազանդելով անոնց դէմ չի պայքարէին։ Եթէ ուսումնասիրենք Եգիպտոսի թագաւորներու պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ անոնք ոչ միայն թագաւորներ, այլ երկրաւոր աստուածներ կը նկատուէին. այս մէկը պարզապէս ռազմավարութիւն էր ժողովուրդի սէրն ու յարգանքը պահպանելու համար: 

Գուցէ շատերու համար տարօրինակ, սակայն, ճշմարտութիւն է, որ հայ պատմիչներ եւս օգտագործած են այս ձեւը եւ փորձած են որոշ արժէքներ աստուածացնել՝ անոնց հանդէպ սէր ու յարգանք ապահովելու համար. օրինակի համար, գիրերու գիւտը կատարուած էր Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ, սակայն, այդ գիրերուն հանդէպ սէր ապահովելու համար անհրաժեշտ էր աստուածային միջամտութիւնը, այդ իսկ պատճառով պատմիչը գրած է, թէ ինչպէս Մաշտոց տեսած է Աստուածային ձեռք մը, որ օդին մէջ կը գրէ տառերը։ Իրականութեան մէջ շատեր կը հաւատան, որ այս մէկը հաւատքի հետ կապ ունի. շատեր կ՚ուզեն հաւատալ, որ իրապէս Աստուածային ձեռքի մը կողմէ գրուած ըլլայ այբուբենը՝ պարզապէս լեզուի արժէքը աւելիով բարձրացնելու համար, սակայն, այդ մէկը բաւարար չէ ընդգծելու պատմիչներու կողմէ ի գործ դրուած այդ անմեղ «սուտ»ը: 

Օրինակի համար, վերջին տասնամեակին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տար, թէ Աւարայրի դաշտը իրականութեան մէջ փոքր տարածութիւն մըն է եւ այդտեղ կարելի չէ 300 հազար հոգինոց բանակ եւ նոյն քանակութեամբ փիղեր տեղաւորել. այդ թիւերու մեծացումը պարզապէս աստուածացումն էր Վարդան Մամիկոնեանի, որուն շնորհիւ է, որ գուցէ այսօր կը շարունակէ յիշուիլ։ Նոյն ձեւով կրնանք վերցնել Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի չարչարանքները. իրականութեան չարչարանքներու ցանկը եթէ աչքէ անցընէք, անմարդկային տեսարան մը կը պարզուի ձեր դիմաց, սակայն, այդ բոլորին մէջէն Լուսաւորիչ Հայրապետ յաղթանակած ու կենդանի դուրս կու գայ՝ որով կը մեծարուի եւ հայ ազգի մեծագոյն սուրբերէն մին կը դառնայ: 

Հին պատմութեան մէջ եթէ ըսողը կամ ընողը Աստուած ըլլար՝ մարդոց բան մը ըսել չէր իյնար, այդ իսկ պատճառով պատմիչներն ու ժամանակուան իշխանները լաւագոյնս կրցած են գործադրել այս «թերութիւն»ը։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ժամանակ գրեթէ ամէ՛ն բան կախեալ էր աստուածային որոշումէն. օրինակի համար, եթէ այդ տարի արտը բերք չի տար՝ պտղաբերութեան աստուածն էր պատժողը, եթէ անձրեւ չի գար՝ անձրեւի աստուածը։ Այդ իսկ պատճառով պատմիչներու «սուտ»երը սուտ ըլլալէ աւելի արդարացում էին՝ ճշմարտութեան ձեւափոխում մը, իւրաքանչիւր երեւոյթ «հասկնալի» դարձնելու համար: 

Ցաւալին այն է սակայն, որ պատմիչներ շատ անգամ իրարու սուտերէն տեղեակ չեն եղած. այդ է պատճառը, որ յաճախ նոյն եղելութեան մասին երկու պատմիչներ ամբողջութեամբ տարբեր ու նոյնիսկ հակասական բաներ գրի կ՚առնեն: 

Անցեալին նման նիւթի մը մասին երբ խօսեցանք, շատեր քննադատեցին՝ կարծելով, որ պատմիչները եւ կամ մինչեւ օրս յիշուող պատմիչները, ինչպէս օրինակ, Խորենացին կամ ուրիշները ստախօս կ՚անուանենք. իրականութեան մէջ ո՛չ թէ անոնք ստախօսներ էին, այլ ժամանակը այդ մէկը կը պահանջէր. ամէն ժամանակ կը ստեղծէ իր համոզումները, պէտքերը եւ այդ ժամանակաշրջանին համար «ճիշդ»ը գուցէ այդ սուտն էր, որով կարելի կ՚ըլլար որոշ օրինապահութիւն մը ստեղծել եւ որոշ արժէքներ իրապէս մեծարել ու բարձրացնել: Գուցէ այն ժամանակ կը հաւատային, որ մարդիկ այնքան պիտի չգնահատէին Մեսրոպ Մաշտոցի գործն ու այբուբենը՝ եթէ անոր մէջ տեղ չգտնէր Աստուածային միջամտութիւնը: 

Սուտը, ինչպէս ըսինք, մարդկային պատմութեան անբաժան մէկ մասն է եւ ատոր համար է, որ Աստուած իր պատուիրաններուն մէջ տեղ տուաւ սուտին ըսելով՝ «մի՛ ստեր» եւ կամ «սուտ վկայութիւն մի՛ ընկեր»։ Անհնազանդութենէն ետք աշխարհի վրայ տեղ գտնող երկրորդ մեղքը սուտն է. Աստուած հարցուց մարդուն, թէ կերա՞ւ չարին եւ բարիին գիտութեան ծառէն եւ մարդը չկրցաւ ուղղակիօրէն ճշմարտութիւնը ըսել ու Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրել, այլ դիմեց սուտին: Սակայն կարելի՞ բան է սուտը վերացնել աշխարհէն…:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ըսէ սուտ մը, որուն բոլորը կը հաւատան:

Պատասխան. Սուտ մը, որ շատեր կը հաւատան, այն է, որ Ամերիկան յայտնաբերած է Քրիստոֆոր Քոլոմպոսը։ Իրականութեան մէջ Ամերիկան շատ աւելի երկար տարիներ առաջ բնակեցուած էր բազմաթիւ բնիկ ժողովուրդներու կողմէ, որոնք հազարաւոր տարիներ ապրած էին այդ հողերուն վրայ: Քոլոմպոսը ընդամէնը առաջին եւրոպացին էր, որ այդ տարածքները «բացայայտեց», սակայն, Ամերիկան գոյութիւն ունէր հազարաւոր տարիներ առաջ՝ իր մշակոյթով ու պատմութեամբ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Մայիս 16, 2025