ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ՝ ՈՐՈՒՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԵՐԱՆԵԼԻ ԵՆ

Մարի որպէս վերջին խօսք իր սանուհիներուն շատ բան ունի ըսելիք, սակայն, այդ շատէն կ՚ընտրէ միայն մէկը եւ այդ մէկը կնոջական կեանքի ամենէն կարեւոր առաքինութիւններէն մէկը նկատելով կը յորդորէ. «Պարկե՛շտ եղիք»: Պարկեշտութիւն բառը հայերէն լեզուի մէջ իւրայատուկ բառ մըն է, որովհետեւ այդ բառին մէջ կ՚ամփոփուի ազնուութիւնը, բարութիւնը, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, յարգանքը, սէրը, արդարութիւնը, կարեկցանքը եւ բոլոր այն արժէքները, որոնք մարդը մարդ դարձնելու համար կարեւոր ու անհրաժեշտ են: Պարկեշտութիւնը մարդուն կու տայ հարուստ արժանապատուութիւն, ինքնագնահատական եւ բարձր բարոյական ուժ. պարկեշտ կինն է, որ կրնայ վստահութիւն ներշնչել. տարկեշտ կինն է, որ կրնայ ընտանիքի մը սիւնն ու հիմքը դառնալ եւ իր դրական օրինակով ազդել թէ՛ իր զաւակներուն եւ թէ շրջապատին:

Աստուածաշունչը կ՚ըսէ, թէ պարկեշտութիւնը սկիզբ կ՚առնէ սիրտէն եւ մարդու սիրտը չի՛ կրնար խաբել։ Պարկեշտութիւնը Աստուծոյ համար հաճելի առաքինութիւն մըն է. Յիսուս Քրիստոս իր երանիներուն մէջ ըսաւ. «Երանի այնոցիկ որ սուրբ են սրտիւք, զի նոքա զԱստուած տեսցեն». այս կապակցութեամբ եռաքեալը եւս կը գրէ. «Կանայք թող զարդարուին համեստութեամբ ու պարկեշտութեամբ»: 

Իւրաքանչիւր մարդու համար պարկեշտութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ ինչպէս փիլիսոփաները կը յայտնեն, պարկեշտ անձը հաւասարակշռուած անձն է՝ որ կ՚ապրի «ոսկի միջին»ի սկզբունքով. պարկեշտ անձինք կը խուսափին թերութիւններէ, կը խուսափին չափազանցութիւններէ եւ կը պահեն տրամաբանական չափաւորութիւն մը. սանուհիները դուրս գալով դպրոցէն՝ պիտի յանձնուին կեանքի յորձանուտին եւ պարկեշտ նկարագիրն է, որ զիրենք պիտի առաջնորդէ անողոք պայքարը մղելու: Պարկեշտութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ ան հոգեւորին եւ մարմնականին ներդաշնակութիւնն է, որ կ՚ապահովէ։ Պարկեշտ անձն է, որ հաշտ կ՚ապրի իր խիղճին հետ: 

Պղատոն կը հաւատայ, որ իրապէս պարկեշտ կ՚ըլլայ այն անձը՝ որ ինքզինք լաւ կը ճանչնայ եւ կեանքի իմաստութիւնը սկիզբ կ՚առնէ ինքնաճանաչումէն։ Մեծերու կողմէ ըսուած լաւագոյն խօսքերէն մէկն է «ծանի՛ր զքեզ»ը, որ սկիզբն է ամէ՛ն բանի: 

Մարի կ՚ուզէ, որ սանուհիները դառնան պարկեշտ մայրեր, որովհետեւ պարկեշտ մայրն է, որ օրինակելի սերունդ առաջ կը բերէ։ Պարկեշտ հայուհին է, որ կը յաջողի հայրենիքի, հողի, լեզուի եւ սրբազան արժէքներու սէրը սերմանել զաւկին մէջ: 

Այս բոլոր յորդորներու ժամանակ պէտք է միշտ ու միշտ յիշենք, որ Մարի դասատու մը չէ. բառին ամբողջական իմաստով ուսուցիչ է՝ որ իր կեանքը նուիրած է նոր սերունդներու դաստիարակութեան. իր գրութեան մէջ աշակերտներուն հետ ունեցած իր կապին համար կը գրէ. «Դուք գիտէք, որ կը սիրեմ զձեզ այնպէս՝ որպէս թէ ես ծնած ըլլայի զձեզ, եւ իմ թեւերուս մէջ օրօրած ըլլայի ձեր մանկութիւնը»։ Մօր նման գուրգուրացող ուսուցչուհի մը միայն կրնայ անմնացորդ նուիրուիլ. անձնուրացութեան գերագոյն վիճակ մը կը տեսնենք Մարիի մօտ։ «Ձեզնէ դուրս ոչ մէկ զբաղում, ոչ մէկ հոգ, ոչ մէկ ցաւ երբեք կ՚ամպոտեն ճակատս, ձեզնէ դուրս՝ ոչ մէկ ընկերութիւն, ոչ մէկ զուարճութիւն կրնան երբեք տալ ինծի այն հաճոյքը՝ զոր կը զգամ ձեր մէջ», կը գրէ Մարի: 

Անշուշտ, Մարի լաւապէս կը նկատէ, որ նոյնիսկ իր ժամանակներուն որոշ արժէքներ կը կորսնցնեն իրենց իմաստը. կը նկատէ, որ «զարգացած» երկիրներէն հասնող «նորաձեւութիւններ»ը իրենց հետ կը բերեն նաեւ որոշ բարքերու փոփոխութիւններ, գայթակղութիւններ ու փորձութիւններ. այդ իսկ պատճառով կ՚ուզէ որպէս մայր զգուշացնել զանոնք. «Կ՚ուզեմ որ ձեր անունը, ձեր համբաւը ըլլայ անաղարտ՝ ինչպէս սա լեռներուն վրայ երեւցող անարատ ձիւնը»: Այս համոզումով Մարի կ՚ուզէ, որ անոնք հեռու մնան ժամանակաւոր սին արժէքներէ. հեռու մնան պատանեկան-աղջկական որոշ ժամանակաւոր երեւոյթներէն։ Իգական սեռի պականող գրեթէ ամէ՛ն էակ կը սիրէ զարդարուիլ, կը սիրէ հագուիլ ու կոկիկ դուրս գալ, սակայն, Մարի միշտ կ’ուզէ յիշեցնել իր սանուհիներուն, որ այդ բոլորէն աւելի կայ կարեւորագոյն զարդը. «ճշմարիտ զարդը, ձեր միակ իրական փառքը ձեր պարկեշտ եւ անարատ անունը պիտի ըլլայ»: 

Կեանքի փորձութիւնները կրնան անոր սանուհիներէն մէկը գայթակղեցնել եւ այս մէկը կեանքին օրէնքն է։ Մարի իր փորձով տեսած է, որ ամենէն պարկեշտ, խելացի անձերը նոյնիսկ որոշ պարագաներու կրնան տկարանալ ու սայթաքիլ. սակայն գայթակղելէ ետք աւելի կը զգան պարկեշտութեան, առաքինութեան կարեւորութիւնը. «Առաքինութիւնը այն զովարար ջուրն է, որուն պիտի պապակի ամենէն ինկած մարդը, եւ ուշ կամ կանուխ պիտի մօտենայ անոր զովանալու, մաքրուելու ու փրկուելու համար»:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Կնոջ ամենէն մեծ առաքինութիւնը ի՞նչն է:

Պատասխան. Կնոջ ամենէն մեծ առաքինութիւնը պարկեշտութիւնն է՝ ո՛չ միայն արտաքին, այլ նաեւ ներքին իմաստով: Պարկեշտ կինը ունի յարգանք, խղճմտանք եւ պատասխանատու վերաբերմունք թէ՛ ընտանիքին եւ թէ հասարակութեան հանդէպ: Պարկեշտ կինը թէ՛ խօսքերով եւ թէ գործերով կը պահպանէ արժանապատուութիւնը եւ կը դառնայ սիրոյ եւ բարոյական ուժի աղբիւր: Պարկեշտութիւնը կինը խոհեմ ու բարոյապէս հզօր կը դարձնէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2025