ՎԱՆ ԿՈԿԻ ՆԱՄԱԿԸ

Մարդ նկարիչ կը դառնա՞յ՝ թէ նկարիչ կը ծնի. յստակ պատասխան մը չունի, սակայն, փաստ է, որ արեւմտեան նկարչութեան արուեստի ամենէն ազդեցիկ ներկայացուցիչներէն մէկը՝ Վան Կոկ իր նկարչական արուեստին սկիզբ տուած է քսանեօթ տարեկանին եւ ընդամէնը տասը տարուան մէջ յաջողած է իր անունը անմահացնել արուեստի աշխարհին մէջ: Յայտնի արուեստագէտը մահացած է երեսունեօթ տարեկանին եւ այդ տասը տարուան մէջ հասցուցած է մօտաւորապէս երկու հազար հարիւր ստեղծագործութիւններ նկարել: 

Անշուշտ, այդ ստեղծագործական կեանքը այդքան ալ դիւրին չէ եղած։ Իր կենդանութեան ան իր աշխատանքներէն ո՛չ մէկը ծախած է եւ, հետեւաբար, ապրած է խոր աղքատութեան մէջ։ Աղքատութեան կողքին, սակայն, կար աւելի մտահոգիչը. արուեստագէտը ունէր մտային տագնապներ ու յուզական լուրջ խանգարումներ. նոյնիսկ ընտանիքը մտածած էր զինք հոգեբուժարան տանիլ: Հոգեկան խանգարումներուն ու տարուբերող յոյզերուն արդիւնքը ինքնասպանութիւնն էր. 1890 թուականին Վան Կոկ ինքնասպանութեամբ վերջ տուած էր իր կեանքին: 

Արուեստագէտը իր մահէն վեց տարիներ առաջ՝ 1884 թուականի հոկտեմբերի 2-ին իր եղբօր գրած է նամակ մը՝ որ ունի փիլիսոփայական խորք եւ հակառակ 142 տարիներու հնութեան, արժանի է ուսումնասիրութեան։ Արուեստագէտին նամակը կ՚ըսէ.

«Հիմա լսէ՛.- քեզի կ՚ըսեմ, որ եթէ մարդ կ՚ուզէ գործել՝ երբեմն պէտք չէ վախնայ սխալելէ: Շատեր կը կարծեն, որ լաւ կարելի է ըլլալ ընդհանրապէս բան չընելով եւ այդ մէկը սուտ է. դուն ալ անցեալին ըսած ես, որ այդ մէկը սուտ է: Այդ մէկը միջակութիւն կը ստեղծէ: Պարզապէս բան մը քսէ կտաւին՝ երբ կը տեսնես, որ դատարկ կտաւը յիմարութեամբ քեզ կը նայի: Դուն չես գիտեր, թէ ինչքա՜ն կաթուածահար հայեացք ունի դատարկ կտաւը, որ նկարիչին կ՚ըսէ. «դուն բան չես կրնար ընել»։ Դատարկ կտաւը շատ անգամ նկարիչներուն այնքա՜ն կը հմայէ, որ անոնք եւս յիմար կը դառնան։ Շատ նկարիչներ կը վախնան դատարկ կտաւէն, իսկ դատարկ կտաւը կը վախնայ կրքոտ նկարիչէն, որ կը յաջողի կոտրել «դուն չես կրնար» արտայայտութիւնը: Կեանքը շատ անգամ մարդը կ՚առաջնորդէ անիմաստ ու յուսահատեցնող կողմ՝ ուր ոչինչ կայ՝ ինչպէս դատարկ կտաւին վրայ: Բայց կեանքը որքան ալ անիմաստ թուայ, որքան ալ մեծ երեւայ, հաւատքի եռանդի ու ջերմութեան տէր ինչ-որ բան մարդուն կ՚արգիլէ մոլորելէ.- ան առաջ գալով կ՚ուզէ բան մը ընել եւ «խախտել» օրէնքը»: 

Արուեստագէտին այս նամակը մտածել կու տայ հիմնական մի քանի միտքերու մասին. 

Ա.- Կեանքը որպէս կտաւ.- Այնպէս, ինչպէս նկարիչին դիմաց կտաւը դատարկ է եւ նկարիչը ի՛նք իր վրձինով կեանք կու տայ կտաւին, նոյնն է մարդու կեանքը։ Իւրաքանչիւրիս կեանքը մեր դիմաց դրուած դատարկ կտաւ մըն է եւ մենք ենք արուեստագէտը։ Այսօր աշխարհի վրայ ճանաչում գտած կտաւի մը որակն ու դատարկ կտաւի մը արժէքը նոյնն է, զանոնք տարբերողը անոր վրայի նկարչութիւնն է. այլ խօսքով՝ մարդու որոշումները, ձգտումներն ու ձեռքբերումներն են, որոնք մարդու կեանքը կ՚իմաստաւորեն եւ կ՚արժեւորեն: Այնպէս, ինչպէս նկարիչը ոչինչէն ինչ մը կը ստեղծէ, մարդ եւս իր կեանքին պէտք է նայի նոյն տրամաբանութեամբ։ Դատարկ կտաւը՝ այսինքն իր կեանքը երբեք պիտի չլեցուի, պիտի չգեղեցկանայ մինչեւ մարդ ի՛նք չնկարէ: Մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը՝ իր դրական թէ բացասական վիճակին մէջ, անաւարտ կտաւի մը վրայ կատարուած ստեղծագործութենէն տարբեր իրողութիւն մը չէ. կտաւ՝ որ իր աւարտին կը հասնի մահով՝ ստեղծելով կտաւի ամբողջութիւն մը, որ կարելի է արժեւորել ո՛չ թէ չափով՝ այլ որակով, որովհետեւ արուեստի աշխարհին մէջ եւս կտաւին չափն ու ձեւը կարեւոր չէ. շատ անգամ շատ փոքր գործ մը կրնայ աւելի արժել՝ քան տասնապատիկ մեծութիւն ունեցողը: 

Բ.- Սխալելու վախը որպէս արգելք.- Ժամանակին կար նմանատիպ հարցադրում մը. ո՞վ աւելի զօրաւոր է. ան, որ վախի ազդեցութեամբ ընդհանրապէս չի՞ սխալիր, թէ ան, որ ուժը ունի սխալելէ ետք դարձեալ ոտքի կանգնելու։ Փոխենք հարցումը. վախի ազդեցութեան տակ մնացող անգո՞րծը աւելի խելացի է, թէ ան, որ ձգտելով փորձած է՝ սակայն ձախողած: Շատեր կեանքի մէջ չեն յաջողած, որովհետեւ սկսելու վախը ունեցած են իրենց մէջ. օրինակի համար, Վան Կոք իր նկարչական գործունէութեան սկսած է քսանեօթ տարեկանին. եթէ մեծ արուեստագէտը չփորձէր նկարել՝ այսօր անոր անունը պատմութեան փոշիներուն մէջ թաղուած պիտի ըլլար։ Նոյն օրինակով մտածեցէք. փորձելու վախի պատճառով անգործութեան մատնուած քանի՞ տաղանդ առյաւէտ կորսուած է արդեօք. արդեօք քանի՞ տաղանդ անհետացած է չփորձելու պատճառով։ Շատեր կը հաւատան, որ եթէ մարդ իր մէջ ունի տաղանդը, ապա անպայմանօրէն կը փորձէ, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Ամէն մարդու խառնուածքը տարբեր է եւ շատեր այս կամ այն ձեռքբերումը ունենալու համար ունին այլոց աջակցութեան կարիքը. դրական խօսք մը, քաջալերանք մը բաւարար է գուցէ այդ տաղանդը զարգացնելու։ Շատ անգամ անձը ի՛նք նոյնիսկ անտեղեակ կ՚ըլլայ իր տաղանդին եւ շրջապատի առաջնորդութիւնն է, որ անոր բացայայտումը կը ստիպէ: Նկարչական կտաւը իր դատարկութեան մէջ ոչինչ մըն է. նկարիչը ինք կ՚որոշէ ուրկէ սկսիլ, ինչպիսի գիծեր տալ, ինչպիսի երանգներ տալ, որպէսզի դառնայ արժէք մը։ Մարդ իր կեանքին մէջ եւս պէտք չէ վախնայ՝ նոյնիսկ եթէ իր կեանքի ներկայ վիճակը դրական վիճակ մը չներկայացնէր, որովհետեւ նկարչութեան մէջ կատարուած սխալ գիծ մը նոյնիսկ հմտութեամբ կրնայ մեծագոյն արժէքի մը վերածուիլ:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

…Եղան հայեր, որոնք իրենց մորթը փրկելու համար վճարեցին ոսկի. եղան ուրիշներ, որոնք տուին հաւատք, կուսութիւն. եղան անոնք, որոնք լքեցին տուն, տեղ, երկինք եւ ուրացան ազգ ու լեզու. եւ հերոսներ, որոնք տուին արիւն, կեանք, օր ու արեւ: Իսկ մե՞նք. կը վճարենք իբրեւ վերջին փրկագին այն, որ պիտի գայ: Իբրեւ վերջին փրկագին՝ մանուկներ, որոնք մեզմէ վերջ պիտի գային: Որովհետեւ այն, որ պիտի գայ, պիտի ըլլայ օտար՝ բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ: 

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Փետրուար 17, 2026