ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Մարդկային յարբերութիւններու մէջ վստահութիւնը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ, քանի որ մարդոց վստահիլ կամ չվստահիլ, ընդհանրապէս կեանքին ընթացքը կ՚որոշէ։ Մարդ՝ քանի որ ընկերային կեանք ապրելու կոչուած է, պարտաւոր է վստահելու ուրիշի մը։ Այս հարցով, ընդհանրապէս կ՚ըսեն, թէ մէկու մը վստահելի՞ թէ անվստահելի ըլլալը հասկնալու համար պէտք է նախ վստահիլ անոր։ Արդարեւ, մտացածին գաղափար մը կրնայ թուիլ ասիկա, բայց մէկը հասկնալու համար պէտք է նախ ճանչնալ զայն, ինչպէս՝ սիրելու համար պէտք է նախ ճանչնալ։ Ճանչնալ բաւարար չէ, պէտք է նաեւ մտերիմ ըլլալ, իսկ մտերմութիւնը վստահութիւնը կ՚ենթադրէ։

Մարդոց միջեւ վստահութիւնը կրնայ հարց մը ըլլալ, բայց Աստուծոյ հետ մարդուն յարաբերութիւնը կը յենու բացարձակ վստահութեան վրայ, քանի որ Ան ամենավստահելի՛ն է։ Արդարեւ, արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի լքեր Իր արարածը ինքզինքին. Ան հաւատարի՛մ է Իր խոստումին։ Չի տար մարդուն միայն ծնունդ եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զայն ամէն վայրկեան, ամէն պահ գոյութեան մէջ, զայն գործելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին։ Ճանչնալ այս կատարեալ առկախութիւնը Արարչէն՝ աղբիւր է իմաստութեան եւ ազատութեան, ուրախութեան եւ վստահութեա՛ն։

Իմաստութեան Գիրքին մէջ որքա՜ն գեղեցիկ կերպով կը բացատրուի Աստուծոյ ամենավստահելիութիւնը.

«Այո՛, Դուն կը սիրես ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի, եւ չես խորշիր ո՛չ մէկ բանէ, զոր ստեղծեցին, որովհետեւ եթէ Դուն բան մը ատէիր, պիտի չստեղծէիր։ Եւ բան մը ի՞նչպէս գոյութիւն ունենայ, եթէ Դուն չես ուզեր զայն։ Բան մը ի՞նչպէս պիտի գոյատեւէ, եթէ Դուն չես կանչած զայն։ Բայց Դուն կը խնայես ամէն բանի, որովհետեւ ամէն ինչ Քո՛ւկդ է, Դուն որ հոգեսէր Տէր ես». (ԻՄԱՍՏ. ԺԱ 24-26)։

Արդարեւ, Աստուած Իր նախախնամութեամբ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ ի՛նչ որ ստեղծած է։ «Զօրութեամբ կը հասնի ծագէ ծագ եւ կը տնօրինէ ամէն ինչ քաղցրութեամբ». (ԻՄԱՍՏ. Ը 1)։ Որովհետեւ, Անոր հայեացքին դիմաց՝ «ամէն ինչ մերկապարանոց կայ». (ԵԲՐ. Դ 13), նոյնիսկ այն բոլոր բաները, զորս արարածներուն ազատ կամքը պիտի իրագործէ։ Աստուածաշունչին վկայութիւնը միաձայնական վկայութիւն է։ Աստուածային նախախնամութեան հոգածութիւնը շօշափելի եւ անմիջական է։ Ան հոգածու եւ խնամատար է ամէն բանի, սկսեալ փոքրագոյնէն մինչեւ մեծագոյն դէպքերը աշխարհի եւ պատմութեան։

Սուրբ Գիրքը ուժգնօրէն կը հաստատէ Աստուծոյ բացարձակ տիրակալութիւնը դէպքերուն ընթացքին վրայ. «Մեր Աստուածը երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ կ՚ընէ այն ինչը որ հաճելի է Իրեն». (ՍԱՂՄ. ՃԺԵ 3)։ Քրիստոսի մասին ալ ըսուած է. «Եթէ Ան բանայ, ո՛չ ոք պիտի փակէ, եթէ Ան փակէ, ո՛չ ոք պիտի բանայ». (ՅԱՅՏ. Գ 7)։ Արդարեւ, «բազմաթիւ մտածումներ կ՚անցնին մարդուն սրտէն, միայն Աստուծոյ ծրագիրը պիտի իրականանայ». (ԱՌԱԿ. ԺԹ 21)։

Աստուած ամենակալ է, ամենակարող է, ամենաբարին է եւ իմաստութիւնը Ի՛րն է. Ան սէ՛ր է, ապա ուրեմն Ան ամենավստահելին է՝ միակ ապաւէնը բոլոր արարածներուն։ Ան նաեւ հաւատարիմ է Իր վստահելիութեան. Ան Աստուած է. Արարիչ եւ Ամենախնա՛մ…

Արդարեւ, ո՛վ որ Աստուած կ՚ըսէ, կ՚ըսէ Էակ մը մնայուն, անփոփոխ, միշտ նոյնը, հաւատարիմ, կատարելապէս արդա՛ր։ Հետեւաբար մենք պէտք է անհրաժեշտաբար ընդունինք Անոր Խօսքերը եւ Անոր հանդէպ ունենանք ամբողջական վստահութիւն՝ հաւատք եւ յոյս։ Ան ամենակարող է. բարեսիրտ, անհունօրէն տարուած բարիք գործելու։ Ո՞վ պիտի կարենար իր ամբողջ յոյսերը Անոր վրայ չդնել եւ ո՞վ պիտի կարենար չսիրել զԻնք՝ դիտելով բարութեան եւ խանդաղատանքին գանձերը, զորս Ինք սփռեց մեր վրայ։ Ասոր համար Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ Իր պատուէրներուն թէ՛ սկիզբը եւ թէ վերջը կը գործածէ այս բանաձեւը. «Ե՛ս եմ Տէրը»։

«Հայր մեր»ին մէջ «Այսօր» բառը՝ վստահութեան արտայայտութիւն մըն է։ Տէրն է որ զայն մեզի սորվեցուց. (ՄԱՏԹ. Զ 34), (ԵԼՔ. ԺԶ 19) մեր յաւակնոտութիւնը պիտի չկարենար զայն ինքնիրմէ հնարել։ Եւ քանի հարցը կը հայի մանաւանդ Աստուծոյ Խօսքին եւ Իր Որդիին Մարմինին, ուստի այս «այսօր»ը, մեր մահկանացու ժամանակին «այսօր»ը չէ միայն, ան «Այսօր»ն է Աստուծոյ։ Նաեւ «Հայր մեր»ի «Տո՛ւր մեզի» խօսքը մեր որդիական վստահութիւնը կ՚արտայայտէ երկինքի մեր Հօր՝ հաղորդակցաբար մեր եղբայրերուն։ Եւ ամբողջ Սուրբ Գիրքը հիմնուած եւ հաստատուած է Աստուծոյ սիրոյ եւ որպէս Հայր՝ ամենավստահելիութեան վրայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 16, 2025, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17, 2025