ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՔԱՅԼ ՄԸ
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները մի քանի տարիներ առաջ փորձեցին վերափոխութեան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու մասին 22 փետրուար 2007 թուականին ընդունուած օրէնքները: Այս մէկը մեր կարծիքով նախափորձ մըն էր շօշափելու ժողովուրդին տրամադրութիւնը՝ սկիզբ դնելու համար հակաեկեղեցական այն պայքարին, որ ի սկզբանէ մտադրած էին ի գործ դնել: Ատենին որոշ աղմուկ մը բարձրացաւ եւ իշխանութիւնները վեր ի վարոյ կրցան հասկնալ, որ նման հակաեկեղեցական պայքարի մը կարելի չէ մէկէն ի մէկ սկսիլ, այդ իսկ պատճառով սկսան իրենց գործը ճիւղաւորել:
Առաջին հերթին կրթական համակարգէն ուզեցին դուրս հանել եկեղեցական պատմութիւնը՝ որովհետեւ այդ պատմութեան մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը ներկայացուցի որպէս պաշտպանն ու պահապանը հայ լեզուին, մշակոյթին. ուզեցին նոր սերունդը հեռու պահել այն գաղափարէն, որ հայ ժողովուրդը իր գոյատեւման համար որոշ տեղ մը պարտական է եկեղեցւոյ: Ետքը կամաց կամաց նոր սերունդէն ուզեցին հեռացնել այն բոլորը՝ որ տեղ մը կապուած է եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան. ինչպէս օրինակ՝ Մեսրոպ Մաշտոցը եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնք ազգանուէր գործունէութիւն կատարած են՝ սակայն եղած են եկեղեցական: Անշուշտ, այս բոլորը ըրին ծածուկ ու շա՜տ զգոյշ ձեւով, որովհետեւ այս բոլորին մէջ հիմնական ու կարեւոր մասը այն էր, որ ժողովուրդը չգիտնայ, թէ այս բոլորին ետին գոյութիւն ունի հակաեկեղեցական պայքար մը:
Այս բոլորէն ետք հասաւ եկեղեցականը վարկաբեկելու արարողակարգը, որովհետեւ հաւատացեալ ժողովուրդը ինչքան շուտ իր վստահութիւնը կորսնցնէ եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականութեան հանդէպ, ապա եկեղեցին կործանելու ծրագիրը այնքան շուտ եւ դիւրին կը հասնի իր նպատակին. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեղադրեցին որպէս ուխտադրուժ՝ ոչ կուսակրօն, եկեղեցականներէն ոմանք որակեցին ահաբեկիչ, հրապարակ դուրս բերին մի քանի քահանաներ՝ որոնք ներքին պայքար մը ստեղծեցին եւ այսպիսով սկիզբ առաւ քաոս մը. հաստատութիւն մը քանդելու համար հարկաւոր էր ներքին անհամաձայնութիւն մը եւ դրամի սիրոյն այդ մէկը յանձն առնող քահանաներ գտնելը իշխանութեան համար դժուար բան մը չէ:
Իշխանութիւնները այս բոլորը փորձեցին ձեւացնել անձի մը դէմ մղուած պայքար՝ այս պարագային Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որովհետեւ եկեղեցւոյ դէմ մղուած պայքար մը անպայմանօրէն պիտի հանդիպէր ժողովուրդի դիմադրութեան եւ հետեւաբար հարցը փորձեցին ներկայացնել որպէս «անձնական» պայքար՝ մղուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անձին դէմ եւ ո՛չ եկեղեցւոյ: Անշուշտ, ժողովուրդէն շատեր լաւապէս հասկցան իշխանութեան մտադրութիւնը եւ սկսան դէմ դնել եւ այստեղ իշխանութիւնը յաջողեցաւ ժողովուրդը «համոզել» զոհ ընտրելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:
Մի քանի օրեր առաջ Մեծի Տանն Կիլիկոյ միաբաններէն Շահան Սրբազանը Արամ Ա. Կաթողիկոսի անունով հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ. թէեւ Անթիլիաս փորձեց այս մէկը շա՜տ պարզ ու հասարակ հաղորդագրութեամբ մը ծածկել, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնները այդ մէկը օգտագործեցին ի շահ իրենց նպատակներուն: Պետական աղբիւրներ շատ մեծ կարեւորութեամբ շեշտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան յարաբերութիւնները, ժողովուրդին ըսելու համար, որ մենք եկեղեցւոյ հանդէպ ո՛չ մէկ պայքար ու խնդիր ունինք. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանին եւ վարչապետին ջերմ հանդիպումը եղաւ վահան մը իշխանութեան համար պաշտպանելու համար այն թէզը, որ իրենց խնդիրը Ամենայն Հայոց Վեհափառի անձին դէմ է եւ ո՛չ եկեղեցւոյ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ համար նման պետական մակարդակի ուշադրութիւն մը վստահաբար ցանկալի եւ տեղ մը գովելի է, սակայն, այդ բոլորը ի դէմ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անխոհեմ քայլ մըն էր պարզապէս. տակաւին մի քանի շաբաթներ առաջ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան մօտեցումները քննադատող Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը այսօր սիրալիր հանդիպումներ կ՚ունենայ նոյնինքն իր իսկ քննադատած իշխանութեան մեծաւորին հետ: Անթիլիաս այս կապակցութեամբ ո՛չ մէկ նկար հրապարակեց. անցողակի հաղորդագրութեամբ մը Փաշինեանի հետ հանդիպումը յիշեց՝ շեշտելով, որ այդ հանդիպումները ունէին մշակութային բնոյթ: Անթիլիաս երբեք չկրցա՞ւ ենթադրել, որ նման ժամանակի մէջ եղած հանդիպում մը կրնայ իշխանութիւններուն շահ ապահովել՝ զիրենք «եկեղեցասէր» դարձնելով. արդէն իսկ տասնամեակներէ ի վեր Անթիլիաս-Էջմիածին եղած ծածուկ հակառակութիւնը նոր ընթացք մը պիտի չստանա՞յ նման անխոհեմ քայլով մը. ժամանակը կը փաստէ. պարզապէս յստակ է, որ այս բոլորը իշխանութիւններուն համար դիւանագիտական խաղեր են՝ հասնելու իրենց նպատակին եւ ցաւ ի սիրտ վերջաւորութեան պիտի հասնին եւ մեր ժողովուրդը պիտի շարունակէ հանդիսատեսի դերին մէջ մնալ. բողոքել պէտք չէ. ժողովուրդ մը արժանի է այն բոլորին՝ որուն կը հանդուրժէ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Պետութիւնը իր սեփական ժողովուրդը կը խաբէ՞:
Պատասխան. Այո, երբեմն պետութիւնը կը խաբէ իր ժողովուրդը՝ պաշտպանելու համար իր սեփական շահերն ու իշխանութիւնը: Այս խաբէութիւնը կրնայ ի յայտ գալ տարբեր ձեւերով՝ կեղծ խոստումներ ու սխալ տեղեկութիւններ տալով, որոշ իրավիճակներ ծածկելով եւ ժողովուրդի ուշադրութիւնը շեղելով: Նման վարքագիծ մը կարճաժամկէտ ուժ կը պարգեւէ իշխանութիւններուն, բայց երկարաժամկէտ գետնի վրայ կը քայքայէ ժողովուրդի վստահութիւնը, ազգային միասնութիւնը եւ պետութեան հիմքերը: Նման վարքագիծ ի վերջոյ պետութիւնը կը դարձնէ ժողովուրդին թշնամի:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Իսթանպուլ