ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԱԾ ՇԱՀՆՈՒՐԸ
Թշուառութեան մէջ ապրող, իր ցաւերը դարմանելու, բժիշկի մը այցելելու անկարող Շահան Շահնուրի մահուան օրը հայկական մամուլը կը գրէր. «Սրտի անհուն կսկիծով կը հաղորդենք, թէ երեքշաբթի, 20 օգոստոս 1974-ին, իր մահկանացուն կնքած է մեր անզուգական գրագէտը՝ Շահան Շահնուր»: Մամուլը Շահնուրը կ՚որակէր որպէս «եզակի գրիչ»:
Շահնուր բառին ամբողջական իմաստով եզակի էր, որովհետեւ ունէր խիզախութիւն՝ որ այլ գրողի մօտ դժուար է կարելի ըլլայ գտնել. շեշտակի, խիստ ու շատ անգամ մինչեւ իսկ վիրաւորական է։ Շահնուրի համար մեծագոյն արժէքը հայրենիքն էր, մայրենի լեզուն, մշակոյթը։ Ան երբեք այս կամ այն կուսակցութեան հաճոյանալու համար չէր գրեր։ Ան պարզապէս կը բարձրաձայնէր բոլոր այն թերութիւնները, որոնք շատեր կը խուսափէին յիշատակելէ անգամ. կը խօսէր ներքին ու եղբայրասպան կռիւներու մասին, կուսակցութիւններու իրարու դէմ մղած անտեղի ու անիմաստ պայքարին մասին եւ անոր խօսքերը շատ անգամ կրնային ցաւ պատճառել կողմերուն: Օրինակի համար, Շահնուրի դէմ մեծ աղմուկ բարձրացուցած յօդուածներէն մէկը «Ազատն Կոմիտաս» խորագրեալ յօդուածն է, որ սկիզբը լոյս տեսած է Փարիզի «Ապագայ» թերթին մէջ եւ ապա վերատպուած՝ Լիբանանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ: Ի դէպ, ըսենք, որ Շահնուրի այս յօդուածը հրատարակուած է՝ «Ապագայ»ի մէջ 1935 թուականին, իսկ «Սփիւռք»ի մէջ 1969 թուականին եւ միայն «Սփիւռք»ի մէջ հրատարակուելէ ետք է, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է։ Այլ խօսքով՝ 34 տարուան հնութիւն ունեցող գրութիւն մը մէկէն ի մէկ արժանացած է հանրութեան քննադատութեան:
Շահնուրի այս գրութիւնը աղմկայարոյց է, որովհետեւ անոր մէջ ան հայը կը կոչէ «թշուառ», «կռուազան», «կատարելապէս անխելք», «քէնով ու չարութեամբ լեցուն պղծութիւն», «եղկելի պզրուկ», «պատարագուորի արիւն ծծող», «ստրուկ», «հալածական», «նշաւակ վերջնական արհամարհանքի»։ Ահաւասի՛կ, վերոյիշեալ յօդուածին բնօրինակը.
«Ի վերջոյ ի՞նչ ենք մենք այսօր, եթէ ոչ թշուառ ու թշուառական բարիաներու խումբ մը, ստրուկ, հալածական եւ նշաւակ վերջնական արհամարհանքի: Ի՞նչ ենք այսօր, եթէ ոչ եղերականօրէն անզօր, բայց կռուազան, կատարելապէս անխելք, քէնով ու չարութեամբ լեցուն պղծութիւն: Եղկելի տզրուկ՝ պատարագուորի արիւն ծծող…»:
Այս խօսքերը հայ ժողովուրդին հանդէպ ատելութեան արտայայտութիւններ չեն. Շահնուր այս բոլորը կը գրէ նկատի ունենալով իր ժամանակաշրջանը, ուր հայը իր խնդիրները լուծելու փոխարէն, հազար ու մէկ մասի բաժնուած (ինչպէս այսօր) զիրար ամրապնդելու փոխարէն, իրարու դէմ կը պայքարէին. պատարագիչ սրբազան մը պատարագած ժամանակ կը սպաննուէր, հայը հայուն կեանքը կը խլէր եւ այս բոլորը կ՚ըլլար հայրենիքի սիրոյն՝ «հայրենասիրական» զգացումներէ դրդուած:
Անշուշտ, այս յօդուածը շատերու կողմէ արժանացաւ քննադատութեան. քննադատողներէն մէկն էր, օրինակի համար, բանաստեղծ Վահագն Դաւթեան։ Սակայն, քննադատութիւնները Շահնուրը իր քաջ կեցուածքէն հեռու չեն պահեր։ Քննադատութիւններու առիթով իր գրած գրութիւններէն մէկուն մը Շահնուր կը գրէ. «Ան, որ ստացած է չափազանցեալ գովեստ, ան պիտի ստանայ, բնական հակազդեցութեամբ, նոյնքան չափազանցեալ քննադատութիւն: Այդ է եղած իմ ճակատագիրս»: Արեւելահայ թերթեր եւս սկսան քննադատել Շահան Շահնուրը. օրինակի համար, «Հայրենիքի Ձայն»ի մէջ կար լուրջ քննադատութիւն. Շահան Շահնուր քննադատութեան մէջ կը դառնայ հայատեաց, օտարամոլ, օտարասէր: Սակայն, Շահնուր գիտէր, որ իր գրութեան ոճը կրնայ հասանելի չըլլալ բոլորին. ան որպէս պաշտպանութիւն գրած իր յօդուածին մէջ կը գրէ.
«Ճիշդ է, թէ իմ գրութիւններուս մէջ կայ եթէ ոչ մռայլ յոռետեսութիւն, առնուազն անբուժելի թախիծի մը քօղը: Կ՚ըմբռնեմ, որ խորթ թուի ան խորհրդային գրականութեան անայլայլ եւ օգտապաշտ լաւատեսութեան: Կ՚ըմբռնեմ տակաւին, որ նախընտրելի չըլլայ իմ գրելակերպս, ուր նիւթը կը խոնարհի ու կը նուաստանայ, դէպի բարձունքները խոյանալէ առաջ»։ Իր պաշտպանողական նամակը Շահնուր կը վերացնէ հաստատակամութեամբ եւ կը յայտնէ, որ 34 տարիներ ետք կը շարունակէ համաձայն մնալ բոլոր այն համոզումներուն, զորս գրած էր Փարիզի «Ապագայ»ին մէջ:
Անշուշտ, քննադատողներու կողքին Շահնուր ունէր պաշտպաններ եւս. անոնցմէ մին՝ Գրիգոր Քէօսեան «Ակամայ պատասխան բանաստեղծ Վահագն Դաւթեանին» խորագրեալ պաշտպանական գրութեան մէջ կ՚ըսէ. «Ի վերջոյ 35-40 տարիներէ ի վեր, ամէն տարի, «ազգային», «կուսակցական», «անհատական» պարտականութիւն կը համարուի փողոցէն անցնող դարձող գրոց-բրոցի կողմէ քար մը արձակել Շահնուրեան բերրի պտղաստանը», ինչ որ ըստ գրողի նախանձի, անհասկացողութեան եւ քինախնդրութեան արդիւնք է, որովհետեւ շատերու համար Շահան Շահնուրի գրականութիւնը մղձաւանջ էր, որովհետեւ Շահնուր չէր խնայեր. իւրաքանչիւր սխալ արժանի էր քննադատութեան՝ առանց տարբերութեան, թէ ո՛վ է այդ սխալը տեղի տուողը, որովհետեւ մեր հայկական շրջականներուն մէջ սխալէն առաջ կը նային, թէ ո՞վ է այդ սխալը ընողը՝ որովհետեւ մեր մօտ երեւոյթները անձերով կը դատուի եւ ո՛չ դէպքերով: Շատեր կը կարծէին, որ Շահնուր նման ոճ ունի, որպէսզի հանրութեան ուշադրութիւնը իր կողմ գրաւէ։ Մինչ Շահնուր կը գրէր, որովհետեւ կը տեսնէր ազգի ապագայ կործանումը։ Շահնուրի համոզումներէն մէկը այն է, որ ազգ մը մէկ օրէն միւսը չի կրնար ոչնչանալ. աննշմար ձեւով, կամաց կամաց կ՚ըլլայ ոչնչացումը եւ ինք կ՚ուզէր իր ազգը հեռու պահել ոչնչացումէն:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Անշուշտ, հայկական լեզուն, աջակցութեամբ Եկեղեցիին, պիտի կրնար, շատ անգամ կրնա՛յ բարեբախտաբար, միութեան տարր մը կազմել հողմացրիւ հայութեան մէջ: Բայց ամենազօր չէ ան, քանի որ անցեալի բարբառներուն վրայ կու գան աւելնալ նորեր, ողբալի խառնակութեամբ:
ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան