ՍԵՄԱ

Մեր հայ գրականութեան ու պատմութեան մէջ նոյն անունները լսելէն այլեւս տեղ մը ձանձրացանք։ Իրականութեան մէջ հասած է տեղ, որ այլեւս չենք ուզեր լսել Սիամանթօ, Մեծարենց, Դուրեան եւ այլոց անունները. ո՛չ թէ անոր համար, որ կասկած ունինք անոնց մեծութիւն ըլլալուն (քա՜ւ լիցի), այլ պարզապէս այն պատճառով, որ կը հաւատանք, թէ հայ ժողովուրդը ունի տակաւին շա՜տ այլ մեծութիւններ՝ որոնք ձգուած են շուքի տակ եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնենք զանոնք մէկ առ մէկ բացայայտելու եւ մերօրեայ ընթերցողներուն ներկայացնելու: Գրականութեան մէջ միշտ նոյն անունները կը կրկնուին եւ մենք կը հաւատանք, որ հայ գրականութիւնը սահմանափակուած չէ մի քանի հանճարներով. հայ ժողովուրդը ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ բազմաթիւ հանճարներ, որոնք աւելի պակաս մտաւորական գործիչներ պիտի չըլլան քան միւսները՝ մանաւանդ կը հաւատանք, որ մշակոյթն ու գրականութիւնը կենդանի է եւ ո՛չ անցեալին պատկանող յուշարձան մը: 

Գրականութիւն մը, մշակոյթ մը կենդանի կը մնայ այն ժամանակ, երբ չի սահմանափակուիր մի քանի անուններով. հայ գրականութեան մէջ ունինք բազմաթիւ արժէքներ, որոնք աւելի պակաս բանաստեղծ մը չեն քան Դուրեանը, Պէշիկթաշլեանը եւ կամ Վարուժանը. անոնցմէ մէկուն մահուան օրն է այսօր. բանաստեղծ՝ որ մահացած է երեսուն տարեկան հասակին, սակայն այդ կարճ ժամանակուան մէջ հրատարակած է մէկէ աւելի աշխատութիւններ՝ ներառեալ թարգմանական։ Բանաստեղծ՝ որ իր բանաստեղծական առաջին ժողովածուն լոյս ընծայած է 26 տարեկան հասակին: Բանաստեղծ, որուն աչքերուն մէջ կարելի է տեսնել հայրենիքի ու ազգին հանդէպ ունեցած սէրը. սէր լեզուի ու մայրենիին հանդէպ: 

Բանաստեղծը գրեթէ մոռցուած Սեման է (Գեղամ Աթմաճեան), գրող, բանաստեղծ ու թարգմանիչ, որ ցեղասպանութեան ժամանակ կորսնցնելով հայրը, որպէս որբ Տրապիզոնէն մեկնած է Պոլիս, ապա Հալէպ եւ Հալէպէն՝ Փարիզ, ուր նահատակուած է Համաշխարհային առաջին պատերազմին: 

Բանաստեղծութիւններէն առաջ գրաւիչ է Սեմայի առաջին հրատարակութեան առաջին էջին մէջ գրած «Ձօն»ը. «Բանաստեղծութիւններուս այս առաջին հատորը կը նուիրեմ մօրս՝ որ իմ լաւութիւնս միայն ցանկաց ու իրագործեց, որ ինձ կեանք տուաւ ու ըրա՛ւ որ ես ապրիմ. հիմա անհատուցանելի երախտագիտութիւն միայն ունիմ իրեն հանդէպ: Բանաստեղծութիւններուս այս առաջին հատորը կը նուիրեմ հօրս՝ որ նահատակուեցաւ մեծ սպանդին, երեսուն տարեկան հասակին մէջ, որպէսզի իր զաւակները հայրենի՛ք ունենան: Քսան տարիներ առաջ իրարմէ առյաւէ՛տ բաժնուած՝ առանձին մնացին։ Կ՚ուզեմ որ այս քերթուածներուն մէջ անոնք միասին ըլլան»: 

Սեմայի բանաստեղծութիւններէն կարելի է հասկնալ, որ լաւատես ու ամէն գնով կեանքը սիրող ու պայքարող անձնաւորութիւն մը ըլլալ. անոր առաջին չորս բանաստեղծութիւններու խորագրերը այդ մէկը աւելի յստակ ու պարզ կը դարձնեն. «Գարուն», «Հայաստանին», «Ներգաղթ», «Նոր Զատիկ». ան լաւատեսութեամբ կը հաւատար, որ հակառակ ամէն դժուարութիւններուն, ցեղասպանութիւնը ապրած հայ ժողովուրդը կը ծաղկէր։ Ահաւասիկ, անոր տողերէն. 

«Ինչպէս ժիր ծառն աւիշ կ՚առնէ
Արմատներն իր խըրած հողին,
Հայ կեանքն առոյգ արդ կը յառնէ
Արագածի շըքե՛ղ կողին...»:

Ի դէպ պէտք է յիշել, որ Սեմայի քոյրը արեւմտահայ բանաստեղծ, գրական եւ հասարակական գործիչ Մառի Աթմաճեանն է, որ իր վաղամեռիկ եղբօր համար գրած է «Լուսամատեան բանաստեղծ Ա. Սեմայի յիշատակին» աշխատութիւնը, որուն մէջ ներկայացուցած է իր բանաստեղծ եղբայրը՝ Սեման: 

Սեմա իր երիտասարդ տարիքին Միսաք Մանուշեանի հետ միասին հիմնած է «Ջանք» ամսագիրը: Սեմա գրականութեան կողքին յատուկ սէր ունեցած է նաեւ թատերգութեան հանդէպ. գրած է «Շամիրամ» խորագրեալ թատերական ներկայացում մը՝ հինգ արարով. այս աշխատութեան սկիզբը Սեմա գրած է թատերգութեան մասին իր ունեցած համոզումները։ Ահաւասիկ, անոնցմէ մի քանին.

«Թատերգութիւնը ամենէն կատարեալ ձեւն եւ ուժեղ արտայայտութիւնն է գրական արուեստին, ուր բանաստեղծութիւնը կրկնուելով երաժշտականութեամբ ու նկարչութեամբ, բեմի վրայ կը դնէ կեանքի տեսարանի մը ուշագրաւ մէկ գործողութիւնը»: Սեմա կը հաւատայ, որ հայ ազգը չէ կրցած թատերգութեան արժանի պատիւը տալ, հաւատալով, որ հայ ժողովուրդը ունի այնպիսի թատերագիրներ, զորս ուրիշ ազգեր չունին. ինչպէս օրինակ՝ Շիրվանզադէն, Լեւոն Շանթը, Սունդուկեանը, Պարոնեանն ու բազմաթիւ ուրիշներ: Անշուշտ, գրողը կը հաւատար, որ հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն թատերգութեան, այլ ընդհանրապէս գրականութիւնը իր ամբողջութեան մէջ չէ կրցած գնահատել: 

Եթէ կեանքը անարդար չըլլար, վստահ ենք, որ Սեմա շատ աւելի մեծ գործեր պիտի կատարէր հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, սակայն, իր կարճ կեանքի ընթացքին կատարածները նոյնիսկ բաւարար են անոր հոգեվիճակներն ու իմացականութեան մակարդակը հասկնալու համար:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ որոշ գրողներ հակառակ իրենց բացառիկ կարողութեան շուքի տակ կը մնան:

Պատասխան. Որոշ գրողներ, հակառակ իրենց բացառիկ կարողութեան կը մնան չգնահատուած ու աննկատ, որովհետեւ անոնք յաճախ սփիւռքի կամ սահմանափակ շրջանակներու մէջ կը գործեն, ուր անոնց ստեղծագործութիւնները չեն ստանար հանրային լայն հնչեղութիւն: Յաճախ անոնց հոգեբանական ու փիլիսոփայական խորքերը կրնան մերժուիլ կամ չհասկցուիլ հասարակ ընթերցողի կողմէ: Յաճախ լեզուական պատնէշները կամ քաղաքական պայմանները կրնան խոչընդոտել անոնց գործերու տարածումը: Այս բոլորը միասին կը ստեղծեն ստուեր, ուր անոնք կը մնան իրենք իրենց լոյսին մէջ միայնակ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մայիս 19, 2025