ԴԺՈՒԱ՛Ր Է ՈՐՈՇՈՒՄ ՏԱԼ
«Որոշում տալ», այսինքն հարցի մը շուրջ դիրք ճշդել, տարբերակներու, տարատեսակներու մէջ ընտրութիւն ընել՝ նախընտրութիւն կատարել իրապէս շատ դժուար է։ Անշուշտ, դժուարութիւնը յարաբերական երեւոյթ մըն է. զոր օրինակ՝ անտարբեր մարդու մը համար անկարեւոր, դիւրին լուծելի հարց մը, բծախնդիր եւ հարցերը մանրակրկիտ կերպով դիտող մէկու մը համար ամենադիւրին լուծելի պարզ հարց մը լուծել դժուար է։ Եւ այս իմաստով, որոշում տալը երբեմն դիւրին, երբեմն ալ դժուար է։ Բայց, երբ հարց մը կայ, անիկա պէտք է լուծել՝ դիւրին կամ դժուար։
Որոշում տալու մասին հարցին հանգամանքն ալ մեծ դեր կը խաղայ. հարցը եթէ սովորական հարց մըն է՝ անոր մասին որոշում տալ մասամբ դիւրին է, քանի որ այդ որոշումը շատ ազդեցիկ չէ կեանքի սովորական ընթացքին վրայ։ Բայց եթէ հարցը կենսական հարց մըն է՝ դժուար է որոշում տալ, քանի որ ան կրնայ փոխել կեանքի ընդհանուր գնացքը։
Բայց մարդուս այս մասին կարողութիւնը եւ տարողութիւնը սահմանափակ է, քանի որ ան անկատար է՝ տկարութիւններ եւ թերութիւններ ունի։ Մարդ սխալական է։ Այս իմաստով, ցնորական է գիտական հետազօտութեան եւ անոր գործադրումներուն բարոյական չէզոքութիւնը պահանջել։ Այլուստ, արեւելումի, այսինքն՝ ուղղութեան ճշդումի չափանիշները ո՛չ կրնան քաղուիլ արհեստագիտական պարզ, սովորական արդիւնաւորութենէն, ո՛չ ալ այն օգտակարութենէն՝ զոր ոմանք կրնան քաղել ի վնաս ուրիշներուն, ո՛չ ալ աւելի վատ պարագային, գերիշխող գաղափարաբանութենէն։
Գիտութիւնը եւ արհեստագիտութիւնը իրենց ներհուն նշանակութեամբ կը պահանջեն բարոյականութեան հիմնական չափանիշներուն անպայմանաւոր բացարձակ յարգանքը։
Այդ երկուքը՝ գիտութիւնն ու արհեստագիտութիւնը պարտին ըլլալ ի սպաս մարդկային անձին՝ անոր անլուծանելի, անջնջելի իրաւունքներուն, ազատութեան, անոր ճշմարիտ եւ ամբողջական բարիքին՝ ըստ Աստուծոյ ծրագրին եւ կամքին։
Արդարեւ, մարդ պէտք չէ՛ իր յօրինած բանին գերին դառնայ եւ զայն պաշտէ, ինչպէս ձեռակերտ կուռքեր եւ զանազան ստեղծագործութիւններ։
Ահաւասի՛կ, այս կենասական հարցին՝ մարդուն համար շատ դժուար է որոշում տալ, դիրքը եւ ընթացքը ընտրել։
Ո՛չ մէկը գերմարդկային ուժերով եւ կարողութեամբ օժտուած է. ուստի, անձնական եւ հաւաքական կեանքի մէջ ոչ մէկը վճռական է, սխալը միշտ հաւանական է։ Եւ աշխարհի մարդկային ընդհանուր պատմութիւնը լեցուն է սխալ որոշումներով՝ որոնք սխալ ընթացք տուած են մարդկութեան։ Ուրեմն, շատ դժուար է որոշում տալ՝ մա՛նաւանդ կենսական հարցերու մասին։
Ընտանեկան կեանքի մէջ ալ մեծ կարեւորութիւն ունի որոշումը եւ մանաւանդ սկիզբը՝ ամուսնոյն՝ այր թէ՛ կին ընտրութեան պարագային։ Այդ ընտրութեան եւ որոշման մէջ սէրը առաջնակարգ ազդակ է, բայց կարեւորը՝ այդ սիրոյն ճշմարիտ, անկեղծ սէ՞ր, թէ ժամանակաւոր խանդավառութիւն մը, ցանկութիւն մը ըլլալը որոշելն է։
Ուստի, ամուսնական որոշումի մը նախօրեակին՝ այր կամ կին, յառաջիկայի ամուսիններ քննելու են իրենց սէրը՝ թէ ճշմարի՞տ է կամ ո՛չ։ Որովհետեւ հաստատ ընտանիք մը կը հիմ-նըւի ճշմարիտ սիրով տրուած ճիշդ որոշումի մը վրայ…
Որոշում տալու դժուարութեան ուրիշ մէկ երեւոյթն է՝ սիրոյ գործադրութիւնը։ Պահ մը խորհինք սիրելիներ. նոյնչափ ձեր սիրած երկու անձ երբ մահացու, մահաբեր վտանգի մը մէջ են քով քովի, զոր օրինակ՝ հրդեհի մը մէջտեղը կամ ծովի մէջ խեղդուելու մօտ, եւ դուք ձեր կարողութիւններով եւ տարողութեամբ միայն մէկը փրկելու կարելիութիւնը ունիք եւ որոշում մը տալու պարտադրուած էք… ի՜նչ դժուար կացութիւն, խորհիլն իսկ սարսափ կ՚ազդէ մարդուս, ահուդողի մատնելով զայն։
Լաւ է չխորհիլ կարգ մը բաներ, բայց գիտնալ նաեւ, որ կեանքը անակնկալներով, անհաւանական կարծուած երեւոյթներով լեցուն է եւ հարկ է զգոյշ եւ պատրաստ ըլլալ միշտ…
Բայց կարելի՞ է չխորհիլ կարգ մը բաներու մասին, քանի որ մարդ ըստ էութեան խորհող, դատող եւ որոշող, ազատ կամքի տէր բանաւոր էակ մըն է եւ կարելի չէ մարդուն ապրիլ առանց խորհելու եւ մտածելու պահ մը իսկ եւ նոյնիսկ իր քնացած ատեն եւ ենթագիտակցութեանը մէջ։ Եւ ամենէն անտարբեր, անհոգ մարդն ալ կը խորհի, քանի որ ան մա՛րդ մըն է։
Եւ քաղաքական կեանքի մէջ ալ որոշումը կարեւոր է՝ քանի որ ան քաղաքացիական իրաւունք մը եւ նաեւ պարտականութիւն մըն է։ Արդարեւ, քաղաքական վարչաձեւերուն բազմազանութիւնը բարոյապէս ընդունելի է եւ անհրաժե՛շտ, պայմանով որ անոնք գործակցին իրաւական բարիքին եւ օգտին ա՛յն հասարակութեան, որ կ՚որդեգրէ զանոնք։ Անձերուն հիմնական իրաւունքը ա՛յս կը պահանջէ։
Վերջապէս սիրելի՜ներ, կեանքի մէջ միշտ կան եւ պիտի ըլլան թէութիւններ, հարցեր եւ ընտրութեան կարօտող պայմանագրութիւններ եւ անհրաժե՛շտ է որոշում տալ, եւ ճիշդ որոշումը տալու միակ միջոցն է՝ իմաստութեամբ շարժիլ եւ գործել…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 18, 2025, Իսթանպուլ