ԽՆԴԱՑՈՒՑ՝ ԲԱՅՑ ՉԽՆԴԱՑ

Ամերիկացի յայտնի բանաստեղծ Ռապըրթ Ֆրոստ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը փոխանցէ հետեւեալ միտքը. «Այն մարդը որ ուրիշները կը խնդացնէ, իր սեփական սիրտին մէջ լուռ ու տխուր է». եթէ կ՚ուզենք այս խօսքին ճշմարտութիւնը փաստել, բաւական է ուսումնասիրել հայ մեծագոյն գրողներէն Երուանդ Օտեանի կեանքը, որ հայոց մեծագոյն երգիծաբաններէն մէկն ըլլալով, իր հոգիին մէջ վիշտ ու ցաւ ունէր: 

Հայ գրականութեան մէջ ծիծաղ պատճառող այս հանճարին ո՛չ մանկութիւնը եւ ո՛չ ալ երիտասարդութիւնը ուրախ անցան։ Հիւանդութիւններով լեցուն մանկութիւն մը՝ միամիտ ու ծոյլ. այս բոլորը կը կարդանք իր աշխատութեան մէջ, ուր կ՚ըսէ. «Ծոյլ, միամիտ եւ յատկապէս բթամիտ մանկութիւն մը ունեցած եմ, ֆիզիքապէս ճզղած, գրեթէ միշտ հիւանդկախ, բայց դէմքով սիրուն»։ Դպրոցական կրթութիւն չունէր, սակայն հօրեղբօր՝ Գրիգոր Օտեանի միջոցով սորված՝ որոշ կրթութիւն մը ստացած էր: 

Երուանդ Օտեանի մասին խօսելու ժամանակ պէտք է խօսիլ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մասին, որովհետեւ Երուանդ Օտեան անոր աշխատակիցներէն մէկն էր. շատ անգամ ԺԱՄԱՆԱԿ որոշ պատիժներ ստացած էր պետութեան կողմէ՝ Օտեանի այս կամ այն յօդուածին պատճառով. օրինակի համար, «Անիծեալ տարիներ» աշխատութեան մէջ Օտեան ի՛նք կը յիշէ. «Հետաքրքիր դիմեցի դեսպանատուն եւ յանկարծ դէմս գտայ Թորգոմը, Բիէռ Լօթիի հետ մենամարտելու գացող պուլկարահայ սպան, որուն պատկերը հրատարակած ու գովեստը ըրած ըլլալնուս համար «Ժամանակ» շաբաթ մը դադարման դատապարտուած էր ու պատասխանատու խմբագիրը, Հրանդ Սամուէլ, մազ մնացած էր որ Սինոփ աքսորուէր»: (Փորձեցինք մանրամասնութիւններ գտնել Հրանդ Սամուէլի մասին, սակայն չյաջողեցանք. սակայն աշխատութենէն պարզ ու յստակ է, որ խօսքը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի մասին է, որովհետեւ Օտեանի ժամանակաշրջանին «Ժամանակ» թերթ մը գոյութիւն ունէր նաեւ Թիֆլիզի մէջ, սակայն Օտեան իր աշխատութեան մէջ կ՚ըսէ. «Երկուշաբթի երբ կղզիէն Պոլիս վերադարձայ ու եկայ «Ժամանակ»ի խմբագրատունը՝ ինծի ըսին, որ հոն եկած էին զիս փնտռելու»): 

Կառավարութիւնը կ՚ուզէր ժողովուրդին ծիծաղ պատճառող հայ երգիծաբանը ձերբակալել։ Կու գային ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւն գտնելու համար երգիծաբանը, սակայն, Օտեան տեղեակ ըլլալով կը խուսափէր խմբագրատուն գալէ: Անշուշտ, այս մէկը վտանգ էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի համար. Օտեան կը գրէ, որ խուզարկութեան շաբաթը «Ժամանակ» անոր գրութիւններէն ո՛չ մէկը հրատարակած էր, որովհետեւ այդ մէկը կրնար վնաս պատճառել նաեւ խմբագրութեան: 

«Անիծեալ տարիներ» աշխատութեան մէջ «Անձկութեան օրեր» խորագրեալ գրութեան մէջ Օտեան կը գրէ. «Թէեւ հիմա տունս վերադարձած էի ուր զիս հարցնող փնտռող չի կար, այսուհանդերձ տակաւին խմբագրատուն չէի երթար ու չէի աշխատակցեր «Ժամանակ»ին.- թող քիչ մը ժամանակ անցնի, տեսնենք ինչ կ՚ըլլայ ըսած էր Սարգիս Էֆէնտի» (Սարգիս Գօչունեան): Սակայն, Օտեան կը յիշէ, որ նոյնինքն Սարգիս Էֆէնտիի շնորհիւ է, որ դարձեալ գրել կը վերսկսի՝ երբ Սագիս Գօչունեան մամլոյ տեսուչէն յատուկ հրաման կը վերցնէ Օտեանի համար: 

Բաց աստի, մեր ընթերցողներուն համար ըսենք, որ Օտեան իր «Թաղականին կինը» աշխատութիւնը առաջին անգամ թերթօնի ձեւով հրատարակած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ՝ որոշ ուշացումներով (խուզարկութիւններու պատճառով): Ի դէպ, կառավարութիւնը Օտեանը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր ըլլալ կը կարծէր. նոյնիսկ Օտեան ոստիկանին հարցին, թէ ի՞նք է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիրը թէ ոչ՝ այո, կ՚ըսէ: 

Սակայն Օտեան վերջաւորութեան կը ձերբակալուի եւ բանտ կը տարուի. «Անիծեալ տարիներ» աշխատութեան մէջ կը պատմէ, որ օր մը ոստիկանը կու գայ եւ կ՚ըսէ, թէ պէտք է 450 ղուրուշ վճարէ։ Օտեան կը յայտնէ, որ իր մօտ ընդամէնը 120 ղուրուշ կայ. կը խնդրէ ոստիկանէն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատուն երթալ՝ գումար ստանալու համար, սակայն, ոստիկանը կ՚արգիլէ. Օտեան չի յաջողիր նոյնիսկ նամակ ղրկել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատուն: 

Ոստիկանները երբ կը տեսնեն, որ Օտեան իրապէս դրամ չունի, ոստիկանը առիթ կու տայ, որ Օտեան նամակ ղրկէ եւ ան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւն նամակ կը գրէ: Սակայն Սարգիս Էֆէնտի խմբագրատունը չէր: Օտեան պիտի աքսորուէր եւ իր ճամբու ծախսը պէտք է Օտեան ի՛նք հոգար՝ այլապէս զինք չարչարելով պիտի հասցնէին Գոնիա. ԺԱՄԱՆԱԿ 10 ոսկի տուաւ Օտեանին... որուն համար Օտեան կը գրէ. «Ալ փրկուած էի»: 

Անշուշտ, Երուանդ Օտեան ապերախտ մը չէր... երբ աքսորէն կը վերադառնայ, առաջին այցելութիւնը կու տայ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութիւն. Օտեան կ՚ըսէ. «... յետոյ ամէնքս միասին իջանք Պոլիս եւ ես ուղղակի գացի «Ժամանակ»ի խմբագրատուն: Սարգիս Գօչունեան զիս տեսածին պէս վիզս պլլուեցաւ եւ յուզումէն սկսաւ արտասուել...»:

Այսօր ծննդեան օրն է այս մեծութեան, որ խնդացուց՝ սակայն երբեք չխնդաց:

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ կ՚ըսեն, որ շատ խնդացող մարդիկ իրականութեան մէջ դժբախտներ են:

Պատասխան. Շատ խնդացող եւ խնդացնող մարդիկ յաճախ դժբախտ կը նկատուին, որովհետեւ անոնք կը տառապին ներքին պակասութենէ եւ անպաշտպան ըլլալու զգացումէ: Նման վարքագիծ յաճախ հիւանդագին հոգեբանութեան ու ապրած դժուար փորձութիւններու արդիւնք է. այս հոգեբանական վիճակը կ՚ունենան անոնք, որոնք զգացած են, թէ անտեսուած են եւ հետեւաբար ծիծաղի ձեւով ստեղծած են իրենց համար ապահով միջավայր մը: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2025