ԶԱՒԱԿ-ԽՈՀԱՆՈՑ-ԵԿԵՂԵՑԻ

Այսօր շատ մը ծնողներ կը հաւատան, որ զաւակ լոյս աշխարհ բերելէ ետք «իրաւունք»ը ունին անձնական կեանք ունենալու եւ սեփական հաճոյքներով զբաղելու, սակայն, Խրիմեան Հայրիկ այդպէս չի մտածեր. ծնողքին՝ թէ՛ հօր եւ թէ մօր համար ամէն բանէ աւելի առաջնահերթ պիտի ըլլայ զաւակը, որուն դաստիարակութեան համար պատասխանատու են։ Հայրիկի համոզումով՝ հօր եւ մօր համար ամենէն կարեւոր պարտաւորութիւնն է իրենց սեփական կեանքով օրինակ ծառայելը։ Դաստիարակութիւնը այն չէ՛, որ խրատով, կամ բերանացի յորդորներով ծնողքը կը փոխանցէ զաւակներուն. դաստիարակութիւնը գործն է ծնողքին։ Հայրիկի համոզումով՝ «Արծւոյ չափ սրատեւ են մանուկներու աչքը, քաջ կը դիտեն իրենց ծնողաց կեանքը եւ շարժումն. եւ ըստ այնմ կ՚ընդունին եւ կը հետեւին եթէ առ չարն՝ եւ եթէ առ բարին»։ Ծնողքը ինչքան ալ բարութիւն քարոզէ, վերջաւորութեան իր գործերով բան մը կը յաջողի սորվեցնել իր զաւակներուն: 

Աւելին, զաւակի մը ապագային համար Խրիմեան Հայրիկ պատասխանատու կը գտնէ ծնողքը՝ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ հասարակութեան դիմաց։ Խրիմեանի համոզումով՝ եթէ զաւակը մեծնայ եւ չար անձնաւորութիւն մը ըլլայ, անոր մէջ մեղաւոր է ծնողքը: Անշուշտ, այս պատասխանատուութեան մասին խօսելով՝ Հայրիկ կը բացատրէ, որ զաւակ մը դաստիարակելու ժամանակ ո՛չ խստութիւնը լաւ է եւ ոչ ալ անսահման սէրը, որովհետեւ չափազանց սէրը մանուկին կու տայ չափազանց ազատութիւն եւ այդ ազատութիւնը գայթակղութեան կը վերածուի:

Այս բոլորը նկատի ունենալով հայրն ու մայրը զաւակին վրայ ուշադրութիւն դարձնելու չափ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ իր անձին, որովհետեւ վերջաւորութեան զաւակները պիտի նմանին իրենց հօրն ու մօրը, որովհետեւ տեսածը շատ աւելի կը տպաւորուի քան լսածը։ Լաւ զաւակ ունենալու համար պէտք է լաւ մարդ ըլլալ եւ օրինակով դաստիարակել եւ այս մէկը իրականութեան մէջ այնքան ալ դիւրին պարտաւորութիւն մը չէ։ Հայրիկ երանի կը կարդայ նմաններուն՝ ըսելով. «Երանի՜, հազար երանի այն ծնողաց, որ միշտ արթուն լինելով կը հսկեն իրենց կեանքին եւ անձին վերայ. որպէս զի երբեք գայթակղութիւն եւ չար օրինակ չտան՝ իրենց զաւակներուն»:

Մարդուն բարի կամ չար ըլլալը կախեալ է ծնողքէն, որովհետեւ մանուկը ատելութեան եւ սիրոյ հասկացողութիւնը չի՛ գիտեր. այդ մէկը կը սորվի իր ծնողքէն։ Այդ սիրոյ հասկացողութիւնը մանուկը կը սկսի զգալ ու հասկնալ իր ծնած օրէն եւ այդ է, որ ընտանեկան կապը կը զօրացնէ։ Խօսելով մայրական սիրոյ մասին՝ Խրիմեան կ՚ըսէ. «Այո՛, զաւակաց պարտիքն է ճանչել զծնողս, եւ ծնողական ծայրագոյն սէր չափել պէտք է, թէ չկայ աշխարհիս վերայ ուրիշ ոք, ոչ եղբայր, ոչ քոյր, ոչ բարեկամ, ոչ ազգական եւ ոչ իսկ ամուսին, որ զինքն այնչափ գորովով սիրէ ու խանդաղատի. անձն՝ անձին, եւ հոգին՝ հոգւոյն փոխան տայ, ինչպէս ծնողք»։ Նոյնիսկ ամուսինը, քոյրը կամ եղբայրը, Խրիմեանի համաձայն, չի կրնար սիրել այնքան՝ ինչքան ծնողք մը, ինչքան մայր մը իր զաւակը կը սիրէ. մօր մը պարտաւորութիւնը միայն ծնունդով չի սահմանափակուիր եւ սէրն է, որ մօրը կու տայ ուժը դիմանալով Խրիմեանի բառերով «բազմադիմի չարչարանքներ»ու, «տառապանք»ներու եւ «կարօտութիւն»ներու: 

Հայրիկ այս բոլորը կը կարեւորէ, որովհետեւ լաւապէս կը հասկնայ, որ ընտանեկան այդ սիրոյ եւ դաստիարակութեան լոյսին տակ է, որ պիտի կազմուի ապագան. զաւակը իր ստացած դաստիարակութեամբ է, որ պիտի դաստիարակէ իր ապագայ զաւակները եւ, հետեւաբար, եթէ հիմքը սխալ դրուի՝ մի քանի սերունդ այդ սխալին զոհը կրնան դառնալ։ Այդ իսկ պատճառով ծնողք ըլլալ լոյս աշխարհ բերելով վերջ չի գտներ. այդ մէկը ունի որոշ պարտաւորութիւններ թէ՛ Աստուծոյ եւ թէ մարդոց առջեւ: 

Գալով կնոջ, Խրիմեան կը հաւատայ, որ ամէն բանի լաւագոյնը միջինն է. Հայրիկ կնոջ ազատութիւնը կը պաշտպանէ, սակայն, միւս կողմէ, կը խուսափի ծայրայեղութենէ։ Անոր համոզումով՝ ամենէն ճիշդը «միջին եւ ուղիղ ճանապարհով քալելն է». այդ միջինն ու հաւասարութիւնը պահպանելու միակ միջոցը կնոջ կրթութիւնն է. ճիշդ դաստիարակութիւնը կ՚օգնէ կնոջ, որպէսզի «ազատութեան մէջ անսայթաք ու անխոտոր» քալէ, մինչ անդաստիարակութիւնը կինն ու ընտանիքը կործանման կը տանի: 

Իր աշխատութեան մէջ Խրիմեան կը խօսի այն մայրերուն մասին՝ որոնք մեր օրերուն շա՜տ շատ են. անցեալին եւս, սակայն մեր օրերուն առաւել եւս, շատ մը մայրեր «թողլով առտնին տնտեսութիւն, թողլով զաւակաց խնամք եւ կրթութիւն, թողլով ընթերցմունք եւ ուրիշ ծնողական պարտիքները»՝ իրենց հաճոյքներուն ետեւէն կ՚ուզեն երթալ։

Զաւակը սիրելը չի՛ բաւեր. այդ սէրը որպէս ապացոյց գործ կ՚ուզէ. մեծագոյն սէրը գործով զաւակները պատասխանատուութեամբ առաջնորդելն է, անոնց մարմնաւոր եւ հոգեւոր աճին հետեւիլն է: Ծնողքը պէտք է լաւապէս հասկնայ իր առաջնահերթութիւնները եւ այդ առաջնահերթութեան անգիտակից վիճակն է, որ «լաւ» ու «վատ» մարդեր առաջ կը բերէ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է ծնողներուն ամենէն առաջնահերթ պարտաւորութիւնը:

Պատասխան. Ծնողներուն ամենէն առաջնահերթ պարտաւորութիւնը իրենց զաւակները անվտանգ, սիրով լեցուն միջավայրի մէջ պահելն է, ուր զաւակը վստահութիւն եւ պաշտպանութիւն կը զգայ: Այս հիմքը զաւակներուն ո՛չ միայն ֆիզիքական, այլեւ՝ հոգեբանական զարգացումին մեծ նպաստ կ՚ունենայ, պատճառ դառնալով որ անոնք սորվին մարդկային յարաբերութեան հմտութիւնը, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ ունենան ինքնավստահութիւն: Այս պարտաւորութիւնը հիմք կը դառնայ, որպէսզի զաւակը դառնայ ամբողջական եւ արժանապատիւ մարդ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2025