ԵՐԵՔ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՆՈՐՈԳՈՒՄ

Սկզբունքներ՝ այն բարոյական համոզումներն են, որ կեանքը կը վերանորոգեն եւ անոր ուղղութիւն կու տան։ Ահաւասի՛կ, այս իմաստով, մեր հոգեւոր կեանքին երեք սկզբունքը կը կազմեն՝ Աստուծոյ հետ երկխօսութիւն, մարդուն ինք իրեն հետ հաղորդակցութիւն, այսինքն ներհայեցողութիւն եւ վերջապէս հաւաքական, ընկերային կեանքի մէջ ուրիշներու հետ հաղորդակցութիւն։

Ահաւասի՛կ, այս երեքը, մանաւանդ Մեծ պահքի շրջանին կ՚իրականանան՝ աղօթքով, պահեցողութեամբ եւ ողորմածութեամբ։ Ասոնք են մարդուս երեք դէմքը, երեսը։

Բնութիւնը ունի եղանակներ՝ որոնց մէջ ան նախ ինքն իր մէջ կ՚ամփոփուի, կը սեղմուի, յետոյ հետզհետէ կը վերանորոգուի եւ վերստին կեանք կ՚առնէ. դիտեցէ՛ք ծառերը աշնան եւ գարնան օրերուն եւ հոն պիտի տեսնէք բնութեան «ներհայեցողութեան» եւ «վերանորոգման» իրողութիւնը յստակ կերպով։ Ինչպէս եւ մա՛րդն ալ ունի իր աշնան եղանակը՝ ինքնամփոփման, ներհայեցողութեան շրջանը եւ գարնան եղանակը՝ վերանորոգման, ինքնասրբագրութեան եւ վերակենդանութեան շրջանը։

Ահաւասի՛կ, ներկայ Մեծ պահքի շրջանը՝ մարդուն ինքնամփոփման եւ ներհայեցողութեան բնական շրջանը եւ ժամանակն է։ Եւ այս հասկնալի է, քանի որ բնութիւնը կ՚ապրի այս շրջանները, եւ մենք կ՚ապրինք եւ կը վկայենք անոնց։ Քանի որ մա՛րդն ալ բնութեան մէկ մասն է, ապա ուրեմն բնական է եւ նոյնքան հասկնալի, թէ մա՛րդն ալ ունենալու եւ ապրելու է այդ եղանակները՝ շրջանները։

Սիրելի՜ներ, կրնա՞ք ըսել, որ ձեր ամբողջ կեանքը «գարուն» է, կան նաեւ «աշուն»ներ՝ մէկուն աւելի շատ, մէկուն աւելի քիչ, բայց անպայման կա՛ն։ Եւ ուրեմն անգամ մըն ալ այս տեսանկիւնէն դիտել փորձենք Մեծ պահքի շրջանը. ան կեա՛նքն իսկ է, այն՝ ի՛նչ որ ամէն մէկս կ՚ապրինք տարբեր ձեւերով, տարբեր ժամանակներով… կեանքի ճշմարտութիւնը գիտցողը, ապրելու իմաստը եւ գիտակցութիւնը ունեցողը լաւ կրնայ ըմբռնել Մեծ պահքի խորհուրդը եւ նպատակը, որովհետեւ առանց փակ դուռը բանալու չենք կրնար անցնիլ միւս կողմ, եւ կամ առանց մութէն եւ խաւարէն անցնելու չենք կրնար հասնիլ Լոյսին։ Կեանքին իրողութիւնը եւ կեանքը ապրելով ապացուցուած այս իրողութիւնը՝ կեանքին ճշմարտութի՛ւնն է։

Եթէ մութը չըլլար՝ մենք չէինք հասկնար լոյսը, եթէ չարը չըլլար՝ չէինք կրնար վայելել բարին եւ եթէ գոյութիւն չունենար վնասակարը, ինչպէ՞ս պիտի գիտնայինք օգտակարը եւ տակաւին… եթէ ատելութիւնը չըլլար՝ սիրոյ արժէք կարելի՞ էր որ հասկնային մարդիկ, եթէ սուտը չըլլար՝ կարելի պիտի ըլլա՞ր իրաւին արժէքը գնահատել, եթէ թշնամի չըլլար՝ ինչպէ՞ս պիտի հասկցուէր բարեկամին արժէքը, եթէ կռիւ չըլլար՝ խաղաղութիւնը այսքան ընդունելութիւն պիտի գտնէ՞ր, եթէ ձախողութիւններ չըլլային՝ յաջողութիւնը այսքան պիտի փառաբանուէ՞ր եւ եթէ հեռաւորութիւններ չըլլային՝ կարօտի զգացումը այսքան քաղցր պիտի ըլլա՞ր… եթէ Մեծ պահքի շրջանը չըլլար՝ մարդիկ պիտի անդրադառնայի՞ն Աստուծոյ անհամար շնորհներու եւ պարգեւներուն…

Աստուա՛ծ է, որ ստեղծեց բնութիւնը եւ ան բծախնդրութեամբ կարգաւորեց ամէն ինչ եւ հակադրութիւններ ներդաշնակեց հիանալի՜ եւ անիմանալի արդիւնքներով եւ շնորհներով…

Մեղքը մարդը մահուան կ՚առաջորդէ, իսկ աստուածճանաչումը՝ դէպի Աստուծոյ դարձը՝ կեանքի՛։ Ասիկա մեր կեանքին մէջ ամէն օր կը կրկնուի։ Անսկզբնականը՝ Աստուած միշտ կ՚ուզէ, որ Իրեն դառնան իր արարածները։ Եւ ասիկա կարելի է Աստուծոյ հետ երկխօսութեան մէջ մտնելով։

Նախահայրերէն Ենովք Աստուծոյ հետ երկխօսութեան մէջ մտաւ. արդարեւ, «խօսիլ» կը նշանակէ լսել եւ պատասխանել, ուրեմն Աստուծոյ հետ խօսելու համար պէտք է նաեւ զԱյն լսել, եւ ա՛յս է իսկական աղօթքը։

Խօսիլը՝ լսել եւ պատասխանելով սիրով կ՚ամբողջանայ եւ կ՚ըլլայ շարունակական, քանի որ ուր որ սէր կայ՝ հոն կայ տեւականութիւն՝ վերադարձումներով։

Դարձեալ, նախահայրերէն՝ Ադամի թոռը Ենովս, ժողովուրդը հաւաքելով, Աստուծոյ հետ հաւաքական երկխօսութիւն մը կայացուց։ Աստուած, անշուշտ, գիտէ ամէն մէկուն կարիքները, բայց երբ երկխօսութիւնը՝ հաւաքական աղօթքը կատարուի, «հասարակական ներուժ» մը ստեղծուած կ՚ըլլայ եւ այսպէս պէտք է հասկնալ «աղօթատեղի», «տաճար» կամ «եկեղեցի» ըմբռնումները։ Ենովս, այս ըմբռնումը հաստատեց։

Եւ Պօղոս առաքեալ. մարդոց իրենց ամբողջութեամբ եւ ամբողջ անդամներով Աստուծոյ իբրեւ զոհ մատուցուելու պէտքը եւ կարեւորութիւնը ցոյց տուաւ։ Ան մանաւանդ կը պատուիրէ ամէն մէկուն՝ մէկ միւսին կարեկցիլ, իրարու պէտքը հոգալու՝ իրերօգնութեան կարեւորութեան արժէք ընծայել։ Ուստի, Աստուծոյ աղօթք միայն բերնով, լեզուով չ՚ըլլար, այլ՝ ամբողջ մարմինով, ամբողջ էութեամբ։ Պօղոս առաքեալ իր Հռովմայեցիներուն գրած նամակին 12-րդ եւ 13-րդ գլուխներուն մէջ փրկութեան եռեակ ուղղութիւնները. դէպի երկինք՝ դէպի Աստուած, դէպի խորը, դէպի մարդը ինքն իրեն մէջ եւ դէպի ուրիշներու հանդէպ՝ իրարու հանդէպ՝ որոնք կ՚իրականանան աղօթքով, պահեցողութեամբ եւ ողորմածութեա՛մբ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 28, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2026