«ԳԻՐՔԻ ԳՈՐԾԷՆ ՀԱՑ Չ՚ԵԼԼԵՐ»

Գրականութիւնը լոկ լեզուն զարգացնելու եւ հեղինակի մտաւորական ձիրքերուն «ցուցասրահ»ը չէ. ան ժողովուրդի կեանքը, հոգեվիճակը, համոզումներն ու մտածումները կը պարզէ եւ անոնց անկեղծ հայելին կը դառնայ։ Անշուշտ, շատեր այդ բոլորը իր իրականութեան, իր հարազատ պատկերին մէջ ներկայացնելու փոխարէն կը փորձէին եւ մինչեւ օրս կը փորձեն կեղծել, որովհետեւ շատեր կը հաւատան, որ գրականութիւնը այն է՝ ինչ որ է ժողովուրդը: Այս բաժինը աւելի հասկնալի դարձնելու համար այսպէս բացատրենք. շատեր կը հաւատան, երբ գրականութեան մէջ կռիւ ու յաղթութիւն ըլլայ, ժողովուրդը ինքնաբերաբար ուժով ու յաղթանակի հոգեբանութեամբ կը սկսի գործել ու ապրիլ, սակայն, իր գրականութիւնը եթէ լաց ու արցունք ըլլայ՝ ժողովուրդը ընկճուածի եւ պարտուածի հոգեբանութեամբ կը շարունակէ իր կեանքը: 

Այս բախումները առաւելաբար տեղի ունեցաւ յետցեղասպանութեան ժամանակ. մեր մտաւորականներէն շատեր փորձեցին գրականութեամբ անմահացնել յիշատակը նահատակներուն եւ գրեցին այդ դժուարին օրերուն մասին, իսկ ուրիշներ անցեալը անցած նկատելով փորձեցին նորին նայիլ՝ հաւատալով, որ հինը լալը նորը կառուցելու մէջ ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ: Մուշեղ Իշխան իր թատերգութեան մէջ կը խօսեցնէ Նայիրեանը, որ գրականութեան մէջ լացը չէր սիրեր.- «Ի՞նչ շահ հին ու մաշած այս թեմաներով գրականութիւն մշակելու ամէն ճիգէն: Մեր երիտասարդ գրողները պէտք է հրաժարին այլեւս անցեալէն, հիմա, որ պայծառ լուսաբաց մը կը շողայ: Գրականութիւնը քմահաճ պերճանք մը չէ, ինչպէս կը փորձեն վարդապետել հոգիով աղքատները»: 

Այս կապակցութեամբ ըսենք, որ քիչ չէր թիւը նման մտածողներուն. օրինակի համար, Շահան Շահնուր մեր ժողովուրդի պարտութեան մէջ կը մեղադրէր Նարեկացին՝ իր «Մատեան ողբերգութեան»ը գրած ըլլալուն համար։ Ըստ անոր համոզումին՝ այդ գիրքը ժողովուրդը հեռացուցած էր ուժէն ու կռիւէն եւ դարձուցած էր աւելի փափուկ, խեղճ ու թշուառ: Ի դէպ, համաձայն չըլլալով Շահնուրի հետ յայտնենք, որ հին ժամանակ եւս յաղթանակի պատմութիւնը ներշնչող ուժ մըն էր ժողովուրդին համար. նոյնինքն այդ ժողովուրդն է, որ ստեղծած էր Վահանգնի ծնունդի, Սասունցի Դաւիթի եւ այլոց առասպելները՝ պարզապէս քաջ ու անվախ ազգի մը ժառանգորդներ ըլլալու համոզումն ու գիտակցութիւնը փոխանցելու համար: 

Նայիրեան կը շարունակէ. «Կ՚ուզենք գրականութիւն մը, որ շնչէ մեր կեանքին երկաթէ ռիթմով։ Նոր օրերու շառաչուն ձայնը պէտք է հնչէ մեր նոր երկիրէն: Տալ նոր մարդուն կերպարը առաջաւոր թեմաներու ընտրութեամբ.- ահա՛ ինչ կը պահանջուի մեր երիտասարդ գրողներէն»:

Անցեալին երիտասարդ գրողներէն ի՛նչ կը պահանջուէր՝ չենք գիտեր, սակայն, այսօր անոնցմէ կը պահանջուի գրել՝ նոյնիսկ տխուր եւ թշուառ հոգեբանութեամբ: Գրականութիւնը, այո՛, հասարակութեան մը հայելին է, սակայն, պէտք է նկատի ունենալ, որ հասարակութեան մը մէջ կան տարբեր համոզումներու տէր մարդիկ եւ հետեւաբար գրականութիւնը եւս ունի ազատութիւն տարբերուող ըլլալու։ Այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք բանաստեղծներ, որոնք կը փորձեն Նայիրեանի ըսածին նման երկաթէ ուրախ կեանքին մասին գրել. բացէ՛ք ու կարդացէք անոնց մանկական ոճով աշխատութիւնները. պատուհանը բացի, դուռը գոցեցի, երկինք նայեցայ, ճամբան քալեցի… ու նման հազար ու մէկ անշունչ արտայայտութիւններ: Անշուշտ, չենք խօսիր ոգեշնչող գրականութեան մասին. օրինակի համար, իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ թող կարդայ Մալխասի «Զարթօնք»ը եւ տեսնէ, թէ ինչպէս ինքզինք աւելի հայ, աւելի հզօր ու պայքարող կը զգայ: Անշուշտ, այս բոլորը ի զօրու էր այն ժամանակ, երբ մարդիկ իրապէս գիրք կը կարդային. երբ մարդիկ իրապէս կարեւորութիւն կու տային գիր գրականութեան. այսօր չունինք ընթերցող եւ այդ ընթերցողի պակասը մեր մէջ ստեղծած է նաեւ հեղինակի, գրողի պակասը: Անշուշտ, մենք կը հաւատանք, որ աշխարհի վրայ մի՛շտ ալ գոյութիւն պիտի ունենան գրողներ, որովհետեւ այնքան ժամանակ՝ երբ կայ ցաւը, այնքան ժամանակ՝ երբ կայ անարդարութիւնը՝ մի՛շտ ալ բողոքի ձայն մը պիտի բարձրանայ՝ նոյնիսկ եթէ ըլլայ անլսելի: Չլսուած գրողը եւս ունի իր յոյսը՝ ժամանակը, որ ճշմարիտ արժէքը պարզելու ուժ ունի՝ նոյնիսկ եթէ ուշացած ըլլայ այդ մէկը: 

Անշուշտ, հայ ժողովուրդի գրող զաւակները կրնանք դժբախտներ նկատել, որովհետեւ կը տեսնենք, թէ օտար գրող մը՝ իր պատուհան բանալով, դուռը գոցելով ինչ հեղինակութեամբ «գրող» մը կը դառնայ, իսկ մերինները իրենց մտային ամբողջ կարողութիւններով չեն կրնաս հասնիլ այդ դուռ բացող-գոցողին: Այսօր եւս շատեր կը հարցնեն, որ այլ լեզուներով կը գրէ՞ք. շատեր կ՚ուզեն, որ մեր գրողները արաբերէն կամ անգլերէն ստեղծագործեն՝ հաւատալով, որ այդտեղ շատ աւելի «լսարան» գոյութիւն ունի՝ քան մեր մօտ: 

Նմաններուն համար Հայկունի կ՚ըսէ. «Գրականութիւնը ամէն բանէ առաջ հոգի է եւ հոգին մայրենի լեզուով միայն կը գտնէ իր հարազատ արտայայտութիւնը: Հայ մը, որ հայերէն գիտէ եւ օտար լեզուով կը գրէ՝ տարբերութիւն չ՚ունենար այն անձերէն, որոնք օտարի հետ կ՚ամուսնանան:

•վերջ

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Շատեր անգլերէնը կարեւոր կը նկատեն, իսկ մայրենի լեզուն երկրորդական: Այս մօտեցումը ճի՞շդ է:

Պատասխան. Շատեր անգլերէնը առաջնահերթ կը նկատեն, որովհետեւ միջազգային հաղորդակցութեան, գիտութեան, առեւտուրի ու աշխատանքի լեզու է, բայց, մայրենին երկրորդական նկատելը սխալ մօտեցում մըն է: Մայրենին մեր ինքնութեան, մշակոյթի ու մտածողութեան հիմքն է: Անգլերէնը անհրաժեշտ է, սակայն, առանց մայրենիի խոր գիտակցութեան մարդ կը կորսնցնէ իր արմատները եւ ինքնութեան զգացումը: Ճիշդ մօտեցում է երկուքին արժէք տալ՝ անգլերէնը ապագայի համար գործիք նկատել, իսկ մայրենին պահել որպէս հոգեւոր ու մտաւոր պատկանելիութեան անփոխարինելի յենարան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2025