ՉԱՐ ԼԵԶՈՒՆ

«Վասնզի քու խօսքերէդ պիտի արդարանաս եւ քու խօսքերէդ պիտի դատապարտուիս». (ՄԱՏԹ. ԺԲ 37)։

Կարելի չէ, որ քրիստոնեայ մը չարախօսութեան սուրը վերցնէ եւ հետեւանքներէն խոյս տայ. «… վասնզի բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին». (ՄԱՏԹ. ԻԶ 52)։ Չար լեզուն, արդարեւ ամէն թոյնէ աւելի՛ թունաւոր եւ ամէն սուրէ աւելի՛ վտանգաւոր եւ վիրաւորիչ է։

Մարդկային ամբողջ պատմութիւնը կրկին եւ կրկին վկայած է այս իրողութեան եւ Յիսուսի ազդարարութեան՝ որ ճշմարտութեան արտայայտութի՛ւնն է։ Եւ Պօղոս առաքեալ եւս կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը. «Անոնց բերանը անէծքով եւ դառնութիւնով լեցուն է». (ՄԱՏԹ. Գ 14), քանի որ. «Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան, իժերու թոյն կայ անոնց շրթունքներուն տակ». (ՄԱՏԹ. Գ 13)։

Պատմութիւնը կը վկայէ, որ չարախօսողները կործանուած են կամ բուն իսկ չարախօսութիւնով կամ ալ Աստուծմէ մահով դատուած են։ Եւ չմոռնանք, որ չարախօսութիւն՝ ճշմարիտ թէ սուտ, որեւէ տարբերութիւն չ՚ըներ, արդիւնքը միշտ նոյնն է։

Դատաստանը Աստուծոյ իրաւասութիւնն է. ո՛չ թէ մարդուն, ըսելով. «Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք եւ իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք». (ՍԱՂՄ. ՃԵ 15)։

Եղած հաստատումները բացարձակապէս ճշմարիտ կրնան ըլլալ, բայց քանի որ որեւէ պարզ մարդ մը կարող չէ դատել, Աստուծոյ ծառաները համարատու են Իրեն եւ միայն Իրեն։ Եւ վա՜յ է եկեր այն մարդուն, որ կը համարձակի ինքզինք դատաւորի մը տեղ դնել, եւ հրապարակաւ չարախօսել իր գործակիցները։ Աստուած աչք պիտի չգոցէ անոր։

Կարելի է բազմաթիւ դէպքեր յիշել, երբ չարախօսութեան ահռելի՜ մեղքով յանցապարտ եղող մէկը մահով դատուած եւ կարգ մը պարագաներու տակ յանկարծական մահով։ Զոր օրինակ, ստախօսութիւնն ալ քանի որ չարախօսութեան մէկ տեսակն է, Անանիա եւ Սափիրայի դէպքը. (ԳՈՐԾՔ. Ե 1-11) չարախօսութեան հետեւանքներուն ստոյգ մէկ վկայութիւնն է։ Քանի որ ամէն սուր առնող սուրով պիտի կորսուի։

Խիստ միջոցներ կրնան գործածուիլ. «Դուն ո՞վ ես որ ուրիշին ծառան կը դատես. իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ՚իյնայ. բայց պիտի կանգնի, որովհետեւ Աստուած կարող է զանիկա կանգնեցնել… Իսկ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կը դատես կամ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կ՚անարգես. վասնզի ամէնքս ալ Քրիստոսի ատեանին առջեւ պիտի կանգնինք… Ա՛լ զիրար չդատենք». (ՀՌՈՎՄ. ԺԴ 4, 10, 13)։ Երանի՜ թէ ասիկա մեր կեանքի որոշումը ընէինք։ Տէրոջը խօսքերը նկատի ունենալով՝ ինչպէ՞ս կարելի է տարբեր բան մը ընել։ Շատ հաւանական է, որ մենք անձամբ յանցապարտ ենք այն բաներով, զորս ուրիշները կ՚ամբաստանենք, եւ թերեւս աւելի՛, թէպէտ չենք գիտեր զայն։

«Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անով պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք, անով պիտի չափուի ձեզի։ Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնեն եւ քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ինչպէ՞ս կրնաս ըսել քու եղբօրդ.- թող տուր աչքէդ շիւղը հանեմ, եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։ Կեղծաւո՛ր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ եւ ետքը պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու». (ՄԱՏԹ. Է 1-5)։

Պէտք չէ՛ մոռնալ, որ չարախօսը «Չար»ին գործակից է։ Սատանան՝ «չար»ը չարախօս մըն է. անիկա շարունակ մեզ կը չարախօսէ Աստուծոյ առջեւ։ Ասիկա իր մեծագոյն արհեստն է եւ ամենէն կործանարար գործը։ Թող պէտք չէ՛ տալ, որ «չար»ը գործածէ մեզ։

Albert Benjamin Simpson (1843-1919) կ՚ըսէ. «Աւելի կը նախընտրեմ շանթի հետ խաղալ, կամ ձեռքերուս մէջ ելեկտրական հոսանքի թելերը առնել, քան անհոգ բառ մը խօսիլ Քրիստոսի ոեւէ ծառայի մը դէմ, կամ անպէտ կրկնել չարախօսական նետերը, զորս հազարաւոր քրիստոնեաներ ուրիշներու վրայ կը նետեն ի վնաս իրենց հոգիներուն եւ մարմիններուն։ Թերեւս յաճախ զարմացած ես, թէ ինչո՞ւ հիւանդութիւնդ չի բուժուիր, հոգիդ չի լեցուիր Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնով, կամ կեանքդ օրհնուած եւ յաջող չէ։ Մի գուցէ բարկացոտ ձայնով արձակուած նետ մը, կամ անխորհուրդ շաղակրատութեան պարապ ժամ մը քեզ կը հետապնդէ, որպէս արձագանգ քու դառնութեան մէն մի նետին եւ ամէն դատարկ եւ չար խօսքին։ Չմոռնանք, որ երբ Աստուծոյ զաւակները կը հալածենք եւ անոնց վնաս կը հասցնենք, պարզապէս զԱյն կը հալածենք, եւ աւելի մենք մեզի վնաս կը հասցնենք»։

Աշխարհը այսօր տառապեցնող մեծ չարիքներէն մէկը բամբասանքը եւ քսուութիւնն է։ Ո՛ւր որ կ՚երթաս՝ զայն կը գտնես։ Յաճախադէպ է ան առեւտրական աշխարհին մէջ, գրասենեակի եւ գործարանի մէջ եւ առաւելաբար ընտանեկան յարկին տակ։ Անոր ազդեցութիւնը խմորեր է ընկերային ամէն խաւը, պալատէն մինչեւ հիւղակ, եւ իր տգեղ գլուխը կը բարձրացնէ Եկեղեցիին մէջ, ինչպէս շատեր կրնան վկայել իրենց ցաւալի փորձառութենէն։ Քսուին լեզուն կայսրութիւններ կործաներ եւ շատ մարդիկ տապալեր է։ Կործանուած կեանքեր, խամրուած տուներ, կորսուած սրտեր եւ խզուած բարեկամութիւններ յառաջ եկած են բանսարկու եւ շաղակրատ լեզո՛ւէն։

Երբեմն շա՜տ ուշ մարդիկ կ՚անդրադառնան եւ կը սորվին տարաձայնութեան ականջ տալու եւ նոյնը տարաձայնելու վնասները։ Առաքեալին խօսքով. «Ահա քիչ մը կրակը որչա՜փ բան բոցի կու տայ»։ Ներկայիս այս աշխարհի վրայ շատ մեծ կարիք կայ Քրիստոսի Հոգին ցուցադրելու, զգուշանալով ուրիշի մը մասին չարախօսելէ՝ երբ որեւէ բարի եւ օգտակար նպատակ չի գործադրուիր։ Քրիստոնեայ նկարագրի ծաղիկը երբեք չի՛ փթթիր, չի՛ կրնար բողբոջիլ բամբասանքի եւ շաղակրատութեան մթնոլորտին մէջ։ «Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ եւ իր լեզուին սանձ չի դներ, հապա իր սիրտը կը խաբէ, այնպիսի սուտ կրօնասիրութիւնը փուճ է». (ՅԱԿ. Ա 26)։

Հեռո՜ւ ամէն չարախօսութենէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 1, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2025