ՀԱՅԸ Ի՛ՆՔ ՆԱԽԸՆՏՐԵՑ ՕՏԱՐԱՆԱԼ

Որոշ անձեր կը հաւատան, որ օտարութեան մէջ կամայ թէ ակամայ լեզուն կ՚աղաւաղուի եւ ժամանակի ընթացքին մայրենի լեզուն կրնայ դառնալ երկրորդական լեզու. շատեր այս ընթացքը պարզ կը տեսնեն եւ այդ մէկը ընդհանուր վիճակի մը վերագրել կ՚ուզեն, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ: Լեզուական այդ փոփոխութիւնը կախուած է անձէն, դաստիարակութենէն ու միջավայրէն եւ կարելի չէ ընդհանուր վիճակի մը պատկերը տալ անոր. կը տեսնենք, թէ ոմանց պարագային յաջորդող երկրորդ եւ երրորդ սերունդը իր մայր լեզուն կը մոռնայ, իսկ ուրիշներու պարագային հինգ-վեց սերունդ եւ աւելի լեզուն կը յաջողին պահպանել. այս մէկը կը նշանակէ, որ ընդհանուր վիճակէ մը աւելի մասնակի պարագաներ պէտք է նկատի ունենալ եւ ասոր մեծագոյն փաստը հետեւեալն է. վիճակագրական տուեալներ կը յայտնեն, թէ այսօր Ֆրանսայի մէջ կ՚ապրի մօտաւորապէս 500 հազար հայ, սակայն, անոնցմէ միայն մօտաւոր 70 հազարն է, որ կը խօսի հայերէն։ Այլ կերպ ըսած՝ Ֆրանսայի մէջ ապրող հայութեան 14 առ հարիւր տոկոսը միայն հայերէն կը խօսի, սակայն, եթէ փորձենք այլ լեզուներու վիճակագրութիւնները նայիլ՝ օրինակ՝ թրքերէնի եւ արաբերէնի, պիտի տեսնենք, որ պարագան տարբեր է. վիճակագրութիւններու համաձայն՝ Ֆրանսա ապրող եւ այդտեղ որպէս երկրորդ, երրորդ սերունդ ծնած մարդոց 70 առ հարիւրը կը խօսի իր մայրենի թրքերէնը. նոյնպէս արաբներու 72 առ հարիւր տոկոսը Ֆրանսայի մէջ ապրելով հանդերձ իր մայրենի արաբերէնը կը պահէ: 

Վիճակագրական այս տուեալները հետեւեալ հարցումը կու տան բնականաբար. նոյն օտարութիւնն է. նոյն երկիրն է, սակայն ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ արաբը եւ թուրքը կը յաջողի իր լեզուն պահել՝ սակայն հայը չի յաջողիր։ Այս կարեւոր հարցը ունի մի քանի տարբեր կարեւոր, սակայն նոյնքան մտահոգեցուցիչ պատասխաններ.

Ա.- ՀԱՅԸ ԿԸ ՍԻՐԷ ՕՏԱՐԱՆԱԼ.- Այս արտայայտութիւնը խիստ ու վիրաւորական կրնայ թուիլ, սակայն, այդ մէկը իրականութիւն է. հայը կը հաւատայ, որ օտարինը շատ աւելի ազնուական ու վեհանձն է. օտարութեան մէջ ապրող օտարը այնքան չի տանջուիր օտարութեան համակերպելու՝ ինչքան հայը։ Այս կէտը արդարացնելու եւ փաստելու համար կատարեցինք կարճ ուսումնասիրութիւն մը. աչքէ անցուցինք Ֆրանսայի մէջ ապրող արաբ յայտնիները եւ համեմատեցինք հայ յայտնիներուն հետ. անուններու տարբերութիւնը շատ բան կ՚ըսէր. օտար արաբը Ֆրանսայի մէջ կը շարունակէր պահել իր արաբական անունը. ինչպէս օրինակ, Ճամալ, Լէյլա, Ռաշիտ, Թահար, Քարիմ եւ այլն. անդին հայ յայտնիներէն անուններ. Փաթրիք, Հենրի, Անտրէ, Ճաքի, Մարթին…: Պատահականութի՞ւն է արդեօք Ճամալին իր մայրենի լեզուն առաջին լեզու պահելը, իսկ Ճաքիին ընդհանրապէս հայերէն չխօսիլը։ Եթէ մեղաւորը սփիւռքն է, օտարութեան մէջ ապրիլն է, ապա ինչո՞ւ Ճամալը նոյն վիճակը չունի՝ որ նոյնպէս օտարութեան մէջ կ՚ապրի: Հարցը անունի հարց մը չէ. հարցը դաստիարակութեան, առաջնահերթութեան ու ազգային արժէքներու կապուած մնալու հարց մըն է՝ ինչ որ մենք՝ հայերս չունինք: 

Հայը կը կարծէ, որ ինքնութեան կառչած մնալը կը տկարացնէ օտար երկրին մէջ ապրելու իրաւունքն ու հեղինակութիւնը. տարածուած է այն հիւանդ մտայնութիւնը, որ օտարութեան մէջ եթէ հայ մնամ՝ կրնամ նուազ ֆրանսացի ըլլալ եւ որպէս երկրորդական մարդ դիտուիլ. մինչ ինչքան շուտ օտարին նմանիմ՝ այնքան կը բարձրանամ ու յաջողութեան կը հասնիմ: Ժամանակը, միջավայրն ու օտարութիւնը չէ՛, որ հայը կը փոխէ. հայը ի՛նք կամաւոր կը փոխուի, սակայն, այդ մէկը չ՚ուզեր ընդունիլ: Այսօր հայ սերունդէն շատեր օտար անուններ կը կրեն, սակայն, եթէ նայինք գաղութի սկզբնական շրջանին՝ պիտի տեսնենք, որ շատեր իրենց հայկական անունները կամաւոր կը փոխէին՝ որպէսզի «քայլ պահեն»։ Եկէք օրինակ մը տանք մեր «մեծերէն». աշխարհահռչակ Շայլ Ազնաւուրի իսկական անուն մականունը Շահնուր Ազնաւուրեան է, սակայն, օտարներու ուշադրութիւնը գրաւելու համար բաւարար չէ գուցէ. Շարլը աւելի ազնիւ ու արդիական ոճ մը ունի. Ազնաւուրեանին ալ «եան» հայկական մասնիկը նետուած ու դարձած է Ազնաւուր եւ ունեցած ենք յայտնի հայազգի Շարլ Ազնաւուրը…: Ուրի՞շ օրինակ մը. ֆրանսահայ յայտնի ժապաւէնի վարպետ Անրի Վերնէօյ. գրաւիչ անուն է չէ՞… իսկական անունը Աշոտ Մալաքեան։ Ի դէպ, վերջին մի քանի տասնեակին յատուկ չէ այս անուանական փոփոխութիւնները. 1920-1940-ական թուականներուն Ֆրանսայի մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունէին Ռոպէր, Ալէն, Հենրի, Ժորժ անունով հայեր: Այս բոլորը շատեր կ՚որակէին «ռազմավարութիւն»՝ օտարութեան մէջ աւելի ընդունելութիւն գտնելու եւ «յաջողութեան» աւելի մօտիկ ըլլալու համար, առանց ընդունելու, որ այդ մէկը «ռազմավարութենէ» աւելի ինքնութեան կորուստ է եւ ո՛չ աւելին: 

Հայը, որ կը հպարտանայ իր մշակոյթով, իր արմատներով ու ինքնութեամբ, օտարութեան մէջ մէկէն ի մէկ կը դառնայ Պետրոս մը՝ որ կ՚ուրանար իր Քրիստոսը. մեր հայութիւնը Արշակ Բ. թագաւորի հզօրութեան նման է. հայոց հողի վրայ հայրենասէր ենք, պահանջող, պայքարող ու կռուող, սակայն, երբ օտարի հողին վրայ յայտնուինք՝ յանձնուող, տկար ու սեփական ինքնութիւնը ուրացող: Արշակ Բ. եւ Շապուհ Բ. թագաւորներուն դրուագը մերօրեայ հայ ժողովուրդին վիճակը կը պարզէ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Օտարութեան մէջ ինչքա՞ն կարելի է սեփական արմատներուն կառչած մնալ:

Պատասխան. Օտարութեան մէջ սեփական արմատներուն կառչած մնալը բարդ, սակայն միաժամանակ կարեւոր գործընթաց մըն է: Մայրենի լեզուի, մշակոյթի եւ արժէքներու պահպանումը կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ պահէ իր ինքնութիւնը եւ պաշտպանուի օտար միջավայրի ճնշումներէն: Սակայն օտար երկիրի մէջ ապրիլը յաճախ կը ստիպէ, որպէսզի մարդ միջավայրին յարմարի, ընդունի նոր մշակոյթ եւ սովորութիւններ, ինչ որ ինքնութեան որոշ փոփոխութիւններ կը ստեղծէ: Կարեւոր է պահել հաւասարակշռութիւնը. նոր միջավայրի յարմարելու ժամանակ պէտք է պահել սեփական արմատներու հետ կապը: Սեփական արմատներուն կառչած մնալը չի չափուիր ժամանակով. այն կախուած է մարդու կամքէն ու իր արմատներուն հետ ունեցած իր կապերէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2025